Յօդուածներ

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Մայիս Մէկը Հայաստանի Մէջ. Համակարգային (Յեղա)փոփոխութիւնը Եւ Աշխատանքի (Մոռցուած) Դատը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անցած տարուան ընթացքին համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած հարստութեան 82 տոկոսին տէր դարձած է աշխարհի ամենահարուստ բնակչութեան մէկ տոկոսը, մինչ մարդկութեան ամենաաղքատ հատուածի 50 տոկոսին եկամուտը զերօ յաւելում արձանագրած է: Աշխարհի ամենահարուստ 61 անձերու ունեցած հարստութիւնը համահաւասար է մարդկութեան այս ամենաաղքատ հատուածի կէսին ունեցած ամբողջ հարստութեան: Երկու հարիւր պիլիոն տոլար կը հաշուուի այն գումարը, որ աշխարհի ամենահարուստ մէկ տոկոսը...

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Բազմահազար հայեր, մանաւանդ` երիտասարդներ, քաղաքացիական անհնազանդութեամբ եւ քաղաքակիրթ պահուածքով իրենց դժգոհութիւնը եւ ընդվզումը կը յայտնեն ի տես վերջին տասնամեակներուն աստիճանաբար աճող` երկրի քաղաքական եւ տնտեսական համակարգին յաւելեալ վատթարացման դէմ, որուն վերջնագոյն դրսեւորումը եղաւ Սերժ Սարգսեանի վերարտադրումը: Նախագահական համակարգին անցումը` աւելի ժողովրդավար խորհրդարանական վարչաձեւին: Ճարպիկօրէն, սահմանադրական ձեւաւորումով չափուած ու ձեւուած` իր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Դ. –   Չթերագնահատել Ժողովրդային Ներուժը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Դ. – Չթերագնահատել Ժողովրդային Ներուժը

Հայաստանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումին դրական զարգացումը առաջին յանդուգն քայլն էր Հայաստանի պետական համակարգը արմատական, ոստումնային բարեփոխման առաջնորդելու համար: Տարիներ շարունակ զանազան կողմերէ հնչող այս էական փոփոխութիւններուն կարեւորութիւնը խօսքի սահմաններուն մէջ ընկղմիլ սկսած էր: Ժողովուրդը, բայց մանաւանդ` Հայաստանի երիտասարդութիւնը, այս բոլորը խօսքէն գործի, շարժումի, կտրուկ պահանջի վերածեց` շրջանցելով տատամսումի, կասկածի առաջնորդող ամէն տեսակէտ: Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը քաղաքական նոր մշակոյթ...

Էսդրատային Երգերու Լաւագոյն Մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանը Իր Մենահամերգով Գերեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութիւնը

Էսդրատային Երգերու Լաւագոյն Մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանը Իր Մենահամերգով Գերեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հայու բեկորները սփիւռքի տարածքին գոյատեւման համար պէտք ունէին դպրոցի, եկեղեցիի եւ ակումբի: Իսկ հայապահպանման համար կարեւոր գործօններ են` արուեստը, մշակոյթը, հայոց լեզուն: Առանձնացնելով լիբանանահայ գաղութը` մինչեւ 1960-ական թուականները լիբանանահայերը կ՛ունկնդրէին եւ կ՛երգէին իրենց պապենական տուներէն սորված երգերը: Ահա յայտնութիւն մը, երբ էսդրատային երգը սկսաւ  լսուիլ ու տարածուիլ` յանձինս Պուրճ Համուտ ծնած տաղանդաւոր ու...

Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան Եւ Ժորժ Տաքքաշ Ներկայացուցին Երաժշտական Իւրայատուկ Երեկոյ Մը

Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան Եւ Ժորժ Տաքքաշ Ներկայացուցին Երաժշտական Իւրայատուկ Երեկոյ Մը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին եւ լիբանանեան «Երաժշտական ժառանգութիւն» կեդրոնին, 18 ապրիլ 2018-ին «Փիեռ Ապի Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը: Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան եւ Ժորժ Տաքքաշ դաշնակի վրայ ներկայացուցին երկու մասէ բաղկացած երաժշտական յայտագիր մը: Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան, Ժորժ Տաքքաշ եւ Սեւակ ՏԷր Ղուկասեան Առաջին բաժինով անոնք ներկայացուցին «Այշէի պարը»` առնուած «Գայեանէ» պալէէն, Սեւակ Տէր Ղուկասեանի «Ռեքուիեմ»-ը` երկու դաշնակի համար,...

