Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Գաղութահայ Կեանքի Վերականգնման (Դ.)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Դժբախտաբար, կ՛ապրինք շրջապատի մը մէջ, ուր թեթեւսոլիկութիւնն ու սնամէջ խօսքերը դարձած են ամէնօրեայ «ճաշացուցակ»: Աւելի՛ն. Լիբանան երկրի քաղաքական հարթակը իր բոլոր արտայայտութիւններով այլեւս դադրած է իր գրաւչութենէն, ոչ մէկ ազգային-գաղափարական յենարան ու ապագայակերտ ռազմավարութիւն ունի: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իր անկախութենէն աւելի քան 70 տարի անց, անիկա տակաւին գոյութիւն ունի իբրեւ աշխարհագրական տարածք եւ ոչ թէ իբրեւ կայացած պետականութիւն, հայրենիք:...

















