«Սա Դաշնակցութիւնն Է»
ԱՅԲ ՈՒ ԲԵՆ Շատ կը ներէք, սիրելի՛ ընկեր Ռուստամեան, որ ձեր խօսքերը փոխ կ՛առնեմ, երանի՜ կարենայի ձեր ձայնը, ըսելու ինքնատիպ ոճը եւ համոզիչ երանգն ալ այս տողերով փոխանցէի: Այո՛ «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ երէկ լիբանանեան ընտրութիւններուն անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր ուժը` խարսխուած իր շատ սիրելի ժողովուրդին վստահութեան վրայ: Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որուն մէկ կոչը բաւարար է, որ...


















