Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Հալէպը. Մամուլ… Ընթերցողներ Եւ Ցրուիչներ

Ապրիլ 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Հանապազօրեայ տաք հացի նման իմացական սնունդ ներարկող Հալէպի մէջ լոյս տեսած հայ մամուլի ընտանիքէն` «Արեւելք» օրաթերթի (1946-1963) տպարանի գլաններուն մելանը չորցաւ ուղիղ յիսուն եւ հինգ տարիներ առաջ, ի շարս տեղական բազմաթիւ թերթերու, ութ մարտի յեղափոխութեան արշալոյսին հետ: Աւելի կանուխ «Սուրիա»-ն (1946-1960) եւ «Եփրատ»-ն ալ (1927-1947) արդէն դադրած էին:

Տեղեկատուական եւ կրօնական բովանդակութեամբ համայնքային եւ բարեսիրական որոշ պարբերաթերթեր շարունակեցին իրենց հրատարակութիւնը` «Հայ ծերանոց», «Նոր ապրիլ», «Օշական», «Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի պարբերաթերթ», «Գեղարդ տարեգիրք»: Իսկ վերջին քսանհինգ տարիներուն անխափան լոյս տեսաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Բարենորոգման շարժումէն ետք, 1970-ին  աստիճանաբար վերադարձուեցան որոշ ազատութիւններ, որոնց շարքին` տպագիր մամուլի մուտքը, այսպիսով սուրիահայ ընթերցասէր հասարակութիւնը յագեցաւ այդ օրերուն իր փառքը ապրող լիբանանաահայ գաղութի մէջ լոյս տեսնող թերթերէն` «Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ», «Նայիրի», «Սփիւռք», «Կանչ», «Բժիշկ», «Հասկ», «Բագին», «Շիրակ», «Երիտասարդ Հայ», աւելի ուշ` «Մարզիկ», «Կայծեր», «Ռազմիկ», «Մկոն ու Չալոն», «Նոր Կեանք», «Դիտակ» եւ «Կամար»:

Հալէպի մէջ հայութիւնը միատարր եւ սահմանափակուած թաղամասերու մէջ ապրելու առաւելութեան շնորհիւ` թերթի ցրւումը կը կատարուէր անհատ ցրուիչներու ձեռամբ, մեր մօտ օրաթերթերը կը հասնէին յետմիջօրէին` ի տարբերութիւն այլ քաղաքներու, ուր մամուլը կը թաւալի կէս գիշերէն ետք եւ արեւածագի շողերու հետ տպագիր թուղթը կը հասնի ընթերցողներուն:

Եօթանասունական թուականներուն, երբ Թիլելի ՀՄԸՄ-ի ակումբը մեղուափեթակ էր, «Ազդակ»-ի առաջին կայանը հոն էր, ներկայացուցիչ` գրատուն «Օմար Խայեամի» դրացնութեամբ: Ցրւումի գործը ստանձնած էր ֆութպոլի դաշտերուն մէջ մնայուն ներկայութեամբ մարզական շրջանակին հանրածանօթ, հանգուցեալ Արա Երէցեանը, ան մինչեւ հինգ հարիւր թերթ կը ցրուէր  քանի մը ժամուան ընթացքին: Այդ օրերուն քաղաքի կեդրոնական շուկաներուն մէջ` Թիլել, Սալիպէ, Պապ էլ Ֆարաճ, Խենտեկ, Պուլվար, Ապպարա, Պոսթան Քլեպ, Պարոն պողոտայ եւ Ազիզիէի շրջաններուն մէջ հայազգի խանութպանները եւ վաճառականները, բժիշկներն ու դեղարանները ջախջախիչ ներկայութիւն էին: Աշխարհագրական նոյն գօտիին մէջ կային նաեւ տասնեակ մը կրպակներ եւ թերթ վաճառող գրատուներ, որոնց մօտ կարելի էր գտնել վերը յիշուած բոլոր հայերէն թերթերը:

Ութսունական թուականներուն տակաւին կը գործէին հայ ցրուիչներ` Մինասը, որ երիցագոյնն էր, «Սուրիա» եւ «Արեւելք» թերթերու ժամանակէն ան իր հեծանիւի կողովին մէջ ունէր նաեւ այլազան օտարալեզու ու տեղական թերթեր, նաեւ` ազգային վիճակահանութեան տոմսեր, Յովհաննէսը, որ նախապէս հանրային պարտէզի լուսանկարիչ էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով սակաւաթիւ Հալէպ հաստատուուղներէն` Ժանը, ան մահացաւ ամիսներ առաջ, «Կանչ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի ցրուիչն էր, մրցանիշ մը ունէր, երեք հարիւր օրինակ «Նոր Կեանք» պարբերաթերթ կը բաժնէր երկու օրուան ընթացքին,զուարթախօս, մարձումի մասնագէտ, աշխատանքի ընթացքին կը պատմէր իր նաւաստիի անցեալի սխրագործութիւններէն:

