Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչ Օյիւններ Չսարքեցին…

May 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Բազմաթիւ յոգնեցուցիչ օրեր, անքուն գիշերներ, հետեւողական աշխատանք: Այլեւս յստակ կը տեսնենք` ինչո՞ւ էին այս բոլորը: Մայիս 6-ի գիշերը յայտարարութեամբ մը պարզ դարձաւ, որ ՀՅԴ-ի առաջադրած չորս թեկնածուներէն երեքը յաջողեցան. յայտարարութիւն մը, որ լոկ տուեալները փոխանցելէն աւելի յաղթանակի ազդարարութիւն նկատուեցաւ:

Անշուշտ ուրախութեան զգացումներու դրսեւորումները, շնորհաւորանքները եւ խանդավառ մթնոլորտը տիրական եղան լիբանանահայ միջավայրին մէջ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ այս յաղթանակը կերտելու սիրոյն աշխատողներուն (կուսակցականներ, համակիրներ, կամաւորներ) զուգահեռ կը գործէին նաեւ կասկածելի տարրեր, որոնք ճիգ կը թափէին եւ բախտ կը փորձէին` ուզելով սեպը խրել ՀՅԴ-ին եւ ժողովուրդին միջեւ, աշխատանք մը, որ երբեք «դրական» արդիւնքներ չտուաւ եւ պիտի չտայ: Այս սին եւ անօգուտ փորձերուն մասին մտահոգութեամբ չէ, որ կը գրեմ, այլ անգամ մը եւս անոնց ապիկարութիւնը եւ անհեթեթութիւնը ընդգծելու: ՀՅԴ-ին մասին բոլոր բամբասողները եւ հայ համայնքին տկարացումը երազողները արդեօք տակաւին խելք չունեցա՞ն հասկնալու, որ Դաշնակցութիւնը եւ ժողովուրդը իրարմէ անջատ չեն, այլ նոյն կառոյցն են: Հայերէն խօսողը եւ իր զաւակը հայ դպրոց ղրկողը արդէն իսկ դաշնակցական է, հարսանիքի պահուն կամ ալ ուրախութեան տարբեր առիթներով հայկական պարի կշռոյթով շարժողը կամ սրինգ փչողը դաշնակցական է, մարզական խումբերուն մաս կազմողը կամ սկաուտական տողանցքներուն մասնակցողը դարձեա՛լ դաշնակցական է: Ինչո՞ւ, հարց պիտի տան ոմանք: Ես ալ կը պատասխանեմ. բոլոր անոնք, որոնք ոչ կ՛ըսեն ձուլումին եւ նախանձախնդիր կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն  հայեցի դաստիարակութիւն ստանալուն, բոլոր անոնք, որոնք Համազգայինի ճամբով հայ մշակոյթի պտուղները կը բաշխեն, կը ժողովրդականացնեն, եւ անոնք, որոնք այս պտուղներով յագեցած հաղորդակից կ՛ըլլան մեր ազգի հարուստ անցեալին եւ հետամուտ` ազգային արժէքները վառ պահելու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով հայութեան անունը բարձր պահողները եղան, են եւ պիտի մնան Դաշնակցութեան ուժն ու բռունցքը: Հակառակ բոլոր կասկածներուն, չարախօսութիւններուն, կեղծ խոստումներուն եւ կաշառքներուն, որոնք միտուած էին ՀՅԴ-ն լիբանանեան քաղաքական բեմէն հեռացնելու եւ այդպիսով գաղութը անպաշտպան ձգելու, լիբանանահայութիւնը տուաւ ազդու պատասխանը եւ ըսաւ.  «Ինչ օյիւններ չսարքեցին, ամէնքն ալ ի զուր անցան, կայ կը մնայ Դաշնակցութիւն»:

Արձանագրուած յաղթանակը միայն լիբանանահայութեան համար չէ, այլ ամբողջ սփիւռքի համար: Այլեւս հանգիստ ենք` գիտնալով, որ սփիւռքահայութեան բազկերակը հայ պիտի մնայ, Եռագոյնը եւ ՀՅԴ-ի դրօշակները պիտի շարունակեն պատուհաններէն եւ տանիքներէն ծածանիլ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, ակումբները բաց պիտի մնան, իսկ հայ երգերը եւ երաժշտութիւնը նոր ուժով պիտի հնչեն: Բայց ամէնէն կարեւոր է այն, որ համազգային առաջադրանքին` հայապահպանման պայքարի ջահը Լիբանանի մէջ վառ պիտի մնայ եւ անոր կրակին ջերմութիւնը պիտի տարածուի բոլոր գաղութներուն վրայ, իսկ Հայ դատը պիտի շարունակէ իր մնայուն եւ անփոխարինելի տեղը գրաւել:

Մեր բոլորիս յաղթանակը շնորհաւո՛ր ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.