Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Իմատ Մրատ «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ժառանգութիւն Եւ Մշակոյթ» Յայտագիրի Մէջ Ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան Իրաւացիութիւնը Եւ Հայոց Պահանջատիրութեան Ազդակները

Ապրիլ 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թո՛ղ ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»: Մեր բանաստեղծներէն Աւետիս Ահարոնեանի այս պատգամը որքան հնչեղ է եւ մնայուն զարթուցիչ` ի տես հայ ժողովուրդին կրած ահաւոր կորուստին, սպանդին, ջարդին ու տեղահանութեան: Այսօր աւելի քան հրամայական է բանաստեղծին խօսքերը, երբ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ հայը գոյատեւման պայքար կը մղէ իր լեզուն պահպանելու, մաքառելու` այլազան ապազգայնացող երեւոյթներու դէմ եւ,  Ցեղասպանութեան ճանաչման կողքին, հատուցում պահանջելու: Ցեղասպանութեան իրաւացիութեան առումով, հսկայածաւալ աղբիւրներ կան, ըլլան անոնք դիւանագիտական պատասխանատուներու կամ պատմաբաններու կողմէ: Այստեղ կը մէջբերենք Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Հենրի Մորկընթաուի (1913-1916) վկայութիւնը. «Տեղահանութեան իսկական նպատակը թալանն ու ոչնչացումն էր: Իրականութեան մէջ անիկա բնաջնջման նոր եղանակ էր: Երբ թրքական իշխանութիւնները հրաման կու տային, փաստօրէն անոնք ամբողջ ԱԶԳ-ի մահավճիռը կ՛արձակէին»:

Այս առումով «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը 24 ապրիլ 2018-ին «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» (Հերիթէյճ էնտ քալչըր) յայտագիրով իրազեկ դարձուց իր հանդիսատեսները` Հայոց ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառներուն, ճանաչման գործընթացին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ու հատուցման դրդապատճառներուն: Հարցազրոյցը ձեռնհասօրէն վարեց հաղորդավար Քաթիա Խուրի -Մունտալաքը, իսկ յայտագիրի հիւրն էր լիբանանեան համալսարանին մէջ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս եւ հմուտ պատմաբան դոկտ. Իմատ Մրատը: Ան ըսաւ, որ եթէ Օսմանեան կայսրութիւնը կամ Թուրքիան պատժուէր 1915-ին, այս ձեւով պիտի կանխարգիլուէին այլ ցեղասպանութիւններ, եւ Ստալինն ու Հիթլերը պիտի չկարենային սպանդներ

կազմակերպել: Դոկտ. Իմատ զարմանք յայտնեց, որ ինչո՞ւ չի խօսուիր 1915-ին նախորդող շրջանին մասին: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը արդէն սկսած էր քսան տարի առաջ` 1894-ին սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրերէն: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. հանդիպելով այդ օրերու Թուրքիոյ իսլամ համայնքապետին` կը յայտնէ, որ բանաստեղծական տող մը ունի իր քովը, որ նշուած է իսլամական կրօնի հիմնադրման շրջանին, թէ «Պէտք է ջարդել հայերը»: Ան այս մէջբերումը քաղաքական նպատակի կը վերագրէ`  յայտնելով, որ հայերը կ՛ուզեն ինքնավարութիւն ունենալ, ուրեմն որոշում կայացուց սպաննել, կրօնափոխ դարձնել կամ տեղահանել զանոնք: Սուլթան Համիտ նաեւ զինեց քիւրտերը, զանգուածային ջարդեր կազմակերպելով` 200 գիւղեր բնաջնջեց եւ 2500 կիներ այրեց եկեղեցւոյ մէջ: Դժբախտաբար այդ օրերուն մեծ պետութիւնները, ինչպէս` Ֆրանսա, Բրիտանիա, Ռուսիա, Իտալիա, ո՛չ միջամտեցին, ո՛չ կանխարգիլեցին եւ ո՛չ ալ վարչական բաժանումներ կատարեցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ այլ ցեղասպանութիւններու:

Խօսելով ասորիներուն եւ քաղդէացիներուն մասին` յայտնեց, որ անոնք ալ ենթարկուեցան նոյն ճակատագիրին, որովհետեւ իթթիհատականները որոշում տուած էին բնաջնջել բոլոր քրիստոնեաները` ամբաստանելով զանոնք, որ կը գործակցին Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հետ: Դոկտ. Իմատ հարց տուաւ, որ եթէ այս ժողովուրդներուն մէջ կային անձեր, որոնք կը գործակցէին օտար պետութիւններու հետ, որքա՞ն ճիշդ է որոշում կայացնել բնաջնջելու ամբողջ ազգ մը, մանաւանդ որ հայերը մշակոյթ, մայրենի լեզու, եկեղեցիներ ունեցող ժողովուրդ են: Հայերուն եւ քրիստոնեաներուն աշխատասիրութիւնը եւ հարուստ մշակոյթը չվրիպեցան թուրքերու ուշադրութենէն: Այդ օրերուն լուր հասած էր Օսմանեան կայսրութեան, որ ռուսերը հայերու մասնակցութեամբ կը պատրաստուին յարձակելու թուրքերուն վրայ, ինչ որ մղեց թուրքերը` սպաննելու հայերը: Իսկ 24 ապրիլ 1915-ին պաշտօնական որոշում կայացաւ ձերբակալելու եւ սպաննելու  բոլոր մտաւորականները քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն դիմաց: Դոկտ. Իմատ Մրատը նշեց, որ այս որոշումը պատահական չէր, որովհետեւ թուրքերը սկսած էին պարտուիլ ամէն ճակատի վրայ, ինչպէս` Սուէզի ջրանցքի, յոյներուն, Ռուսիոյ դիմաց, եւ հայերը դիմադրող ու քաջարի ժողովուրդ եղած են, բայց այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութիւնը զինաթափած էր բոլոր հայերը: Այստեղ հայերը այլ թակարդի մէջ ալ ինկան, երբ թուրքերը պահանջեցին հայերէն թաքստոցներ կառուցել օսմանցի զինուորներուն համար: Այս թաքստոցները օգտագործուեցան հայերը սպաննելու: Ան նաեւ մանրամասնօրէն ներկայացուց տեղահանութեան եւ Սուրիոյ անապատներուն մէջ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները, ահարկու չարչարանքները:

Ցեղասպանութիւն գործողներուն եւ զանոնք պատժելու մասին դոկտ. Մրատ ըսաւ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, ինչպէս Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան, պաշտպանութեան նախարար Անուար փաշան եւ մարդասպան Ճեմալ փաշան ահաբեկուեցան դաշնակցական երիտասարդներու կողմէ, 1921-ին հայ ժողովուրդի վրէժխնդրութեան թարգմանը հանդիսանալով:

Հարցազրոյցին վերջին բաժինով ան յայտնեց, որ աշխարհատարած հայութիւնը տնտեսապէս, մշակութային եւ քաղաքական առումով, ինչպէս է Լիբանանի մէջ, իր գոյութիւնը փաստած է որպէս լիիրաւ քաղաքացի` իր ներդրումը բերելով երկրի բարգաւաճման ի խնդիր: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, ան նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ օրէնքը կ՛ըսէ, որ  այն անձը, որ կը խօսի ու կը ճանչնայ զայն, կը բանտարկուի: Իսկ համաշխարհային իմաստով, ճանաչումը մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Բայց հայութիւնը ճանաչումէն անդին` հողերու հատուցում կը պահանջէ: Դոկտ. Մրատ եզրափակեց իր զրոյցը` խօսելով երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Մարտինի առաջնորդին նահատակութեան մասին:

Դոկտ. Իմատ Մրատի` Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակի առիթով այս համապարփակ ներկայացումը եւ տեղեկութիւնները Հայ դատին ճանաչման եւ իրաւացիութեան վրայ դարձեալ լոյս սփռեց: Կը մնայ մեզ` Ցեղասպանութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի պատկանողներուս մնայուն պահանջատէր մնանք` մինչեւ մեր հողերուն արդար հատուցումը: Թող մեր սուրբ նահատակներուն թափած թանկագին արիւնը մնայուն յուշարար ըլլայ հայերուս եւ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն համար:

Բիւր շնորհակալութիւն` դոկտ. Իմատ Մրատին, որ համարձակօրէն եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը: Շնորհակալութիւն նաեւ` «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին եւ հաղորդավար Քաթիա Խուրի-Մունտալաքին, որոնք պանծացուցին յիշատակը մեր սուրբ նահատակներուն:

 

 

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Մամուլ… Ընթերցողներ Եւ Ցրուիչներ

Յաջորդը

Կարելի Չէ՞(ր)…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?