Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 30, 2018
| Հայրենի Կեանք
1
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Փրոֆ. Վան Պլում Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Արցախի Պաշտօնատար Անձերու Հետ

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Արցախ գացած «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի իրաւագիտութեան դասախօս փրոֆ. Փոլ Վան Պլում եւ իր կինը, որոնց կ՛ուղեկցէին «Ասպարէզ» թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատուրեանը եւ Փոլ Վան Պլումի ուսանող Վարանդ Անմահունին, հինգշաբթի, 24 մայիսին տեսակցութիւն ունեցան Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեանին հետ, այնուհետեւ փրոֆեսէօրը համալսարանի ուսանողներուն դասախօսութիւն տուաւ քաղաքական եւ միջազգային իրաւունքի մասին:

Նոյն օրը փրոֆ. Վան Պլում տեսակցութիւն ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանին հետ:  Յայտնենք, որ նախարարը նիւթեր տրամադրեց Վան Պլումին` իր ուսանողներուն Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնելու համար:

Ցուցահանդէս` Առաջին Հանրապետութեան Արժէքաւոր Փաստաթուղթերու

Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ, որ եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի շէնքը, ներկայացուած են արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթեր:

Ցուցադրութիւնը նախաձեռնած են ՀՅԴ Երեւանի «Կոմիտաս» կոմիտէն եւ Հայաստանի Ազգային արխիւը: Փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութիւնը` Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ 1920 թուականի դեկտեմբեր 2-ը` Հայաստանը խորհրդային հանրապետութիւն հռչակումը:

«Ցուցադրուած են շատ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, օրինակ` ինչպէս պատկերացուցած է Մարտիրոս Սարեանը դրօշը, համալսարանի բացման մասին օրէնքը, համալսարանի տնօրէնի եւ նոյնիսկ տնօրէնի կառքին նկարը գտած ենք եւ ցուցադրած», ըսած է Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը:

Ցուցադրուած արխիւային նիւթը պատկերացում  կու տայ Հայաստանի տարբեր ոլորտներու եւ երկրի առջեւ կանգնած հարցերուն մասին:

«Հայրենիքի ներկայ գերագոյն վտանգը աչքի առաջ ունենալով, Ազգային խորհուրդը ստիպողաբար կոչ կ՛ընէ հայ զօրամասերէն ինքնագլուխ հեռացած բոլոր զինուորներուն` իրենց զէնքերով եւ տարազներով վերադառնալ իրենց զօրամասերը: «Վերջին վայրկեանն է, ՈՒՇՔԻ եկէք».1918-ի մայիս 21-ին Երեւանի Հայոց ազգային խորհուրդի կոչն էր:

Հայաստանի առաջին կառավարութեան ծրագրի, բանակի զինուորական տարբերանշաններու կողքին, որբերու խնամքով զբաղելու անհրաժեշտութեան մասին ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի կոչն էր ազգաբնակչութեան, 1919-ի սեպտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներու աղի արտահանման եւ ներմուծման ծաւալներու մասին վիճակագրական վարչութեան տեղեկագիրը եւ նոյնիսկ երկու անվճար բաղնիք բանալու մասին «բծաւոր տիֆի դէմ կռուող» Վաղարշապատի մասնաժողովի նախագահ  Գ. Քէալաշեանին 1919-ի  յունուար 17-ի յայտարարութիւնը:

Ամատունի Վիրաբեանը կ՛ըսէ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առնչուող աւելի քան 20 հազար փաստաթուղթ կայ: Մինչեւ 1990 թուականը անոնք փակ էին, եւ միայն եզակի մարդոց կը տրուէր այդ փաստաթուղթերը ուսումնասիրելու բացառիկ կարելիութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ցուցադրութիւնը շրջիկ է: Յակոբ Պարոնեանի անուան  թատրոնին մէջ անիկա բաց մնաց մինչեւ մայիս 30: Այս արժէքաւոր նիւթերը դիտելու կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ մարզերու բնակիչները:

Հայ-Ֆրանսական Բարեկամութիւնը Խորհրդանշող Աղբիւր-Յուշարձան` Մուսա Լերան Հերոսամարտի Յուշահամալիրին Մօտ

Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ մայիս 28-ին բացումը կատարուեցաւ հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը խորհրդանշող աղբիւր-յուշարձանին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար ժան Իվ Լը Տրիանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, փրկուած մուսալեռցիներու հարազատներ, մարզի բնակիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Ժան Իվ Լը Տրիանը մասնակիցներուն հետ ծաղիկներ դրաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին, այնուհետեւ այցելեց Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան:

Հաղորդենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ ինք շատ ուրախ է Հայաստան գտնուելով եւ մասնակցելով աղբիւր-յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:

Ամերիկահայ Բարերարը Մէկ Միլիոն Տոլար Նուիրած Է Գետաւանի Դպրոցին

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ  Յարութիւնեանը ընդունած է  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը` գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանին գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ պետական նախարարը ողջունած է 19 երկիրներէ Արցախ եկած հիմնադրամի տեղական մարմիններու ատենապետները եւ ներկայացուցիչները` ընդգծելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին այցելութիւնը միշտ սպասուած է: Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մասնակցութիւնը Արցախի շէնացման եւ զարգացման գործին մէջ` նշելով, որ չկայ բնակավայր, ուր հիմնադրամին միջոցներով ծրագիրներ իրականացուած չըլլան:

«Այս օրերուն մենք ձեզի հետ միասին կրկին եղանք շարք մը համայնքներու մէջ եւ մասնակցեցանք տարբեր ծրագիրներու իրագործման:  Իւրաքանչիւր նոր կառոյցի շահագործմամբ նոր  կարելիութիւններ կը ստեղծենք բնակիչներուն համար` նոր  կեանք պարգեւելով այդ բնակավայրերուն: Այդ գործունէութիւնը նաեւ իւրօրինակ հայրենասիրական դաստիարակութիւն է մեր այն սերունդներուն համար, որոնք կ՛ուսանին այդ կառուցուած մանկապարտէզներուն եւ դպրոցներուն մէջ: Այս իմաստով, կը ցանկանք վերահաստատել, որ Արցախի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նկատմամբ  ձեւաւորուած վերաբերմունքը անգնահատելի է», նշած է նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Արայիկ Յարութիւնեանի ջերմ ընդունելութեան համար` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը նշած է, որ ամերիկահայ բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանը  խոստացած է մէկ միլիոն տոլար նուիրել Գետաւանի դպրոցի հիմնական վերանորոգման համար:

Արձագանգելով լուրին, նախարարը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բարերարին` նշելով, որ յատկապէս վերջին տարիներուն անոր մասնակցութիւնը Արցախի կեանքին մէջ շատ մեծ եղած է:

«Դուք ձեր անունը արդէն ոսկի տառերով գրած էք Արցախի պատմութեան մէջ: Ես հպարտ եմ, որ ունինք  ձեզի  պէս հոգատար հայրենակից: Համոզուած եմ, որ ձեր օրինակը վարակիչ կը դառնայ շատերու համար», նշած է Յարութիւնեանը:

Իր հերթին, բարերարը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը եւ կոչ ըրած է ամբողջ հայութեան` աւելի աշխուժ կերպով ներգրաւուելու հայրենիքի հզօրացման գործին: «Դարեր ի վեր մեր ազգը երազած է պետականութիւն ունենալ: Այսօր այդ երազանքը իրականութիւն է, եւ այժմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը վճռուի հայոց ազգի ապագան: Ուստի, կոչ կ՛ընեմ մեր բոլոր սփիւռքահայ հայրենակիցներուն` աւելի աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու  հայրենիքի զօրացման, որովհետեւ ամէն ինչ անցողիկ է, մնայուն է միայն հայրենիքը», ըսած է բարերարը:

Հանդիպման ընթացքին Արայիկ Յարութիւնեանը պատասխանած է նաեւ ներկաները յուզող հարցերուն:

Անջրպետ Հասած Հայաստանի Եւ Երեւանի Դրօշակները Հայաստան Պիտի Վերադառնան Հոկտեմբերին

Ըստ ռուսական «Նովոսթի» լրատուական կայքին,  Ռուսիա հաստատուած բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի մտայղացումով եւ ջանքերով, մարտէն ի վեր տիեզերքի մէջ «կը շրջագային» Հայաստանի եռագոյն եւ Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած դրօշակները:

Միջազգային անջրպետանաւ հասած դրօշակները ռուսական անձնակազմին հետ Երկիր մոլորակ պիտի վերադառնան սեպտեմբերին, իսկ հոկտեմբերին պաշտօնական արարողութեամբ մը Հայաստանի ղեկավարներուն պիտի յանձնուին` նշելով Երեւանի 2800-ամեակն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը:

ՀՕՄ-ի Հերթական Աջակցութիւնը Հայ Երիտասարդներուն

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի  հայաստանեան Շրջանային վարչութեան աջակցութեամբ, մայիս 25-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան  սրահին մէջ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրի ծիրին մէջ  տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին  ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիանա Յովսէփեանը ըսաւ, որ 1993 թուականէն ի վեր ՀՕՄ-ը, ի թիւս այլ նախագիծերու, կ՛իրականացնէ նաեւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ ամէն տարի  Հայաստանի եւ արտերկրի համալսարաններէն կ՛ընտրուին յիսունհինգ լաւագոյն ուսանողներ, որոնց կը տրուին խրախուսական դրամական պարգեւներ:

«Այս տարի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ որոշեցինք «Լաւագոյն ուսանող» մրցանակին արժանացնել 100 ուսանող` Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներէն, զինհաշմանդամութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից ուսանողներու, որոնք այժմ բուժօգնութիւն կը ստանան վերականգնողական կեդրոններու մէջ», ըսաւ Տիանա Յովսէփեանը` աւելցնելով, որ այս քայլով իրենք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն քաջարի տղաներուն` իրենց առողջութեան գնով հայոց սահմանները անսասան պահելու համար:

Սփիւռքահայ Բժիշկները Պատրաստ Են Հայաստանի Մէջ Ծրագիրներ Իրագործելու

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը 24 մայիսին ընդունեց Հայ բժիշկներու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Վիգէն Սեփիլեանը շեշտեց, որ սփիւռքահայ բժիշկները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններով եւ պատրաստ են հանդէս գալու առողջապահական ոլորտի զարգացման նոր ծրագիրներով:

«Հարիւրաւոր անդամներ ունեցող կոմիտէին մէջ ընդգրկուած սփիւռքահայ շատ մը մասնագէտներ պատրաստ են ներկայացնելու Հայաստանի մէջ իրականացուելիք զանազան նախագիծներ, ծրագիրներ, հետեւաբար կարիք կայ զանոնք միատեղ համակարգելու: Այս հարցին մէջ կ՛ակնկալենք նախարարութեան ուղղորդումը` գործը առաւել արդիւնաւէտ եւ նպատակաուղղուած իրականացնելու համար: Նոր կապերու առջեւ դուռը բաց է», ընդգծեց տոքթ. Սեփիլեանը:

Ուրուագծելով 2018-2019 թուականներու ընելիքները` տոքթ. Սեփիլեանը յայտնեց, որ սփիւռքի  շարք մը համայնքներու մէջ պիտի կազմակերպուին համաժողովներ եւ առողջապահական հասարակական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ:

Ճազային Երկխօսութիւն` Տաթեւիկ Յովհաննիսեանին Հետ

Մայիս 27-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ ճազի երեկոյ կազմակերպուած է: Ժողովրդական երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեանին դուստրը` Տաթեւիկ Յովհաննիսեանը, իր մօրը մահէն ետք, երկար ժամանակ չերգելէ ետք, կրկին բեմ բարձրացաւ: Ան յայտնեց, որ թէ՛ ինքը եւ թէ՛ իր երաժիշտները ամէն անգամ մեծ սիրով կու գան Հայաստան:

«Իմ ուրախութեամբ գալս պարզ է, միշտ սիրով պէտք է վերադառնամ Հայաստան, բայց երաժիշտներուս նոյնքան սէրով վերադառնալը հետաքրքրական է: Անոնք չեն մոռնար Հայաստանի ջերմութիւնը, երաժշտասիրութիւնը, հիւրընկալութիւնը, եղանակը, ամէն ինչ շատ աւելի քաղցրութեամբ կը յիշեն: Յաճախ կը հարցնեն, որ Հայաստան պիտի չերթա՞նք»:

Հիանալի զրոյցը սկսաւ հանդիսատեսին, երգչուհիին եւ երաժիշտներուն միջեւ` հայկական ազգային ճազ, պրազիլական երգեր եւ ամերիկեան սթանտարներ, բուռն ծափահարութիւններ եւ հիացած դէմքեր:

Յայտնենք, որ համերգային երկու ժամը աւարտելէ ետք, հանդիսատեսը տակաւին երկար ժամանակ չէր ուզեր բաժնուիլ սիրելի երգչուհիէն:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Պանդուխտ» (Հեղինակ` Եղիա Ճէրէճեան)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-ին – Ա.

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 29, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023

Comments 1

  1. Յարութ Չէքիճեան says:
    5 years ago

    «Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ, որ եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի շէնքը» վրիպում է: Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնը 1941-ին կառուցուած է: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նշեալ թատրոնին հողին վրայ նախապէս կը գտնուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի շէնքը, որ թատրոն չէ եղած:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In