Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշին Մեր Ճակատագիրն Է (Ազատագրութեան 26-ամեակ)

Մայիս 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     

Ո՛չ թէ սպանդի, արհաւիրքի ու թալանի ճակատագիրն է, այլ պայքարի, տոկալու եւ վերականգնելու: Ո՛չ թէ ցաւի ու մորմոքի, լաց ու կոծի ճակատագիրն է Շուշին, այլ տառապանքը շրջանցելու, խիզախօրէն ոտքի կանգնելու եւ ի սրտի մաքառելու բարբարոս թշնամիին դէմ` յանուն ազատութեան, մայր հողի ու հայրենիքի պաշտպանութեան: Ահա այս ճակատագիրի գեղեցկութեան ու վեհութեան, անով հպարտանալու եւ վերապրելու գիտակցութեան մասին է խօսքը, այսօր եւ ընդմիշտ:

Այդուհանդերձ, մենք մոռացութեան չենք տուած այն ահաւոր ջարդերը (1920), որոնք տեղի ունեցան լոյսի ու մշակոյթի մայրաքաղաք Շուշիի մէջ, ձեռամբ թուրք ու թաթարածին հորդաներու, մուսաուաթ թէ ազերի մարդակերներու, որոնք դաւադրաբար մուտք գործեցին հայասիրտ ու հայաշունչ Շուշի եւ շարունակել ուզեցին հայոց սպանդը, իր լրումին հասցնելու Մեծ եղեռնը:

Ճիշդ է, հայութիւնը, շնորհիւ իր ֆետայիներուն, դիմեց ինքնապաշտպանութեան, սակայն ջարդն ու աւերը, քանդումն ու հրկիզումը աւելի գերակշռող էին, եւ որոնց իբրեւ հետեւանք աւերակոյտի վերածուեցաւ Շուշին եւ մնաց այդպէս մինչեւ մեր օրերու զարթօնքը` ազգային ազատագրական պայքարի նորովի բռնկումը (1988), մինչեւ անոր` Շուշիի վերատիրացումը:

Արդ, 26 տարի առաջ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ յատկանշական եւ պատմական դէպք մը արձանագրուեցաւ: Անիկա սովորական պատահար մը չէր, այլ ամբողջ ժողովուրդի ներկան ու ապագան կերտող իրադարձութիւն:

Փաստօրէն, 9 մայիս 1992-ին, Արցախի ազատագրական պայքարի ամէնէն դժուար, արիւնալի եւ վտանգաւոր օրերուն, հայութիւնը կրցաւ ո՛չ միայն յաղթել թուրք-ազերի թշնամիին, ծունկի բերել, այսպէս ասած,  անոր «անպարտելի» բանակը, գազանացած ու վարձկան զինուորը, այլեւ` շնորհիւ մերօրեայ ֆետայիներու հզօր կամքին, առիւծ դարձած սրտին, անխնայ հարուածող բազուկին, ազատագրուեցաւ հայոց աշխարհի թագուհին` Արցախի Շուշին:

Այո՛, հայութիւնը, ապաւինելով իր ռազմագէտ, քաջ ու խելացի հրամանատարներուն եւ գիտակցելով պահու լրջութիւնը, հակառակ Արցախի դառն պայմաններուն, որոշեց ամէն գնով հայութեան վերադարձնել  հայոց  անառիկ բերդաքաղաքը` Շուշին:

Մեր օրերու անվախ ու կտրիճ հայ ֆետային որոշեց ամէն գնով նուաճել լերան գագաթը եւ հազարամեայ լոյսի ու մտքի քաղաքէն դուրս շպրտել բարբարոս թուրք-ազերին, որ դաւադրաբար գրաւած էր Շուշին եւ հոնկէ ահ ու սարսափ կը տարածէր ամբողջ Ստեփանակերտի վրայ:

Քանի մը օրերու պատրաստութիւնը բաւարար էր, որ տրուէր յարձակելու ազդանշանը: 8-9 մայիսին կը սկսէին երեք ուղղութիւններէ յարձակումներ: Հայ ազատամարտիկը` ժպիտը դէմքին եւ սրբազան զէնքը ձեռքին, անակնկալի բերելով վայրագ ազերին, մտաւ Շուշի: Թշնամին իր կարգին ահ ու սարսափի մատնուած` փախուստ տուաւ հայոց մշակոյթի քաղաքէն:

Մեր հայրենապաշտ տղաքը, ինչպէս միշտ, ամէն զոհողութիւն յանձն առած, սկսան մագլցիլ Շուշիի ժայռերն ի վեր, անոնք իրենց պինդ ու ամուր ձեռքերով ողջագուրուեցան հայոց լեռներուն հետ, հասան կատարին ու տնկեցին հայոց Եռագոյն դրօշը` արժանապատուութեան եւ յաղթանակի դրօշակը:

Շուշին ազատագրուեցաւ, ու յաղթեց հայութիւնը: Ղազանչեցոց սուրբ եկեղեցւոյ սրբատաշ զանգերը դարձեալ սկսան ղօղանջել հայօրէն եւ անվախօրէն: Իսկ վախկոտ եւ մարդակեր թշնամին սարսափահար փախուստ տուաւ մեր դարաւոր քաղաքէն` պարտուած եւ ամօթաբար:

Եւ այդ օրէն սկսեալ Արցախի ազատագրութեան կռիւները կը մտնէին նոր փուլ, եւ մեր հրաշք տղոց բազուկներուն հարուածներուն տակ կը կերտուէր աւելի քան տասը հազար քառակուսի քմ. տարածութիւն ունեցող Արցախ հայրենիքը:

Մենք կը հաւատանք, որ Արցախը մեր ամբողջ ազգին սեփականութիւնն է, անոր վերականգնումն ու պաշտպանութիւնը բոլորիս պարտքն է: Արցախի թէ հեռաւոր Լիզպոնի հողին վրայ իրենց թանկագին կեանքը նուիրած հայ հերոսներու արիւնը այն միւռոնն է, որով մենք պիտի մկրտուինք եւ միասնակամ մնանք:

Այսօր, Շուշին քար առ քար կը կառուցուի, թաղ առ թաղ կը լուսաւորուի, շրջան առ շրջան կը բարգաւաճի, թէեւ համեստ ու դանդաղ քայլերով, սակայն հաստատօրէն եւ առանց երկմտանքի: Հայութիւնը պարտաւոր է, երբեմնի «կովկասեան փոքր Փարիզ» կամ` «Կովկասի երաժշտանոց» անուանուած Շուշին վերակերտել, զայն դարձնելով հայոց մշակոյթի մայրաքաղաքի, ուր աշխարհահռչակ արուեստագէտներ, գրողներ, մտաւորականներ, գործիչներ ու հայասէր զանգուածներ այցելեն ու ցոյց տան իրենց տաղանդն ու ստեղծագործական աշխատանքը, ապրին ու ապրեցնեն հայ մշակոյթը, տեսնեն երբեմնի Շոշի կամ Շուշուայ բերդը եւ կը հմայուին անոր հրաշափառ տոկունութեամբ:

Հայոց ազատամարտիկներու սուրբ արեամբ ազատագուած Շուշին հարկ է նոյն հաւատամքով եւ ջանադիր պատրաստակամութեամբ վերակառուցենք, վերստին անոր տալով լոյսի ու մշակոյթի մայրաքաղաքի շնորհաբեր տիտղոսը:

Ի զուր չէ ըսուած` «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին»: Եւ այս ճիշդ ու անսակարկելի հասկացողութենէն թելադրուած հայութիւնը կը գտնուի մեր օրերու մեծագոյն մարտահրաւէրին դիմաց` վերականգնել Շուշին անյապաղ, որպէսզի անիկա դառնայ այն փարոսը, ճառագայթող միտքն ու հոգին, որով սերունդներ աւելի եւս պիտի հայանան, արմատանան ու ոգեւորուին:

Արդեօք չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք մեր սուր դատողութեան մէջ, եթէ երբեք ըսենք ու բազմիցս կրկնենք այն բիւրեղ ճշմարտութիւնը, թէ վերակառուցուած, առաւել գեղեցկացած ու վերաբնակուած Շուշին է այն կորիզը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի վերակերտումին:

Յայտնապէս, Շուշուայ բերդի կատարէն տեսանելի են վեհանիստ Արարատի սրբազան գագաթները, ուր կը հանգչին հայոց աստուածութիւններու փաղանգներ:

8-5-2018

 

Նախորդը

Մայիսի 9` Հայոց Եռատօն

Յաջորդը

8-9 Մայիս 1992, Շուշիի Ազատագրումը. Հայ Ժողովուրդի Հաւաքական Կամքին Եւ Միասնական Ուժին Յաղթանակի Խորհրդանիշը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?