Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քսան Օրեր, Որոնք Ցնցեցին Երկրի Կեղտը

Մայիս 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Կեղտ մը պաշարած էր մեր հայրենիքի հասարակական կեանքը: Կեղտը թափանցած էր ղեկավարման մակարդակէն մինչեւ ժողովրդային խաւերը: Կեղտը կը կրծէր մեր հաւաքական ներուժը, կը խորթացնէր մեր ազգային արժէքները, կը կեղեքէր մեր հայրենական հարստութիւնը:

Այս կեղտին շարժիչները ցեցերու նման սեփական յղփացման համար կը վատնէին մեր ժողովուրդին ու յատկապէս ապագայ սերունդի նիւթական եւ մտաւոր ժառանգութիւնը: Ինչպէս ՀՅ Դաշնակցութեան հիմներգը կը հաստատէ` «շահագործող ցեցեր վատնեն, իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն»:

Տակաւին տարիներ առաջ, այս կեղտի մասին Վահան Յովհաննիսեան կը զգուշացնէր բոլորին` թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ քաղաքական ուժերուն, թէ՛ մտաւորականութեան եւ թէ ժողովուրդին: Իր «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» խորագրեալ յօդուածաշարքին մէջ (հրատարակուած 2013-ին «Երկիր» եւ «Ազդակ» թերթերուն մէջ), ան սեւով ճերմակի վրայ կը յայտարարէր բոլորին, «ո՛չ Ղարաբաղեան շարժման սկզբում, ո՛չ Սպիտակի երկրաշարժի սարսափելի օրերին, ո՛չ պատերազմի ժամանակ, ո՛չ մութ ու ցուրտ, սովի 90-ականներին, ո՛չ, առաւել եւս, 2000-ականների սկզբին մենք չէինք կարող պատկերացնել, որ, որպէս ազգ ու երկիր, կարող ենք յայտնուել այն կեղտի մէջ, որում այսօր ենք»:

Վահանին խարազանող խօսքերը օրին տեղ չհասան: Հակառակ իր եւ իր առաջնորդած կուսակցութեան` Դաշնակցութեան անհատնում ճիգերուն, կեղտը մնաց եւ ուռճացաւ: Ժողովուրդը կը զգար ու կը տեսնէր կեղտը, սակայն տիրող ջլատիչ թմբիրը կ՛արգելակէր անոր վերացման հաւաքական նախաձեռնութիւնը:

Այսպէս, կեղտին պատճառած հայրենական «մայրամուտը», որ պէտք էր կասեցնել` կը յամենար, առիթ տալով յաւելեալ վատնումներու, կեղեքումներու: Եւ կը շարունակէր անպատասխան մնալ Վահանին հարցումը, «ինչպէս մայրամուտից առաջ, երբ չգիտես` կը ծագի՞ արդեօք արեւը:»

Այդ արեւը սկսաւ իր շողերը արձակել երեք շաբաթ առաջ: Ապրիլ 13-էն մինչեւ մայիս 2, մենք ողջ հայութեամբ ականատես եղանք, զգացինք, մասնակից դարձանք քսան օրերու, որոնք ցնցեցին մեր երկրի կեղտը: Այսօր մօտալուտ կը թուի յուսադրող եւ լուսադրող արեւածագը Հայաստանի:

Քսան օրերուն պատահածը ոչ յեղափոխութիւն էր,  եւ ոչ ալ ըմբոստութիւն: Ասիկա տարերային այն շարժումն էր, որ կրնար միայն մեր ժողովուրդի գիտակցական բնազդը կատարել:

Մեր թշնամիները կը սպասէին եղբայրասպանութեան, որպէսզի աւելի տկարանայ հայ ժողովուրդի կամքը: Շատեր կը յուսային մեր հասարակութեան բարոյական կորուստը, որպէսզի աւելի երկփեղկուի Հայաստանը: Տարածաշրջանով շահագրգռուած ուժերը կ՛ակնկալէին մեր երկրի քաղաքական անկայունութիւնը, որպէսզի աւելի դիւրաւ հակակշռելի դառնայ մեր ազգային ճակատագիրը:

Ի տես բոլորին, եղբայրասպանութեան փոխարէն մենք ապացուցեցինք մեր համերաշխութիւնը: Բարոյական կորուստի փոխարէն մենք ամրապնդեցինք մեր վճռականութիւնը: Քաղաքական անկայունութեան փոխարէն մենք փոխանցեցինք մեր հաւաքական տոկունութիւնը:

Հիմա ժամանակն է արդար Հայաստանի կառուցման, որ կը պահանջէ մեր բոլորին զօրակցութիւնը, իւրաքանչիւրիս մասնակցութիւնը, մանաւանդ ամէն մէկ հայու համերաշխութեան եւ զոհաբերութեան ոգին: Այս բոլորը պիտի ընենք, պէտք է ընենք, ո՛չ միայն յանուն Հայաստանի, այլ նաեւ յանուն Արցախի պահպանման եւ սփիւռքի ամրապնդման:

Կարող ենք ընել այս բոլորը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ցնցեց երեսուն տարուան կեղտը: Այդ կեղտին հիմնական աղբիւրը այն սովետական մարդն էր, որ ինքզինք կենդանի պահեց մեր մէջ: Կեղտը ցնցելով նախ պէտք է քանդենք այս օտարամուտ մարդը, որուն դէմ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներ շարունակ պայքարեցաւ:

Ճիշդ է, մեզի համար Խորհրդային միութիւնը փուլ եկաւ 29 տարի առաջ: Սակայն Խորհրդային մարդը չմեռաւ մեր մէջ: Այդ մարդը, իբրեւ ղեկավար թէ իբրեւ ժողովուրդի մէկ անդամը, մնաց կենդանի` ինքզինք շարունակաբար վերարտադրելով կրկին ու կրկին անգամ` իբրեւ ղեկավար թէ իբրեւ ժողովուրդի մէկ մասնիկը:

Այսօր, հայրենիքի մէջ մեր ժողովուրդը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար սկսած է քանդել այդ Խորհրդային մարդը: Անկախ այն իրողութենէն, թէ գալիք օրերուն եւ ամիսներուն քաղաքական ուժերը ինչպիսի ընթացք կու տան Հայաստանը վերափոխելու իրենց խոստումներուն, այս Խորհրդային մարդը պէտք է քանդել: Որովհետեւ, այդ մարդը, իբրեւ առաջնորդ թէ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարր, տեւաբար խափանեց արդար Հայաստանի ստեղծումը:

Շնորհիւ մեր ժողովուրդին առողջ բնազդներուն, հիմա կը քանդուի Խորհրդային մարդը, եւ կը քանդուի ճիշդ ձեւով` առանց բռնութեան, խաղաղ միջոցներով:

Եւ մեր ժողովուրդը ճիշդ է, միշտ ճիշդ եղած է իր բնազդներով: Այդ բնազդը այսօր իր ամենայն բիւրեղականութիւն ինքզինք կը պարտադրէ: Պէտք է քանդել Խորհրդային մարդը, պէտք է անէացնել այդ հրէշը, պէտք է վերջնականապէս վանել այդ տեսակը մեր մէջէն, որպէսզի կրկին չսպրդի մեր հաւաքական կեանքէն ներս` ո՛չ իբրեւ առաջնորդ, եւ ոչ եւս իբրեւ մեր ժողովուրդի մէկ բաղկացուցիչ տարրը: Ասիկա պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին առաջին յաղթանակը:

Մեր ժողովուրդի այս տարերային շարժումը յաղթանակն է Դաշնակցութեան գաղափարներուն, որոնք ծնունդ տուին Հայաստանի ազատագրութեան եւ մեր անկախ պետականութեան հաստատման: Այս շարժումը նաեւ յաղթանակը պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան առաջադրած արդար Հայաստանին, որ անպայման պիտի գայ:

Խորհրդային մարդուն քանդումը նաեւ յաղթանակն է Դաշնակցութեան պայքարին, զոր մէկ դար միայնակ մղեց պոլշեւիզմի դէմ, սակայն որուն այսօր տիրութիւն սկսած է ընել մեր աննման ժողովուրդը:

Ի տես այս բոլորին, այսօր Արամը, Քաջազնունին, Դրոն, Նժդեհը եւ մեր միւս մեծերը կը սկսին հանգիստ ննջել իրենց շիրիմներուն մէջ:

Լոս Անճելըս,
Մայիս 3, 2018

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի «Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Reality Of The Armenian Genocide» Գիրքին Բ. Հատորը

Յաջորդը

Մոնրէալի Հայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ

Սեպտեմբեր 25, 2023
Ամէն Տարի Այս Օրերուն…
Անդրադարձ

Կամայական Պատմաշինութիւն Եւ Միջազգային Վատութիւն

Սեպտեմբեր 25, 2023
«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Յուշարձանը (ԻԲ.). «Լռե՞լ, Թէ՞ Չլռել…»

Սեպտեմբեր 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In