ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Երբ ազրպէյճանական բանակը գովազդային տեսահոլովակով կը ցուցադրէր 18-22 սեպտեմբեր 2017 տեղի ունեցած զօրավարժութիւններուն ընթացքին իր կիրարկած զինատեսակները, դիտողները նկատեցին չեխական արտադրութեան ռազմական արհեստագիտութիւն, որոնց շարքին` 18 քմ հեռահարութիւն ունեցող «Տանա» ինքնագնաց հաուպիցներ եւ 20 քմ հեռահարութիւն ունեցող «Rm-70» հրթիռային կայանքներ:
Սկիզբը յայտնի չէր, թէ այդ զէնքները ինչպէ՛ս հասած էին Պաքու, նկատի ունենալով, որ Չեխիոյ Հանրապետութիւնը արտօնութիւն չէր տուած իր արտադրողներուն` նմանօրինակ զէնք վաճառելու Ազրպէյճանին: Համաձայն Չեխիոյ օրէնսդրութեան, արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները պէտք է հաստատեն արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան առաջարկած զէնքի վաճառքի վերաբերեալ դիմումները:
Նոյն ժամանակ, Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) յանձնարարած են, որ իրենց անդամ երկիրները զէնք չմատակարարեն Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին` արցախեան հակամարտութեան պատճառով:
Բացի այդ, Ազրպէյճանի զէնքի վաճառքը կրնայ խախտել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ 29 յուլիս 1993-ին ընդունուած թիւ 853 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ընէր անդամ պետութիւններուն` «ձեռնպահ մնալու մատակարարելէ որեւէ տեսակի զէնք եւ զինամթերք, որոնք կրնան յանգեցնել (ղարաբաղեան) հակամարտութեան խորացման եւ տարածքներու շարունակական գրաւման»: Արդէն քանի մը երկիրներ խախտած են Ապահովութեան խորհուրդին այս բանաձեւը, ներառեալ` Իսրայէլ, Թուրքիա, Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Փաքիստան:
Իբրեւ պատասխան` Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Եան Պէյշեքը յայտարարեց. «Նախարարութիւնը չէ հաստատած զէնքի որեւէ տեսակի արտածում դէպի Ազրպէյճան»: Մինչ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Իրեն Վալենթովան Փրակայիի «Տէյլի Մոնիթոր» թերթին յայտնեց. «Թոյլտուութիւն չէ տրուած ռազմական արհեստագիտութեան դէպի Ազրպէյճան արտածման, իսկ 2016-2017 մերժուած են արդիականացուած «Տանա Մ1» հաուպիցներու եւ «RM-70» հրթիռային կայանքներու արտածման որոշ արտօնութիւններ, եւ Եւրոպական Միութեան գործընկեր երկիրները տեղեակ պահած են այդ մերժումէն»:
«2016-ին Ազրպէյճան Չեխիոյ Հանրապետութենէն գնած է մէկ միլիոն եւրօ արժողութեամբ ոչ մահացու զէնք, որ երեք անգամ քիչ է երեք տարի առաջ ձեռք բերուածէն», կը հաղորդէ «Հոսփոտարսքէ Նովինի» թերթը:
Նախապէս, երբ Ազրպէյճան փորձած էր զէնք ներածել Չեխիայէն, ռազմական այսպիսի առաքումներու համար թոյլտուութիւնը մերժուած էր:
«Չեխիոյ իշխանութիւններն ու գաղտնի ծառայութիւնները կ՛ուսումնասիրեն, թէ չեխական զէնքերը ինչպէ՛ս հասած են… Կովկաս», կը հաղորդէ «Տէյլի Մոնիթոր» թերթը:
Նոյն ատեն, «Սլովաք Սփեքթէյթըր» թերթը 17 ապրիլ 2018-ին բացայայտեց հետեւեալը. «Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի օդակայանը օգտագործուած է իբրեւ տարանցիկ կէտ` չեխական հրթիռային կայանքները եւ հաուպիցները մաքսանենգ ճանապարհով Ազրպէյճան հասցնելու համար… Կը հաղորդուի, որ զէնքը արտադրուած է «Չեխոսլովաք Կրուփ հոլտինկ»-ի կողմէ, որուն սեփականատէրը չեխ գործարար Եարոսլաւ Սթրնատն է` ըստ Չեխիոյ հեռատեսիլին…»: Սլովաքեան զէնքի արտադրութեան MSM ընկերութեան աշխատակիցներէն մէկը պատմած եւ նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս հին զէնքերը վերանորոգուած են Սլովաքիոյ Թրենչին քաղաքի իրենց գործարանին մէջ, իսկ ապա Իսրայէլի միջոցով տեղափոխուած` Ազրպէյճան, կը հաղորդէ TASR-ը:
MSM ընկերութեան պաշտօնեան, ըստ Սլովաքիոյ TASR լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութեան, Չեխական հեռատեսիլի ընկերութեան լրագրողներուն ըսած է. «Ամբողջ գործընթացը կը սկսի «Տանա» տեսակի հին հաուպից բերելով, որ ընկերութեան կողմէ մասերու կը բաժնուի… Նոր սարքաւորումները, ներառեալ` նշանառութեան, տեսախցիկային եւ կապի համակարգեր կը ղրկուին Իսրայէլէն: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք պայմանագիր ստորագրած են 18 հաուպից եւ 15 հրթիռային կայանքներ այս տարի եւ նոյն քանակութեամբ յաջորդ տարի մատակարարելու վերաբերեալ… Ընկերութիւնը հաստատած է «Տանա Մ1» եւ «RM-70» համակարգերու մատակարարումը Իսրայէլի»:
«Սլովաք Սփեքթէյթըր»-ը նոյնիսկ արձանագրած է զէնքի այսպիսի տեղափոխում տեսախցիկներու միջոցով, ինչ որ կը հաստատէ զէնքի առաքումը Իսրայէլ եւ այնտեղէն` մաքսանենգ ճանապարհով դէպի Ազրպէյճան: «Հրթիռի մը տեղափոխումը իրականացած է 27 դեկտեմբեր 2017-ին, Թրենչինէն դէպի Պրաթիսլաւայի օդակայան, ուր անիկա տեղափոխուած է ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւններու պատկանող «Սիլք ուէյ» (Silk Way) օդանաւով: Այնուհետեւ օդանաւը մեկնած է Թել Աւիւ` Իսրայէլ, ուր կը գտնուի «Էլպիթ» ընկերութիւնը, որ ներկայացուած է որպէս վերջնական սպառող», կը տեղեկացնէ «Սլովաք Սփեքթէյթըր»-ը: Աղբիւրը նաեւ պարզած է, որ օդանաւը շարունակած է իր ճամբան դէպի Պաքու, Ազրպէյճան:
«Իսրայէլի մէջ օդանաւէն բան դուրս չէ եկած, այլ օդանաւը Իսրայէլ կանգ առած է միայն փաստաթուղթերու ճշդման համար», Չեխիոյ հեռատեսիլին ըսած է MSM-ի պաշտօնեան: «Օդանաւը Իսրայէլի օդակայանէն ուղիղ թռիչք կատարած է դէպի Ազրպէյճան», կը գրէ «Սլովաք Սփեքթէյթըր»-ը:
Խորհուրդ կու տայի Հայաստանի պաշտօնեաներուն` անմիջապէս բողոքներ ներկայացնելու Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն` իրենց արտածման դրոյթները շրջանցելու, եւ ԵՄ, ԵԱՀԿ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ առաջարկած արգելքները խախտած ըլլալնուն դէմ:
Եթէ նման բողոքներ չներկայացուին, ապա այս երեք եւ շարք մը այլ երկիրներ կը խրախուսուին` Ազրպէյճան առաքելու աւելի մահաբեր զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին հայ զինուորներ եւ քաղաքայիններ սպաննելու եւ վիրաւորելու համար:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ



