Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Ա. – Սուրիահայ Համայնքին Նուաճած Վստահութիւնը

May 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու նախօրէին, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատ եւ Առաջին տիկին Ասմա Ասատ ընդունեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու Ազգ. վարչութեան եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Նախագահը այս առիթով բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքին կառուցողական դերը` պատերազմի օրերուն Սուրիոյ դիմագրաւած ծանրագոյն դժուարութիւններու յաղթահարման մէջ: Նախագահին խօսքն ու հանդիպումէն ետք հրապարակուած նախագահական պալատին հաղորդագրութիւնը քանի մը ուղերձ կը հաղորդէր:

Այցելութիւնը առիթ էր մօտէն ծանօթանալու Բերիոյ հայոց թեմի գործունէութեան եւ վերականգնումի ծրագիրներուն, մտահոգութիւններուն եւ առաջարկներուն: Միւս կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու նախօրէին նման հանդիպումի մը կազմակերպումն ու այս մանրամասնութիւնը նախագահական պալատի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ արձանագրումը այլ բան չէր, եթէ ոչ` զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին ու անոր արդար պահանջատիրութեան:

Այցելութեան երկրորդ շարժառիթը լուսարձակի տակ բերելն էր պատերազմի ընթացքին հայութեան, սուրիական հայրենիքի ընդհանուր շահերէն թելադրուած, հաւասարակշռուած մօտեցումն ու մշակութային, ուսումնակրթական, բարեսիրական աննահանջ գործունէութիւնը, յատկապէս` Հալէպ քաղաքի պատերազմական աղէտալի օրերուն:

Այս իմաստով նախագահը կը շեշտէր, որ` «Հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքով չեն արտայայտեր: Հայրենասիրութիւն կը նշանակէ` պատկանելիութեան զգացում, հայրենի հողի պաշտպանութիւն: Կը նշանակէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը բերէ ամենալաւ ձեւով` անկախ իր ազգային կամ ցեղային պատկանելիութենէն»:

Հանդիպումն ու կարծիքներու փոխանակումը հրաւէր մըն էր նաեւ նորովի թափով լծուելու վերականգնումի աշխատանքներուն, առաւել եւս բացուելու սուրիական միջավայրին` վերստին ծաղկեցնելու սուրիական բազմերանգ ընկերութիւնը: Այս պատգամն էր, որ նախագահը կը յղէր, երբ կ՛ըսէր. «Մեր ներկայ մարտահրաւէրը ոչ թէ միայն պատերազմին պատճառով երկրին քանդուած ենթակառոյցները վերանորոգելն է, այլ վերակազմաւորելն է սուրիական ընկերութիւնը իր բազմաշերտ ու գունեղ հիւսուածքով: Այս բազմազանութիւնն է, որ կը զատորոշէ սուրիական ընկերութիւնը այլ ընկերութիւններէ»:

Նախագահը սուրիական ընկերութեան զանազան շերտերու համարկումին, գործակցութեան անդրադառնալով` կարեւոր կը համարէր երկրի զարգացման գործընթացին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան դերը, համաքաղաքացիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական, մշակութային, ուսումնակրթական, քաղաքական, ընկերային փոխյարաբերութիւններու զարգացման միջոցով: Սա հրաւէր մըն էր հայ համայնքին` իր գործուն դերակատարութիւնը ունենալու քաղաքացիական հասարակութեան վերաձեւաւորման մէջ եւս:

«Հայ համայնքը փոքրամասնութիւն մը չէ այլեւս, ան անբաժան մասնիկն է սուրիական ընկերութեան», կ’եզրափակէր նախագահը` նորարար ծրագիրներով միասնական աշխատանքի հրաւիրելով սուրիահայութիւնը, իսկ երկրէն մեկնող սուրիահայերուն վերադարձի կոչ ուղղելով:

«Գ.»

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Երախտամատեան Առ Աւագ Արքեպիսկոպոս» (Խմբագիրներ` Վարուժան Արքեպիսկոպոս, Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան Եւ Արամ Սարկաւագ Քէթէնճեան)

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի` 24 Ապրիլի Առիթով Նոյնատեսակ Ուղերձը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.