Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի` 24 Ապրիլի Առիթով Նոյնատեսակ Ուղերձը

Մայիս 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Ապրիլի 24-ին, Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առիթով Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրապարակած ուղերձէն ակնյայտ ձեւով հասկնալի է, որ նախագահ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ժխտական տրամադրութիւնը չէ փոխած: Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոյնատեսակ ձեւակերպումներով պատրաստուած այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնութիւնն է նախորդ տարիներու 24 ապրիլի ուղերձներու բովանդակութեան: Ինչպէս նախորդ տարի, այնպէս ալ այս անգամ նախագահ Էրտողանը ապրիլի 24-ը կը վերածէ Ա. Աշխարհամարտին զոհուած Օսմանեան կայսրութեան անխտիր բոլոր քաղաքացիներու յիշատակման օրի եւ 24 ապրիլը պատերազմական գործօնի վրայ հիմնաւորելով` հայերու կորուստը կը նոյնացնէ թուրքերու կորուստներուն հետ: Նոյն ձեւակերպումներ են` «Համաճարակներու, գաղթերու, բախումներու պատճառով, պատերազմի դժուար պայմաններու տակ կեանքէն հեռացած օսմանեան հայեր», ու նաեւ` գիտակցօրէն զանց առնելով քրիստոնեաներուն պարտադրուած Ունեւորութեան տուրքը (Վարլըք վերկիսի): Ուղերձին  մէջ կ՛ըսուի, որ` «Պատմութեան ընթացքին մենք եղած ենք ազգ մը, որ ցաւերը իրարու հետ մրցակցութեան մէջ չէ դրած, խտրականութիւն չէ դրած այդ ցաւերուն միջեւ, այլ միշտ բաժնած է զանոնք» եւ ուղերձը  կը շարունակէ. «Նկատի չառնելով ոեւէ մէկու հաւատքը, լեզուն, կրօնը, ազգային ու մշակութային պատկանելիութիւնը` օգնութեան փութալ բոլոր անոնց, որոնք դժուարութեան մէջ են եւ ջանալ պահպանել  այս ժառանգութիւնը, ամրապնդել նաեւ եղբայրութիւնը, խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը»  ձեւաւորուած, չիրականացած սովորական նոյնատեսակ խօսքերը:

Այս անգամուան ուղերձին միակ տարբերութիւնն այն է, որ կը բացակայի նախորդ ուղերձին մէջ շեշտուող «20-րդ դարասկզբի իրադարձութիւններու քննութիւնը պատմաբաններու ձգելու անհրաժեշտութիւնը» միտքը: Սակայն ան այս անգամ ալ իրեն բնորոշ կեցուածքը չէ լքած: Այս անգամ ալ ակնյայտ է նաեւ, որ նախագահ Էրտողանի` նման ուղերձներով հանդէս գալը կը հետապնդէ Թուրքիոյ հայերու հանդէպ կարծեցեալ հանդուրժողականութիւնը ցուցադրելու նպատակ: Ուղերձին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ թուրք ազգի խիղճի ու բարոյականութեան  հրամայականն է բաժնել այն ցաւերը, զորս մեր հայազգի քաղաքացիները կրած են  պատմութեան ընթացքին, կարծես թէ 1915 -ին  հայ ժողովուրդին ապրած  անմարդկային վայրագութիւնն ու ոճրագործութիւնը իրագործող օսմանեան իթթիհատականները  թուրք ազգին չէին պատկաներ:

Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը հանդէս եկաւ «Մեծ եղեռնի» տարելիցի առիթով աւանդական յայտարարութեամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վրդովմունք արտայայտեց եւ շուտով հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի հետեւեալը. «Մենք կը ցանկանք Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան յիշեցնել Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերու յիշատակին նուիրուած ամէնամեայ ձեռնարկին մասին, որ յարգանքի արժանի կերպով տեղի կ՛ունենայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ»: Եւ մատնանշելով նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը` կ՛ընդգծուի. «Այդ ուղերձը կը ներկայացնէ այս հարցի վերաբերեալ Թուրքիոյ ցուցաբերած դիրքորոշումը» նախադասութիւնը :

Նախագահին ուղերձը կը ծառայէ թրքական չեղած հանդուրժողականութիւնը ցուցանակ դարձնելու նպատակին:

Նախագահի յայտարարութեան մէջ կը յայտնուի, որ յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի շարունակուի հայ համայնքին ցաւերը բաժնել, լուծում գտնել նեղութիւններուն ու խնդիրներուն, կարծես թէ  մինչեւ այսօր Թուրքիոյ հայ համայնքին խնդիրները  Թուրքիոյ իշխանութեան ցուցաբերած մօտեցումով  բոլորն ալ լուծում գտած են, Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական ընտրութիւնը, պոլսահայ ժողովուրդի ազատ կամքով ու փափաքով փակուղի մտած է, կարծես թէ Թուրքիոյ հայոց հոգեւորականներու համագումարին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան տեղապահի արդար ընտրութիւնը Պոլսոյ կուսակալի օգնականի կողմէ անվաւեր չէ նկատուած:

Նախագահ Էրտողանը ապրիլի 24-ի առիթով ուղերձ յղելու առիթը կ՛օգտագործէ` ցոյց տալու, որ ինքնակոչ փոխանորդ հոգեւորականը իրենց համար ընդունելի ու Թուրքիոյ հայոց կրօնապետի ամենայարմար թեկնածուն է: Եթէ այդպէս է, ան կը փաստէ հայոց պատրիարքարանի գործերուն պետութեան կողմէ ակնյայտ միջամտութիւնը, որ հակասահմանադրական քայլ է:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի այս տարուան ուղերձը կը վերջանայ խնդրանքի մէջ թաքնուած ազդարարութեամբ մը, որուն մէջ կը շեշտուի տեղի չտալ` «Հասարակաց անցեալը խեղաթիւրում փորձել պատմութիւնէն  դուրս բերել` ոխ, ատելութիւն ու թշնամանք». այս խօսքերով Թուրքիոյ նախագահը Հայ դատի պաշտպանումը եւ արդար պահանջատիրութիւնը կ՛անուանէ «խեղաթիւրում» եւ ըսել կ՛ուզէ, որ ըստ թրքական տեսակէտին, այն հայ անհատը, որ իր  ազգին արդար Դատը պահանջատիրութեամբ կը պաշտպանէ, ատելութիւն կը սերմանէ եւ Թուրքիոյ թշնամին է:

—————————–

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 24 ապրիլի ուղերձը

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Աթէշեան,
Իմ շա՛տ թանկագին հայազգի քաղաքացիներ,

Ձեզ կ՛ողջունեմ սիրով ու ամենասրտանց զգացումներով:

Դուք այսօր համախմբուած էք Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան երդիքին տակ` վերյիշելու համար այն օսմանահայերը, որոնք մահացան Ա. Աշխարհամարտի բարդ ու դժուարին պայմաններու տակ:

Հերթական անգամ յարգելով` կը յիշատակեմ  մահացած օսմանահայերը, որոնց զաւակներուն ու թոռներուն կը յայտնեմ անկեղծ ցաւակցութիւններս:

Այս առիթով ամենակարող Աստուծմէ ողորմութիւն ու թողութիւն կը հայցեմ այն  միլիոնաւոր օսմանահպատակներուն համար, որոնք նոյն ժամանակաշրջանին մենք կորսնցուցինք համաճարակներու, գաղթերու, պատերազմի եւ բախումներու պատճառով:

Պատմութեան ընթացքին մենք եղած ենք ազգ մը, որ ցաւերը իրարու հետ մրցակցութեան մէջ չէ դրած, խտրականութիւն չէ դրած այդ ցաւերուն միջեւ, այլ միշտ բաժնած է զանոնք:

Մեր տարածքին մէջ ապրողներուն առընթեր, մենք միշտ օգնութեան հասած ենք բոլոր անոնց, որոնք եղած են դժուարութեան մէջ` Անատոլուէն մինչեւ Ափրիկէ, հարաւային Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա: Այս ընելու ժամանակ նկատի չենք ունեցած ոեւէ մէկուն հաւատքը, լեզուն, կրօնը, ազգութեան ու մշակութային պատկանելութիւնը:

Որպէս երկիր, այսօր եւս կը ջանանք պահպանել մեր այս ժառանգութիւնը եւ ամրապնդել եղբայրութիւն, սրտակցութիւն, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն:

Թուրք ազգի խիղճի եւ բարոյական կեցուածքի հրամայականն է բաժնել այն ցաւերը, զորս մեր հայազգի քաղաքացիները կրած են պատմութեան ընթացքին:

Առաջ Աստուած, յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի շարունակենք ձեր ցաւերը բաժնել, լուծում գտնել ձեր նեղութիւններուն  ու խնդիրներուն:

Ի՛նչ պատճառով ալ ըլլայ, մենք թոյլ պիտի չտանք, որ նոյնիսկ մեր մէկ քաղաքացին  տարբեր  վարմունքի, տարբեր վերաբերումի եւ խտրականութեան ենթարկուի իր հաւատքին, կրօնին կամ հակումին  պատճառով:

Համոզուած եմ, որ մեր հայազգի քաղաքացիներն ալ աւելցնելով` պիտի շարունակեն իրենց նպաստը մեր մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքին:

Ձեզմէ կը խնդրեմ, ինչպէս ցայսօր, այսուհետեւ եւս տեղի չտալ անոնց, որոնք մեր հասարակաց անցեալը խեղաթիւրելով` կը փորձեն պատմութենէն դուրս բերել ոխ, ատելութիւն ու թշնամանք:

Այս խորհելով` կրկին յարգանքով կը յիշատակեմ  Ա. Աշխարհամարտին մեր կորսնցուցած օսմանահայերը:

Իմ ողջոյններն  ու յարգանքը կը յղեմ իմ այն բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք կը մասնակցին ոգեկոչման արարողութեան:

ՌԵՃԵՓ ԹԱՅԻՓ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան
նախագահ

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Ա. – Սուրիահայ Համայնքին Նուաճած Վստահութիւնը

Յաջորդը

Երիտասարդ Երգչուհի Կապի Կալոյեանի Ժողովրդական Երգի Երեկոն «Ալեկոծեց» Հայ Համայնքին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?