Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարելի Չէ՞(ր)…

Ապրիլ 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պէյրութի մէջ իմ ծնունդս եւ ծննդավայրս ըլլալը իմ ընտրանքս չէր: Ոչ ալ` ծնողքիս եւ մեծ ծնողքիս, որոնք իրենց պապենական տունէն`պատմական Հայաստանէն արմատախիլ եղան եւ հաստատուեցան Հալէպ, ապա` Պէյրութ: Ու տակաւին, լիբանանեան հպատակութիւնը տուաւ ինծի ինքնութիւն եւ քաղաքացիութիւն իմ կեանքին համար:

Ես մեծցայ, դաստիարակուեցայ ու ապրեցայ եւ մինչեւ օրս, որոշ համեմատութեամբ, Լիբանանի մէջ: Պէյրութը եղաւ տուն, եւ անոր ուժականութիւնը սիրեցի` որպէս ապրելու մղիչ ուժ եւ կորով: Լիբանանն ու անոր հպատակութիւնը տուաւ ինծի մշակութային եւ քաղաքական-քաղաքացիական ինքնութիւն եւ մասնակցութիւն, ինչ որ անհրաժեշտ գրաւականներ են(էին) իմ-մեր կեանքին համար:

Բայց իմ մեծնալու գործընթացքին մէջ կային նաեւ սորվելու գիտակցութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Եւ անոր մէջ հիմնական տեղ ունէր հայկական ինքնութիւնը: Մանաւանդ` Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, որուն ազատ, շրջահայեաց մշակոյթը ու ընկերա-քաղաքական իրավիճակները մեծապէս պիտի սատարէին անոր:

Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը` որպէս գաղութ, ունեցան իրենց ազգային-մշակութային եւ ընկերային կեանքերու բեղուն դրուածքը: Եւ այս, եթէ մէկ կողմէ ներ-լիբանանեան եւ լիբանանահայ կարգավիճակներէն մեկնելով, բայց նաեւ` համահայկական ու համազգային եւ տակաւին հայրենական ու Հայաստան որպէս պետականութիւն: Լիբանանահայ գաղութը անցաւ շատ մը փուլերէ: Լիբանանեան քաղաքացիական առաջին պատերազմի դէպքերուն` 1958-ին, լիբանանահայ գաղութը ունեցաւ մարդկային-նիւթական կորուստներ, բայց նաեւ` ներհայկական բախումներ` հետեւանք լիբանանեան քաղաքական տարբեր հոսանքներու մասնակցութեան: Այս եղաւ մեր գաղութի տխուր պատմութեան էջերէն մին: Ես չապրեցայ այդ օրերը, քանի հազիւ մէկ տարեկան մանուկ էի այդ ժամանակ: Բայց լսած եմ մօրմէս ու իրենց ականատեսի փորձառութիւնները, քանի հայրս երբեք չէր ուզեր խօսիլ այդ դէպքերուն մասին:

1958-ի դէպքերէն ետք լիբանանահայ գաղութը ապրեցաւ իր վերելքի շրջաններէն մին եւ մինչեւ 1975, երբ ծայր առաւ, այսպէս ըսած, (ան)հասկնալի քաղաքացիական պատերազմը:

Լիբանանահայ գաղութը իր կուսակցական-եկեղեցական ու միութենական առաջնորդներու խոհեմ եւ հեռատես քաղաքականութեամբ կրցաւ միաւորել եւ ստեղծել մէկ դիրք: Դրական չէզոքութիւն`սրբագրելով 1958-ի փորձառութեան սխալները: Եթէ դրական չէզոքութիւնը եղաւ մէկ կողմէ լիբանանահայութեան դիրքը պատերազմող կողմերու միջեւ որպէս անկողմնակալ հաւաքականութիւն, բայց նաեւ` դաստիարակութիւն: Ես ու իմ սերնդակիցներս մեծցանք դրական չէզոքութեան այդ երկարամեայ դիրքորոշումին դաստիարակութեան մէջ` սորվելով կամրջել եւ հաւասարակշռել մեր հայկական ու լիբանանեան ինքնութիւնները եւ պարտաւորութիւնները: Կրցանք սորվիլ եւ տեսնել, որ մենք հայ ենք, բայց ծնած ենք Լիբանանի մէջ, եւ այս մեր ընտրութիւնը չէր: Բայց երախտապարտ ենք Լիբանանին ու պատրաստ ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու անոր վերելքին, բայց ոչ երբեք` սակարկելով մեր հայկական-ազգային ինքնութիւնը:

