ՄԵՐԻ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
1946-ի օգոստոսն էր: Մենք` Հայ օգնութեան միութեան արենուշներս, աւարտելէ ետք մեր սկաուտական կիրակնօրեայ աշխատանքները Նաւասարդեան դաշտին վրայ, եւ ինչպէս սովոր է, շարքի կանգնած էինք լսելու մեր խմբապետին` օրիորդ Արշալոյսին յայտարարութիւնները:
«Հինգ օր ետք, այսինքն` ուրբաթ, մեր երկրին նախագահը` Շուքրի Քուաթլին պիտի այցելէ Հալէպ: Անոր շքախումբը պիտի անցնի նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասէն` Նոր Գիւղէն: Ասիկա պատիւ կը բերէ բոլոր հայերուս, եւ մենք` սկաուտներս, պաշտօնապէս պիտի ողջունենք զայն: Յոյսով եմ, որ ուրբաթ բոլորդ ներկայ կ՛ըլլաք «Զաւարեան» ակումբ, ճիշդ ժամը 2:00-ին: Ձեր մազերը պէտք է ըլլան լուացուած եւ բծախնդրօրէն սանտրուած, իսկ ձեր համազգեստը` մաքուր եւ արդուկուած: Կ՛ուզեմ ձեզ տեսնել ձեր ամէնէն ներկայանալի վիճակին մէջ: Ամէնէն աւելի ներկայանալի երկու արենուշները պիտի զատուին` ծաղկեփունջ յանձնելու նախագահին», յայտարարեց օրիորդ Արշալոյսը:
Իմ լաւագոյն ընկերուհիս` Մարի Մանուկեանը եւ ես յոյսով էինք, որ մեր երկուքը կը զատեն ծաղկեփունջը յանձնելու նախագահին: Եթէ պայման էր մաքուր համազգեստ հագնիլ եւ ընդհանրապէս մաքուր ըլլալ, դժուար պիտի չըլլար իրականացնել անիկա: Երբ տուն հասայ, մեծ մօրս խորհուրդը առնելէ ետք որոշեցինք, որ մեծ իրադարձութենէն մէկ օր առաջ` հինգշաբթի, մեծ մայրս պիտի լուայ համազգեստս: Իսկ մեր հարեւան Ռոզան, որ արդուկի մասնագէտ էր, պիտի արդուկէ զայն: Ապա միասնաբար որոշեցինք, որ լոգանք առնեմ ուրբաթ առաւօտեան, որպէսզի մաքուր մնամ մինչեւ կէսօրէ ետք:
Անշուշտ դիւրին պիտի չըլլար ամէն բան: Մեր դրացիներուն մեծամասնութեան նման` մեր ջրհորը չորցած էր եւ լոգանքի համար ջուր չկար: Ամէնէն մօտիկ դրացին, որուն ջրհորին մէջ տակաւին ջուր կար, անիկա Տուտու Խանըմն էր, որ կ՛ապրէր քանի մի տուն վար, մայր պողոտային վրայ: Միայն եթէ Խանըմը ուրբաթ առաւօտեան տան դարպասը բանար, եւ ես կարենայի երթալ եւ երեք դոյլ ջուր վերցնել, բոլոր խնդիրներս կը լուծուէին:
Գացի Տուտու Խանըմին մօտ եւ անոր բացատրեցի իմ խնդիրս: «Նման կարեւոր իրադարձութեան համար ես ուրբաթ անշուշտ կը բանամ դուռը քեզի համար, եկուր եւ վերցուր, որքան որ ջուր կ՛ուզես», ըսաւ ան:
Ուրբաթ, երբ հազիւ արեւը ծագեցաւ, գացի եւ ջրհորէն քաշեցի երեք դոյլ ջուր եւ անշուշտ ստիպուած էի նոյն ճամբան կտրելու երեք անգամ: Մեծ մայրս արդէն վառած էր օճախը` լոգանքի ջուրը տաքցնելու համար: Ան լուաց մազերս, եւ ժամն էր սկսելու դժուար բաժինը: Ան առաւ սեւ քեսէն եւ սկսաւ մաքրել ամբողջ մարմինս՛ գրեթէ կեղուելով մորթս: Առաջին անգամ ըլլալով չէի բողոքեր, եւ երբ ան վերջացուց, ամբողջ մարմինս կարմրած էր ձմերուկի միջուկին նման: Ան սանտրեց եւ հիւսեց մազերս, եւ վերջապէս հագուեցայ իմ նոր արդուկուած համազգեստս: Երբ տունէն դուրս կ՛ելլէի, մեծ մայրս զննելով զիս` ըսաւ. «Իմ կարծիքովս, դուն ամէնէն մաքուր եւ վայելուչն ես խումբիդ մէջ, եւ վստահ եմ, որ դուն բախտաւորներէն մէկը պիտի ըլլաս այսօր»:
Կէսօրէ ետք ճիշդ ժամը 2:00-ին հասայ քաղաքին հրապարակը, ուր արդէն հաւաքուած էին հարիւրաւոր սկաուտներ: Ես միացայ մեր խումբին, մինչ օրիորդ Արշալոյսը գալով` սկսաւ զննել մեզմէ իւրաքանչիւրը: Ան նայեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Սիրեցի քու հիւսուած մազերդ»: Դառնալով ընկերուհիիս` Մարիին` ան մատներով քննեց անոր փայլուն մազերը: Համոզուած էինք, որ մենք պիտի ըլլանք օրուան բախտաւորները:
Երկար գիծ մը կազմեցինք եւ որոշակի ազդանշանի մը հիմամբ մենք պիտի ողջունէինք եւ երգէինք Սուրիոյ ազգային քայլերգը, որմէ ետք ճշդուած երկու աղջնակները միասնաբար պիտի վերցնէին ծաղկեփունջը եւ ժպտելով պիտի յանձնէին նախագահին: Օրիորդ Արշալոյսը խնդրեց, որ Մարին, ես եւ քանի մը ուրիշ արենուշներ փորձ կատարենք` քալելով դէպի ծաղկեփունջը, ծռելով վերցնել զայն եւ քալել դէպի ճամբուն կէսը: Կը թուէր, որ ան տակաւին չէր կրցած որոշում տալ:
Պահը կը մօտենար, եւ դեռ չէինք գիտեր, թէ որո՛նք պիտի դառնան օրուան բախտաւոր երկու աղջիկները: Սուլիչի ձայնէն ետք թմբուկներու հարուածները աւետեցին նախագահի շքախումբին ժամանումը: Յանկարծ, ի զարմանս բոլորին, ինծի հասակակից փոքրիկ աղջնակ մը խումբէն անսպասելիօրէն դուրս եկաւ եւ կանգ առաւ կարմիր ու սպիտակ գեղեցիկ ծաղիկներուն կողքին: Ան հագուած էր վարդագոյն օրկանտի հագուստ մը եւ վարդագոյն թիթեռ մը կը զարդարէր անոր շագանակագոյն մազերը: Եթէ ծաղկեփունջը յանձնելու պայմանը մաքուր ըլլալն էր, ապա կրնամ ըսել, որ նորայայտ աղջնակը անթերի էր: Մարին ու ես յուսախաբ` իրարու նայեցանք:
Նախագահին ինքնաշարժը սկսաւ մօտենալ. անիկա դանդաղեցաւ եւ ապա կանգ առաւ: Մենք երգեցինք Սուրիոյ քայլերգը` «Հումաթ էլ տիար, ալեյքոմ էլ սալամ»-ը: Նրբագեղ վարդագոյն զգեստով փոքրիկ աղջիկը վերցուց ծաղկեփունջը, նրբանկատօրէն ուղղուեցաւ դէպի ինքնաշարժը եւ ծաղիկները տուաւ նախագահին: Նախագահը առաւ զանոնք, ձեռքը դրաւ աղջնակի գլխուն` ճիշդ վարդագոյն թիթեռին վրայ, ժպտեցաւ եւ բաներ մը ըսաւ, որ մենք չկրցանք լսել:
Ի՛նչ պիտի ըսէի մեծ մօրս, Ռոզային, Խանըմ Տուտուին եւ մեր բոլոր դրացիներուն, որոնք արդէն կը խօսէին Պզտիկ Մարոյին մասին (իմ ծածկանունս), որ ծաղկեփունջը պիտի յանձնէր նախագահին: Ես արագ տուն վազեցի եւ պահուըտեցայ բազմոցին ետեւ եւ սկսայ լալ: Չէի ուզեր մէկը տեսնել կամ մէկու մը հետ խօսիլ պատահածին մասին:
Քիչ ետք մեծ մայրս վերադարձաւ աշխատանքէն եւ տեսաւ, որ ես պահուըտած եմ բազմոցին ետեւ: Ան արդէն գիտէր, թէ ի՛նչ պատահած էր: Ան ուրախ ձայնով մը ըսաւ. «Եավրուս, ինչո՞ւ նեղացած ես: Ի՞նչ հոգ, որ դուն չեղար նախագահին ծաղիկներ տուողը»:
«Ո՞վ գիտէ, օր մը դուն նստած կ՛ըլլաս մայր պողոտայի մը վրայ դանդաղօրէն շարժող շքախումբի մը ինքնաշարժին մէջ, եւ վարդագոյն հագուած փոքրիկ աղջնակ մը քեզ կը պատուէ ծաղիկներով: Դուն կ՛ըլլաս օրուան իշխանուհին: Ես գրեթէ կը նախատեսեմ, որ այդ մէկը պիտի պատահի»: «Մեծ մամա՛, դուն խենթ բաներ կ՛ասես: Ես ո՞վ եմ, որ փոքրիկ աղջիկ մը ծաղիկներ նուիրէ ինծի: Ես արժանի չեղայ ծաղկեփունջ յանձնելու, բայց արժանի պիտի ըլլամ մաս կազմելու շքախումբի եւ ծաղկեփունջեր ստանալո՞ւ»: «Դուն դեռ չես գիտեր, զաւա՛կս, կեանքը սանդուխի նման է: Ոմանք կը բարձրանան սանդուխներէն վեր, իսկ ոմանք կ՛իջնեն: Թերեւս եթէ պատմեմ իմ կեանքիս պատմութիւնը, ապա աւելի լաւ կը հասկնաս կեանքը»:
Ես սերած եմ հանրածանօթ Աբրահամեան ընտանիքէն: Հայրս գործարար էր: Ես մեր ընտանիքին միակ աղջիկն եմ եօթը եղբայրներու կողքին: 17 տարեկանիս ամուսնացայ ձեր մեծ հօր` Գրիգոր Ոսկերիչեանին հետ: Ան զաւակն էր ոսկիի առեւտրականի. անոնք յաճախ միասնաբար կը ճամբորդէին Հնդկաստան եւ հեռաւոր այլ երկիրներ: Հարսնիքիս օրը մեր գիւղէն` Կուէտեփէէն գացինք Փերի, ձիով: Ինծի կը հետեւէին նուէրներով բեռցուած չորս եզներ: Հայրս նուէրներ պատրաստած էր բոլոր անոնց, որոնք Փերիի մէջ հրաւիրուած էին մեր հարսնիքին: Նուէրներուն մէջ կային ոսկի եւ արծաթ գոհարեղէններ, կանգուններով երկար մետաքս կտորներ, պղնձեայ փայլուն կաթսաներ եւ ձեռագործ քիլիմներ: Ես քաղաքին ամէնէն երջանիկ եւ բախտաւոր հարսնացուն էի:
«Հին սովորութիւն էր, որ հարսին հայրը օժիտ տար իր դստեր, եւ սովորաբար հարուստ ընտանիքները ոսկի մետաղադրամներով զարդարուած գլխակապ կու տային: Հայրս ինծի ո՛չ միայն գլխակապ տուաւ, այլեւ` հարիւրաւոր ոսկեայ մետաղադրամներով ծածկուած գօտի մը: Մենք բազմաթիւ ծառաներ եւ դաշտային գործաւորներ ունէինք թէ՛ ծնողքիս եւ թէ՛ ամուսնիս տունը: Սիրելի՛ս, կրնա՞ս ըսել, թէ ո՛ւր են այս բոլորը հիմա: Հայրս, եօթը եղբայրներս եւ ամուսինս սպաննուեցան թուրքերուն կողմէ: Ունեցած ոսկիներուս մեծ մասը բռնի խլուեցաւ ինձմէ, եւ մնաց քանի մը մետաղադրամ միայն, որ վճարեցի իմ երկու երեխաներս Թուրքիայէն դուրս հանելու եւ Հալէպ փախցնելու համար: Հիմա ես կ՛աշխատիմ կանուխ առաւօտէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը` վաստակած դրամով մեր սեղանին հացը ապահովելու համար: Այդ ժամանակ ես կանգնած էի սանդուխին վերը, իսկ հիմա հոս եմ, վարը: Դուն երիտասարդ ես, խելացի ու անուշիկ, եւ եթէ դուն տքնաջան աշխատող ըլլաս ու տաս լաւագոյնը ամէն ինչի մէջ, որ կ՛ընես, դուն անպայման պիտի բարձրանաս ու հասնիս սանդուխին գլուխը: Ես գիտեմ, որ պիտի ընես: Ես գիտեմ, որ անիկա պիտի իրականանայ»:
Եօթանասուն տարի անցած էր նախագահ Շուքրի Քուաթլիի Հալէպ այցելութենէն եւ մեծ մօրս ցանկալի նախատեսութիւններէն: Ես մոռցած էի միջադէպը մինչեւ 2015 թուականը 27 յունիսին, երբ այցելութեամբ մը կը գտնուէի Ղարաբաղ: Ամուսինս` Վարդգէսը, ես, մեր զաւակը` Արան եւ անոր կինը` Փալմիրան ու որդին` Քրիսթոֆըրը երեք օր մնացինք Ղարաբաղ: Ուրբաթ երեկոյ Ստեփանակերտի մէջ ընթրեցինք նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ անոր ընտանիքին հետ, եւ երբ կը պատրաստուէինք մեկնելու, նախագահը յիշեցուց, որ յաջորդ օրը` շաբաթ, ժամը 10:00-ին պէտք էր հանդիպէինք հանրային հրապարակին մօտ` անկէ ուղղուելու Ամարաս եւ մասնակցելու թութի առաջին փառատօնին:
Շաբաթ առտու ուղղուեցանք դէպի հրապարակ: Նախագահը ժամանեց իր լիմուզինով, որ կը քալէր զինուորական անվտանգութեան ինքնաշարժի մը ետեւէն: Նախագահին ինքնաշարժին ետեւ կանգ առաւ ուրիշ լիմուզին մը, որ յատկացուած էր մեր ընտանիքին: Անոր կը հետեւէր անվտանգութեան այլ ինքնաշարժ մը:
Մենք բոլորս պատրաստ էինք ուղղուելու դէպի Ամարաս, երբ յանկարծ նախագահը դուրս եկաւ իր լիմուզինէն եւ մօտենալով մեր ինքնաշարժին` ըսաւ. «Տիկի՛ն Մարի, փափաքս է, որ նստիս ինքնաշարժիս մէջ, իմ կողքիս»: Թէեւ` ցնցուած, բայց հաճելի անակնկալ էր ինծի համար:
Ամարաս կը գտնուի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 40 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ: Նախագահը տեղեկութիւններ տուաւ ճամբուն վրայ գտնուող գիւղերու պատմութեան մասին: Ճամբան ամէն քանի մը քիլոմեթրի վրայ կանգնած էր ոստիկանական ինքնաշարժ մը, եւ ամէն անգամ որ մեր շքախումբը մօտենար, ոստիկանները դուրս կու գային ինքնաշարժէն եւ բարեւի կը կենային: Իսկապէս հաճելի փորձառութիւն էր:
Երբ հասանք Ամարաս, մեր ինքնաշարժը կանգ առաւ: Փառատօնին մասնակից ժողովուրդէն շատեր վազեցին դէպի մեր ինքնաշարժը` նախագահը տեսնելու համար: Մազերը ճերմակ թիթեռով զարդարած փոքրիկ աղջնակ մը ճեղքելով ամբոխը` մօտեցաւ մեր ինքնաշարժին եւ ինծի տուաւ փունջ մը մարգարտածաղիկներ: Ընդունեցի ծաղիկները եւ չկրցայ պահել արցունքներս: Ձեռքս դրի անոր մազերը զարդարած ճերմակ թիթեռին վրայ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն:
Չէի ուզեր հաւատալ եղածին: Պատկերացուցի մեծ մայրս` կանգնած բարձրահասակ, կ՛ըսէր ինծի.
«Եավրո՛ւս, ինքնավստա՛հ եղիր. երբ դուն զքեզ վար կը զգաս, միշտ նայէ վեր եւ փորձէ տալ լաւագոյնդ ամէն ինչի մէջ, որ կ՛ընես կեանքիդ մէջ, եւ օր մը դուն կը բարձրանաս սանդուխին գլուխը: Համբերող եղիր եւ, ո՞վ գիտէ, օր մը դուն կը դառնաս արքայական կառքին մէջ նստած իշխանուհի եւ փոքրիկ աղջնակ մը մօտենալով` ծաղկեփունջ կը նուիրէ քեզի»:
«Այո՛, մեծ մամա, ամէն ինչ պատահեցաւ այնպէս, ինչպէս որ նախատեսած էիր: Այո՛, ես նստայ նախագահի կողքին, եւ փոքրիկ աղջիկ մը ինծի նուիրեց ծաղկեփունջ մը: Իրաւամբ զգացի, որ ես իշխանուհի եմ եւ կը գտնուիմ սանդուխին գագաթը: Իսկ ամէնէն լաւը այն էր, որ այս բոլորը տեղի ունեցան իմ պաշտելի Ղարաբաղի մէջ»: