Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սա Դաշնակցութիւնն Է»

Մայիս 9, 2018
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅԲ ՈՒ ԲԵՆ

Շատ կը ներէք, սիրելի՛ ընկեր Ռուստամեան, որ ձեր խօսքերը փոխ կ՛առնեմ, երանի՜ կարենայի ձեր ձայնը, ըսելու ինքնատիպ ոճը եւ համոզիչ երանգն ալ այս տողերով փոխանցէի: Այո՛ «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ երէկ լիբանանեան ընտրութիւններուն անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր ուժը` խարսխուած իր շատ սիրելի ժողովուրդին վստահութեան վրայ:

Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որուն մէկ կոչը բաւարար է, որ հազարաւոր հայորդիներ եւ կուսակցական ընկերներ ընդառաջեն անոր, ամիսներով հանգիստի ժամեր տրամադրեն` ի խնդիր Դաշնակցութեան` հայ ժողովուրդի յաղթանակին:

Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ երբ ընտրական հաւաք կը կազմակերպէ, սրահները կը յորդին հայորդիներով:

Այո՛ «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ առանց բարդոյթի կը յայտարարէ քուէարկողներուն` «եթէ ՀՅԴ-ին պիտի չքուէարկէք, քուէարկեցէ՛ք միւս հայկական կուսակցութիւններուն, ՍԴՀԿ-ին, ՌԱԿ-ին», բայց քուէարկեցէք անոնց, որոնք երդումով իրենք զիրենք «կաշկանդած» են ծառայելու իրենց ազգին, հայրենիքին եւ դատին, ինչպէս նաեւ պարտաւոր են հաշուետուութեան` նախ իրենց կուսակիցներուն, ապա նաեւ հայ ժողովուրդին:

Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ հայրենիքի ամենաճգնաժամային վայրկեաններուն առանց այլեւայլի կը հեռացնէ սխալած դաշնակցականը, առանց նկատի առնելու անոր անցեալը. սխալիլ Դաշնակցութեան մէջ` կը նշանակէ սխալիլ ժողովուրդիդ հանդէպ, կասկած արթնցնել քեզի վստահած հաւաքականութիւններուն մէջ եւ այդ ոչ միայն ընդունելի չէ, այլեւ անյարիր է դաշնակցական բարոյականին:

Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ վառեց ԲԱԳԻՆԸ եւ զայն վառողները զոհաբերեց այդ սրբազան կրակին, վառեց ԲԱԳԻՆԸ եւ արթնցուց նախահայրերու ոգիները, անոնք վերածնան իւրաքանչիւր ֆետայիի հոգիին մէջ, վառեց ԲԱԳԻՆԸ եւ շարունակեց զայն բոցավառել Ցեղասպանութեան ընթացքին հերոսամարտերով, արդարահատոյցով, Հայ դատի հետապնդումով, գաղութներու կազմակերպումով…

Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ երբ անարդար աշխարհը մերժեց մեր ազգը Ցեղասպանութեան ենթարկած ճիւաղները պատժել, ծրագրեց, կազմակերպեց եւ գործադրեց անոնց պատիժը «Նեմեսիս» գործողութեամբ` լուծելով մեր սուրբ նահատակներուն վրէժը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի սովահար ժողովուրդի վրէժը:

Այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին պաշտպանեց իր ժողովուրդը` անվարան նուիրելով իր զաւակներու արիւնը:

Եւ այո՛, «Սա Դաշնակցութիւնն է», որուն գաղափարական ուժն ու ներշնչումը անգամ մը եւս համայն աշխարհին յիշեցուց հայ ժողովուրդի արդար եւ անժամանց դատը իր արդարութեան մարտիկներով, Հայ յեղափոխական բանակով, դարձեալ ազատազրկելով կամ գերագոյն անձնազոհութեան նուիրելով իր «արի արանցը»: Ե՛ւ արցախեան պայքար, ե՛ւ անկախութիւն, միշտ եւ ամէն տեղ գոչեց «Սա Դաշնակցութիւնն է»:

… Այսօր ոմն հա՞յ մը ահաբեկիչ կոչած է Դաշնակցութիւնը, ոմն հայ մը, որ ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռուէն կապ ունի հայ ժողովուրդի բարոյական արժէքներուն հետ, որ ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռուէն ծանօթ է հայոց պատմութեան, նոյնիսկ իր ընտանիքի պատմութեան, Դաշնակցութիւնը ահաբեկիչ կոչած է` կարծելով, որ կը վարկաբեկէ զայն:

Ո՛չ, ոմն հայ` ահաբեկիչ կոչել Դաշնակցութիւնը` շքանշան տալ է անոր, ուրեմն Թեհլիրեանը ահաբեկի՞չ էր, որ մեր եւ քու մեծ հայրերուն ու մայրերուն վրէժը լուծեց: Մեր ֆետայիները ահաբեկիչնե՞ր էին, որոնք հերոսաբար կռուելով ու նահատակուելով փրկեցին մեր ժողովուրդը: Ահաբեկի՞չ էին անոնք, որոնք գաղութ կազմակերպեցին…

Չէ` ոմն հայ, ըստ երեւոյթին թրքերէն լաւ գիտես, թերեւս թրքամէտ ես, որովհետեւ քու ըսած «ահաբեկիչ» որակումը թուրքը կու տայ ՀՅԴ-ին, եւ ՀՅԴ-ն կը հպարտանայ թուրքին կողմէ այդպէս կոչուելով, սարսափեցնել, ահով լեցնել թշնամին… ատկէ աւելի պատուաբեր որակո՞ւմ…

Ուշադի՛ր, «Սա Դաշնակցութիւնն է» եւ «ՍԱ ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ Է»…

8 մայիս 2018

Նախորդը

Շնորհաւորական Ընդունելութիւն

Յաջորդը

Նորընտիր Վարչապետին Առաջնահերթութիւններու Օրակարգը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Comments 1

  1. Միհրան Քիւրտօղլեան says:
    7 years ago

    Սիրելի անծանօթ ընկեր,
    Ընկ. Արմէն Ռուստամեանի «ըսելու ինքնատիպ ոճին» այնքան ալ նախանձելու պատճառ չունիս, վկայ՝ այս գրառումդ, զանց ըրած վերժին երեք պարբերութիւնները: «Ոմն» հայու տրուած կարեւորութիւնը կը հակասէ զայն «անկարեւոր» համարելու նպատակին : Այդ երեք պարբերութիւնները ոչինչ կ’աւելցնեն գրութեան վրայ, բացի իրենց թողած տպաւորութենէն, թէ գրառումը կարծես կատարուած է «ոմն»ի՝ անկարեւոր հայու մը ի պատասխան…: Ընդհանուրին մէջ՝ ոգեշնչող գրութիւն:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?