Պատմութիւնը անպայմանօրէն արձանագրած է, ու տակաւին, լիբանանահայ գաղութի քաղաքական-ազգային այս կեցուածքը լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տասնհինգ տարիներու որպէս հեռատես, առողջ եւ շինարար կեցուածք: Գաղութն ալ ունեցաւ իր տուժածները եւ մարդկային զոհերը եւ նիւթական վնասները: Վերջապէս, պատերազմական վիճակ էր եւ կարելի չէր չազդուիլ: Բայց լիբանանահայ գաղութին դիրքը եկաւ յարգանք վայելելու բոլոր հոսանքներէն, նոյնիսկ` կարգ մը քաղաքական կողմերէն, որոնք կ՛ուզէին տեսնել լիբանանահայ գաղութը միացած` իրենց պատերազմական շարքերուն կողքին: Եթէ լիբանանեան պատերազմը վերջացաւ ոչ յաղթող, ոչ պարտուող իրականութեամբ (եւ չեմ ալ գիտեր` ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տուեալներով ալ յանկարծ վերջացաւ), բայց լիբանանահայ գաղութը եւ անոր դիրքը ցոյց տուին, որ ան եղաւ բարոյական, եւ ինչո՞ւ չէ, իրաւական յաղթող գլխաւոր կողմերէն մէկը: Եւ լիբանանահայ գաղութի այս դրական չէզոքութիւնը մէջտեղ եկաւ միասնականութեամբ… Միասնականութիւնը` հայ եկեղեցական-քաղաքական եւ միութենական բոլոր կողմերուն: Եւ եթէ ես ու բոլորս ճաշակեցինք լիբանանեան պատերազմի դառն փորձառութիւնները, բայց ան նաեւ եղաւ դպրոց: Դպրոց մը, ուր սորվեցանք հաւասարակշռութիւն` մեր հայկական ու լիբանանեան պատկանելիութիւններուն մէջ, բայց նաեւ` միասնականութեան: Եւ թէ` միասնականութիւնը ուժ է, դրական ուժ, որ կը շինէ: Եւ եթէ լիբանանահայ գաղութը կրցաւ վերականգնիլ այս քաղաքական պատերազմի դժուար փորձառութենէն ետք, պատճառներէն մին էր նաեւ գաղութին միասնական կեցուածք-դիրքորոշումը:

Կը պատրաստուինք 6 մայիս 2018-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Երկիրը ողողուած է թեկնածուներու նկարներով, բայց նաեւ` լոզունգներով ու նշանաբաններով: Բոլորն ալ կը ձգտին երկրին բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան: Ակներեւ են հայ թեկնածուներու նկարները եւ անունները` բաւական մեծ թիւով, նկատի ունենալով, որ միայն վեց աթոռ կայ հայերուն համար խորհրդարանին մէջ: Ու տակաւին, կարելի է տեսնել հայ թեկնածուները այս կամ այն խմբակին մէջ`մէկը միւսին դէմ մրցակից եւ հակադրուած: Եւ արագ ակնարկ մը նետելով բոլոր հայ անուններուն վրայ`  կրնամ տեսնել, թէ շատ են ծանօթները ու բարեկամները… Կարող, փորձառու եւ սիրելի…

Բայց կը մնայ մէկ իրագործելի պարտականութիւն… Որո՞ւ քուէարկել: Մանաւանդ նկատի ունենալով, որ հայկական քաղաքական որեւէ կուսակցութեան մը անդամ չեմ եւ իմ մասնակցութիւնը ազգային-գաղութային կեանքի մէջ կու գայ այլ բնագաւառներէ: Բայց ի՜նչ խօսք,  ունիմ մտահոգութիւնը…

Եւ այդ մտահոգութիւններէն… Արդեօք կարելի չէ՞ր միասնական ու հաւաքական լիբանանահայ ցուցակով մը ներկայանայինք երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն: Բայց չէ՞ որ ապրած ենք պատմութեան փորձը. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ անոր նկատմամբ դրական չէզոքութեան միացեալ կեցուածքը: Ու տակաւին, Մեծ եղեռնի իննսուն ու հարիւր ամեակները, ուր միասնական կեցուածքներով շատ բան նուաճեցինք: Եւ տակաւին, կարելի է առիթները մէկ-մէկ թուարկել: Բայց արդեօք կարելի չէ՞ր այս ընտրութիւններուն ալ համախոհական ցանկ-կեցուածք մը յառաջացնէինք:

Կը հասկնամ, որ ներկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրական ուղղեգիծը իւրայատուկ է: Համամասնական դրութիւնը, կ՛ըսէ, «յղի» է շատ մը անակնկալներով, եւ որ կրնայ հաշուարկները խանգարել: Ես ալ դիմեցի իմ բարեկամ օրէնսգէտ-փաստաբան դոկտ. Ռուբէն Ավշարեանին, որպէսզի բարի ըլլայ բացատրելու ինծի ներկայ ուղեգիծը: Ռուբէնը համբերութեամբ մէկ-մէկ ներկայացուց ծրագրին տարբեր ելքերը, ինչ որ կարելի էր տեսնել, թէ բաւական խնդրայարոյց էր… Բայց արդեօ՞ք այս դրութիւնը իր բոլոր մարտահրաւէրներով պիտի  չկարենար գաղութը քով-քովի բերել եւ մէջտեղ հանել հասարակ յայտարար մը` դիմագրաւելու համար զայն հաւաքական միտքով եւ կեցուածքով մը: Վերջապէս, մենք` որպէս գաղութ, ապրած ենք աւելի ճգնաժամային պատմութեան փորձը եւ կրցած ենք գտնել «ելքը»… Հապա այս անգա՞մ: Կարելի չէ(ր)՞:

Լիբանանահայ գաղութը համասփիւռքեան ընդհանրական տարածքին վրայ ու մէջ միշտ ալ եղած է առաջատարի ու պատասխանատու դիրքի մը վրայ եւ նկատուած` կարեւոր միաւոր մը համահայկական մեր իրականութեան մէջ: Լիբանանահայ գաղութը եւ իր կարողականութիւնները, անոր մարդուժի եւ մտաւոր ներուժը մինչեւ այսօր տակաւին կը մնան ի զօրու: Այս իմաստով լիբանանահայ գաղութէն ակնկալութիւնները բաւական շատ են, եւ այս` ոչ միայն ներլիբանանեան իմաստով, բայց նաեւ` համասփիւռքեան եւ հայրենի պետականութեան առանցքը կազմելու իմաստով: Եւ հայրենիքի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախագահական թեկնածութիւնը առաջարկուելէն ետք ան ջանք չխնայեց իր սփիւռքեան անդրանիկ այցելութիւնը տալու լիբանանահայ գաղութին եւ հանդիպիլ տարբեր կառոյցներու հետ: Ինչպէ՞ս բացատրել եւ հասկնալ այս երեւոյթը եթէ ոչ` լիբանանահայ գաղութի կարեւորութիւնը ներկայ համահայկական   իրականութենէն ներս:

Այս բոլորը ինքնագովութիւն չէ: Տուեալներ են, որոնք ցոյց կու տան լիբանանահայութեան կարեւորութիւնը մէկ կողմէ, բայց նաեւ պատասխանատուութիւնը եւ ակնկալութիւնները` միւս կողմէ: Մեր համահայկական շատ մը հիմնահարցերու եւ մարտահրաւէրներու մէջէն իրականութիւնն է դարձեալ, որ գաղութներ կը նային մեզի` լիբանանահայութեան, որպէս նախաձեռնող եւ մտայղացող ու, տակաւին, ազգային-եկեղեցական ու մշակութային բնագաւառներէ ներս առաջնորդի եւ լիցքաւորումի դերով: Եւ այս տուեալներէն մեկնելով, մենք` որպէս լիբանանահայ գաղութ, չենք կրնար նկատի չառնել այս բոլոր գործօնները եւ չհամադրել ու չներդաշնակել մեր ազգային-քաղաքական գործունէութիւնները նաեւ մեկնելով այս իրականութիւններէն: Մեր ներլիբանանեան բոլոր գործունէութիւնները կարելի չէ անջատել եւ զատորոշել համահայկական իրավիճակներէն: Տեղ մը առնչուած են բոլորը միասին: Եւ տակաւին, ի՞նչ խօսք` ներկայ ժամանակներու համաշխարհային տուեալները եւ քաղաքական-տնտեսական ու ընկերային բոլոր զարգացումները: Այսօր «լինելու-չլինելու» պայքարը, քիչ մը ամէն տեղ, ունի տարբեր ընթացք, եւ անոր բովանդակութիւնը այլ ալիքներու վրայ է: Եւ այս իրավիճակները մեզի` հայերուս, նաեւ պիտի ստիպեն, որ մենք որդեգրենք միացնող եւ միաւորող աշխատանքային գործընթաց` համադրելով կարողականութիւնները եւ ուժը: Եւ այս համաշխարհային կարգավիճակէն սկսելով եւ տեղայնացնելով զայն գաղութներու պարագային: Եւ այս իմաստով լիբանանահայ գաղութը պէտք է ըլլայ առաջատարի դիրքի վրայ :

Պիտի յիշենք եւ վերյիշենք, որ միասնականութիւնը մեր գոյատեւումի եւ յատկապէս ներկայ իրավիճակներու մէջէն անհրաժեշտ գրաւական է: Միասնականութիւնը բառարանային գոյական չէ միայն, ոչ ալ մեզի համար մեր շատ մը այլ առաջադրանքներուն մէջէն մէկ հատը զատելու ընտրանք: Միասնականութիւնը մեզի` հայերուս, ներառեալ լիբանանահայուն պարտականութիւն է… Եւ աւելին: Ան պարտաւորութիւն է: Ե՛ւ պարտականութիւն, ե՛ւ պարտաւորութիւն է, որովհետեւ ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք: Եւ այս մտահան կարելի չէ ընել: Ես Պէյրութ ծնայ, որովհետեւ կը պատկանիմ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած երրորդ հայկական սերունդին: Եւ Պէյրութը, շատ սիրելով հանդերձ, իմ ու ընտանիքիս ընտրանքը չէր… Մենք պիտի սորվինք եւ սորվեցնենք, որ հայկական ազգային աւանդին պահանջատիրութիւնը մայրենին, քրիստոնէական հաւատք, մշակոյթ, ճանաչում եւ իրաւական հատուցում` որպէս մէկ ամբողջութիւն`պէտք է հաւասարակշռել մեր լիբանանեան պատկանելիութեան հետ: Այս մէկը կարելի չէ սակարկել: Սորվելու եւ սորվեցնելու այս իրականութիւնը պիտի յաջողցնել, եթէ մէկ կողմէ մեր միասնականութեամբ, բայց այդ միասնականութիւնը եւ անոր ուղեգիծը պէտք է գայ եւ պէտք է ըլլայ մեր ազգային-եկեղեցական-կուսակցական ու միութենական կառոյցներու եւ անոնց դաստիարակութիւններուն մէջէն եւ անոնց միջոցով: Եթէ լիբանանահայը պիտի լիցքաւորուի իր ազգային ինքնութեամբ ու ինքնագիտակցութեամբ եւ պիտի հաւասարակշռէ զայն լիբանանեան պատկանելիութեան հետ, բայց այս գործընթացը պարտի ըլլալ մեր ազգային կառոյցներու միջոցով եւ անոնց դաստիարակութեան մէջէն: Եւ միասնականութիւնը, որ կը պատրաստուի մեր ազգային կառոյցներու մէջ եւ մէջէն, կրնայ նաեւ լաւապէս ուրուագծել հայկական-լիբանանեան այս հաւասարակշռութեան գործօնը: Եւ մեր գաղութային միասնականութեան նպատակակէտը լիբանանահայ այս դիմագիծը ու ինքնութիւնը կերտելուն մէջ է: Եւ կրնանք հոս այս իրավիճակին ու անոր ընթացքին մէջ հանգիստ ալ զգալ: Ոչ հայեր կրցած են աւելի լաւ ձեւով հասկնալ մեզ մեր այս իրավիճակին մէջ եւ ամէն ժամանակէ աւելի հասկնալ մեր պատմութիւնը եւ գոյապայքարը:

Բայց տակաւին կայ 6 մայիս 2018. լիբանանեան խորհրդարանի ընտրութիւնները: Եւ կ՛իմանամ, որ հայ թեկնածուներու թիւը հասած է երեսունի, եւ որոնք պիտի մրցին վեց հայկական աթոռներու համար ու դարձեալ` տարբեր խմբակներու մէջէն… Թէեւ մեծամասնութիւնը ծանօթ է ու, տակաւին, բարեկամ եւ սիրելի…

Եւ դարձեալ հարցումը: Կարելի չէ(ր)՞ միասնական համախոհութիւն մը ստեղծել ներկայացնելու համար լիբանանահայ գաղութը երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն: Հոն, ուր մեր հաւաքական կամքը կրնայինք վերածել աշխատանքի, որ կրնար ստեղծել ամուր ու համադրող կեցուածք: Կեցուածք մը, որ կրնար ըլլալ շինարար ուժ, եւ որ նաեւ մեծապէս կրնար զօրավիգ ըլլալ այլ գաղութներու, որովհետեւ գաղութներ եւ յատկապէս հայկական` իրարմով կրնան զօրանալ:

Վերջապէս, կարելի չէ՞(ր) քիչ մը ամէն տեղ`մամուլ, հեռուստացոյց, պաստառ, թռուցիկ, փողոց ու, տակաւին, բոլորը եւ բոլորս միասին ըսենք եւ ըսէինք`

«Ընտրեցէք լիբանանահայ թեկնածուն»:

Լիբանանահայ միասնական միտքը եւ ուժը: Ուժը, որ կը շինէ:

Կարելի չէ՞(ր)…

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Իմատ Մրատ «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ժառանգութիւն Եւ Մշակոյթ» Յայտագիրի Մէջ Ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան Իրաւացիութիւնը Եւ Հայոց Պահանջատիրութեան Ազդակները

Յաջորդը

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?