Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հանգուցալուծում` Սահմանադրական Կարգով

Ապրիլ 30, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներհայաստանեան իրադարձութիւններու զարգացումը կ՛ընթանայ սահմանադրական ընթացակարգային հունով: Նկատի ունենալով խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները, պարզ կը դառնայ, որ միասնական թեկնածուի ընտրութեան շուրջ գէթ այս պահու դրութեամբ գոյացած է ընդհանուր համախոհութիւն:

Մինչեւ այդ համախոհութեան ամրագրումն ու անոր նպաստող յայտարարութիւններու հրապարակումը, կայացան նաեւ հանդիպում-քննարկումներ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ նախ միջնորդաւորուած, ապա նաեւ ուղղակի հիմնական երկու ուժերուն միջեւ` ՀՀԿ-ի եւ Նիկոլ Փաշինեանի:

Հանգուցալուծման բանալին երեւցաւ, երբ ՀՀԿ-ն պաշտօնապէս յայտարարեց վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու, յետոյ` միասնական ձեւով դիրքորոշուելու եւ ապա միասնական թեկնածուն ընտրելու գործընթացը չարգելակելու որոշումները:

Հանգուցալուծման այս ուղղութիւնը երեւցաւ նաեւ ՀՀԿ խմբակցութեան եւ ընդդիմադիր շարժումի ղեկավարին միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք հնչած երկկողմանի յայտարարութիւններուն մէջ:

Այս բոլորին նախորդած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը քաղաքական օրակարգի եւ միասնական թեկնածուի շուրջ համախոհութիւն յառաջացնելու համար համակողմանի խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ նախաձեռնելու մասին:

Միասնական թեկնածուի շուրջ գոյացող ընդհանուր համախոհութիւնը հետզհետէ ձեւ կը ստանայ. տակաւին պարզ չեն քաղաքական օրակարգի, այլ խօսքով` ընտրելի վարչապետի ծրագրային դրոյթներուն շուրջ եղած քննարկումներէն բխած ընդհանուր յայտարարները. անոնք եթէ ներքին առումով հիմնականին մէջ կը վերաբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման ժամկէտին եւ ընտրական նոր օրէնսգիրքին, ապա արտաքին առումով կը վերաբերին անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներու, արցախեան հակամարտութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն:

Այս ձեւով հիմնականին մէջ կ՛արձանագրուի այն, որ ընդդիմադիր շարժումի ղեկավարը յետ բանակցութիւններու կու գայ օրինական դաշտ եւ սահմանադրութեան ճշդած եղանակով ու կարգով կ՛ընտրուի վարչապետ:

Ներկայ տուեալներուն նկատառումով, եթէ յատկապէս ՀՀԿ խորհրդարանական խմբակցութիւնը չկազմաքանդուի, նորընտիր վարչապետը նախ եւ առաջ կառավարութեան կազմութեան, ծրագիրի մշակման ու հաստատման եւ անոր հետ կապուած արտակարգ ընտրութիւններու կազմակերպման, ընտրական նոր օրէնքի վաւերացման, ընտրութիւններու վերահսկողական հաստատութիւններու ձեւաւորման եւ ընդհանրապէս ներքին-արտաքին քաղաքական քայլերու ձեռնարկման համար պէտք պիտի ունենայ խորհրդարանական մեծամասնութեան: Քայլերու ձեռնարկելու համար հիմնական փուլերը պիտի համաձայնեցուին: Մանաւանդ, որ կառավարման համակարգը խորհրդարանական է, եւ վարչապետը չունի նախորդ սահմանադրութեան հիման վրայ գործող նախագահի լիազօրութիւնները:

Այստեղ կը սկսի աշխատիլ նաեւ նոր սահմանադրութեան իրաւադրոյթներով ճշդուած օրէնսդիր-գործադիր փոխհակակշռման համակարգը: Ինչ որ արդէն կը նախանշէ, որ իրաւամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հետզհետէ դուրս կու գայ միակուսակցական գերակայութեամբ կառավարուող դրութենէն եւ նկատելի քայլ կ՛առնէ պետական տարբեր հաստատութիւններու միջեւ փոխհաւասարակշռման ուղղութեամբ:

Յայտնաբար հանգուցալուծումը կ՛ընթանայ սահմանադրական հունով: Կը թուի նաեւ, որ այս գործընթացները կը խթանեն համակարգային արմատական փոփոխութիւններու իրականացումը`  այս փուլին նախանշելով պետական հաստատութիւններու միջեւ փոխհակակշռման իրաւադրոյթներու գործնական դրսեւորումները: Հետագայ ճգնաժամեր կանխատեսելի են. կարեւորը այն է, որ գործընթացները կ՛ընթանան եւ շարունակեն ընթանալ նոր սահմանադրութեան ճշդած փոխհակակշռման իրաւադրոյթներուն հիմամբ:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Ապրիլ 2018)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?