ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման 103-րդ տարելիցին, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»-ի հովանաւորութեամբ, ապրիլի այս օրերուն լոյս տեսաւ հայ մամուլի աշխատակիցներէն` ծանօթ հրապարակագիր ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանին պատրաստած «Թուրք մտաւորականներ, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը» անգլերէն աշխատասիրութեան երկրորդ հատորը:
Ինչպէս` գիրքին Ա. հատորը, Բ. հատորը եւս ձեռք ձգելով եւ անոր էջերէն քանի մը թուրք մտաւորականներու վկայութիւններ կարդալով` խորագոյն յուզում մը կը պատէ մեզ: Անոնց խօսքերը այնքա՛ն թելադրական եւ բովանդակալից են, որ միայն թուրք կուրցած եւ խլացած ղեկավարութիւնն է, որ չի տեսներ ու չի լսեր զանոնք:
Վերջին 20-25 տարիներուն Թուրքիոյ իշխանաւորները գինովցած են իրենց խարխուլ յաջողութիւններով: Անոնք ողջ աշխարհի ղեկավարներուն հետ կը խօսին իրենց կաղ միտքէն ու տափակ երեւակայութենէն ծագած հրահանգներով եւ կը սպառնան աշխարհի պետութեանց: Անոնք, առանց խպնելու, իրենք զիրենք աշխարհի զարգացած ժողովուրդներուն հետ չափելով` կը ժխտեն մարդկային արդի պատմութեան ամէնէն վայրագ սպանդի կատարողներուն ժառանգորդները ըլլալու բազմաթիւ փաստերն ու իրականութիւնները: Աւելի՛ն. առանց խղճահարելու` ոչ միայն ներողութիւն չեն խնդրեր հայ ժողովուրդէն, այլեւ ամէնէն կոպիտ միջոցներով հակահայ արշաւի մը լծուած են` ուրանալու եւ աշխարհի շարք մը երկիրներուն ուրանալ տալու համար Հայոց ցեղասպանութեան անուրանալի իրականութիւնը: Սակայն, մինչ թուրք պետութիւնը միշտ կ՛ուրանայ Ցեղասպանութիւնը, միւս կողմէ, կան այդ պետութեան մէջ ապրող լուսամիտ ու բարեսիրտ մարդիկ, որոնք խստօրէն դատապարտած են Ցեղասպանութեան հեղինակները:
2008-ին Թուրքիոյ մէջ 200-է աւելի թուրք արդարասէր, երեւելի ու մեծանուն մտաւորականներ, համալսարաններու դասախօսներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ իրենց իշխանաւորներուն դէմ յայտարարութիւն մը ստորագրեցին` դատապարտելով իրենց պետութիւնը, որ շառաւիղն է օսմանեան հրէշ կայսրութեան, հայերուն դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան համար: Նաեւ` այս 200 թուրք մտաւորականները հայ ժողովուրդէն հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեցին: Այս թուրք մտաւորականները, որոնք ճանչցած են, գրած ու խօսած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իրենց հրապարակային յօդուածներուն, երգերուն ու բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն տուած են Հայոց ցեղասպանութենէն ահռելի պատկերներ` ականատեսի վկայութիւններ հաւաքելով իրենց ծնողներէն եւ տարեցներէն: Այս իսկ պատճառով անոնցմէ շատերը դատապարտուած են, բանտեր նետուած, կամ ստիպուած են իրենց հայրենիք Թուրքիան ձգելով` ուրիշ երկիրներ հաստատուիլ:
30 օգոստոս 2015-ին, դարձեալ «Նոր Օր»-ի հովանաւորութեամբ, Համբարձում Աղպաշեան իր գիրքին Ա. հատորով ներկայացուց թուրք 50 մտաւորականներ, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ այս տարի, ապրիլ 1-ին, հեղինակը լոյս ընծայեց գիրքին Բ. հատորը` ներկայացնելով այլ 50 թուրք մտաւորականներ` 13 կին եւ 37 այր, որոնք նոյնքան ջերմութեամբ եւ գնահատանքով խօսած են հայ ժողովուրդին մասին եւ իրենց անվիճելի վկայութիւնը տուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ձեւով ներողութիւն խնդրելով հայ ժողովուրդէն:
Բ. հատորը 150 էջնոց գիրք է, որ հրատարակուած է Վահէ Աջապահեանի «VA Print Media» հրատարակչատունէն: Նախորդ հատորին նման` հեղինակը այս մէկը եւս նուիրած է զէյթունցի իր հօր` Մինաս Աղպաշեանին, որ 1915-ին, 11 տարեկան հասակին, Զէյթունէն գաղթած է դէպի Իրաք. արաբական անապատին մէջ իր ողջ ընտանիքը կորսնցնելով` հասած է Մուսուլ եւ ապաստան գտած` ՀԲԸ Միութեան որբանոցին մէջ:
Պէտք է ըսել, որ Համբարձում Աղպաշեանը շատ արհեստավարժ մօտեցումով ներկայացուցած է 50 թուրք մտաւորականները: Հատորին մէջ կը գտնենք 50 թուրք մտաւորականներուն կենսագրութիւնը, անոնց վարած պաշտօններն ու հանգամանքները, ապա, իւրաքանչիւր յօդուածի վերջաւորութեան` նշուած տեղեկութեանց աղբիւրները: Հոյակապ գործ մըն է, որ արժանի է ամէն գնահատանքի: Աւելի՛ն. հեղինակը իւրաքանչիւր անձի մասին գրելէ առաջ մանրամասնօրէն կը ճշդէ իր գրութեան մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, որպէսզի ընթերցողը վստահ ըլլայ տրուած տեղեկութեան ճշգրտութենէն:
Այսօր, ապրիլեան այս օրերուն, կ՛ուզենք մենք մեզ մխիթարուած զգալ, որ 103 տարի առաջ թուրք իշխանաւորները այնպիսի՛ վայրագութեամբ կազմակերպեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ իբր թէ աշխարհի վրայ միայն մէկ հայ պիտի մնայ, այդ ալ` թանգարան դրուելու համար:
Այսօր, սակայն, փա՛ստ է, որ անոնց հաշիւները սխալ դուրս եկան, իսկ մենք, մեր հրաշագեղ հայրենիքով, հզօր սփիւռքով եւ հերոսական Արցախով աշխարհի վրայ ե՛նք, կա՛նք, պիտի լինե՛նք եւ դեռ շատանանք:
Այսուհանդերձ, երբ ապրիլեան այս օրերուն Համբարձում Աղպաշեանին սոյն հատորը կարդանք, պիտի հասկնանք, թէ ինչպիսի՛ մեծ դժբախտութեան ենթարկուեցաւ մեր ազգը 103 տարի առաջ, եւ բոլորս պիտի նորոգենք մեր ուխտը® Ո՛ւր ալ ապրինք եւ գոյատեւենք, Աւետիս Ահարոնեանին ըսածը մեր միտքէն երբեք չհանելով` մի՛շտ պիտի գոչենք.
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:
Ոչ միայն պիտի չմոռնանք, այլ պիտի շարունակենք պահանջել եւ ուշ թէ կանուխ պիտի հասնինք մեր սրբազան երազի իրականացման:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Համբարձում Աղպաշեանը այս հատորի հրատարակութեան առիթով` սպասելով նման բովանդակութեամբ նորանոր հատորներու: