Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը

May 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արաբական Ծոցի Աստուծաշունչի ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն 2017-ին լոյս տեսաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը»: Շարադրութիւն` Էտա եւ Հորսդ Քէյլ, հայերէն շարադրութիւն` Արտա Ճէպէճեան: Գիրքը բաղկացած է 199 էջերէ եւ 20 գլուխներէ եւ պատկերազարդ է. գծագրիչ` Մէրըն Պրիսուալթըր:

Առաջին գլուխը` «Փրկիչը ծնաւ», կ՛ընդգրկէ քանի մը պատմուածք` հրեշտակը եւ Զաքարիան, Մարիամ եւ հրեշտակը, Մարիամ եւ Եղիսաբէթ, Յովհաննէսի ծնունդը, Յիսուսի ծնունդը, հովիւները Բեթղեհէմի մէջ եւ Յիսուս տաճարին մէջ:

Երկրորդ գլուխը` «Իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ», կ՛ընդգրկէ իսրայէլացիներուն չարչարանքները, Մովսէսին մանկութիւնը եւ անձը անոր, փախուստը Մադիամ, իսրայէլացիներուն ցաւը եւ Եգիպտոսի պատիժները:

Երրորդ գլուխը` «Ստրկութենէն ազատութիւն», կը պատմուին հետեւեալ դրուագները. իսրայէլացիները կարմիր ծովուն մէջ, մանանայ եւ լորամարգիներ, յայտնութիւն` լերան վրայ, տասը պատուիրանները, ոսկիէ հորթը, Աստուած եւ Մովսէս, եւ Մովսէսի մահը:

Չորրորդ գլուխը ստեղծագործութեան պատմութիւններն են` Աստուած կը ստեղծէ երկինքն ու երկիրը, Աստուած կը ստեղծէ մարդը, դրախտի բնակիչները, մարդը կը փափաքի Աստուծոյ նմանիլ, Կայէն կը սպաննէ իր եղբայրը Աբէլ, Նոյեան տապանը եւ Բաբելոնի աշտարակը:

Հինգերորդ գլուխը Աբրահամ եւ Իսահակն են, ուր կը պատմուին` Յիսուս տաճարին մէջ, Աբրահամ Քանանի մէջ, Աբրահամի եւ Ղովտի բաժանումը, այցելութիւն Մամբրէի կաղնիներուն, Աստուած կը փորձէ Աբրահամը, Իսահակ եւ Ռեբեկա եւ անոնց ամուսնութիւնը:

Վեցերորդ գլուխը Յակոբ եւ Եսաւ եղբայրներու պատմութիւններն են, Յակոբի առջինեկութիւնը, Իսահակ կ՛օրհնէ Յակոբը, Եսաւ եւ Յակոբ, Յակոբի երազը, Լիա եւ Ռաքէլ քոյրերը, Յակոբի գօտեմարտը եւ հաշտութիւնը Եսաւի հետ:

Եօթներորդ գլուխը կառավարիչ Յովսէփի դրուագներն են` Յովսէփին երազները, Յովսէփ եգիպտոսի մէջ, Յովսէփ եւ Պետափրէսին կինը, Յովսէփ բանտին մէջ, Յովսէփ եւ թագաւորին երազները, Յովսէփ` եգիպտոսի կառավարիչ եւ Յովսէփի միացումը եղբայրներուն:

Ութերորդ գլուխը` «Դաւիթ` հովիւ եւ թագաւոր» կ՛ընդգրկէ հետեւեալ դրուագները. Դաւիթ թագաւոր, Դաւիթ եւ Գողիաթ, Դաւիթի յաղթանակը Գողիաթի դէմ, Դաւիթին մեծ սխալը, Նաթան եւ Դաւիթ եւ Սողոմոնին որոշումը:

Իններորդ գլուխը` Յիսուս կը սկսի իր առաքելութեան, կ՛ընդգրկէ հետեւեալ դրուագները. Յովհաննէս Մկրտիչ, Յիսուսի մկրտութիւնը, Յիսուսի փորձութիւնը, Յիսուսի աշակերտները, Յիսուս իր ծննդավայրին մէջ, խուլ ու համր մարդու մը բժշկութիւնը եւ աղջկայ մը վերակենդանացումը:

Տասներորդ գլուխը Յիսուսի առակներն են` սերմին առակը, փոքր որդին, երէց որդին, բարի սամարացին, մեծ ընթրիքը, չներող ծառան եւ տուն շինողները:

Տասնմէկերորդ գլուխը Յովնան մարգարէն եւ մեծ ձուկն են` ծառը եւ անոր պտուղը, Յովնան Նինուէի մէջ, թուզի ծառը եւ հարկահաւաք Զաքէոսը:

Տասներկրորդ գլուխը կը խօսի Յիսուսի հրաշքներուն մասին. Յիսուս Գեննեսարէթի ծովափին, փոթորիկը, հինգ հաց եւ երկու ձուկ, սերմնացանը, այրի կինը եւ Յիսուսի սէրը մանուկներուն հանդէպ:

Տասներրորդ գլուխը` Յիսուս հիւանդներ կը բժշկէ. կնոջ բժշկութիւնը, կոյր Բարտիմէոսին բժշկութիւնը, բժշկութիւն մը շաբաթ օրը, տասը բորոտներու բժշկութիւնը, անդամալոյծ մարդուն բժշկութիւնը, չար հոգիէն բռնուած մարդուն բժշկութիւնը եւ բժշկութիւն Բեթեզդա աւազանին քով:

Տասնչորրորդ գլուխը` Եղիա մարգարէն եւ Աքաաբ թագաւորը. Պետրոսի խոստովանութիւնը, մարգարէն թագաւորին դէմ, Աստուծոյ դատաստանը, Եղիա` Քոբեր լերան վրայ, Նաբովթի այգին, Եղիա եւ Եղիսէ եւ լերան վրայ փորձառութիւնը:

Տասնհինգերորդ գլուխը թագաւորութեան պատգամն է` հետեւեալ դրուագներով. հարուստ երիտասարդը, անխելք հարուստը, Ղազարոս եւ հարուստ մարդը, թռչուններուն դասը, ինչպէս լաւ տնտես ըլլալ, ժողովուրդը եւ փարիսեցիները եւ արտին մէջ աշխատողները:

Տասնվեցերորդ գլուխը` Յիսուս Երուսաղէմի մէջ,  կ՛ընդգրկէ հետեւեալ դրուագները` շաբաթ օրուան հացը, իշխանութեան հարցը, Յիսուս եւ մեղաւոր մարդը, Յիսուս Երուսաղէմի եւ Բեթանիոյ մէջ եւ վերջին ընթրիքը:

Տասնեօթներորդ գլուխը կը խօսի Յիսուսի չարչարանքներուն եւ  մահուան վրայ. Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Անոր ձերբակալութիւնը, քահանայապետին եւ Պիղատոսին առջեւ եւ մահը խաչին վրայ:

Տասնութերորդ գլուխը Յիսուսի Յարութիւնն է, Զատիկի օրը, Մարիամ Մագդաղենացին, Էմմաուսի աշակերտները, Թովմասի խոստովանութիւնը, Յիսուս գետեզերքին մօտ եւ Յիսուս աշակերտները աշխարհ կը ղրկէ:

Տասնիններորդ գլուխը` Յիսուս կը գործէ իր հոգիին միջոցով. Պենտեկոստէի հրաշքը, անդամալոյծին բժշկութիւնը, առաքեալներուն հալածանքը, Ստեփանոսի քարկոծումը եւ ափրիկեցիին մկրտութիւնը:

Քսաներորդ գլուխը` Յիսուսի պատգամներուն տարածումը եւ Պօղոսի դարձը եւ առաքելութիւնը:

Յետգրութեան խօսքին մէջ կ՛ըսուի որ Աստուածաշունչը անզուգական կարեւորութիւն ունի հայ ընտանիքին հոգեւոր կեանքը կերտելու մէջ` դիմագրաւելու կեանքի տարբեր պայմանները եւ զօրանալու Աստուծոյ խօսքով:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Երախտամատեան Առ Աւագ Արքեպիսկոպոս» (Խմբագիրներ` Վարուժան Արքեպիսկոպոս, Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան Եւ Արամ Սարկաւագ Քէթէնճեան)

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.