ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 100 տարի ետք, այժմ, 2018-ին, որեւէ տեսակի ուսումնասիրութիւն կամ արժեւորում կատարելու համար անհրաժեշտ է կարելիութեան սահմաններուն մէջ երեւակայել եւ վերապրիլ 1914-1920 ժամանակաշրջանը` իր միջավայրով, մշակոյթով, կենցաղային առօրեայով, ժողովրդագրական, աշխարհաքաղաքական-ռազմական եւ կուսակցական իրավիճակով: Տուեալ ժամանակաշրջանի թանկագին լուսանկարները եւ ազատագրական-յեղափոխական գրականութեան իմացութիւնը կը դիւրացնեն այդ:
Իսկ միջավայրերն էին հայ ժողովուրդին ապրած չորս գլխաւոր աշխարհաքաղաքական հատուածները. առաջինը` ռուս-ցարական տիրապետութեան տակ գտնուող ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանը` Նախիջեւանէն Ղարաբաղ, Սուրմալու, Երեւան, Կարս, Ալեքսանդրապոլ, Ախալքալաք եւ հայկական մեծ գաղութները` Ռոստովի, Էլիզեւաթոպոլի (Գանձակ), Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Պաթումի. երկրորդը` օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւմտահայաստանի վեց նահանգները` Վան, Էրզրում, Սեբաստիա, Պիթլիս, Տիգրանակերտ եւ Խարբերդ, նաեւ երրորդը` Կիլիկիա, Տրապիզոն եւ Կոստանդնուպոլիս, եւ վերջապէս չորրորդը` հիւսիսային Պարսկաստանը:
Հրաշալի երեւոյթ է եւ` պատմական հարստութիւն, որ 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան պետական առաջին դէմքերէն շատերը` Արամ Մանուկեան, Ալեքսանդր Խատիսեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Սիմոն Վրացեան եւ ուրիշներ, իրենց յուշերը գրած են, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն վերապրելու այդ ժամանակաշրջանը: Անոնց մէջ հաւանաբար ամէնէն ընդգրկունը վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» (684 էջ) լուսանկարներով հարուստ գիրքն է:
Առարկայական, ժամանակագրական կարգով, անհրաժեշտ ու տարրական մեկնաբանութիւններով, նաեւ համապարփակ ընկերային` առօրեայ-կենցաղային մանրամասնութիւններով ու դրուագներով կը նկարագրէ առաջին հանրապետութիւնը` հռչակումէն մինչեւ խորհրդայնացում, սկսելով 1914-ի Ա. Համաշխարհային պատերազմէն:
Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքին (1) «Երկու խօսք երկրորդ հրատարակութեան առթիւ»-ին մէջ կը գրէ (արեւմտահայերէնի վերածուած ու յապաւուած). «Այս գիրքը, առաջին տպագրութեամբ, լոյս տեսած է մայիս 1928-ին, Հայաստանի անկախութեան տասնամեակին առիթով եւ քանի մը ամսուան ընթացքին` 2500 օրինակ ամբողջովին սպառած: Եւ այնուհետեւ, 30 տարի շարունակ, մէկէ աւելի անգամներ, մանաւանդ նոր սերունդին կողմէ ցանկութիւն յայտնուած է, որ գիրքը լոյս տեսնէ նոր տպագրութեամբ, բայց ո՛չ ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, որուն կը պատկանէր առաջին հրատարակութեան նախաձեռնութիւնը, ո՛չ ալ ուրիշ մը գործնական կերպով ընդառաջեց այդ ցանկութեան: Հեղինակը ինքը ի վիճակի չէր նման մեծածախս գործի ձեռնարկելու: Սակայն կը լրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան քառասնամեակը: Հայաստանի մէջ (խորհրդային), բնականաբար, պատմական այդ թուականը անաչառ յիշատակութեան չ՛արժանանար: Անհրաժեշտ է, որ տարագիր սփիւռքի մէջ գէթ արժանաւոր կերպով ներկայացուի դարերու ստրկութենէն ետք հայ պետականութեան վերահաստատումին ճշմարիտ պատմութիւնը:
«Դժբախտաբար, կլանուած` առօրեայ հոգերով, սփիւռքի հայ մտաւորականութիւնը ի վիճակի չէ պատմական երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ նոր գործեր արտադրելու: «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորիս վերահրատարակութիւնը (տպաքանակ` 3500, Յ. Չ.) նպատակ ունի որոշ չափով լրացնելու այդ թերին: Պարտք կը զգանք խոստովանելու, որ մեր այժմու պայմանները թոյլ չտուին գիրքը վերամշակելու եւ լրացնելու այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէինք, սրբագրելու համար հապճեպով պատրաստուած առաջին տպագրութեան թերիները. բայց եւ այնպէս ներկայ տպագրութիւնը վերանայուած, լրացուած ու սրբագրուած` մեծ չափով կը տարբերի առաջին տպագրութենէն: Իր պակասութիւններով հանդերձ, այս հատորը կարելի է համարել Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական պատմութիւնը, թերեւս` ոչ լրիւ ու կատարեալ, սակայն իրական պատմութիւնը»:
Ալեքսանդր Խատիսեան իր «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» գիրքին (1) մէջ, փոխան յառաջաբանի, կը գրէ.
«Իմ գրուածքը, որ առաջին անգամ տպուեցաւ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, պատմութիւն չէ անշուշտ, այլ` պատմական նիւթ, յուշերու ձեւով: Եւ հասկնալի է, որ գրութեանս մէջ տեղ գտած են գերազանցապէս այն դէպքերն ու դէմքերը, որոնց հետ շփման մէջ եղած եմ, ինչպէս նաեւ յայտնուած են կարծիքներ, որոնց միակ պատասխանատուն անհատաբար ես եմ: Տարօրինակ պէտք չէ թուի նոյնպէս եւ այն, որ իրերու բերումով կամ պատահաբար այս կամ այն փաստերն ու փաստաթուղթերը չեն արձանագրուած: Իմ դերը եղած է գրի առնել յուշերս` իբրեւ քաղաքական գործիչ, յիշատակելով միաժամանակ յարակից դէպքերը: Աւելին պատմաբանին գործն է»:
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յօդուածաշարքեր պատրաստելու ընթացքին, սակայն, կը հանդիպինք հիասթափութիւն պատճառող երեւոյթներու` այս յուշագրութիւններու ծաւալուն հատորներուն եւ համացանցին մէջ: Անշուշտ գրեթէ անկարելի է հազարաւոր հայերէն եւ օտար լեզուներով համացանցի այս էջերուն անդրադառնալ, ներառեալ` եղելութիւնները խեղաթիւրած թրքական, ազրպէյճանական եւ խորհրդային ժամանակաշրջանէն պատկերահանուած կամ քաղուած էջերուն, սակայն ստորեւ կը նշենք միա՛յն «Մայիսեան» յօդուածաշարքերու ծիրին մէջ ի յայտ եկած յատուկ նիւթերէն օրինակներ:
Անհասկնալի պատճառներով, նշեալ բոլոր յուշագրութիւններուն պարագային, ընդհանրապէս կը պակսին լրիւ թուականներ (օր, ամիս, տարի, ժամ), հայ եւ օտար անձնաւորութիւններուն լրիւ անունները, եւ կը յիշուին անունին սկզբնատառերը եւ մականունը: Այս պատճառով, օրինակ, կարգ մը աղբիւրներ շփոթած են նոյն ժամանակաշրջանի դերակատարներէն Խալիլ պէյի (Մենթեշէ) եւ Խալիլ փաշայի (Քութ) միջեւ: Այլ շփոթ նկատելի է Ա. սկզբնատառով` Երեւանի պարետ ՀՅԴ-ի անդամ Արշաւիր Շահխաթունիի եւ ՀՅԴ գործիչ Աւետիս Շահխաթունեանի միջեւ:
Նկատելի է նաեւ հակասական տեղեկութիւններ` երբեմն նոյն գիրքին մէջ, օրինակ` «Արամը» (1), ուր նոյն դէպքին մասին կը հանդիպինք տարբեր նկարագրական ոճի եւ մանրամասնութիւններու հակասութեան: Արշաւիր Շահխաթունիի «Խալիլ փաշայի (Քութ) հանդիպումները Արամի հետ», որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի մէջ, (2), (3) ինք, որ ներկայ էր հանդիպումին, կը գրէ (էջ 499-500). «Ներս մտանք դահլիճ: Այնտեղ սպարապետը իր հսկայ հասակով, աթոռի մը կռթնած, զարմանալի գրաւիչ դէմքով կանգնած էր: Խալիլ անոր նայեցաւ, երկու քայլ յառաջացաւ եւ ձեռքը գլխին զինուորական բարեւ տալով` ըսաւ. «Ձերդ բարձր գերազանցութիւն, երջանիկ եմ, որ կ՛ընդունիք զիս այսպէս: Երջանիկ եմ, որ այսօր ինծի յաղթողին ձեռքը կը սեղմեմ…»: Նոյն դէպքին մասին, ուր ներկայ չէր, Վահան Նաւասարդեան կը գրէ (էջ 493). «Արամի ուղեկցութեամբ ու նշանակուած ժամուն Խալիլը կ՛երթայ պարտուած ու ջարդուած հրամանատարին բնակարանը…»
Եղելութեան մը մասին մէկէ աւելի մատչելի աղբիւրներէ(1) եւ համացանցի միջոցով ստուգում կատարելու պրպտումը, դժբախտաբար, կարելի չդարձուց հաստատել կարգ մը լրիւ անուններ, վայրեր, թուականներ, մանրամասնութիւններ եւ նկարներ, որոնք, վստահ եմ, գոյութիւն ունին, նոյնիսկ կան այդ օրերուն նկարահանուած ժապաւէններ, որոնցմէ քանի մը հատը դիտած եմ, բազմաթիւ նկարներ, ալպոմ եւ արխիւ:
Պրպտումներու շնորհիւ, սակայն, կարելի եղաւ կարգ մը յստակացումներ եւ սրբագրութիւններ կատարել: Օրինակ, Երեւանի Քաղաքային ակումբին, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը` վայրը կամ շէնքին նկարը կարելի չեղաւ գտնել կամ հաստատել, սակայն այս մասին համացանցին վրայ կային կրկնուող սխալ նկարներ: Օրինակ` Ամիրեան փողոցի «Նայիրի» նախկին շարժապատկերի սրահը, որ 1918-ին տակաւին չէր կառուցուած, կամ` Պուշկին 38-ի շէնքը, որ բնակարանային է, ուր բնակած են զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը եւ նոյնինքն` առաջին խորհուրդի նախագահ Աւետիք Սահակեանը: Միթէ իր բնակարանին շէնքին մէ՞ջ տեղի ունեցաւ նիստը…
Երկու պարագաներուն, անոնք Աբովեան փողոցին վրայ չեն գտնուիր: Աղբիւր մը կը նշէ, որ ակումբը Աբովեան փողոցին վրայ էր, սակայն` առանց յաւելեալ տեղեկութեան: Իսկ Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «Խորհուրդի (անդրանիկ) նիստէն ետք, զօրավար Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ զօրահանդէս … Զօրքերը, երաժշտութեամբ ու կանոնաւոր շարքերով անցան հանդիսատեսներու առջեւէն եւ բարձրացան Աստաֆեան (Աբովեան) պողոտայով…», անուղղակի կերպով հաստատելով, որ ակումբը կը գտնուէր Աբովեան պողոտային վրայ, կամ` անկիւնը, որ այդ օրերուն Երեւանի գլխաւոր պողոտան կը նկատուէր (4):
