Պարաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Այցելութիւն Հալէպի Նահանգապետին
Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութեան ծիրին մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներ Յակոբ Հաճեանի, դոկտ. Հուրի Ազեզեանի, փաստաբան Նորա Գրաճեանի, Յովսէփ Գասապեանի, ծրագիրը իրագործող երկրաչափ Կարպիս Թովմասեանի եւ երկրաչափ Մարալ Սեմերճեանի, 9 մայիսին աշխատանքային այցելութիւն մը տրուեցաւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Ահմետ Տիապի:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար եւ անդրադարձաւ Բերիոյ հայոց թեմի վերաշինութեան ծրագիրին: Այդ ծիրէն ներս, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութեան իրագործման ընթացքին Հալէպի նահանգապետին հետ հարկ եղած գործակցութեան հաստատումէն մեկնելով` երկրաչափ Կարպիս Թովմասեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ծրագիրը:
Հանդիպման ընթացքին Հալէպի նահանգապետը ամբողջական գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց` բարձրօրէն գնահատելով հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ Սուրիոյ հանդէպ ցուցաբերուած սէրն ու հաւատարմութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց թեմի վերաշինութեան անյետաձգելի ծրագիրներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն
20 մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին աոիթով, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Հիւրերը ընդունուեցան Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանին կողմէ:
Բարի գալուստի իր խօսքէն ետք Արմէն Սարգսեանը ըսաւ, որ այսօր նուիրական օր է մեր հայրենիքի եւ համասփիւռ հայութեան համար` աւելցնելով, որ հաւաքուած են նշելու մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենանշանակալի եւ բախտորոշ իրադարձութեան 100-ամեակը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր` դասական երաժշտութիւն, մեներգ, ասմունք եւ հայկական պարերու ներկայացում:
Աւարտին տեղի ունեցաւ շնորհաւորանքներու փոխանակում:
Միացեալ Նահանգներ
Գահիրէի Մէջ Համազգայինի Հիմնադրութեան 90-ամեակի Նշում
6 մայիսին Նիւ Եորքի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Միութեան ատենապետ Հրանդ Մարգարեանը իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ անցեալ տարի 4-7 մայիսին քառօրեայ ծրագրով նշուեցաւ մասնաճիւղին յիսնամեակը, որուն ծրագիրը նուիրուած էր Արցախի պաշտպանողական դիրքերուն ծառայող զինուորներուն արեան հոսք կասեցնող սարքերու հայթայթման: Ձեռնարկներէն գոյացած 25 հազար ամերիկեան տոլարը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ այդ նպատակին: Ան ըսաւ, որ այս ձեռնարկով կը սկսի Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութեան տարին:
Մարգարեանը հրաւիրեց մասնաճիւղի փոխատենապետ Նայտա Ոսկերիչեանը, որ յայտագրին ընթացք տայ:
Օրուան բանախօս Սարօ Նազարեանը սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Համազգայինի 90 տարուան պատմութիւնը` անցեալը, ներկան եւ յառաջիկայի ծրագիրները: Նազարեանը լայն տեղեկութիւններ տուաւ հիմնադիր անդամներէն` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Համօ Օհանջանեանի մասին, ներկայացնելով դրուագներ անոնց կեանքէն, նաեւ անդրադարձաւ անոնց գործունէութեան:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Երեկոյի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը, որ իր գոհունակութիւնն ու շնորհաւորանքները յայտնեց դասախօսին եւ միութեան ունեցած բոլոր ծրագրերուն:
Գինեձօն` Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի «Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբուժներու Եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Ցեղասպանութեան Ընթացքին» Հատորին
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 17 մայիսին «Արարատ տուն»-ի «Էսկիճեան» թանգարանի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ազգային գործիչ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն գիրքին` «Հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորին գինաձօնը:
Թանգարանի տնօրէն Մակի Մանկասարեան-Կոշինը ողջունելէ ետք ներկաները, ամփոփ կէտերու մէջ խօսեցաւ հանդիպման շարժառիթին ու յայտագիրին մասին, որմէ ետք «Անի» քառեակը ներկայացուց հայկական դասական երաժշտութենէն կտորներ:
Այնուհետեւ Սարգիս Մահսերեճեան ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ հատորի պատրաստութեան ընթացքին, հեղինակին ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցումին ու իր կարգին ապրած կրկնակի ոդիսականին մասին, առաջինը` երկարաշունչ պրպտումներու եւ առաւելագոյն թիւով նահատակներ ընդգրկելու ճիգին մէջ, իսկ երկրորդը` հետեւանք այն ցաւին, զոր ան զգացած է մեր ժողովուրդի մէկ ընտրանիին, մեծ մասամբ` երիտասարդներու բնաջնջման, մասնակցութեամբ թուրք բժիշկներու: Ան անդրադարձաւ նաեւ գիտական ու մշակոյթի աշխարհները մէկտեղելու հեղինակին արժանիքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքով Ցեղասպանութեան մէկ նոր երեսին վրայ լոյս սփռելու անոր ճիգին համար:
Ամերիկահայ բժիշկներու ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ տոքթ. Վարդան Թաշճեանը, որ ողջունեց Կ. Հարպոյեանին բժշկագիտական ու մտաւորական վաստակը` մաղթելով յարատեւութիւն, իսկ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շոա» հիմնարկէն Սեդա Անթեքելեանը ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը:
Այնուհետեւ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հատորը, որ ունի ներքին բաժիններ` յատկացուած նահատակուած բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու, նաեւ` այդ իւրաքանչիւր ասպարէզին մէջ վերապրողներու. հատորին մէջ տեղ ունին նաեւ Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայած հայ բժիշկները, որոնք ունեցած են ռահվիրայի դերակատարութիւն, իսկ կիզակէտ մըն է այն բաժինը, ուր արձանագրուած են իրենց պաշտօնակիցները ջարդած թուրք բժիշկներու անունները:
Աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, որ գնահատեց հեղինակին մարդասիրական եւ ազգային ծառայութիւնները: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հատորով հեղինակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ մարդոց առողջութեան ու կեանքի պահպանման լծուած հայ բժիշկներուն հանդէպ թուրքերու անմարդկային վերաբերմունքը, որ հետեւանք է նախանձի ու ատելութեան:
Սպանիա
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մեկնարկը սկսաւ ապրիլին` Ջիւան Միրզոյեանի անհատական ցուցահանդէսով եւ շարունակուեցաւ Սպանիոյ «Արարատ» միութեան կազմակերպութեամբ դերասաններ Հայկ եւ Գոհար Սարգիսեաններուն հեղինակած «Իմ տունը կամ անկախ ամէն ինչէ» կատակերգութեամբ, որուն առանցքային յորդորը հայրենիքը չլքելն ու զայն աւելի հզօրացնելն է: Դերասանները ժամանած էին Վալենսիա` կարեւորագոյն խորհուրդով. Հայաստան այլեւս ուրիշ է, աւելի բարեկեցիկ, օրինական եւ հիւրընկալ, որ անվերապահօրէն իր դռները բացած է աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ: Ներկայացման հերոսները` երկիրը լքելու ծանր որոշման առջեւ կանգնած ամուսինները, վերջապէս կ՛որոշեն չերթալ եւ հոգ տանիլ նորածին թոռնիկին, որ նոր Հայաստանը ապագայ շէնցնողը պիտի ըլլայ:
Հանդիսատեսներու շարքերուն մէջ կային նաեւ սպանացիներ, ներառեալ` Միսլաթայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդականներ Պեպի Լուխա եւ Խոսէ Լուիս Կարսիա, որոնք կլանուած կը դիտէին օտարալեզու ներկայացումը ու գրեթէ կը հասկնային պանդխտութեան ուղին իր առջեւ ունեցող հայու հոգին:
Յունաստան
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Թեսաղոնիկէ
Վերջերս Թեսաղոնիկէի «Հայաստան» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հովիւին, հանդիպում մը ունեցաւ ՀԳԽ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային եւ Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւններուն հետ:
ՀԳԽ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Կիւլա Գասապեանը ներկայացուց նոր վարչութեանց ընկերուհիները, ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր:
Սրբազան հայրը, նկատի ունենալով իր 10 տարուան փորձառութիւնը Սելանիկի հոգեւոր հովուութեան ծառայութեան դաշտէն ներս, հաստատեց, որ Սելանիկը իր սրտին ու հոգիին մէջ մեծ տեղ եւ դեր ունի, որովհետեւ իր դրուածքով իւրայատուկ է որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ համայն յունահայութեան կեանքէն ներս: Ան յորդորեց շարունակականօրէն պահելու այդ դերակատարութիւնը, յատկապէս ու մասնաւորաբար` ՀԳԽ-ի ճամբով: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ ՀՕՄ-ի ընկերուհիները մեծ աշխատանք կը կատարեն ամէնուրեք, յատկապէս` իրենց կնոջական լայն ու տարածուն փորձառութիւնները կիսելով ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Սրբազան հայրը ողջունեց ՀԳԽ-ի հովանաւորութեան տակ գտնուող Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցին գործունէութիւնը, յատկապէս` Հայաստանէն եկած հայրենակիցներու մասնակցութիւնը, եւ շեշտեց, որ մայրենի լեզուն ու ինքնութիւնը հարկ է պահել անաղարտ ու ջինջ:
Եզրափակելով իր խօսքը, ան օրհնեց նոր վարչութեանց անդամները` մաղթելով, որ նախորդող վարչութիւններուն կտակած աշխատանքով շարունակեն ու ծաւալեն նոր գործունէութիւններ եւ ժամանակի նոր պայմաններուն համապատասխան, իրերայաջորդ մեր ժողովուրդի նոր սերունդի զաւակներուն կարիքներուն հասնին:
Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Հռչակման 100-ամեակին
* Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին նուիրուած ելոյթներու սկիզբը կատարուեցաւ 12 մայիսին, Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ երգահանդէսով մը:
ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Դրօ» խումբէն Լոռի Գրիգորեանը իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նէա Զմիռնիի մշակութային բաժանմունքի նախագահ եւ փոխքաղաքապետ Վանկելի Խաչատուրեանին, որ միշտ նեցուկ կանգնած է շրջանի միութիւններու նախաձեռնութիւններուն:
Այնուհետեւ ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեանը` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի (երգեհոն) եւ Գառնիկ Պաղտասարեանի (կիթառ):
* Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, 13 մայիսին տեղի ունեցաւ ընկերային երեկոյ` «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահին մէջ:
Բացումը կատարեց Արազ Պարսամեանը, որ անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն, Սարդարապատի հերոսամարտին, ինչպէս նաեւ` Շուշիի ազատագրման:
Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան Շաքէ, Սեդօ եւ Գառնիկ Պաղտասարեանները:
Ֆրանսա
Ֆրանսայի Մէջ Հայաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Ընդունեց Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին Անդամները
17 մայիսին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը ընդունեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին անդամները:
Տոլմաճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն` Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ հաստատուած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման իրենց բերած շարունակական նպաստին համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ հետագային սերտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:
Խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը խորհուրդի անդամներուն կողմէ շնորհաւորեցին եւ յաջողութիւն մաղթեցին նոր նշանակուած դեսպանին` վերահաստատելով իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու աջակցութիւնը հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն: