Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող օրերուն լարուած եւ փողոցը տաք պահող մթնոլորտը պէտք է եզրակացուի բանակցութիւններու անխուսափելիութեան տրամաբանութեամբ:
Բանակցութիւնները վարելու ոճը եւ ձեւը, Նիկոլ Փաշինեանի ընտրած եղանակը բաւական ճնշիչ եւ ժողովրդային են: Ճնշիչ` իշխանաւորներուն եւ ժողովրդային յեղափոխութեան հեղինակներուն համար:
Այսօր օրէ օր աւելի անհրաժեշտ է բանակցութիւններուն սկսիլ, քան փողոցը լարուած պահել: Լուծումներու առանցքը ժողովուրդի թեկնածուն վարչապետ ընդունելու համոզուած քայլն է:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ պետութեան միաձուլուած համակարգը պէտք է արմատական փոփոխութեան ենթարկուի: Այդ իսկ պատճառով, տարբերակներէն մէկը նկատի ունենալով Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի անփորձութիւնը, անպայման որ տեղ մը հանրապետականներէն մաս մը պիտի ներառնուի աշխատակազմին մէջ, գէթ ժամանակաւոր, որպէսզի պետութիւնը բնական ընթանայ:
Սակայն այս բոլորէն անդին հաշուետուութեան պահը պէտք է գայ եւ պիտի գայ: Առանց վրէժխնդրութեան` իմանալու համար, թէ իւրաքանչիւրը ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս ունի այս հարստութիւնը:
Ժողովրդային շարժումը ամբողջական արժէք կը ստանայ, երբ սկսի հաշուետուութեան կանչել այն բոլոր իշխանաւորները եւ անոնց նեցուկ կանգնածները` գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ հարստացած են կամ ունին այս հարստութիւնը:
Հանրապետական կուսակցութեան ճակատագիրը բնականաբար ժողովուրդը պէտք է որոշէ: Սակայն հարստապետերունը պէտք է ըլլայ համապատասխան օրինական ձեւով: Այսօր ճիշդ է այն, որ անոնք, որոնք տարիներով անտեսեցին ժողովուրդին կամքը եւ երիտասարդութեան թռիչքը խափանեցին ձախողած են եւ վարկաբեկուած:
Ուրեմն լաւ է բնական ձեւով յանձնեն իշխանութիւնը եւ հեռանան: Սակայն իրենց գործած սխալներուն եւ վաստակը ոտնակոխած ըլլալուն համար պէտք է դատապարտուին եւ դատուին օրէնքով եւ օրինական միջոցներով:
Դիւրին չէ վաստակ եւ աւանդութիւն մը ոտնակոխել:
Ձախողութիւնը ընդունիլը եւ հեռանալը միակ ելքն է: