Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` ՀՅ Դաշնակցութեան (Ե.)

Ապրիլ 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Բարեմիտ ու մեր կուսակցութեան հանդէպ խոր յարգանք ունեցող տեղացի բարեկամիս այն հարցումին, թէ իբրեւ մեծամասնութիւն, ինչո՞ւ միշտ կուսակցութեան որոշումին կը հետեւինք եւ անոր առաջադրած թեկնածուներուն կը քուէարկենք. արդեօք սեփական կարծիք ու նախընտրութիւն չունի՞ք: Մեր կարգին, ժպտախառն ու յարգալից ոճով մը պատասխանեցինք:

Այսպէս ըսած, սալոնային մտմտուքներէ եւ անտեղի խօսակցութիւններէ մենք մեզ զերծ պահելով` յայտնենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը սրբապատկեր (icon) մը չէ, չի կրնար ըլլալ, ինքզինք անսխալ նկատող քաղաքական կուսակցութիւն մը չէ, չի կրնար այդպէս ըլլալ, անոր շարքերուն մաս կազմող կուսակցականները ունին սեփական տեսակէտ ու կարծիք, այլապէս միատեսակ մտածողներ չեն եղած, չեն կրնար ըլլալ: Աւելի՛ն. գաղութահայ կեանքի ճնշիչ մեծամասնութիւն մը միշտ ալ երախտագիտութեամբ եւ համոզումով ընդառաջած է ՀՅ Դաշնակցութեան կոչին:

Որովհետեւ կայ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ մեր կուսակցութիւնը, միւս հայ աւանդական կուսակցութիւններուն առընթեր, հայ կեանքի ամբողջ թաւալքին, եղած է հայութեան կողքին, պաշտպանած անոր իրաւունքն ու գոյութիւնը, պահած ազգային դիմագիծը, գաղափարական աշխարհահայեացքն ու ծառայութիւնը:

Այլ խօսքով` ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին ծնունդն է, ունի 128 տարուան հարուստ կենսագրութիւն, յեղափոխական պատմութիւն, մշակոյթ եւ քաղաքական կենսափորձ: Ըսուածներուն լաւագոյն ապացոյցը անոր կենդանի պատմութիւնն է, հայ կեանքին առնչուող, երբ անիկա ոչ մէկ ատեն զլացած է իր աջակցութիւնը, ծառայութիւնն ու իր տղոց արիւնը մատուցել յանուն հայութեան դատին, բարօրութեան եւ ապագային: Այսքանը մեր տեղացի բարեկամին:

Գալով մեր ածուին. ընդգծեցինք սրբապատկերի երեւոյթը, այլապէս յստակացնելու եւ վերստին յիշեցնելու, թէ դաշնակցական կեանքը տոկմաթիք չէ, վարդապետական բնոյթ չունի, չէ՛ ունեցած երբեք, այլ անոր կազմակերպական, կանոնագրային թէ ծրագրային ամբողջ ուսմունքը խարսխուած է հայրենատիրութեան եւ ժողովրդասիրութեան վրայ: Փաստօրէն, եթէ դաշնակցական մտածական տարածքը երբեք կաշկանդումներու եւ սահմանափակումներու ենթակայ եղած ըլլար, ապա վաղուց կորսնցուցած կ՛ըլլար իր հաւատամքն ու կոչումը, հեղինակութիւնն ու ամբողջ արժեհամակարգը:

Սա չի նշանակեր երբե՛ք, որ ազգային շունչով ու հաւատամքով գործող կուսակցութիւն մը, իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին չունենայ բացթողումներ, սխալ մօտեցումներ ու քաղաքական կեցուածքներ: Աւելի՛ն. անբնական վիճակ ու երեւոյթ պիտի ըլլար, որ աշխատանքային ու ծառայական ամբողջ իրականութիւն ունեցող միութեան թէ կազմակերպութեան մը մէջ գոյութիւն չունենային տարակարծիք կամ ընդդիմադիր մտածողութեան տէր անհատներ, որոնց ներկայութիւնը միշտ ալ բարիք բերած է կուսակցական կեանքի աշխուժացման եւ պայծառացման:

Եւ ահա, մտածումի լայն դռնէն ներս մտնելով կ՛արծարծենք Լիբանանի մեր  կազմակերպութեան վերջին օրերու մարտահրաւէրը:

Իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն կը դիմագրաւենք խորհրդարանական ընտրութիւններու նորովի փուլ մը: Ունինք առաջադրուած թեկնածուներ, լծուած ենք քարոզարշաւի, տեղի կ՛ունենան ծանօթացման հանդիսութիւններ եւ կեցուածքներու յստակացումներ: Միւս կողմէ, բնական է, որ ըլլան հակադաշնակցական ելոյթներ, կեցուածքներ եւ անհատական սին ու տխուր արտայայտութիւններ: Անկեղծ ըսած, կը սիրենք թէ չենք սիրեր առաջադրուած անունները, մեզի համար հիմնականն ու խորքայինը պէտք է ըլլայ այն, որ դիտելէ եւ մտիկ ընելէ ետք վերեւ յիշուածները, մենք շարունակենք մեր երթը աւելի ինքնավստահ եւ առանց տատանումի:

Այլ խօսքով` ազգային ու քաղաքական կեանք վարող կուսակցութեան մը համար բացառուած է պարտութիւնը, մանաւանդ` բարոյահոգեբանական, որովհետեւ անոր թիկունքը կանգնած է ժողովուրդ մը, որուն քաղաքական ու ազգային յիշողութիւնը առողջ է, կենարար, սնուցիչ եւ պատուաբեր:

Փաստօրէն, լիբանանահայութիւնը, ինչպէս միշտ, 6 մայիսին կրկին անգամ  ցոյց պիտի տայ իր կորովը, համոզումն ու հաւատքը այս կուսակցութեան հանդէպ, եւ զարմացնէ մեզ բոլորս, հակառակ խծբծանքներու, յերիւրանքներու եւ ճղճիմ մօտեցումներու:

Ամէնէն կարեւորը կուսակցութեան մը համար այն է, որ չպարտուի իր պաշտած ժողովուրդին հոգեկան աշխարհին ու մտքին մէջ, այլապէս կրնայ որբանալ եւ հեռանալ պատմութեան թատերաբեմէն: Պէտք է մտածել ու գործել այս ուղղութեամբ, մի՛շտ:

Արդ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը չի կրնար պարտուիլ, իրաւունք չունի. վերջ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ոսկեայ Պատեհութիւնը

Յաջորդը

Արտերկրի Լիբանանահայեր Կը Մասնակցին Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?