Լաւ Է Ունենալ Ընկերներ, Որոնք Մեզի Նման Չեն

Լաւ Է Ունենալ Ընկերներ, Որոնք Մեզի Նման Չեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ընկերներու ուժեղ ցանց մը ունենալը բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի` նեղ օրերուն հասնելէն, մինչեւ ըլլալ խումբի մը մէջ, որուն հետ կարելի է միտքեր փոխանակել: Բայց արդեօ՞ք մենք բան մը կը կորսնցնենք, եթէ միայն մեզի նման անձերու հետ յարաբերինք: Մեզմէ շատերուն համար այն մարդիկ, որոնք մենք յաճախ կը տեսնենք (մեր ընկերային ցանցով), մեր կեանքի որոշիչ հատուածն են: Ընկերներ կ՛օգնեն մեզի`...

Լուսապաշտութիւնը, Այվազովսկին Եւ Իր Ազգային Պատկանելիութեան Հարցը (Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

Սալվատոր Տալիի Կողքին, Մոնաքոյի Մէջ Կը Ցուցադրուին Նաեւ «Նոազ Արք»-ի Մենաշնորհեալ Գեղանկարիչներէն Երեքը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Իբրեւ կարեւոր իրադարձութիւն արուեստի գերիրապաշտ աշխարհին մէջ` 14 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան կերպարուեստի յատկանշական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի «Տէօ սան վենթ տէօ» (222), ցուցասրահին մէջ, որ կը գտնուի իշխանուհի Քարոլի անունը կրող գլխաւոր պողոտային վրայ: Միջազգային բնոյթի այս ցուցահանդէսի կազմակերպիչն է քանատական «Արթ իվոլուշըն» ցուցասրահ-պատկերասրահը, որ կը համարուի աշխարհի արուեստի խոշորագոյն կեդրոններէն մէկը: Իր ընտրութիւններուն մէջ դժուարահաճ...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Ինքնութեան Հաստատման Օրը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 6 մայիսը այն օրն է, երբ լիբանանահայութիւնը, այլ լիբանանցիներուն նման պիտի ընտրէ երկրին խորհրդարանին մէջ իր ներկայացուցիչները: Քուէարկութեան կեդրոնին մէջ վարագոյրին ետին անցնող իւրաքանչիւր հայ մարդ ինքզինք պիտի գտնէ ճշմարտութեան պահուն դէմ յանդիման, եւ իր քուէով պիտի պատասխանէ միանգամայն 3 հարցումներու` ո՞վ եմ ես, ո՞վ ենք մենք եւ ո՞վ իրապէս կրնայ ու պիտի պաշտպանէ մեր շահերը: Լիբանանահայութեան կաթիլ...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Լսեցինք, «Չհաւատացինք», Լուսաբանութեան Կարիք Ունինք

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Անցնող շաբաթներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, բազմաբնոյթ հաւաքներու պատգամախօսները եւ մամուլին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակները յատուկ կերպով շեշտեցին լիբանանահայութեան հաւաքական կամքի արտայայտութեան կարեւորութիւնը եւ հայկական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի առնելով, որ անհատ թեկնածուները չեն կրնար ներկայացնել հաւաքականութիւնը, եւ կուսակցութիւններն են, որոնք ընկերութեան պատասխանատուութիւնը վերցուցած են: Փաստը...

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Կիրակի, 6 մայիսը ճակատագրական պիտի ըլլայ լիբանանեան կեանքին մէջ ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայութեան համար, որ խիտ շարքերով մասնակցելով այս ընտրութիւններուն` առիթ պիտի տայ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած հայ թեկնածուներուն` խորհրդարանին մէջ հայկական ներկայացուցչութիւնը աւելի լայն շրջագիծով ապահովելու: Ինչպէս սովորութիւն է, ՀՅԴ-ի ակումբներուն մէջ արդէն իսկ աշխատանքներ կը տարուին` լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու եւ անհրաժեշտ խորհուրդը տալու նպատակով: Բոլոր շրջաններու ՀՅԴ-ի ակումբները...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Գիրքը` Հայաստանի, Սփիւռքի Գրադարանի Մը Եւ Աղբի Դէզի Եռանկիւնին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Վեց տարիներ առաջ սփիւռքի տեւող ոգեկանութեան արտակարգ դէմքերէն մին հրաժեշտ տուաւ կեանքին: Մտաւորական մը, որուն սենեակներ գրաւող գրադարանը շարունակեց յիշեցնել իր անցքը: Արիս Սեւակի շնչառութիւնը պահած գիրքերը կը վկայէին, որ հայկական կացութեան բացասականութեան դէմ պայքարած էր ան` մերժելով նահանջ եւ պարտութիւն: Հայերէն գիրքը, հին եւ նոր, վերջին մոհիկաններուն սիրոյ տուրքն է, որ կը տրուի արմատներուն: Իր աննշան տպաքանակով...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Հայաստան. Մայիս 1-էն Առաջ Եւ Ետք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջին մօտաւորապէս մէկ ամսուան ժամանակամիջոցին Հայաստան բեմ դարձաւ ժողովրդային եւ քաղաքական հազուադէպ իրադարձութիւններու, որոնք ափ ի բերան ձգեցին հայկական աշխարհը. Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, մատնուեցանք հեւասպառութիւն պատճառող զարգացումներու, որոնք ժամէ ժամ նորութիւններ բեմ հանեցին: Մեզի հետ դէպքերուն հետեւող աշխարհն ալ զարմանք արձանագրեց` ի տես շա՜տ բաներու, ինչպէս` ժողովրդային պոռթկումի խաղաղ արտայայտութեանց, անկարելի կարծուող յեղափոխութեան, մասնաւորաբար երիտասարդներու մասնակցութեամբ...

«Լիբանանն Ենք Նաեւ Մե՛նք»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս, Մենք ծնած ենք ազատ եւ ըմբոստ, Կը զոհուինք, որ դուն յաւերժ բարձրանաս, Լիբանա՛ն, մեր արիւնն է քեզի ընծայ» ՂԱՍՍԱՆ ՌԱՀՊԱՆԻ Լիբանանցի յայտնի երգահան Էլիաս Ռահպանիին հետ բաւական մօտէն ծանօթութիւն ունեցած եմ եւ անվարան կրնամ վկայել, որ հայասէր մըն է: Հայասէր է նաեւ իր տղան Ղասսան Ռահպանին, փաստ` լիբանանահայ համայնքին նուիրուած...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ընտրութիւն-Բանակցութի՞ւն, Թէ՞ Բանակցութիւն-Ընտրութիւն

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստանի վերջին օրերու զարգացումը ընթացաւ այն տրամաբանութեամբ, որ ժողովրդային շարժումը, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ եւ ՀՅԴ, «Բարգաւաճ Հայաստան» զօրակցութեամբ, չյաջողեցաւ շարժման ղեկավարը վարչապետ ընտրել: Տրամաբանօրէն «Իմ քայլը» շարժումը առաջին օրերուն կեդրոնացած էր անձի փոփոխութեան վրայ, որ ապրիլ 23-ին կրցաւ յաջողութեամբ կատարել, իսկ երկրորդ փուլը, անձէն անդին,  համակարգի փոփոխութիւն էր: Ընդդիմութիւնը սկիզբը կը հաւատար, որ անձին, այսինքն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականով...

43 Տարի Անց

43 Տարի Անց

ԻՇԽԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ 2011 թուական, փետրուար ամիսն էր:  Օր մը, առաւօտուն գրասենեակս նստած` աշխատանքի մէջ էի, յանկարծ ինծի ծանօթ թաղեցի բարեկամ Գրիգոր Տաքէսեանը հանդիպեցաւ ու բարեւելով ըսաւ. - Լսա՞ծ ես համշէնահայերու մասին: - Ո՛չ,- ըսի,- բայց որոշ բաներ լսած եմ համշէնահայերու մասին: - Գիտե՞ս, որ հայրիկիդ, քու եւ մեծ մօրդ մասին  յօդուած մը գրուած է Հայաստանի «Ձայն Համշէնական» ամսաթերթին մէջ: Երբ...

Հպարտ Ենք

Կիրակի, 22 ապրիլ 2018: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին առջեւ մեծ թիւով սկաուտներ (փոքրեր եւ մեծեր) իրենց շատ գեղեցիկ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական տարազներով շարքի կեցած էին եւ կը սպասէին ընդհանուր հրահանգի` քալելու դէպի առաջ: Առիթը աւանդութիւն դարձած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ապրիլեան քայլարշաւն էր դէպի մայրավանք, Անթիլիաս: Այս քայլարշաւը արդէն չորս տարի է, որ տեղի կ՛ունենայ, եւ մենք` իբրեւ ծնողներ, կը մասնակցինք...

Պաքուի Ծխածածկոյթը Երեւանեան Իրադարձութիւնների Համապատկերին

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Վերջին մի քանի օրերին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար հաղորդում էր այն մասին, որ Ազրպէյճանը ղարաբաղեան եւ ազրպէյճանական զօրքերի շփման գծում կուտակում է կենդանի ուժ, զանազան զինատեսակներ, ծանր հրետանի: Ընդ որում, այս հաղորդագրութիւնները ամրագրւում էին տեսագրութեամբ, որն ամենայն ակնյայտութեամբ, ինչպէս ասում են, տեսանելիօրէն հաստատում էր հակառակորդի կենդանի ուժի ու զինատեսակների լայնածաւալ տեղաշարժը: Որեւէ կասկած չկայ, որ Ազրպէյճանի զինուած...

«Մեզի Համար 7 Մայիսը Ընտրական Խոստումներէն  Եւ Կարգախօսներէն Աւելի Կարեւոր Է, Իսկ ՀՅԴ-ի  Խոստումը Անոր Պատմութիւնն Է  Եւ Լիբանանի Համար Անոր Տարած Աշխատանքը»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Մայիս 1. Աշխատաւորի Ազատագրման Օր Ու Նահանջի Դէմ Պատերազմ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աշխատաւորի օրը համամարդկային տօն է: Մարդկային ընկերութեան հիմը կազմող բանուորին, գիւղացիին, մշակին տօնն է անտարակոյս: Տօնն է մարդկութեան բարօրութեան հիմնաքարը հանդիսացող կին ու այր աշխատաւորի արդար վաստակին: Օրն է քրտինքի, ցաւի, տանջանքի, իրաւազրկուած մարդու: Օրն է արդար ցասումի եւ բողոք` ընդդէմ ճնշումի: Աշխատաւորի օրը շահագործումի, վայրագ դրամատիրութեան, դասակարգային բաժանումի եւ փտածութեան դէմ բարձրացող բռունցքն է անկասկած: Համամարդկային տօն...

Ակնարկ.  ՀՅԴ Ընտրամեքենայի  Նոր Արտադրամասերը

Ակնարկ. ՀՅԴ Ընտրամեքենայի Նոր Արտադրամասերը

Լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձան արտերկրի լիբանանցիներուն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան երեւոյթին: Պատկերներ, թիւեր, վիճակագրական տուեալներ եւ այդ բոլորին վրայ կատարուած հետեւութիւններ: Օրէնքը նոր է եւ առաջին անգամն է, որ լիբանանեան սփիւռքը կը մասնակցի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ասիկա անշուշտ քայլ մը առաջ է բոլոր լիբանանցիները օրէնսդիր ժողովի ձեւաւորման գործընթացին եւ հետեւաբար նաեւ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներու իրաւական բաժինին մասնակից դարձնելու առումով: Պաշտօնական...

«Լիբանանահայութեան Ծառայութիւնը  Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պաշտպանութիւնը  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւանդն Է,  Եւ Մենք Պիտի Հետեւինք Այդ Ուղեգիծին»   «Ազդակ»-ին Յայտնեց Ս. Չուխատարեան

«Լիբանանահայութեան Ծառայութիւնը Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պաշտպանութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւանդն Է, Եւ Մենք Պիտի Հետեւինք Այդ Ուղեգիծին» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Ս. Չուխատարեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 2018-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ համայնքին յատկացուած խորհրդարանական աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեանի հետ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին օրհնութիւնը վայելող թեկնածու Սերժ Չուխատարեան ասպարէզով իրաւաբան է, աւարտած է հայկական դպրոց եւ հասակ նետած Հայ դատը պաշտպանելու սկզբունքներով ու գաղափարներով: Անոր համար...

Page 700 of 1111 1 … 699 700 701 … 1,111

Արխիւներ