Յօդուածներ

Վստահուած Անձերու, Դաշնակցական  Պատասխանատուներու Եւ Քուէարկողներու  Կարծիքները` Ընտրական Հոլովոյթին Մասին

Վստահուած Անձերու, Դաշնակցական Պատասխանատուներու Եւ Քուէարկողներու Կարծիքները` Ընտրական Հոլովոյթին Մասին

Երէկ` կիրակի, 6 մայիսին, ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբները եւ հայկական քուէարկութեան կեդրոնները մեղուափեթակներու վերածուած էին: Բոլոր կեդրոններուն մէջ Դաշնակցութեան հաստատուն թէ շրջուն վստահուած անձերը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն ժրաջան աշխատանքի լծուած էին քուէարկողներուն աշխատանքները դիւրացնելու համար: «Ազդակ»-ի թղթակիցները այցելեցին Դաշնակցութեան ակումբները եւ քուէարկութեան կեդրոնները, մանրամասնօրէն հետեւեցան կատարուած աշխատանքներուն, զուգահեռ` ականջալուր եղան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու, պատասխանատուներու, վստահուած անձերու թէ...

Լաւագոյն Զօրավարը` Բանաստեղծների Մէջ.  Հայաստանը Եւ Հայոց Մեծ Եղեռնը  Ռուս Զօրավար –  Բանաստեղծ  Ալեքսանդր Կուլեբեակինի Աչքերով

Լաւագոյն Զօրավարը` Բանաստեղծների Մէջ. Հայաստանը Եւ Հայոց Մեծ Եղեռնը Ռուս Զօրավար – Բանաստեղծ Ալեքսանդր Կուլեբեակինի Աչքերով

Հայոց ցեղասպանութեան թեմային այլազգի ոչ քիչ թուով գրողներ են անդրադարձել: Նրանց մէջ առանձնանում է նաեւ ռուս բանաստեղծ, զօրավար Ալեքսանդր Կուլեբեակինը, ով իւր ժամանակին «Լաւագոյն զօրավարը` բանաստեղծների մէջ» համբաւ էր վայելում: Ալեքսանդր Կուլեբեակինը, հիացած Հայաստանով, գովերգել է նրա սքանչելի գեղեցկութիւնը, զարմանալի պատմական յուշարձանները, գեղատեսիլ Վանը: Միեւնոյն ժամանակ Կուբելեակինն ականատեսն ու վկան  էր անցած դարասկզբին Արեւմտեան Հայաստանում տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնների հետեւանքներին...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Փակ Շրջանակէ Դուրս Կը Վերականգնի՞ Հայ Գրականութիւնը Մեր Կեանքին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Գրասէրը կը նայի գրողի հայելիին մէջ, կը տպաւորուի, կը սիրէ, կը քննադատէ` ճշդելով դրական կամ բացասական վերաբերում: Գրասէրը իրաւունք ունի սիրելու գնահատելու կամ չհաւնելու գրական երկ մը, բանաստեղծութիւն, վէպ, պատմուածք, թատրոն: Գրասէրի խորք չունեցող ձեւականութեան տուրք տուող հիացումը գրողի գործին հանդէպ` զինք չի դարձներ գրող, այլ ձեւով մը` շողոքորթ պալատական, գրողի հռչակէն բաժին մը ստանալու ծաղրանկարային սեթեւեթով, հետեւողի...

Ի Վերջոյ, Սիրուն Գնացէք

ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ «Բռնութիւնը ոգու դէմ անզօր է: Քանի դեռ ոգին կայ, անապատում լինի թէ փրփրաշատ գետերի մէջ` մի գանգրահեր տղայ միշտ էլ աւազի կամ ալիքների միջից կը պարզի գլուխն ու մեզ ցոյց կը տայ յուսոյ ճանապարհը»: Սրանք եղբօրս` Վրէժ Իսրայէլեանի խօսքերն են. աւելի լաւ դժուար է ասել: Մեր յուսոյ ճանապարհի առաջին քայլ անողը Նիկոլն էր: Արեց, երբ այդ քայլին կարծես...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Ցնցոտիացումէն Դուրս Գալու Պահը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ցնցոտիացումէն Դուրս Գալու Պահը

