Տեսակէտ. Ախտագին Երեք Երեւոյթներ
ԼԱԽՏ Երբ ձեռքբերումներ արձանագրուին, յաճախ ականատես կամ լսողաց կը դառնանք անոնց վերաբերող ժխտական երեւոյթներու: Ստորեւ` երեք նման երեւոյթներ. - «Յաղթանակը բազմաթիւ հայրեր ունի, սակայն պարտութիւնը որբ է» ասացուածքը ճշմարիտ է բազմաթիւ ոլորտներու համար, մասնաւորաբար` քաղաքականութեան մէջ: Ոմանք կ՛ուզեն միայն կրել յաղթանակի դափնին, սակայն ոչ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, ուստի ձեռքբերումը կը վերագրեն իրենք իրենց, իսկ ձախողութիւնը ուրիշներուն` մոռնալով այն բնական իրողութիւնը, թէ...
















