Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-ին – Ա.

Մայիս 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սիմոն Վրացեանի այս յուշագրութիւններու շարքը (1) ընթերցողը կը տանի 1918-ի անկախութեան ժամանակաշրջանը` միջավայրը, ժողովուրդին եւ Թիֆլիս բնակող ղեկավարութեան առօրեային մասին պատկերներ կը ներկայացնէ, յատկապէս ահաւոր դժուարին պայմաններու տակ գտնուող զինուորականներուն ռազմական-բարոյական իրավիճակը` ռուսական բանակին անկանոն նահանջէն ետք, ականատեսի երբեմն հեգնական երանգով շեշտուած նկարագրութիւններով (արեւմտահայերէնի վերածուած):

«Այդ տարի` 1918-ին, Հայաստանի ձմեռը առանձնապէս սաստիկ էր: Նոր տարին սկսաւ խիստ ցուրտով, բուք ու բորանով: Կարսէն, Կարինէն, Երզնկայէն, Մուշէն, ամէն կողմէն մարդու արիւնը սառեցնող լուրեր կը հասնէին ձիւնամրրիկներու, հաղորդակցութեանց գիծերու խանգարման, որբանոցներուն, զօրքին ու գաղթականներուն քաշած նեղութիւններուն մասին:

Սարիղամիշի լեռները ձմրան

Միաժամանակ ռազմաճակատի ու թիկունքի հրամանատարական կազմէն եւ քաղաքացիական իշխանութենէն հեռագրական յամառ պահանջներ կը հասնէին` աղերսարկու կամ սպառնական, ըստ հեռագրողի խառնուածքին, որ հայոց Ազգային խորհուրդի անդամները այցելեն ռազմաճակատ եւ մերձակայ վայրերը` զինուորներուն եւ ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար: Թիֆլիսի մէջ ձմեռը հաճելի էր. ձիւն չկար, օդը մեղմ էր եւ արեւի առատ ճառագայթները կ՛ողողէին մեծահարուստ Տէր Մարգարեանի (Միքայէլ Արամեա՞նց (2), ՅՉ) շէնքը Գոլովինսքի (այժմ` Ռուսթաւելի) պողոտային վրայ, ուր հայոց Ազգային խորհուրդը տեղաւորուած էր:

Ամէն առաւօտ կանաչ մահուդով (ռուս. կտաւի տեսակ) ծածկուած մեծ սեղանին շուրջ կը հաւաքուէին Ազգային խորհուրդի անդամները: Սեղանին գլուխը կը նստէր նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը, անոր ձախ կողմը` նախագահի օգնական Տիգրան Բէգզադեանը, աջ կողմը` Մոսկուայի կոմիտէի նախագահ եւ այժմ հայոց Ազգային խորհուրդի զինուորական գործերու վարիչ Ստեփան Մամիկոնեանը: Ապա` անոր օգնական Ռուբէն Տէր Մինասեանը, քարտուղար Յակոբ Քոչարեանը, սոցիալ-դեմոկրատ Արամայիս Երզնկեանը եւ ուրիշներ: Այդ ժողովներուն յաճախ ներկայ կ՛ըլլայի ես` իբրեւ «Հորիզոն» օրաթերթի խմբագիր, Սէյմի անդամ եւ չեմ գիտեր` ինչ:

Նախագահը կը բանար ժողովը: Քոչարեանը կը կարդար վերջին նամակներն ու հեռագիրները: Ներկաները կը հաղորդէին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները օրուան անցուդարձներուն մասին: Տեղի կ՛ունենար միտքերու փոխանակում: Ապա թէյ կը բերէին սպիտակ հացով եւ կարագ-պանիրով: Դուրսը դժուարութեամբ մթերք կը ճարէին, բայց  հայոց Ազգային խորհուրդը առատ թէյ ու շաքար ունէր: Եւ այնպէս հաճելի էր տաք եւ անուշ թէյը սպիտակ հացով ու կարագ-պանիրով, մանաւանդ` Հայաստանի սառնամանիքներուն եւ գաղթականներուն տառապանքներուն մասին հեռագրական լուրերէն ետք:

Թէյին կ՛ընկերանային զուարճալի մանրավէպեր: Ահարոնեանն ու  Բէգզադեանը աննման պատմողներ էին, իսկ երբ անոնց կը միանար Գիգա Խատիսեանը, կարելի էր ժամերով կախուած ըլլալ անոնց շրթունքներէն: Ուստի, բնաւ զարմանալի չէր, որ  հայոց Ազգային խորհուրդը միշտ «վաղուան նիստին» կը յետաձգէր ռազմաճակատ այցելելու հարցը:

Վերին Սարիղամիշը 1916-ին

Եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, զօրավար (Թովմաս) Նազարբէկեանի կտրուկ հեռագիրին վրայ էր, որ, վերջապէս, «վաղուան նիստը» հասաւ. ռազմաճակատի կացութիւնը աւելի քան սպառնական էր: Անհրաժեշտ էր «բան մը» ընել: Ի՞նչ բան. անհրաժեշտ էր նախ սեփական աչքով տեսնել եւ ուսումնասիրել իրական կացութիւնը` ընելիքը որոշելու համար: Որոշուեցաւ` հայոց Ազգային խորհուրդը անմիջապէս պէտք է մեկնի Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի), ուր կը գտնուէր զօրավար Նազարբէկեանի սպայակոյտը, այնտեղէն Կարս ու Սարիղամիշ` Եղէգնիկ:

5 մարտ 1918-ին մութ երեկոյ մըն էր, երբ խումբով մտանք հայոց Ազգային խորհուրդին յատկացուած գնացքի վակոնը: Ներկայ էին` Աւետիս Ահարոնեանը, Տիգրան Բէգզադեանը, Ստեփան Մամիկոնեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Արեւմտահայ խորհուրդի նախագահ Վահան Փափազեանը (Կոմս) եւ ես` Սէյմի լիազօրագիրը գրպանս: Երկաթուղային վարչութիւնը փաստօրէն վրացիներուն ձեռքն էր, եւ անոնց վերաբերումը` վրդովեցուցիչ:

Վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան կ՛ընդունի հայկական պատուոյ զօրախումբը ազատագրուած Սարիղամիշի կայարանին մէջ 1919-ին:

Հայոց Ազգային խորհուրդի նախագահին տրամադրութեան տակ վարչութիւնը դրած էր երրորդ կարգի վակոն մը` ջարդուած ապակիներով, կոտրտուած նստարաններով եւ աղտո՜տ: Ահարոնեանին զայրոյթը անսահման էր: Ան կ՛ուզէր առ որ անկ է բողոքել: Խիստ վրդոված էր նաեւ Բէգզադեանը, որ հայ-վրացական բարեկամութեան ջատագով էր: Ստեփան Մամիկոնեանը իր պաղ փիլիսոփայութեամբ հանդարտեցուց զանոնք, եւ հետզհետէ զանոնք իրողութեան հետ հաշտուեցան:

Այն ժամանակ հայ եւ վրացի ղեկավարութեան յարաբերութիւնները  այդպէս էին: Վրացիները աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ էին եւ առիթ չէին փախցներ վիրաւորելու հայերուն արժանապատուութիւնը (պէտք է նշել, որ շուրջ 400 հազար հայեր, ընդհանրապէս բարեկեցիկ եւ քանի մը մեծահարուստ կ՛ապրէին Վրաստանի մէջ, ՅՉ):

Ուշ գիշեր էր, երբ մեր գնացքը շարժեցաւ: Մեզի հետ էին, առանձին վակոնով, Հայ զինուորական միութեան անդամները Արսէն Շահմազեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք ալ չափազանց վրդոված էին վրացիներուն անիրաւութենէն. գոնէ երեսանց քաղաքավարութեան համար երկաթուղիի իշխանութենէն անձնաւորութիւն մը պէտք էր գար հայոց Ազգային խորհուրդին բարի ճանապարհ մաղթելու…

Ալեքսանդրապոլի մէջ ընդունելութիւնը ջերմ էր: Զօրավար Նազարբէկեանին եւ սպայակոյտին հետ խորհրդակցելէ եւ պաշտօնական այցելութիւններէն ետք, խորհուրդը Կարս մեկնեցաւ: Մեզի միացան նաեւ զօրավար Նազարբէկեանը իր սպայակոյտով եւ` Վահան Նաւասարդեանը, որ այն ժամանակ, եթէ չեմ սխալիր, տակաւին Ալեքսանդրապոլի քաղաքապետին` Ալեքսանտր Խատիսեանի օգնականն էր:

Եկատարինէ ցարուհիին Սարիղամիշի ամարանոցը սոճիի անտառներուն մէջ

Ջերմ էր ընդունելութիւնը նաեւ Կարսի մէջ: Բերդապահ զօրավար Դէյեւը եւ իր օգնական Միշա Արզումանեանը ցոյց տուին բերդին ամրութիւնները, լաւ ճաշով եւ գեղեցիկ ճառերով ու վառ յոյսերով մեզ ճամբու դրին դէպի Սարիղամիշ, ուր կը գտնուէր ռազմաճակատի հրամանատար զօրավար (Միշա՞, ՅՉ) Արէշեանի սպայակոյտի կեդրոնը (պէտք է նշել, որ յեղափոխութեան պատճառով կարգ մը ռուս զինուորականներ ճակատը չլքեցին կամ յեղափոխութեան կողմնակից չէին, եւ կամ կ՛ուզէին պահպանել զինուորական առաւելութիւնը եւ հողը, ՅՉ):

Այստեղ արդէն պատկերը տարբեր էր: Ճիշդ է` զօրավար Արէշեանն ալ մեզ լաւ ճաշով հիւրասիրեց սպաներու ժողովարանին մէջ, եւ նոյնիսկ ճառեր ալ  արտասանուեցան, բայց ընդհանուր մթնոլորտը բնաւ պերճախօսութեան չէր նպաստեր:

Սարիղամիշ հասնելէ եւ ընդունելութեան արարողութենէն ետք խորհրդակցութիւնը սկսաւ, որ ընդհատուեցաւ ճաշի համար: Ապա հազիւ խորհրդակցութեան վերսկսանք, ճակատէն լուր հասաւ, որ թշնամին յարձակման անցած է Հարամ Վարդանի կողմէն, եւ կացութիւնը լուրջ է: Զօրավար Արէշեանը բռնեց սիրտը, ան զարմանալի յատկութիւն ունէր լուրջ պահերուն իր ներկայութիւնը զգացնելու: Զօրավար Նազարբէկեանը փսփսաց զօրավար (Եւկենի) Վիշինսկիի ականջին, Ահարոնեանը եւ Բէգզադեանը լռելեայն խորհրդակցեցան իրարու հետ: Ստեփան Մամիկոնեանը խորհրդակցութեան մէջ էր ինքն իրեն հետ: Դուրսը իրարանցում կը նկատուէր: Լարուած դէմքով սպաներ կը մտնէին եւ կ՛ելլէին…

Ինչպէ՞ս եղաւ, ո՞վ որոշեց` չհասկցայ: Բայց իմացայ` որոշուեր էր, որ խորհուրդի անդամները եւ զօրավար Նազարբէկեանի սպայակոյտը անմիջապէս պէտք էր հեռանային եւ այստեղ պիտի մնային` Ապահովութեան խորհուրդէն Վահան Փափազեանը, հայոց Ազգային խորհուրդէն ձեր խոնարհ ծառան եւ Վահան Նաւասարդեանը: Մեր դերը պէտք էր ըլլար սիրտ տալ եւ աջակցիլ զօրավար Արէշեանին` պաշտպանելու ռազմաճակատը, որ բնաւ պաշտպանուելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար:

Պէտք է խոստովանիմ, որ հայոց Ազգային խորհուրդին եւ բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան ռազմավարական նահանջը այնքան ալ նպաստաւոր չէր ճակատի ռազմահոգեբանական կացութեան, ոչ ալ մեր` մնացողներուս հոգեռազմաբանական տրամադրութեան: Մենք կը կարծէինք, որ փախուստի աւելի վայելուչ ձեւ կարելի էր գտնել…

Ինչ որ է: Այստեղ նպատակս այդ օրերու լրիւ պատմութիւնը ներկայացնելը չէ: Ոչ ալ կ՛ուզեմ մեր երեքիս` Փափազեանի, Նաւասարդեանի եւ իմ հերոսական գործունէութիւնը արձանագրել. անոր համար անշուշտ կը գտնուի նոր Հոմերոս մը: Ես գրիչ առի միայն արձանագրելու համար քանի մը դէպքեր` Սարիղամիշի վիպական օրերէն, քանի մը փոքր յիշողութիւններ, որոնք ծանրացած են մտքիս ու խղճիս վրայ, եւ որքան տարիները անցնին, այնքան աւելի կը ճնշեն հոգիս:

Զարմանալի է մարդ արարածը: Կը յիշեմ Փարիզի մէջ դատավարութիւն մը, որուն ներկայ էի: Ֆրանսուհի մը իր ձեռքով սպաննած էր ամուսինը եւ այժմ, դատաւորներուն առջեւ, գլուխը բարձր, ամուր ձայնով, համարձակութեամբ կը պաշտպանէր իր արարքը: Մէկ ալ, ուրտեղէ՞ն ուր, ճիշդ ամբաստանեալին առջեւէն վազեց… մուկ մը: Կինը սարսափահար ճչաց եւ ուշաթափ ինկաւ: Դատավարութիւնը ընդհատուեցաւ:

14 մայիս 2018
(Շար. 1)

———————-

(1) «Կեանքի ուղիներով. դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 187-201:

(2) Ըստ Ալեքսանտր Խատիսեանի նաեւ այլ աղբիւրներու, հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վրաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններուն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?