Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 68-էն Յիսուն Տարի Ետք` (Հայկական) Յեղափոխութիւնը 21-րդ Դարուն

Մայիս 31, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը սկսած, կազմակերպած եւ իր յաջող աւարտին հասցուցած երիտասարդութիւնը շատ հաւանաբար անտեղեակ է, որ իր նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի Փարիզի մէջ մայիս 1968-ին ծայր առած ուսանողական ըմբոստութեան եւ զօրաշարժի յիսնամեակին:

Մայիս 68-ը, ինչպէս ժողովրդականացաւ երեւոյթը, պատմութիւն է արդէն: Բայց, ինչպէս այդ օրերու անցուդարձերուն մասին արդէն լոյս տեսնելու սկսած բազմաթիւ յօդուածներ եւ պարբերաթերթերու յատուկ համարներ ցոյց կու տան, կէս դար ետք տակաւին կենդանի եւ բանավէճի առարկայ է անոր ունեցած համաշխարհային անդրադարձը: Իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ այն ժամանակ, ոչ ալ աշխատաւորութիւնը ոտքի կանգնեցաւ` միանալու համար ուսանողական ցոյցերուն: Բայց մայիս 1968-ը առաջնորդեց հասարակութեան մէջ մշակութային եւ բարքերու արմատական փոփոխութեան: Այս իմաստով, մայիս 68-ը եղաւ ազատագրման եւ, հետեւաբար, քաղաքական նորարարման շարժում մը: Անշուշտ ճիշդ չէ համաշխարհային մակարդակով հասարակական վերափոխումի երեւոյթին պատճառական կապը տեսնել մէկ անդրադարձի մէջ: Փաստօրէն, Սորպոնի համալսարանէն սկսած ուսանողական զօրաշարժին նախընթաց էր Միացեալ Նահանգներու Պըրքլիի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը, որ վերածուեցաւ Վիեթնամի պատերազմին դէմ ծառացած շարժումի: Մարթին Լութեր Քինկ եւ Չէ Կեւարա արդէն իրենց դրոշմը դրած էին խտրականութեան թէ շահագործումի դէմ պայքարի տարբեր բնորդներու, եւ դեռ կարելի է բազմաթիւ այլ օրինակներ նշել: Բայց փարիզեան մայիս 1968-ը ունէր իր յատուկ քաշողականութիւնը, այնպէս, ինչպէս որ 1789-ի Ֆրանսական յեղափոխութիւնը ունեցած էր, հակառակ որ անգլիական թէ ամերիկեան յեղափոխութիւնները անոր նախորդած եւ նոյնիսկ ներշնչում եղած էին: Մայիս 68-էն ետք, օրինակի համար, բնապահպանական շարժումը վերածուեցաւ Կանաչներու քաղաքական ուժին եւ անոր հիմնադիր ղեկավարներէն շատեր մայիսեան զօրաշարժին մասնակիցներ էին: Ի տարբերութիւն Ֆրանսական յեղափոխութեան յաջորդած բոլոր յեղափոխական շարժումներուն` մայիս 68-ը ընկերատնտեսական առարկայական պայմաններու դրդումով ծայր առած զօրաշարժ մը չէր: Անոր մղիչ էական ուժը մտաւորականներն էին, որոնք կը կոչուէին` Սարթր, Լաքան, Ֆուքոլթ, Ալթիւզեր… Անոնց գրութիւններն էին, անոնց դասերն էին, անոնց ժողովրդական յանձնառութիւնն էր, որ կախարդեց ամբողջ երիտասարդութիւնը, եւ ոչ միայն` Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի մէջ:

Մայիս 1968-ի հետեւանքները անշուշտ միայն դրական չէին: 1980-ական թուականներուն քաղաքական թէ ընկերային պահպանողականութեան վերադարձը Ռիկընի ու Թաչըրի հետ, որոշ չափով հակազդեցութիւն էր մայիս 68-ին յաջորդած հասարակական բարքերու արմատական ազատականացման: Աւելի՛ն. այդ օրերուն Փարիզի փողոցներուն մէջ Սարթրին ու Ալթիւզերին կողքին քալող ուսանողներէն շատեր, որոնք Չինաստանի մէջ նոյն տարին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած Մշակութային յեղափոխութիւնը ողջունած էին, տասնամեակ մը յետոյ վերածուած էին գաղափարախօսական վերադարձը կատարող քաղաքական աջի օրկանական մտաւորականներու: Նախկին ծայրայեղ ձախ մտաւորականներու նման` շրջադարձի հիմնական պատճառը խորհրդային համայնավարութեան իրականութեան իրենց գիտակցումն էր Սոլժենիցիի գործին ընդմէջէն եւ վերարժեւորումը` ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու, որոնք ցարդ արհամարհուած էին որպէս քաղքենիական երեւոյթներ: Ի դէպ, 1968-ը միայն ձախակողմեան գունաւորում ունեցող փարիզեան մայիսը չէր: Անիկա նաեւ «Փրակայի գարուն»-ի տարին էր, երբ այն ատեն Չեխոսլովաքիոյ մէջ, դարձեալ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, փորձ կատարուեցաւ «մարդկային դէմքով ընկերվարութիւն» կերտելու: Ընկերվարութեան «մարդկայնացումը», որ ո՛չ քաղաքական բնոյթի էր, ո՛չ ալ հարցականի տակ կը դնէր գաղափարախօսական արժէքները, այնքան վախցուց խորհրդային ամբողջատիրութիւնը, որ հրասայլերու տակ ճզմեց համակարգը, ոչ թէ քանդելու, այլ` փրկելու այդ յոյսը: Կը մնայ, որ մայիս 1968-էն անմիջապէս ետք էր, որ Եւրոպայի մէջ Պաղ պատերազմի կարծրատիպը տեղի տալու սկսաւ, այն ատեն Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետ ընկերվար-ժողովրդավար Ուիլի Պրանտը թապու մը քանդելով` յարաբերութիւններ հաստատեց Արեւելեան Գերմանիոյ հետ սկիզբ տուաւ Օսթփոլիթիքին որ, 1970-ականներուն, Տեթանթի ոլորտին մէջ, ենթահող ստեղծեց Հելսինքեան համաձայնագիրին: Մոսկուայի կողմէ արհամարհուած այդ փաստաթուղթին անդրադարձը հազիւ թէ հարցականի տակ կը դրուի այսօր: Արեւելեան Եւրոպայի մէջ անիկա վերածուեցաւ այլախոհական շարժումի ազատագրութեան գլխաւոր դրօշակին, որ բարձր ծածանեցաւ 1980-ականներու աւարտին ծայր առած «թաւշեայ» յորջորջուած յեղափոխութիւններուն ժամանակ:

Մայիս 68-ը շատ հաւանաբար իր հետքը ձգեց նաեւ օրին հասակ առնող սփիւռքի երրորդ սերունդին վրայ: Այնպէս, ինչպէս օրին միջազգային ոլորտը յատկանշող բոլոր այլ յառաջդիմական երեւոյթները, ի մասնաւորի` Երրորդ աշխարհի մէջ ծաւալող ազատագրական շարժումները: Թէ ինչպէ՛ս արժեւորել այդ անդրադարձը` արդէն պատմա-ընկերաբանական (historical sociology) մասնագիտական ուսումնասիրութեան խնդիր է, որ երանի տոքթորական աստիճանի կոչումի պատրաստուող ոեւէ ընկերային գիտութեանց մասնագէտ հետաքրքրէ: Անհրաժեշտ նիւթ մը, համանման արդէն իսկ առաջին ուսումնասիրութեան մը առարկայ դարձած` «Հայերը եւ Պաղ պատերազմը», կամ` աւելի արդիական եւ հետեւողականօրէն քննարկուող «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» նիւթերուն, ի խնդիր սփիւռքագիտութեան ամրակայման որպէս գիտա-ուսումնասիրական ոլորտ: Սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայութեան պատմական գործընթացին մէջ 1965 թուականն է, որ անկիւնադարձ կը համարուի. խորհրդանշական ծնունդը երրորդ սերունդին եւ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին:

Թէ Հայաստանի մէջ «երրորդ սերունդ» հասկացողութիւնը կ՛իմաստաւորուի՞, թէ՞ ոչ, առանձին վերլուծում է: Յստակ է սակայն, որ խորհրդային կարգերուն դէմ ծաւալած այլախոհական շարժումը թափ առաւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին պատահած հաւաքական «Մե՛ր հողերը, մե՛ր հողերը» պոռթկումէն ետք եւ իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ անկախութեան ենթահողի պատրաստման: Բայց դժուար թէ մայիս 68-ը որեւէ ձեւի անդրադարձ մը ունեցած ըլլար յետ-1965, հայրենի սերունդին վրայ. որքան ալ որ խորհրդային իշխանութիւնները յաւուր պատշաճի ողջունէին ձախ-յառաջդիմական բնոյթի հաւաքական զօրաշարժի կամ ըմբոստութեան երեւոյթներ. անոր գործնապէս զօրակցիլը մեծապետական ռէալփոլիթիքի պրիսմակէն պիտի անցնէր անպայման: Խորհրդային ամբողջատիրութիւնը շատ զգուշ էր նաեւ ապստամբական բոլոր զօրաշարժերու եւ ազատագրական պայքարներու յատուկ քննադատական ոգիին ազատ ասպարէզ բանալու` քաջ գիտակից անոր պումերանկային ազդեցութեան ռիսքին: Ի դէպ, ոչ իսկ մարքսիզմ-լենինիզմի երրորդաշխարհեան թէ օրին Արեւմուտքի մէջ տիրապետող գոյութենական, կառուցային թէ հոգեվերլուծական տեսանկիւններէ կատարուած ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները հրապարակային քննարկման առարկայ էին: Խորհրդային համակարգին համար եւրասիական աշխարհատարածքին վրայ պատմութեան էջը արդէն դարձած էր, պատմութիւնը իր «աւարտ»-ին հասած էր` պիտի ըսէր Ֆուքույամա… Ամբողջատիրական ամէն համակարգերու յատուկ այդ ինքնախաբէութեան թմբիրին վերջ պիտի տար այլախոհական շարժումը, յատկապէս` Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, եւ «Ազգութիւններու հարց»-ը` խորհրդային աշխարհատարածքին:

Բնական է, որ հայկական «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը ինքզինք շատ աւելի արտացոլուած տեսնէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարական կարգերը տապալած հակա-ամբողջատիրական ժողովրդային զօրաշարժերու հայելիին, քան մայիս 1968-ի իւրայատուկ ձախ-յառաջդիմական եւ հակակայսերապաշտական գաղափարախօսական հայելիին մէջ:

Հոս հետաքրքրական է վեր առնել «թաւշեայ» որակաւորման նախընտրութիւնը «գունաւոր» յեղափոխութենէն: Այս վերջինը յատուկ էր 2004-ի եւ 2008-ի ժողովրդային զօրաշարժերուն, որոնց ղեկավարները փութացին Հայաստանը ընդգրկել Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ երկիրներու շարքին եւ ընդգծել իրենց արեւմտեան թեքումը: Կրնայ ըլլալ, որ այդ մէկը այդ օրերուն դերակատարութիւն ստանձնելու փութացած քաղաքական դէմքերու համոզումն էր: Միաժամանակ, սակայն, ո՞վ պիտի չուզէր Սահակաշվիլիի նման Արեւմուտքի յատուկ գուրգուրանքի առարկայ դարձած ղեկավարի մը վերածուիլ եւ օգտուիլ այն ժամանակ այնքան առատօրէն բաշխուող գումարներէն… «Թաւշեայ» որակաւորումը համահունչ է խաղաղին, բայց նաեւ իր պատմական ծնունդը շատ աւելի հակահամայնավար էր, քան` հակառուս, ինչպէս հետագային կամայ թէ ակամայ եղան «վարդերու» թէ «նարնջագոյն» յեղափոխութիւնները:

Երեւանի փողոցներուն մէջ սկսած ժողովրդային զօրաշարժին գլուխն անցած Քաղաքացիական պայմանագրի եւ ԵԼՔ ընտրական դաշինքի ղեկավարին ազատականութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ, ոչ ալ` այդ ազատականութեան արեւմտեան արժեհամակարգին իր համոզումը: Այդ արժեհամակարգը ծնունդ է Եւրոպայի մէջ աւատապետական կարգերը տապալած եւ հանրապետական համակարգեր հաստատած լուսաւորութեան դարուն: Այդ արժեհամակարգին զարգացման արդիւնք է Բ. Միջազգայնականի յատուկ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, որ հիմնական դերակատարը եղաւ 19-րդ դարուն աշխատաւորական շարժման պայքարի պահանջներու օրինականացման ե՛ւ ժողովրդավարութեան, ե՛ւ քաղաքացիական իրաւունքներու տարածման: Այս արժեհամակարգը նաե՛ւ ինքզինք կը պարտադրէ` որպէս հակաթեզ վերջին քսանամեակին Հայաստանի մէջ հաստատագրուած օլիկարխային հասարակարգին եւ մենաշնորհային դրամատիրական տնտեսակարգին: Մենաշնորհներուն վերացումը շուկայի ազատագրում է, մարդ-անհատի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միլիոնատէրերու առանձնաշնորհումներուն վերացումն է: Փտածութեան դէմ պայքարը ժողովրդավարութեան ամրապնդումն է:

Ճիշդ է, որ ազատականութիւնը, որպէս անհատակեդրոն գաղափարախօսութիւն, կրնայ իր ամենատարրական ընկալումին մէջ ընդդիմանալ որեւէ համայնքականութեան, ընդ որում` նաեւ ազգային հաւաքականութեան, եւ իտէալականացնել կոսմոպոլիտանիզմը: Բայց այդ չէ պարագան հայկական յեղափոխութեան. վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք Արցախ կատարած իր այցելութիւնը, առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս, եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստուած եւ փորձառու մասնագէտի մը վստահելու իր որոշումը յստակ պատգամ է 1988-ի սկսած պատմական յառաջընթացի եւ ազգային անվտանգութեան յանձնառութեան: ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչի ընտրութիւնը արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնին եւ Արցախէն ետք իր երկրորդ արտերկրեայ ճամբորդութիւնը Ռուսիա կատարելու եւ նախագահ Փութինին հետ հանդիպելու զոյգ իրողութիւնները իրենց կարգին կու գան յուշելու արտաքին աշխարհաքաղաքական հրամայականներու գիտակցութեան առկայութիւնը եւ ոչ թէ` յեղափոխական արկածախնդրութիւնը: Տակաւի՛ն. շարժման առաջին գիծի վրայ գտնուող երիտասարդութեան մէկ կարեւոր հատուածը 2016-ի պատերազմը ապրած զինակոչիկներն էին, որոնց հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնելը միայն ստորնութիւն է: Եւ ո՞վ, աւելի քան` այդ երիտասարդները, կրնայ երաշխիք ըլլալ հայկական յեղափոխութեան ազգային անվտանգութեան յանձնառութեան:

Արցախեան դատին հանդէպ յանձնառութիւնը, ազգային անվտանգութեան գիտակցութիւնը եւ արտաքին աշխարհաքաղաքական հրամայականներու նկատառման փաստը կու գան ցոյց տալու, որ հայկական յեղափոխութիւնը սորված է 2004-ի, 2008-ի, եւ մանաւանդ 2013-2014-ի դասերը` խուսափելու համար ե՛ւ զօրաշարժի բովանդակազրկումէն, ե՛ւ անոր «մայտան»-ացումէն: Այս ձեւով եւ ապահովուեցաւ յեղափոխութեան «հայկականութիւնը` որպէս էապէս ներազգային համակարգային փոփոխութեան ձգտող զօրաշարժ: Այս իւրայատկութեան ծիրին մէջն է նաեւ, որ լիովին կ՛արժեւորուի Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրը, հայկական դիւանագիտութեան ամենակարեւոր նուաճումներէն մէկը, որ նոր կառավարութիւնը ժառանգ կը ստանայ` անոր լիիրաւ գործնականացման մարտահրաւէրին հետ մէկտեղ: Եւրոպական Միութիւնը եզակի այն երեւոյթն է, որ իր գոյութիւնը կը հիմնաւորէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց, տագնապներու խաղաղ լուծման, միջազգային բազմակողմանի համակարգի եւ բնապահպանման արժէքներու պաշտպանութեան յանձնառութեամբ եւ պատրաստ օգնելու ամէն երկրի, որ տրամադիր է այդ արժէքակարգը իւրացնելու: 2013-ին Պրիւքսել աճապարած էր նախագահ Սարգսեանին կամ ընկերակցութեան պայմանագիր կամ Եւրասիական տնտեսական միութիւն կտրուկ այլընտրանքին առջեւ դնելու, յետոյ միայն անդրադառնալու համար նման քայլի ոչ շինիչ հետեւանքներուն: Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Եոհաննէս Հահնի միացեալ հաղորդագրութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոր վարչապետին հետ աշխատելու: Հայաստանի կողքին ըլլալու Եւրոպական Միութեան այս պատրաստակամութիւնը խրախուսիչ եւ իրական գործօն է համակարգային փոփոխութիւնը անցնցում յառաջ տանելու համար:

Կը մնայ, որ հայկական յեղափոխութեան իւրայատկութիւնը միայն ներազգային ոլորտով չսահմանափակուի: Հայաստանէն քաղաքական գործիչներ իրենք իրենց համաշխարհային յեղափոխութեան մը առաքելութիւնը չվերագրեցին: Ի տարբերութիւն Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որ 1990-ական թուականներուն ղարաբաղեան շարժումին կը վերագրէր Խորհրդային Միութեան փլուզման մեկնակէտը, Փաշինեան զուսպ եւ զգուշ է` յեղափոխութիւնը տեղադրելով բացառաբար ներհայկական ոլորտին մէջ: Այդ մէկը չի նշանակեր սակայն, որ պատահածը իր արձագանգը չունեցաւ կամ անդրադարձ պիտի չունենայ Հայաստանէն եւ հայաշխարհէն անդին: Սկսելու համար, իր անմիջական տարածաշրջանին մէջ, Ռուսիայէն մինչեւ Ազրպէյճան, ուր ժողովրդավարութիւնը խեղկատակութեան վերածուած է` ապահովելով իշխանութեան վրայ անձերու կամ ընտանիքներու յարատեւումը: Հակասութիւնը անշուշտ զօրաւոր է մանաւանդ Ազրպէյճանի հետ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ երկու հասարակութիւններու քաղաքական զարգացման մակարդակի տարբերութիւնը: Կովկասեան տարածաշրջանէն անդին, ինչպէս «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի 12 մայիսի խմբագրականին մէջ կը կարդացուի, հայկական յեղափոխութեան յաղթանակը ժողովրդավարութեան առողջութեան մասին համաշխարհային մակարդակով հրատապօրէն սպասուած ուրախ լուրն է:

Ժողովրդավարութեան ապրած տագնապալի այս ժամանակներուն, երբ «թաւշեայ» յեղափոխութիւններու օրրան արեւելեան Եւրոպայի մէջ իսկ այլամերժական եւ աջ-ֆաշական ուժեր ժողովրդային քուէով իշխանութեան կը հասնին` արեւմտեան արժեհամակարգին մարտահրաւէր ուղղելով, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նորագոյն նուաճումը կ՛արձանագրուի եւ հայկական յեղափոխութիւնը կը ներկայանայ` որպէս այդ համակարգին նոր որակ ներարկող հասարակական երեւոյթ մը, ե՛ւ եզակի` որպէս նորութիւն, ե՛ւ ժողովրդավարութեան ամենաարմատական յաջող կիրարկման կարողական տեսութիւն: Հայկական յեղափոխութիւնը, փաստօրէն, եկաւ փաստելու, որ ոչ միայն կարելի՛ է խաղաղ իշխանափոխութիւնը, այլեւ կարելի է այդ իշխանափոխութիւնը իրականացնել պետական հաստատութիւններու ամբողջական յարգանքով: Խօսքը կը վերաբերի ժողովրդային ճնշման եւ Ազգային ժողովին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերու մասնակցութեամբ իշխանափոխութիւն իրականացնելու անակնկալօրէն զիրար լրացուցած երկու սկզբունքով իրերամերժ գործընթացներուն:

Արդարեւ, եթէ միայն յեղափոխական իշխանափոխութիւն ըլլար, կարելի էր նաեւ տարբեր հանգուցալուծում մը երեւակայել` ի դէմս փողոցային ճնշումով կազմաւորուած կառավարութեան մը, որ խորհրդարանը լուծէր եւ նոր ընտրութիւններու հրաւիրէր: Միւս կողմէ, օրէնսդիր իշխանութեան մէջ տակաւին մեծամասնութիւն եղող քաղաքական ուժը կրնար եւ հաստատ մնալ «ժողովուրդի թեկնածու»-ն մերժելու որոշումին վրայ եւ ինքզինք արդարօրէն յայտարարել սահմանադրական իրաւասութեամբ օժտուած միակ կառավարական մարմին: Բայց այդպէս չեղաւ. փողոցի զօրաշարժն ու նորաստեղծ խորհրդարանական կառավարելաձեւը զիրար ամբողջացուցին: Եւ արդար է հարց տալ, թէ քաղաքական տագնապի նման հանգուցալուծում մը կարելի պիտի ըլլա՞ր նախագահական կառավարելաձեւի պարագային…

Հայկական յեղափոխութեան այս եզակիութիւնն է ահաւասիկ, որ քաղաքական մտածողութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսութեան յաւելեալ զարգացման վերլուծական աշխատանքի կարողական դաշտ ստեղծած է:

Բայց ապակողմն որոշիչ եւ մինչեւ իսկ ժխտական են բոլոր այն վերլուծումները, որոնք հայկական յեղափոխութիւնը կ՛որակեն որպէս ապագաղափարախօսական զօրաշարժ: Աւելի՛ն. կամայ թէ ակամայ այս տեսանկիւնը ունի քաղաքական եւ գաղափարախօսական յստակ ենթահող մը` Ֆուքույամայի դասական «Պատմութեան աւարտ»-ի 1990-ականներու յետպաղպատերազմեան տիրապետող յարացոյցը: Ընդ որում, ենթադրել, որ խաղաղ իշխանափոխութիւնը կատարուեցաւ յանուն միայն ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան (representative democracy) վերահաստատման, կը նշանակէ, որ համակարգային բոլոր խնդիրներուն հիմնապատճառը հանրապետական բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ անոր աղաւաղումն է, եւ տեղի ունեցածը սրբագրական շարժումն է: Այս ենթադրութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի յանգի անոր, որ միակ անհրաժեշտութիւնը թեքնիք բնոյթի սրբագրութիւններ են: Այսինքն` ընտրական օրէնքի ձերբազատումը «ռէյթինկային»-ի թակարդէն եւ պետական հաստատութիւններու ձերբազատումը օլիկարխներու տիրակալութենէն եւ մենաշնորհներու վերացումով մրցակցական դաշտի մաքրազերծումը, որպէսզի անհատական նախաձեռնութիւնները չբախին փտածութեան արգելքներուն, նշելու համար` առաջին կենսական բարեփոխումները, որոնք օրակարգի վրայ են: Հետեւաբար, եթէ ազատական ժողովրդավարութիւնն ու ազատ տնտեսութիւնը վերահաստատուին պետական վարչակարգին մէջ, եւ ստեղծուի վերահսկողութեան ամուր մեքանիզմ մը, որ երաշխաւորէ քաղաքական թէ տնտեսական գործընթացներուն օրինականութիւնն ու թափանցիկութիւնը, համակարգային փոփոխութիւնը իրականացած կ՛ըլլայ: Այս էր գաղափարախօսական ենթահողը որուն վրայ ՀՀՇ-ական կառավարութիւնը ընթացք տուաւ պետականաշինութեան եւ ազատշուկայական տնտեսութեան հաստատման գործընթացին: ՀՀՇ-էն ետք իշխանութեան հասած քաղաքական ուժերը, ի մասնաւորի` Հանրապետականը, այս սկզբունքային մեկնակէտը հարցականի տակ չառաւ, պարզապէս անոր հագցուց ազգայնականութեան, «նժդեհականութեան», գաղափարախօսական տարազ եւ զայն ուղղորդեց դէպի օլիկարխի շահերը պահպանող եւ ինքնավերարտադրուող համակարգ: Սկզբունքով ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ թեքնիք սրբագրումները, որոնք կրկնութեան գնով պէտք է հաստատել, կենսական են, որպէսզի համակարգային փոփոխութիւններու ընթացք տրուի, պիտի չյանգին նորին մէջ հինը վերարտադրելու սխալին: Այսինքն համակարգային հիմնախնդիրները` ընկերային ապահովութիւն, հարստութեան արդար բաժանում, ընկերատնտեսական պատճառներով արտագաղթի կասեցում, կենսամակարդակի բարձրացում, ընկերային տեղաշարժ դէպի աւելի բարեկեցիկ կեանք եւ, մանաւանդ, լաւագոյն ապագայի յոյս` բոլոր քաղաքացիներուն, որ նաեւ հայրենադարձութեան վերախթանումի հիմնական ազդակ է, պիտի մնան անփոփոխ: Այդ մէկը յեղափոխութեան ամենամեծ ձախողութիւնը պիտի ըլլայ:

Համաժողովրդական զօրաշարժը կազմակերպող երիտասարդները միայն տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ընկերային ցանցերու մասնագէտներ չեն: Դիմատետրն ու համացանցային մնացեալ բոլոր միջոցները անկասկած մարտավարական մեծ ճկունութիւն կու տան զօրաշարժերուն եւ աւելի ազդեցիկ են, քան արդէն ժամանակավրէպ դառնալու սկսած լրատուական միջոցները` հեռուստատեսութիւն եւ տպագիր մամուլ, որոնք պետութեան եւ եթերային ժամանակահատուածներու գինը ծանուցումներով վճարելու պատրաստ մեծ դրամագլուխին մենաշնորհը մնացած էին: Ի տարբերութիւն ամբողջատիրական այլ պետութիւններու, Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները, ի պատիւ իրենց, համացանցին վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու փորձութեան չեն մատնուած, եւ խօսքի ազատութիւնը այս իմաստով յարգուած մնաց: Բայց Եգիպտոսի մէջ Թահրիրի հրապարակի զօրաշարժն ու մինչեւ իսկ ուքրանական մայտանը նաեւ ընկերային ցանցերը օգտագործեցին, եւ արդիւնքը շատ հեռու է երկու իշխանափոխութիւններու ներշնչած փոփոխութեան հեռանկարէն: Մօտէն հետեւելով հայկական յեղափոխութեան զօրաշարժային նախաձեռնութիւններուն` կարելի է ենթադրել, որ խաղաղ յեղափոխութիւններու գլխաւոր տեսաբան Ճին Շարփի (Gene Sharpe, 1928-2018) գրութիւններուն ոչ միայն տարրին, այլ նաեւ ոգիին ծանօթ էին: Շարփ, որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ յունուարին, որուն գրութիւններուն մէջ Կանտիին, Թհորոյին եւ համանման մտածողներու ազդեցութիւնը մեծ է, ոչ բռնի պայքարի իր տեսութեամբ հետամուտ էր արմատական եւ ոչ միայն ձեւական ժողովրդավարութեան, հակառակ որ իր ներշնչումով «գունաւոր» յեղափոխութիւնները անտեսած են իր գաղափարախօսական արմատականութիւնը եւ յառաջդիմականութիւնը: Հայկական իրականութեան մէջ ժողովրդավարութեան արմատականացման հեռանկարը շատ աւելի է, քան` մենաշնորհներու վերացումը թէ փտածութեան դէմ պայքարը: Փաստօրէն, Երեւանի փողոցներուն մէջ բարձր կը հնչէին նաեւ ընկերային արդարութեան ամէն ձեւի պահանջ, ընդ որում` նաե՛ւ հարստութեան աւելի արդար բաժանում եւ ոչ թէ «մեծահոգի» օլիկարխներու «քրիստոնավայել» բարեգործութիւն` իրենց աւարտէն պատառիկներ բաժին հանելու համար աշխատաւոր ժողովուրդին: Նոր չէին այս պահանջները: Բայց միայն յեղափոխութիւնը յաջողեցաւ ատոնք լսելի դարձնել նաե՛ւ անոնց, որոնք ցարդ խուլականջ կը ձեւանային…

Հայկական յեղափոխութեան առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակուած է: Տեղի ունեցաւ անարիւն իշխանափոխութիւն, պետական համակարգը կայուն մնաց, սահմանադրական կարգը յարգուեցաւ եւ խորհրդարանական կառավակարգը ահաւասիկ դէմ յանդիման կը գտնուի նախագահական կառավարակարգի կողմէ անտեսուած եւ արհամարհուած համակարգային փոփոխութեան ժողովրդային պահանջին գոհացում տալու մարտահրաւէրին: Օրակարգի հարց է ընտրական օրէնքի վերատեսութիւնն ու նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւնը: Այս վերջինին հեռանկարը հայրենի հասարակութեան մէջ քաղաքական-գաղափարախօսական դաշտի վերաձեւաւորման ոսկի առիթ պիտի ստեղծէ: Կասկած չկայ, որ մեծ դրամագլուխը նոր իրավիճակին յարմարելու ջանքին արդէն իսկ հետամուտ է: Անոր ֆինանսական կարողութիւններուն քաշողականութիւնը մեծ է եւ կրնայ փորձութեան ենթարկել բոլորը: Ահաւասիկ հոս է, որ անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի հայկական իրականութեան մէջ կեդրոն-ձախ գաղափարախօսական դաշտի կազմաւորման եւ ընդլայնման: Այդ դաշտին մէջ պէտք է տեսնել համակարգային փոփոխութեան ծիլերու աճը` 21-րդ դարու Germinal մը, ինչպէս Էմիլ Զոլայի համանուն վէպին աւարտը այնքան գեղեցիկ եւ յուսատու կը նկարագրէ:

 

 

Նախորդը

Արամ Մանուկեանի Սիրտը Դեռ Կը Տրոփէ Արարատի Գագաթին (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ)

Յաջորդը

Ամերիկացի Ծերակուտական Մը Գործարարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Մէջ Ներդրումներ Չկատարելու

RelatedPosts

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը
Անդրադարձ

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Մարտ 22, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

Մարտ 22, 2023
Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը
Անդրադարձ

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In