Ամերիկացի հանրածանօթ վիպագիր Ալիս Ուոքըր կարճ ու տպաւորիչ նախադասութեամբ մը կը նկարագրէ շահագործողին մտայնութիւնը.- «Իշխող ղեկավարութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրած պէտք է ըլլայ` մեր վրայ ծիծաղելու համար» («Those in power must spend a lot of their time laughing at us»): «Տը Քալըր Փըրփըլ» վէպի հեղինակ Ուոքըրի տուած օրինակը ցայտուն է, սակայն ո՛չ նոյնքան, որքան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ապրիլմէկեան...

Լոյս Տեսած Է «ՎԷՄ» Հանդէսի 2017 Թուականի  Վերջին` Չորրորդ Թիւը

Լոյս Է Տեսել «Վէմ» Հանդէսի 2018 Թուականի Առաջին Համարը

Խմբագրականում մանրամասն անդրադարձ է կատարւում մեզանում հայոց պետականութեան վերականգնման իւրայատուկ խորհրդանիշը դարձած մայիս 28-ի տօնակատարութիւնների նախապատրաստման ընթացքին, վեր են հանւում նրանում տեղ գտած թերութիւնները, ներկայացւում են վիճակը շտկելուն ուղղուած յստակ առաջարկներ: Շարունակելով «Վէմ»-ի նախորդ խմբագրականում տեղ գտած եւ ընթերցողների շահագրգիռ արձագանգին արժանացած` հայոց ինքնութեան շուրջ քննարկումները, ներկայ համարում նոյն թեմայի վերաբերեալ հրապարակուել են ընկերային փիլիսոփայութեան ոլորտի մասնագէտներ Էդուարդ Ա. Յարութիւնեանի...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Համազգային Կամքի Երիտասարդական Ներուժը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Միջազգային մամուլի հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ առանձնակի դրուատանքներով են մեկնաբանում Հայաստանի Հանրապետութիւնում վերջին իրադարձութիւնները, կապուած` խաղաղ իշխանափոխութեանն ու դրանում նոր սերունդի` երիտասարդութեան անվերապահ դերակատարութեանը: Փաստօրէն երիտասարդութեան արթնացած ներուժը` քաղաքացիական շարժման ներգործումով, քաղաքականապէս նոր հարթակ ձեւաւորեց հայաստանեան քաղաքական-կառավարական դաշտում, մինչդեռ աւանդօրէն եւ գործնականում պատահում էր հակառակը, երբ քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւններն են հանդիսացել հասարակա-քաղաքական, տնտեսական եւ ինչու չէ նաեւ քաղաքացիական բարեփոխումներին...

Պապուկս

Պապուկս

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ Պապո՜ւկս... Ան թէեւ իմ հօրս հայրը չէր, այլ` հօրեղբայրը, բայց ան իմ պապուկս էր: Մանկութեան, պատանեկութեան յուշեր` փոքր տնակի մը մէջ, Գարատուրանի աւետարանական եկեղեցւոյ կից: Հո՛ն էր, որ կ’ապրէր  երկար տարիներէ ի վեր եւ կը ծառայէր նոյն եկեղեցւոյ, որուն բակին մէջ  մեր շատ փոքր  տարիքէն կը խաղայինք եղբայրներս  ու ես: Մեր ազատութեան վայրն էր ան: Մեր խաղը ամենահաճելին...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ .  Դասախօսութիւն «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ . Դասախօսութիւն «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2018-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ ապրելակերպի խորհուրդներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Ալինա Քէշիշեանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ նշեց, թէ դասախօսութեան նպատակը խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրելն է, որովհետեւ առողջ ապրիլը...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է

Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է  լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու: Զուգահեռ` Ընտրական կեդրոնական մարմինի համակարգումով ՀՅԴ...

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Ընտրական մեծ միթինկէն ժամեր առաջ, շատեր կասկածով կը մօտենային այն յոյսը ունենալով, որ այս անգամ Դաշնակցութիւնը պիտի չկարենայ համախմբել լիբանանահայութիւնը: Վերջին շաբաթներուն «նորոյթ» է Դաշնակցութիւն քարկոծելը, բամբասելը եւ զրպարտութիւններ կատարելը: Շատեր անբնական հաճոյք կը զգան, երբ կը տեսնեն ձախողութիւններ եւ վտանգներ, առանց գիտակցելու, որ Դաշնակցութեան հարուածելով նոյնինքն իրենց անձերուն եւ շրջապատին վնաս հասցուցած կ՛ըլլան: Այո՛, շատեր գրաւ դրած...

Ընտրութիւններ 2018.  «Ինչո՞ւ Ինչ Կ՛ընեն Կոր…»

Վաղը Քուէ՛ն Պիտի Խօսի

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Մինչեւ հիմա խօսեցան քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները: Խօսեցան թեկնածուները եւ անոնց ընկերային ցանցերը: Խօսեցան քաղաքական մեկնաբաններն ու լրատուամիջոցները: Վաղը խօսելու կարգը մեր ժողովուրդինն է: Խօսելու միջոցը քուէն է: Վաղը քուէ՛ն պիտի խօսի: Ազատ արտայայտութեամբ անկախ քուէն: Քուէն պիտի խօսի կարկուտի արագութեամբ եւ առատութեամբ: Վաղը լռութիւնը ոսկի չէ՛: Լռութիւնը, անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը դասալքութիւն են: Պարտութի՛ւն է: Նահա՛նջ է:...

Կ՛իրականացնե՞նք Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Սփիւռք(ներ)ի «Ժողովուրդներ»-ու Մէկութիւնը

Դիմաւորելով 100-ամեակը-16. Յովհաննէս Թումանեանի «Միտքեր»-ի Հետ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեւան, Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) թանգարանէն գնած էի մանրակազմ, բայց հաստափոր հատոր մը` «Միտքեր» (Արեւելք-արեւմուտք մատենաշար), լոյս տեսած` 2011-ին: Երբեմն կը բանամ գիրքը, կը դարձնեմ էջերը: Ինչե՜ր ըսած եւ գրած է ժողովուրդին եւ հողին մօտ ապրած այս հայը: Չեմ ուզեր սահմանափակել մարդը` ըսելով բանաստեղծ, հեքիաթագիր, գրող: 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան «նախարարապետ»-ին ուղղուած նամակէ մը մէջբերում կայ, որ կ’ըսէ. «... մենք...

Յանուն Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդավարութեան

Ներազգային Քաղաքականութեան Պատասխանատուութեան Նոր Փուլ

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Կասկածէ վեր է, որ այսօր համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը երկու ուղղութեամբ է. Առաջին` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան եւ անդորրութեան ու ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  սահմաններու վրայ կուտակուած փաստացի արտասովոր ազրպէյճանական զինուորական ներուժի եւ ծանր տեսակի զէնքի կիսապատերազմական սպառնալիքներով շարժումները: Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները, ժողովրդային զարթօնքը, որոնք կը ձգտին աւելի արդար, բարգաւաճ եւ լուսաւոր նոր Հայաստանի մը կերտման:...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Զարգացման Երաշխիքը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Զարգացման Երաշխիքը

Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ առանձնակի դեր ունեն մարդկային հաւաքականութիւնների ըմբոստութիւնները, որոնք զանազան ձեւերով արտայայտուել են որպէս յեղափոխութիւններ, ապստամբութիւններ կամ ընդվզումներ: Այդ ըմբոստութիւնները հիմնականում հանդիսացել են մարդկութեան զարգացման թռիչքային հանգրուանների բեմահարթակներ: Այս դիտանկիւնից` սուտ եւ մտացածին են ազատական այն տեսակէտները, որ իբր թէ միայն կայունութեան ապահովմամբ կարելի է ունենալ զարգացում: Զարգացման համար, ի հարկ է, պէտք է ունենալ ոչ միայն կայուն մթնոլորտ,...

Դաշնակցութիւնը Իր Էութի՛ւնը Հայութեան  Կու Տայ Եւ Պիտի Շարունակէ Տալ

Դաշնակցութիւնը Իր Էութի՛ւնը Հայութեան Կու Տայ Եւ Պիտի Շարունակէ Տալ

ՓԱԹԻԼՕ Արդէն մտած էինք մայիս ամիսը, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրը կը մօտենար  յանկարծ նկարներ յայտնուեցան ասդին ու անդին, բնականաբար` առաջադրուած թեկնածուներու նկարներ: Աթոռի պայքարին զուգահեռ սկսաւ քուէի առեւտուրը: «Միւսները հազար տոլար կու տան կոր»-ը ընթացք առաւ, իսկ ոմանք շեղեցան... Իսկ որո՞նք են միւսները. ո՞ւր էին մինչեւ հիմա. դարէ մը աւելի է, որ Դաշնակցութիւնը թիկունք կանգնած է հայուն, Հայ դատի ճանաչման...

Հարցազրոյց Յովհաննէս Պապախանեանի Հետ

Հարցազրոյց Յովհաննէս Պապախանեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Յովհաննէս Պապախանեանը, որ հանդէս եկաւ իր «Պատգամ» մենաներկայացումով: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ, որ կը հրատարակենք ստորեւ: «ԱԶԴԱԿ».- Առաջին հերթին մեր ընթերցողներուն ծանօթացնենք, թէ ո՞վ է Յովհաննէս Պապախանեանը: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՊԱԽԱՆԵԱՆ.- Ես մասնագիտութեամբ դերասան եմ, եւ որպէսզի կարենամ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին  Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Նախաձեռնութեամբ «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան, 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առթիւ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ տեղի ունեցան ջահերթեր: Ախալցխայի մէջ երթը սկիզբ առաւ Ս. Գ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակէն` հասնելով քաղաքի Մարթա թաղամասին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ: Նինոծմինդայի մէջ ջահերով երթը սկսաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն եւ հասաւ քաղաքի Երիտասարդական պալատին մօտ կանգնած Մեծ եղեռնի...

«ՀՅԴ-ն Համոզուած Է, Որ Լիբանանի Մէջ Հայ Համայնքի  Քաղաքական Գործունէութիւնը Հիմնուած Է  Կուսակցութիւններուն Եւ Ոչ Թէ Անհատներու Վրայ»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅԴ-ն Համոզուած Է, Որ Լիբանանի Մէջ Հայ Համայնքի Քաղաքական Գործունէութիւնը Հիմնուած Է Կուսակցութիւններուն Եւ Ոչ Թէ Անհատներու Վրայ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ որեւէ երկրի մէջ, ուր խորհրդարանական համակարգ գոյութիւն ունի, բնական է, որ երեսփոխանը կը ներկայացնէ ժողովուրդը, որուն կարծիքը, տրամադրութիւնները եւ պահանջները խորհրդարանին կը հասնին անոր երեսփոխաններուն միջոցով: Լիբանանի մէջ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երեք անգամ երկարաձգելէ ետք, արդէն օրը եւ ժամը հասած են,...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Շարունակականութիւնը Ապահովելու Օրը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Մայիս 6-էն առաջ պէտք է հաստատել մէկ իրողութիւն: Այսօր արդի աշխարհի տրամադրած բոլոր միջոցները իրենց դրական եւ ժխտական երեւոյթներով կրնան հանրութիւնը շփոթի մատնել, ուղղուածութեան վրայ ազդել, սկզբունքներէ շեղել, երախտագիտութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներուն վրայ ազդել, սակայն կայ մէկ եւ միակ իրականութիւնը` գնայուն եւ մնայուն արժէքի իրողութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր տասնեակ տարիներու վաստակով, գործունէութեամբ, տեսլականով, քաղաքական եւ ազգային սկզբունքներով,...

Page 699 of 1111 1 … 698 699 700 … 1,111

Արխիւներ