Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրաք

Ֆետայի Սամուէլ Պետրոսեանի Աճիւններու Հանդիսաւոր Տեղափոխումը

Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ` երեքշաբթի, 24 ապրիլի երեկոյեան, Պաղտատի մէջ տեղի ունեցաւ Կոմսի (Վահան Փափազեան) «Խոնարհ հերոսներ» շարքի Դ. հատորին մէջ յիշուած ֆետայի Սամուէլ Պետրոսեանի (Սպարակերտցի Սամուէլ կամ Մորուք Սամուէլ) աճիւններու հանդիսաւոր փոխադրութեան արարողութիւնը: Պաղտատի առաջնորդարանին կից գերեզմանատունէն ֆետայիին աճիւնները տեղափոխուելով` զետեղուեցան առաջնորդարանի բակի խաչքար-յուշարձանի մէկ կողմը, ուր զետեղուած են նաեւ Վանի հերոսամարտի հերոսներէն Լեւոն Շաղոյեանի (Լեւոն Փաշա) եւ Ազատ Սիմոնեանի (պրն. Ազատ) աճիւնները:

Սոյն միջոցառումը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի»-ի միասնական երգեցողութեամբ:

Քուէյթ

«Բարեկամութեան Գոյները« Ձեռնարկը

Հովանաւորութեամբ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, 7 ապրիլին Քուէյթի «Ալ Պապթին» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեկամութեան գոյները» խորագիրով ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, որ արգասիքն էր Հայաստանի դեսպանատան, Քուէյթի Ազգային վարժարանին եւ «Ալ Պապթին» գրադարանի համագործակցութեան:

Հանդիսութեան սկիզբը տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին բեմավարներ Կարօ Արսլանեանը եւ Մարիա Սէփիլեան-Սալիպան: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի լիազօր դեսպան Մանուէլ Բադէեանը եւ Ազգ. վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը, որոնք դրուատեցին հայ-քուէյթեան սերտ գործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Այս առիթով, առ ի երախտագիտութիւն վարժարանի արուեստի ուսուցչուհի Հուրի Նալպանտեան-Տէկիրմենճանի հետեւողական աշխատանքին եւ տարած անձնուէր ծառայութեան, տոքթ. Սարգիսեան զայն պարգեւատրեց երախտագիտութեան գիրով մը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ներկաները շրջեցան ցուցասրահին մէջ եւ դիտեցին նկարչական ստեղծագործութիւնները, որոնք կը մարմնաւորէին հայկական եւ քուէյթեան բնաշխարհները, հայկական եւ քուէյթեան արժէքները, բարքերն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայ-քուէյթական երկարամեայ սիրալիր բարեկամութիւնը, որուն արմատները կու գան 1940-ական թուականներէն:

Նշենք, որ ցուցասրահին մէջ նաեւ յարդարուած էր հայկական տունը պատկերող անկիւն մը, ինչպէս նաեւ` հայկական տարազով մանըքէն մը:

 

Հոլանտա

Հոլանտայի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպեցաւ Հոլանտահայ Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

11 ապրիլին Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Գարեգին Մելքոնեանը իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հոլանտայի թագաւոր Վիլհելմ Ալեքսանտրին: Այսպիսով Գարեգին Մելքոնեանը սահմանուած կարգով եւ լիազօրութիւններով պաշտօնապէս կ՛անցնի իր պարտականութիւններու կատարման:

Նոյն օրը Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան հոլանտահայ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Նորանշանակ դեսպանը ելոյթ ունենալով` պատմեց Լա Հէյի մէջ յատուկ արարողակարգով «Նուրտէյնտէ» թագաւորական պալատին մէջ ընդունելութեան, Վիլհելմ Ալեքսանտրին հաւատարմագիրներ յանձնելու եւ անոր հետ ունեցած զրոյցին մասին:

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ հայ-հոլանտական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան մասին: Դեսպանը կարեւոր նկատեց նաեւ հայ համայնքներուն հետ կապը եւ խոստացաւ մօտէն ծանօթանալ հայ համայնքներու եւ կառոյցներու գործունէութեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄ-ը Նաւասարդեան Մարզախաղերու Դռները Կը Բանայ Յատուկ Կարիքներով Մարզիկներու Համար

Վերջերս Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը յայտարարեց, որ   Նաւասարդեան մարզախաղերը առիթը  պիտի ընծայեն յատուկ կարիքներ ունեցող մարզիկներուն` իրենց մասնակցութիւնը բերելու զանազան մարզախաղերու:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանը նկատել տուաւ, որ իրենց նպատակն է հանգիստ միջավայր ստեղծել յատուկ կարիքներ  ունեցող երեխաներուն եւ մարզիկներուն համար, որոնք  գաղութին անբաժանելի մասը կը կազմեն` աւելցնելով, որ Նաւասարդեան մարզախաղերու ընդլայնումը ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը հաստատող քայլերէն մէկն է:

Կազմակերպութիւնը իր բոլոր մարզիչները, պատասխանատուները եւ պաշտօնեաները պիտի մարզէ, որպէսզի կարենան այս մարզիկներուն իւրայատուկ կարիքները ճիշդ կերպով հոգալ:

Նաւասարդեան մարզախաղերու այս ընդլայնումը նաեւ կը շեշտէ յատուկ կարիքներ ունեցող անձերը մեր առօրեայ կեանքին մէջ ներառելը:

Նաւասարդեան նախնական խաղերը տեղի պիտի ունենան մայիսէն յունիս, իսկ վերջին փուլի խաղերն ու փակումը` 3-7 յուլիս: Նաւասարդեան մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն չորս հազար մարզիկներ` ներկայութեամբ 50 հազար հանդիսատեսներու:

Պարոյր Հայրիկեանի Բանտային Յուշերու Երկրորդ Հատորի Ներկայացում

Վերջերս «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդային օրերու յայտնի այլախոհ Պարոյր Հայրիկեանի նոր լոյս տեսած «Ազատութեան ճանապարհի բանտերում» հատորին ներկայացումը: Հատորը հեղինակին «Իմ բանտային յուշերից» հատորներու շարքին երկրորդն է:

Գրատան տնօրէն Առնօ Երէցեանը ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը` տաղանդաւոր արձակագիր Մարգարիտ Դերանցը, որ Հայրիկեանին գիրքերը համարեց գրասէր հասարակութեան ամէնէն սիրուած ստեղծագործութիւններէն:

Ապա Պարոյր Հայրիկեանին յարգանքի եւ մեծարանքի խօսք ուղղեց բանաստեղծ Աշոտ Ղամբարեանը, իսկ բանաստեղծ, հայ եւ ռուս շարք մը գրական միութիւններու անդամ Սամուէլ Շահբազեանը բանաստեղծութիւն մը ձօնեց Պարոյր Հայրիկեանին:

Հրապարակախօս, գրող Նինել Գրիգորեանը  վերլուծելով Պարոյր Հայրիկեանի յուշերու նշեալ երկու գիրքերը` նշեց, որ անոնց մէջ արտացոլուած ժամանակի ոգին եւ մարդկային յարաբերութիւնները կրնան մեծ դեր ունենալ սերունդներու դաստիրակութեան մէջ:

«Եու. Սի. Էլ. Էյ» համալսարանէն փրոֆ. Անահիտ Արամունի Քէշիշեանը յիշեց 80-90-ական թուականներու քաղաքական-հասարակական շարժումները եւ իր առաջին հանդիպումը Հայրիկեանին հետ:

Երեկոյին ընթացքին Պարոյր Հայրիկեանը եւ երգիչ Յարութիւն Կարապետեանը երգեցին Հայրիկեանին կողմէ 21 տարեկանին գրուած «Գերուած զինուորի երգը»:

Ֆրանսա

Մարսէյի Մէջ Յատուկ Հանդիսութեամբ Մը Նշուեցաւ «Յառաջ»-ի Թիւերու Թուայնացման Ամբողջացումը

Մարսէյի մէջ գործող Յիշողութեան հետազօտութեան եւ տոմարագրութեան հայկական ընկերակցութիւնը` «ԱՐԱՄ»-ը, արտօնութեամբ «Յառաջ»-ի տնօրէնուհի Արփիկ Միսաքեանի, 2011-ին նախաձեռնած էր «Յառաջ» թերթի թիւերու թուայնացման աշխատանքին` թուղթէ տարբերակին յանձնուած աւելի քան 80-ամեայ պատմութիւնը փրկելու, նաեւ համացանցի միջոցով ամբողջ աշխարհի հայութեան հասանելի դարձնելու նպատակով:                                                                             1925-ին  Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ հիմնուած «Յառաջ» թերթը հանդիսացած է Եւրոպայի հայութեան առաջին օրաթերթը: 26 յունուար 1957-ին հիմնադիրին մահէն անմիջապէս ետք թերթին ղեկը ստանձնած է Արփիկ Միսաքեանը: Թերթը իր վերջին թիւը մամուլին յանձնած է 30 մայիս 2009-ին` այդպէսով վերջ դնելով 84-ամեայ անցեալի մը: Այդ երկար տասնամեակներուն ընթացքին լոյս տեսած է 22.214 թիւ: Թուայնացման աշխատանքները կատարած է այդ բնագաւառին մէջ մասնագիտացած «ՔՕՓԷԱ» ընկերութիւնը: Երկար տարիներու աշխատանքէն ետք, «ԱՐԱՄ» վերջապէս իր տրամադրութեան տակ ունի թուայնացուած տարբերակներու ամբողջութիւնը, այսինքն` 1925-2009 երկար տասնամեակներու բոլոր թիւերը: Այս առթիւ 5 ապրիլին «ԱՐԱՄ»-ի Մարսէյի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացման ձեռնարկ մը: «ԱՐԱՄ»-ի նախագահ Ժաք Ուլուսեանը իր ելոյթին մէջ նշեց գործին կարեւորութիւնը, յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան պահպանման տեսանկիւնէն: Ելոյթ ունեցան «Յառաջ»-ին եւ կատարուած աշխատանքին քաջածանօթ գրող Գրիգոր Պըլտեանը, թերթի տարիներու խմբագիր Արփի Թոթոյեանը, որոնք ողջունեցին կատարուած աշխատանքին արժէքն ու կարեւորութիւնը: Խօսք առին նաեւ` «Պուլաք-ի գիտական տնօրէն Պենժամեն Կիշառը, «ՔՕՓԷԱ» ընկերութեան թուայնացման բաժնի պատասխանատու Ռեժիս Ռոժէն, «ԱՐԱՄ»-ի անդամ Միշէլ Ահարոնեանը եւ «Կիւլպէնկեան»-ի արեւմտահայերէնի զարգացման բաժնի պատասխանատու Անի Կարմիրեանը:

Մալթա

Հայաստանի Մշակութային Օրերը

18-30 ապրիլին Մալթայի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի մշակութային օրերը, որոնք ընթացք առին աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակին նուիրուած համերգով` մասնակցութեամբ Ղազախստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի, արուեստի ազգային համալսարանի դասախօս, ջութակահար Այման Մուսախոճայեւայի եւ Մալթայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սերգէյ Սմբատեանի:

Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամի նախագահ Կոնստանդին Իշխանովը նկատել տուաւ, որ այս տարի կ՛աւարտի Մալթայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, եւ Մալթայի մէջ Հայաստանի մշակութային օրերու կազմակերպումը առաւել եւս կը նպաստէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացման:

Հայաստանի մշակութային օրերու շրջագիծին մէջ ելոյթ ունեցաւ հայ դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանը` ընկերակցութեամբ մալթացի երաժիշտներու, որոնք ներկայացուցին Տիգրան Մանսուրեանի, Արամ Խաչատուրեանի, նաեւ  յայտնի մալթացի երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն կտորներ, մալթացի երաժիշտ Ալեքսէյ Շորի «Մեծ պաշարման կերպարները` կատարողութեամբ Մալթայի Ֆիլհարմոնիք եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբերուն, Խաչատուրեանի անուան եռեակին` Արմինէ Գրիգորեանը` դաշնամուր, Կարէն Շահգալտեանը` ջութակ, Կարէն Քոչարեանը` թաւջութակ, եւ այլ գեղարուեստական կատարումներ: Պիտի ցուցադրուին Հայաստանի ժողովրդական դերասաններ Արտաւազդ Փելեշեանին, Միքայէլ Պօղոսեանին եւ երիտասարդ բեմադրիչ Նարեկ Սաֆարեանին ժապաւէնները: Տեղի ունեցան նաեւ ցուցահանդէսներ` նուիրուած հայ մեծ երաժիշտներ Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրանի, ինչպէս նաեւ ունեցան «Խաչքարերը» եւ «Քարերու գաղտնիքը» խորագիրով  ցուցահանդէս: Հայաստանի մշակութային օրերը եզրափակուեցան «Տը մեճիք չելլօ» համերգով մասնակցութեամբ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջազգային 14-րդ մրցանակաբաշխութեան Ա. մրցանակի դափնեկիր Նարեկ Հախնազարեանի, ընկերակցութեամբ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Տիգրան Հախնազարեանի:

Վրաստան

Ախալցխայի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ Յիշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Ապրիլ 22-ին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ յիշեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ախալցխա» կայքը:

Ձեռնարկին կեդրոնի սաները բոլոր ներկաներուն ներկայացուցին` բանաստեղծութիւններ, երգեր, պարեր, պատմական ակնարկներ եւ կոչեր, որոնք կը վերաբերէին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան:

Հանդիպման աւարտին ելոյթներով հանդէս եկան` կեդրոնի տնօրէն Նանուլի Յակոբեանը, դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Ակոպովան եւ Ախալցխայի շրջանի հոգեւոր հովիւ Թորգոմ քհնյ. Վարդանեանը:

Ցեղասպանութեան Իրադարձութիւնները Լուսաբանող Արխիւային Նիւթերու Ցուցահանդէս

Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Վրաստանի հայ համայնք»-ին, 15 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ  Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ արխիւային նիւթերու նկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին փաստագրական նկարներ, որոնց  ընդմէջէն կ՛արտացոլար հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան իրադարձութիւնները:

Ցուցահանդէսին վայրը պատահականօրէն չէր ընտրուած: Տասնամեակներ շարունակ «Վրաստանի հայ համայնք»-ը դիմած է երկրի իշխանութեան` Ցեղապանութեան փաստը դատապարտելու կոչով եւ տակաւին մինչ օրս մնացած է անպատասխան:

Ցեղասպանութեան փաստը դատապարտուած է բազմաթիւ քաղաքակիրթ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:  2015-ին Եւրոխորհուրդը ընդունած է հերթական յատուկ բանաձեւ, ուր կոչ կ՛ուղղէ նաեւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններուն դատապարտել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

 

Նախորդը

Ինչ Օյիւններ Չսարքեցին…

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Նախագահներուն Յայտարարութիւնները` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?