Երկրորդ կրկնուող սխալը, որուն ուշ անդրադարձայ, կը վերաբերի 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի մնայուն շէնքին, որ կը գտնուի Հանրապետութիւն փողոցի թիւ 30 հասցէին վրայ, այժմու ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին շէնքը: Այս պարագային նաեւ սխալած է համացանցի ամենամեծ թիւով այցելուներ ունեցող համայնագիտարան Ուիքիփետիայի այս էջը խմբագրողը, որ 8 սեպտեմբեր 2017-ի դրութեամբ, իբրեւ խորհրդարանին նկար, ներկայացուցած է այժմ անգոյ, Երեւանի առաջին թատրոնին շէնքը, որուն ճակատին ընթեռնելի է «Թատրոն» բառը նաեւ ռուսերէնով. տես վերի առաջին նկարը: Միւս կողմէ, նաեւ, համացանցին մէջ բազմաթիւ յօդուածներ կը գտնուին` այս թատրոնին նկարը իբրեւ խորհրդարանը ներկայացնող, նոյնիսկ` համալսարան, տես վերի «Կուկըլ»-ի որոնման արդիւնք` երկրորդ նկարը: Յայտնի չէ, թէ այս սխալին սկզբնաղբիւրը ո՛վ եղած է, եւ իրարմէ ընդօրինակելով` սխալը բազմապատկուած ու վերագրութեան վերածուած:
Հեգնօրէն, նոյն Ուիքիփետիայի նկարներու էջերուն մէջ, 25 փետրուար 2013-ին, ճշգրիտ կերպով զետեղուած է խորհրդարանին նկարը` իր ճշգրիտ բացատրութեամբ (5): Իբրեւ Ուիքիփետիայի մասնակից խմբագիրներէն մէկը` կրցաւ 29 մարտ 2018-ին սրբագրել այս վրիպումը, տես վերի նկարը (6): Զարմանալի է, որ 2017-ին խմբագրողը չէ՛ նկատած 2013-ին զետեղուած այս էջը, նկարը եւ բացատրութիւնը: Սակայն առաջին փորձով կարելի չեղաւ անգլերէն էջը սրբագրել, քանի որ վերջին խմբագրողին արտօնութիւնը կը պահանջէր այդ, սակայն դիտողութիւնս արձանագրուեցաւ եւ 7 ապրիլ 2018-ին սրբագրութիւնը կատարուեցաւ. այժմ էջը բացողը կը տեսնէ էջին վերնագիրը փոխուած` թատրոնը (7):
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, անհրաժեշտ է պատրաստութիւնը «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920» ժամանակագրական-տեղեկատուական հակիրճ, առանց մեկնաբանութիւններու կայքէջ մը` ժամանակագրական շարքով, հարուստ լուսանկարներով եւ տեսանիւթերով, սկսելով 25 հոկտեմբեր 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն, Անդրկովկասեան Կոմիսարիատի կազմութիւնը, Անդրկովկասեան Սէյմը, Հայոց Ազգային խորհուրդը` Թիֆլիս եւ Երեւան, մայիսեան հերոսամարտ-յաղթանակները` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսա, անկախութեան հռչակումը, խորհրդարանները, կառավարութիւնները եւ կարեւոր եղելութիւններն ու դէմքերը մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:
12 մայիս 2018
——————————————-
(1).- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ»:
– «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» Ալեքսանտր Խատիսեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1968, տպարան Համազգային:
– «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» Ռուբէն Տէր Մինասեան, Բ. հրատարակութիւն, 7-րդ հատոր, Պէյրութ, 1979, տպարան Համազգային:
– «Արամը» հրատարակութիւն ՀՅԴ, Պէյրութ, 1969, տպարան Համազգային:
(2).- https://www.aztagdaily.com/archives/386524
(3).- https://www.aztagdaily.com/archives/387134
(4).- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», էջ 187:
(5).- https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Yerevan_Hanrapetutyan_street_01.jpg
(6).- https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայաստանի_Հանրապետության_Խորհրդարան_(1918-1920)
(7).- https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Armenia-National-Assembly-House-1918-1920.jpg