Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Նախագահներուն Յայտարարութիւնները` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Մայիս 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահները յայտարարութիւններ տարածած էին ապրիլի 24-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առիթով: Այս երեքէն միայն Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն ունեցած էր ազնուութիւնը եւ քաջութիւնը` ողբերգական իրադարձութիւնները անուանելու իրենց անունով, այսինքն` Ցեղասպանութիւն: Նախագահ Թրամփ խուսափած էր օգտագործելէ «ցեղասպանութիւն» եզրը, իսկ Էրտողան, ինչպէս որ կը սպասուէր, ժխտողական յայտարարութիւն տարածած էր…

Նախագահ Մաքրոն ապրիլ 24-ին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի յղած նամակին մէջ ըսած է. «Ձեզի հետ մենք եւս կը յիշենք 24 ապրիլ 1915-ը եւ Պոլսոյ մէջ 600 հայ մտաւորականներու սպանդը, որ կը վկայէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան սկզբնաւորութիւնը: Մենք երբեք չենք մոռնար սպաննուած այն տղամարդիկը, կիներն ու մանուկները, որոնք իրենց վախճանը գտան աքսորի ճամբաներուն վրայ` սովէն, ցուրտէն եւ հիւծուածութենէն…: Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ միասին Ֆրանսան տակաւին 25 մայիս 1915-ին արդէն իսկ այդ ջարդերը որակած էր իբրեւ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիր: Սեպտեմբեր 1915-ին, ֆրանսական նաւատորմը, կրակի տակ, յաջողեցաւ փրկել Մուսա լերան 4000 գաղթականները»: Իր ցաւակցական նամակին մէջ Ֆրանսայի նախագահը հայերու զանգուածային սպանութիւնները քանի մը անգամ ճշգրտօրէն կը սահմանէ իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Միւս կողմէ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկնեց անցեալ տարուան յայտարարութիւնը` խուսափելով «ցեղասպանութիւն» եզրէն եւ օգտագործելով «Մեծ եղեռն» բառերը, որոնք անիմաստ են ամերիկացիներու մեծամասնութեան համար: «Մեծ եղեռն»-ը (մեծ ոճրագործութիւն) այլ բառերու հետ միասին օգտագործուած է հայերու կողմէ մինչեւ 1940-ականներ, երբ Լեհաստանի հրեայ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքին ստեղծեց «ցեղասպանութիւն» բառը: Եթէ «Մեծ եղեռն»-ը պարզապէս հայերու դէմ թուրքերու ի գործ դրած վայրագութիւններուն նկարագրութիւնն է, «ցեղասպանութիւն»-ը միջազգային իրաւունքի եզրաբանութիւն է, համաձայն 9 դեկտեմբեր 1948-ին, ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած Ցեղասպանութեան գործադրումը կանխարգիլելու եւ պատժելու պայմանագիրին: Թրամփ օգտագործեց «Մեծ եղեռն» բառերը, որպէսզի պարզապէս խուսափի «ցեղասպանութիւն» եզրոյթէն` թրքական կառավարութիւնը հանգստացնելու համար: Ամօթալի է, որ ոչ-աւանդական ղեկավար Թրամփ, որ կը հպարտանայ իր անսովոր դիրքորոշումներով` ազգային եւ միջազգային բազմաթիւ հարցերու մէջ, կը հետեւի իր նախորդներուն խուսափողական աւանդոյթին եւ համընթաց կը քալէ Անգարայի ժխտողականներուն հետ®

Ապրիլ 24-ին Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Սառա Սենտըրզ, ի պատասխան լրագրողի մը հարցումին` հաստատեց, որ նախագահ Թրամփ պարզապէս պատճէնահանած էր իր նախորդներուն լեզուն: Սենտըրզ ըսաւ. «Նախագահի ստորագրած բանաձեւը համահունչ էր նախորդ վարչակազմերու բանաձեւերուն»:

Նախագահ Թրամփ, կիրարկելով խօսքի վարժութիւններ, Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակեց իբրեւ «զանգուածային ամէնէն վատ վայրագութիւններէն մէկը», «1915-ի սարսափելի իրադարձութիւններ» եւ «անցեալի ցաւոտ տարրեր»: Թրամփի խորհրդականները վատ ծառայութիւն մատուցած են անոր, խորհուրդ տալով «ցեղասպանութիւն» եզրը փոխարինել «Մեծ եղեռն»-ով: Ամերիկահայ քաղաքացիները սիրաշահելու փոխարէն, այդ եզրաբանութիւնը աւելի եւս կը հակադրէ զանոնք: Եթէ Թրամփ ճիշդ բառը օգտագործելու խիզախութիւնը չունի, ան պէտք չէ, ընդհանրապէս, որեւէ յայտարարութիւն հրապարակէ ապրիլ 24-ին: Յիշեցնենք, որ 22 ապրիլ 1981-ին նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն նախագահական հռչակագիրով ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975 եւ 1984 թուականներուն երկու բանաձեւ ընդունած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 1951-ին զեկոյց մը  ներկայացուցած էր Համաշխարհային դատարան` նշելով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութիւնը բազմիցս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Թրամփին կը մնար միայն վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Նահանգներու պատմական արձանագրութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց նախագահ Թրամփի «ձախողութիւնը` ներկայացնելու Հայոց ցեղասպանութեան ազնիւ յիշատակումը®: Թրամփի` «Առաջ Թուրքիան» մօտեցումը կ՛ամրացնէ Էրտողանի` Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան սեղմումը` հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ»: Ասկէ բացի, Ամերիկայի հայկական համագումարը Թրամփի ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը բնութագրեց իբրեւ «կորսուած հնարաւորութիւն` աներկբայօրէն վերահաստատելու Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը` 25 ապրիլ 2018-ին, նախագահ Թրամփի ապրիլ 24-ի յայտարարութեան հակազդելու նպատակով. «Մենք կը մերժենք պատմութեան ոչ ճիշդ եւ ենթակայական մեկնաբանութիւնները, որոնք տեղ գտած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի գրաւոր յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ 24 ապրիլ 2018-ին` 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին: Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն կ՛ակնկալենք արդար գնահատումը նշեալ ժամանակահատուածին, որուն ընթացքին չափազանց տուժած են Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ժողովուրդները»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, ինչպէս կը սպասուէր, քանի մը լուրջ եւ փաստացի սխալներ կը պարունակէ.

1.- Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին «500 հազար մահմետականներու» մահը անիկա կը հաւասարեցնէ 1.5 միլիոն անմեղ հայ տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու սպանդին: Ցեղասպանութեան զոհերն ու պատերազմի կորուստները նոյն բանը չեն:

2.- Անիկա կը կրկնէ նոյն սուտը, ըստ որուն,  թրքական կառավարութիւնը բացած է իր արխիւները հետազօտողներու առջեւ եւ առաջարկած է ստեղծել «պատմական միացեալ յանձնախումբ»: Իրականութեան մէջ, թրքական իշխանութիւնները մաքրած են Օսմանեան արխիւները` զիրենք մերկացնող փաստաթուղթերէ, իսկ «պատմական միացեալ յանձնախումբ»-ը պարզապէս խաղ է` յետաձգելու համար Թուրքիոյ մեղաւորութեան ընդունումը.

3.- Կը պարծենայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ 24 ապրիլ 2018-ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին յղած ուղերձով` «Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերու» յիշատակութեամբ: Մենք պէտք է յիշենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կապ չունի Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հետ, այնպէս ինչպէս` Ողջակիզումի վեց միլիոն հրեայ զոհերը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի զոհերը եղած չեն:

Յոյսով ենք, որ Էրտողան եւ Թրամփ քաջութիւնը կ՛ունենան հայերու զանգուածային սպանութիւնները անուանելու իրենց իսկական անունով` «Ցեղասպանութիւն»: Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն ըրաւ այդ, նոյնը պէտք է ընեն նաեւ Էրտողան եւ Թրամփ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Գրիգոր Նարեկացի (951-1003). Հայկեան Հոգեմտաւոր Հանճարին Սրբազնագոյն Ճաճանչումը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?