Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. ՖԻՆԻՒԼ-ը Եւ Ապագայ Հեռանկարները

May 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

13 ապրիլին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեան ուսանողներուն հետ այցելեցինք Նաքուրա, ուր կը գտնուի ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու (ՖԻՆԻՒԼ) կեդրոնատեղին:

1978-ին, երբ Իսրայէլ ներխուժեց Լիբանան, ՄԱԿ-ի թիւ 425-426 բանաձեւերով ՖԻՆԻՒԼ-ը հիմնուեցաւ. սկզբնական շրջանին անիկա քաղաքական կամ ռազմական ուժ չէր ներկայացներ, սակայն 2006-ի պատերազմը եւ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը ընդարձակեցին խաղաղապահ ուժերուն ռազմական առաքելութիւնը:

Հետաքրքրական էր, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ իտալական ջոկատի ներկայացուցիչին հետ հանդիպման ժամանակ ան մեզի ներկայացուց իսրայէլեան եւ լիբանանեան կողմերու անուղղակի բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները: Գրեթէ ամսական դրութեամբ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի նախագահութեամբ, երկու կողմերը կը հանդիպին, կլոր սեղանի շուրջ կը նստին, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայացուցիչը կը վարէ անուղղակի բանակցութիւնները: Լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչը Իսրայէլի հետ կապուած հարցերը կ՛ուղղէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայացուցիչին, ան ալ իր կարգին զանոնք կը փոխանցէ իսրայելեան կողմին, իսկ իսրայէլեան կողմը ուղղակի կը պատասխանէ լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչին, երկու կողմերը իրարու ձեռք չեն սեղմեր եւ ուղղակի բանակցութիւններ չեն վարեր: Իսրայէլեան կողմը միշտ մտահոգութիւն կը յայտնէ Հըզպալլայի զէնքերուն մասին, իսկ լիբանանեան բանակին անուղղակի պատասխանը կ՛ըլլայ` «Լիբանանի ներքին հարցերուն մի՛ խառնուիք»:

Իսկ հարցնելով անոր, թէ իրենք կրցա՞ն գտնել որեւէ ռազմական կեդրոն` Հըզպալլայի հետ կապուած, իտալացի ներկայացուցիչը ժպտելով պատասխանեց ինծի. «Գետնի վրայ ոչ, բայց տակը` Աստուած գիտէ»: Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի հիմնական նպատակն էր, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը զինաթափ ընէ Հըզպալլան, եւ հակառակ անոր որ ներկայիս ՖԻՆԻՒԼ-ը ունի աւելի քան 10,000 զինուոր, սակայն ան քաղաքական կշիռ չունի` իրականացնելու այս առաջադրանքը: Անշուշտ հոս որոշ հարցադրումներ կը ծագին այն առումով, թէ ճիշդ ի՛նչ է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը` խաղաղութի՞ւն հաստատել, թէ՞ անոր ետին կանգնած է Հըզպալլայի զինաթափման հարցը: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքորոշումը, եթէ դարձեալ հարաւի մէջ պատերազմ մը սկսի: Պիտի մասնակցի՞ պատերազմին, թէ՞ չէզոք դիրք պիտի ունենայ. անշուշտ այս հարցումներուն պատասխաններ չկային:

Վերջերս իսրայէլեան թերթերը բաւական լուրջ վերլուծութիւններով կ՛անդրադառնան յաջորդ պատերազմին, որ կրնայ ծագիլ Լիբանանի մէջ` ընդդէմ Հըզպալլային: Սուրիոյ մէջ ասիկա չի կրնար պատահիլ, որովհետեւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը գետնի վրայ ի նպաստ Իսրայէլի չէ, եւ հոն կայ ռուսական գործօնը: Իսկ Լիբանանի մէջ ընտրութիւններէն ետք հաւանաբար քաղաքական նոր դաշինքներ կազմուին, եւ դարձեալ Հըզպալլայի զէնքի հարցը երկխօսութեան սեղանին վրայ դրուի: Իսկ եթէ դարձեալ երկխօսութեան կողմերը քաղաքական լուծումի չհասնին, ինչ որ ըստ երեւոյթին դժուար է, ապա Իսրայէլ շատ հաւանական է, որ կարենայ դարձեալ ռազմական միջոցներու դիմել Լիբանանի դէմ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Բանակցութիւնները Անխուսափելի Իսկ Իշխանութեան Փոփոխութիւնը Անյետաձգելի

Յաջորդը

Ուժ Տալ Արհեստակցական Միութիւններուն, Ուժ Տալ Հայ Աշխատաւորին

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.