Թէժ պատերազմի նահատակներէն էր նաեւ «Գանձասար»-ի եւ «Ազդակ»-ի ցրւումի պատասխանատուն` Վրէժ Ճապաղջուրեանը:

Շուրջ քսան տարիներէ ի վեր ցրւումի աշխատանքը ստանձնեցին տեղացիներ, որոնք ընդհանրապէս պաշտօնեաներ էին եւ յետմիջօրէին կը պարապէին հայերէն թերթերու տարածումով:

Այսօր համակարգիչիս պաստառին ճամբով կ՛ոստոստեմ աշխարհասփիւռ հայ մամուլի էջերուն վրայ: Եւրոպայի գերքաղաքակիրթ ոստանի մը մէջ դրախտային բախտաւորութեան եւ թթուածինի նման կեանքի կենսական միջոց է ամէնօրեայ հայերէն մամուլի ընթերցումներս, այս ընթացքին յաճախ կը մտաբերեմ անցեալի օրերը, որոնց մէջ յիշարժան են հայ մամուլի ընթերցողներն ու ցրուիչները:

Սփիւռքահայութեան եաթաղանը` արտագաղթը նօսրացուց  հայութեան առեւտրական ներկայութիւնը եւ բնակութիւնը` բազմաթիւ թաղամասերու մէջ, միւս կողմէ` արհեստանոցներ եւ գործարաններ հաստատուեցան քաղաքի սահմաններէն դուրս, միշտ տեղաշարժի մէջ դնելով արդէն իսկ գաղթականի ցուպը ձեռքին բռնած հայորդին: Վերջին քսանհինգամեակին հայկական ներկայութիւնը ընդհանրապէս ամփոփուեցաւ Նոր Գիւղի, Սուլէյմանիէի եւ նորակերտ Վիլլաներ թաղամասերուն մէջ:

Ասպարէզի բերումով, որպէս սեփականատէր «Կիլիկիա» գրատան-հրատարակչատան, նախապատերազմեան տարիներուն քառորդ դար` 1988-2012, Սուլէյմանիէ հայաշատ շրջանի կեդրոնական պողոտայի վրայ ապրած եմ, հալէպահայ գաղութի կիզակէտին վրայ, հայ մամուլը հայ գիրքին կողքին ունենալով առօրեայիս մէջ, այդ օրերուն թերթը, ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը լրատուական միակ աղբիւրներն էին:

1988-ի մեծ երկրաշարժին յաջորդող շաբաթը  նոր տարուան նախօրէին «Կիլիկիա» գրատան բացումը կատարեցի` անպաշտօն, համահայկական սուգի մթնլորտի մէջ: Շուտով գրատունս ժամադրավայր եղաւ գրասէր հասարակութեան, արդէն ութ տարիներէ ի վեր հօրս գրասենեակին մէջ սկսած էի այդ ասպարէզը` շրջուն գրավաճառ հանրածանօթ «Հայկական պատուական»-Մկրտիչ Խոճայի թողած գիրքերու ժողովածուն որպէս թթխմոր ունենալով:1993-ին հինգ տարիներ ետք հաստատուեցայ հանդիպակաց մայթին վրայ աւելի ընդարձակ վաճառատան մը մէջ` քսան տարիներու ընթացքին գործելով նաեւ որպէս հրատարակչատուն: Այս շրջանին հրատարակած եմ շուրջ չորս հարիւր մեծ ու փոքր հայերէն հատորներ: Դժբախտաբար գրատունս փակ է 6 նոյեմբեր 2012-էն ի վեր:

Այս քսանհինգ տարիներուն ունէի հայ մամուլի, յատկապէս «Ազդակ»-ի ամէնօրեայ բաժանորդներ, որոնց առաւելագոյն ցանկը հասաւ մինչեւ յիսունի, ապա աստիճանաբար նուազեցաւ մինչեւ տասնհինգի, ընդհանրապէս դէպի անդենական երթին պատճառով, որովհետեւ ընթերցողներուն միջին տարիքը կարելի էր եօթանասուն համարել:

Յիշարժան երեւոյթներէն կարելի է նշել, թէ տակաւին կային ծերունիներ, որոնք «Ազդակ» ըսելու փոխարէն` «Արեւելք» կ՛ուզէին: Թերթ ստացողը  իր  հետաքրքրութիւններուն համապատասխան կը բանար թերթին առաջին նայուածք նետելու էջերը, կային մարզասէրներ, Կարօ Սողիկեանի մատիտը պատրաստ էր սկսելու խաչբառին, զոր տուն հասնելէ առաջ լուծած կ՛ըլլար, իսկ շրջուն լումայափոխ Շաքարեանը անմիջապէս սակարանի էջը կը բանար, ոմանց հետ ամէնօրեայ կարճ զրոյց մը պատճառ եղաւ մտերիմ կապեր հաստատուելու:

Երբեմն անակնկալօրէն իրարու ետեւէ նոր դէմքեր կը յայտնուէին, եւ թերթի պահանջ մը կը սկսէր, ոմանց հարցումը կը մատնէր, թէ երբեք հայ մամուլի հետ չեն առնչուած: Այդ օրը հայոց լեզուի ուսուցչուհին պարտականութիւն տուած կ՛ըլլար թերթ կարդալու եւ նիւթ մը ներկայացնելու, այս պարտականութեան շնորհիւ` կարգ մը ծնողներ կը ծանօթանային հայերէն թերթին, երբեմն ալ բարի սովորութեան կը վերածուէր:

Ղարաբաղեան շարժումի, Արցախի ազատագրական պատերազմի եւ Հայաստանի վերանկախացման ժամանակաշրջանին հայ մամուլը ապրեցաւ իր ոսկեդարը: Իւրաքանչիւր հայորդի կը տագնապէր օրուան անցուդարձերով, թերթը հասնելու ժամանակէն առաջ արդէն մայթին վրայ շրջանակ մը կազմած` իւրաքանչիւրը  կը զեկուցէր իր թարմ տեղեկութիւնը, ոմանք  ձայնասփիւռէն, ուրիշներ օտար մամուլէն քաղուած լուրեր ունէին:

Հազուադէպօրէն թերթերը կ՛ուշանային կամ չէին հասներ արտասահմանէն գալու ճանապարհային խոչընդոտներու պատճառով, ոմանց համար անօթի քնանալէն աւելի դժուար էր օրաթերթ չունենալը, մինչեւ ուշ ժամեր կը հանդիպէին, պատասխանատու ցրուիչէն այդ օրուան մամուլը չհասնելու լուրի հաստատումէն ետք միայն անոնք տան ճամբան կը բռնէին: Մոլի ընթերցողներ, մոռնալով նախորդ օրուան «Մամլոյ արձակուրդ»-ի ազդը, կու գային, երբեմն ալ այլ թերթ մը կ՛առնէին` յագեցնելու այդ օրուան իրենց հաճոյքը:

Այսպէս էր հալէպահայ կեանքը, այս անկրկնելի տպաւորութիւններս,  զորս այսօր թուղթին կը յանձնեմ, անջնջելի պատմութեան մէկ մասնիկն են մէկ դար ապրած պանծալի գաղութին, որ այսօր թէեւ վիրաւոր եւ պանդխտացած զաւակներով` կը շարունակէ ապրիլ եւ պիտի ապրի՛:

Յաճախ կը գրուի տպագիր մամուլի անբաղձալի վիճակին մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է տոկալ համացանցային լրատուական կայքերու ալիքին դիմաց, գէթ ելեկտրոնային օրինակ ունենալը կը պահպանէ իւրաքանչիւր մամուլի արժանաւոր եւ աւելի տարածուն ներկայութիւնը:

Տպագիր մամուլը ոտքի կը կանգնի դարերէ ի վեր անծանօթ զինուորներու փաղանգի մը շնորհիւ ` գրաշար,տողաշար, սրբագրող, էջադրող, տպագրիչ, ցրուիչ եւ ի վերջոյ` բաժանորդ: Առաջինները երբեմն կ՛աշխատէին խոնաւ նկուղներու մէջ` կապարի շոգին շնչելով, առողջապահական դժուար պայմաններով, ոմանք մահացան այդ պատճառով:

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ընդունուած իրողութիւն է` եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ երրորդութիւնը` իբրեւ հայապահպանման ամրոցներ, արդար եւ  իրաւացի, սակայն չորրորդ իշխանութիւնը` հայ մամուլը կարելի է նկատել այդ երորրդութիւնը  ամբողջացնող եւ զօրացնող միաւորը:

Ընկերային եւ տեղեկատուական ցանցերու դիմաց մագնիսացած այսօրուան մարդը, մեր պարագային հայ մարդը հայեցի սնունդ կրնայ ստանալ եւ հայ իրականութեան մէջ ապրիլ ու հայօրէն շնչել` այս նորարարութիւններուն օգտագործման լաւագոյն մթնոլորտ գտնելով:

Ժընեւ

Նախորդը

43 Տարի Անց

Յաջորդը

Դոկտ. Իմատ Մրատ «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ժառանգութիւն Եւ Մշակոյթ» Յայտագիրի Մէջ Ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան Իրաւացիութիւնը Եւ Հայոց Պահանջատիրութեան Ազդակները

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?