Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանուն Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդավարութեան

Մայիս 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը տիրէ քաղաքական նոր մթնոլորտ, եւ ազգովին պատմութեան նոր էջ մը կը գրենք:

Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները անխտիր մասնակից են այս նոր մթնոլորտին եւ քաղաքական նոր ձեւաչափի կազմաւորման:

Այս նոր քաղաքական դաշտին մէջ յաղթողներ եւ կորսնցնողներ չկան, պէտք չէ ըլլան, որպէսզի հայրենի մեր ժողովուրդին յաղթանակը ծառայէ իր իսկ ճշդած հիմնարար սկզբունքներուն:

Վերջերս Հայաստանի ժողովրդային, երիտասարդական եւ ուսանողական ողջունելի ցոյցերը իրապէս կը խրախուսեն, կը յուսադրեն համայն հայութիւնը, որ ան տակաւին ի վիճակի է առանց արտաքին միջամտութիւններու` տէր հանդիսանալու իր սեփական քաղաքական ճակատագիրին եւ իրաւունքներուն:

Այս շարժման մեծութիւնը եւ իւրայատկութիւնը այն է, որ իրօք ժողովուրդը յաղթեց եւ պէտք է միանշանակ սատար հանդիսանալ ժողովուրդին արձանագրած նուաճումներուն:

Կասկածէ վեր է, որ մեր ժողովուրդը յաղթեց, սակայն կը մնայ, որ այդ յաղթանակը, ժողովրդային, ուսանողութեան եւ երիտասարդական օրինակելի ժողովրդավարական ցոյցերը, փողոցը արձանագրուած քաղաքական աննախընթաց նուաճումները կարենալ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ծառայեցնել Հայաստանի հզօրացման, ժողովրդավարացման ամրապնդման եւ պետականաշինութեան ամրագրման:

Այլապէս կրնան վտանգուիլ շարժման սկզբունքներն ու հետապնդած նպատակները` Հայաստանի անկախութիւն, երկրի  անդորրութիւն, ինչպէս նաեւ երկրի ընկերատնտեսական բնականոն զարգացում, բայց նաեւ կրնայ պատճառ դառնալ համազգային այնքան անհրաժեշտ միացեալ ճակատ ստեղծելու կարելիութեան:

Այդ իսկ պատճառով համոզուած ենք, որ նոյնինքն շարժման բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ շարժման առաջնորդներուն եւ ազգային կուսակցութիւններուն առաջնահերթութիւնն է նաեւ ազգային միասնականութեան եւ հանդուրժողականութեան պահպանումը, որովհետեւ ազգովին կը գիտակցինք նաեւ, որ ինչ տեսակի տարածաշրջանի մէջ ենք եւ տակաւին ինչ տեսակի չլուծուած բազմաբնոյթ խնդիրներ ունինք եւ մասնաւորապէս պէտք չէ մտահան ընել, որ մենք տակաւին պատերազմի մէջ գտնուող երկիր ու ժողովուրդ ենք, եւ մեր հարեւանները այդքան ալ ձեռնածալ նստած եւ բարի կամեցողութեամբ չեն հետեւիր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կատարուող վերջին օրերու արձանագրուած յուսադրիչ ժողովրդային շարժումներուն:

Բայց եւ այնպէս խորապէս համոզուած ենք, որ Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին մէջ դերակատար իւրաքանչիւր անհատ, համեստ քաղաքացի, ցուցարար կամ կուսակցութիւն վերջաւորութեան ճիգ պիտի չխնայէ, որպէսզի համաձայնական եղանակներով, քաղաքական ծրագիրներով եւ բանակցութիւններով գոյութիւն ունեցող եւ հանրութիւնը յուզող եւ ընդվզեցնող համազգային խնդիրներուն, իղձերուն եւ տագնապներուն հնարաւոր լաւագոյն ընտրութիւններով եւ լուծումներով հանդէս գան, եւ հայրենի մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս իր իսկ սեփական կամքով ու ներուժով նոր եւ, յուսանք, աւելի արդար, կենսունակ, բարգաւաճ եւ ժողովրդավար Հայաստան մը կերտէ եւ նոր էջ բանայ իր հազարամեայ պատմութեան մէջ:

Բայց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոեւէ քաղաքացիի եւ ընդհանրապէս հայ անհատի բարոյական իրաւունքն է պահ մը կանգ առնել եւ հարց տալ, որ, այս շարժման կողմնակից ըլլալով հանդերձ, տուեալ շարժման առաջնորդներուն ծրագիրները, մօտեցումները, գնահատումները, վերլուծումները ինչպիսի՞ն են, կապուած` տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն, շրջակայ երկիրներուն հետ փոխյարաբերութիւններուն, Հայաստանի անվտանգութեան, Արցախեան հարցի կարգաւորման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Եւրասիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներու հետ ռազմավարական եւ անվտանգութեան պայմանագրութեանց, տակաւին ընկերատնտեսական եւ բազմաթիւ այլ հարցերու կամ քաղաքական կալուածներու մէջ. կ՛արժէ նաեւ այս իմաստով ապահով ըլլալ եւ ունենալ համապատասխան քաղաքական ընդհանուր փլաթֆորմի մը պատկերացումը:

Այդ իսկ պատճառով ՀՅ դաշնակցութիւնը, կ՛ենթադրենք, շարժման առաջին իսկ օրէն մէկ կողմէ ողջունեց ժողովրդային տուեալ շարժումը, իսկ միւս կողմէ յորդորեց, որ ի զուր չսպառենք հերթական անգամ տուեալ շարժման ստեղծած սքանչելի առիթը, քաղաքական ներուժը եւ հունաւորել զայն դէպի սահմանադրական դաշտ,  երկրին մէջ իսկական բարեկարգումներ կատարելու, համակարգային փոփոխութիւններ յառաջացնելու ուղղութեամբ նաեւ Հայաստանի մէջ հանդուրժողականութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը վերածելու հիմնական կռուաններու, որպէսզի վերջաւորութեան տուեալ ուսանողական, երիտասարդական շարժումը, որ կայացաւ ու զարգացաւ առանց արտաքին միջամտութիւններու, չենթարկուի նախորդող շարժումներու ճակատագրին եւ հայրենի ժողովուրդը աւելի սպառած եւ յուսահատած դուրս չգայ:

Իրականութեան մէջ Դաշնակցութիւնը շարժման առաջին իսկ օրէն հետեւողական գտնուեցաւ` վկայ անոր յայտարարութիւնները եւ հաղորդագրութիւնները: Հայաստանի Գերագոյն մարմինը միշտ կողմնակից եղաւ, որպէսզի քաղաքական այս ճգնաժամը բացառապէս ընթանայ փոխադարձ զիջումներու եւ փոխըմբռնումի եւ նոր սահմանադրութեան  օրէնքներուն ընձեռած կարելիութիւններու ծիրին մէջ:

Եւ պէտք է ըսել, որ Դաշնակցութեան պատասխանատուներուն ունեցած բոլոր հանդիպումները` ըլլա՛ն Նիկոլ Փաշինեանին թէ իշխանութիւններուն հետ, կ՛ընդգծէին վերոնշեալ առանցքները եւ կը շեշտէին երկրի անդորրութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային միացեալ կառավարութիւն մը ստեղծելու եւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Տակաւին, պարզապէս պատմութեան եւ արդարութեան համար եւ կարճ յիշողութիւն ունեցողներուն համար կ՛արժէ նշել, որ Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ այն կուսակցութիւնը, որ նախ ողջունեց շարժումը ու ապա յայտարարեց, թէ մենք մեր հարազատ ժողովուրդին կողքին ենք, ինչպէս միշտ, ինչպէս որ մեր 128 տարուան փառահեղ պատմութիւնը կը վկայէ:

Կուսակցութիւնը յորդորեց քաղաքական բոլոր կողմերը, ցուցարարներն ու իշխանութիւնները զերծ մնալ իրավիճակը սրելէ, վտանգաւոր առճակատումէ` երկիրը ծայրայեղութիւններու կրակէն հեռու պահելու համար: Արդարեւ, դարձեալ արդարութեան համար, պէտք է ըսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ պատգամաւորներու ձերբակալման յաջորդող ժամերուն իսկ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութիւն-Փաշինեան հանդիպումը վերջինին մեկուսարանին մէջ, ինչ որ նպաստեց Փաշինեանի եւ իր ընկերներուն ազատ արձակման գործընթացին:

Միեւնոյն ժամանակ կուսակցութիւնը մէկ կողմէ յարգելով սահմանադրութեան տրամադրութիւնները, իսկ միւս կողմէ մեկնելով հարցերը յաւելեալ բարդացումներու չառաջնորդելու սկզբունքէն` որոշեց նաեւ Ազգային ժողովին մէջ չքուէարկել Փաշինեանին եւ իր ընկերները անձեռնմխելիութիւնը զրկելու մօտեցումին:

Ինչ որ հետագային դուռ պիտի բանար բանակցութիւններու եւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու զանազան կողմերու միջեւ եւ որոշ չափով պիտի մեղմացնէր տուեալ ճգնաժամը:

Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին 25 տարուան ընթացքին տեւաբար ամէն ինչէ վեր դասած է Հայաստանի անվտանգութիւնը, ներքին անդորրութիւնը, ազգային միասնականութիւնը, այսօր ալ, ինչպէս երէկ նոյն տրամաբանութեամբ կ՛առաջնորդուի ոչ երկու տարբեր լեզու կը գործածէ, ոչ ալ երէկուան իր սկզբունքներուն հակառակ ուղղութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ, որովհետեւ Դաշնակցութեան համար ազգ-պետութիւն հասկացողութիւնը, դարձեալ կը շեշտենք, ամէն ինչէն վեր է:

Այդ իսկ պատճառով, առաջին իսկ օրէն  ներհայաստանեան ճգնաժամը լուծելու առումով Դաշնակցութեան հիմնական չորս առանցքները հետեւեալները հանդիսացան.

Առաջին.- լիցքաթափել ներքաղաքական լարուածութիւնը:

Երկրորդ.- յաղթահարել քաղաքական ճգնաժամը:

Երրորդ.- յստակ առաջնահերթութիւններ նախանշելով երաշխաւորել կուտակուած խնդիրներու լուծումը:

Չորրորդ.- լիարժէք ժողովրդավարական պայմաններու ապահովմամբ նախապատրաստել եւ կայացնել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Այո՛, ժողովուրդը յաղթեց. փառք ու պատիւ մեր երիտասարդութեան եւ հայրենի մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն:

29 ապրիլ 2018

Նախորդը

Ուժ Տալ Արհեստակցական Միութիւններուն, Ուժ Տալ Հայ Աշխատաւորին

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Հանդիսացաւ Սպանիոյ Ախոյեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?