ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Այս նիւթի մասին, չեմ գիտեր, թէ քանիերո՛րդ անգամն է, որ կը գրեմ` մտածումներս ու զգացումներս բաժնեկցելով ընթերցողներուն հետ: Կը խոստանամ, որ այս մէկը վերջինը ըլլայ այս շատ չարչրկուած նիւթի մասին, հակառակ անոր որ վիրաւորանքն ու անտեսումը այնքան խորն են, որ օր մը կրնամ ստիպուիլ դարձեալ գրել այս մասին:
Նախ սկսիմ պատմելով, թէ ինչպէ՛ս առաջին անգամ այցի գացի ազգային հերոս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմին:
1990-ի նոր տարուան օրերուն էր: Գացած էի Հայաստան` հետաքրքրուելու համար, թէ կա՞ր արդեօք կարելիութիւն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ հետեւելու հայկական մանրանկարչութեան ասպիրանտուրայի:
Արուեստի հիմնարկի օրուան տնօրէն, թատերագէտ Լեւոն Հախվերդեանը, զարմացաւ, երբ իրեն ներկայացայ եւ ապա բարձր գնահատելով հանդերձ հետաքրքրութիւնս, յայտնեց, որ` «Սխալ ըրած էի Հայաստան գալով: Պէտք էր հետեւէի մամուլին եւ եթէ տեսնէի յայտարարութիւն սփիւռքահայ ուսանողներուն ուղղուած, այն ատեն կրնայի դիմել…»: Քաղաքավար ձեւով մերժուած էի:
Յոյսերս արդէն ծով ինկած էին: Կը մնար քանի մը օր անցընել Երեւանի մէջ եւ ձեռնունայն վերադառնալ Լիբանան:
Ձիւն էր Երեւան: Ես կը մնայի Յակոբ Տէր Պետրոսեանենց տունը` օրուան խորհրդարանի նախագահին ծնողքին մօտ:
Արարատի գիւղերէն մեր մօտ եկած էր Մեր Անդրանիկ քեռին (Ղարիպեան)` Զատիկ շնորհաւորելու: Գիշերը յայտնեց, որ ինք գիտէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին գերեզմանին տեղը եւ պատրաստ է զիս տանելու Թոխմախի գերեզմանատունը յաջորդ առաւօտուն: Որոշեցինք, առանց տնեցիներուն բան մը ըսելու, առտու կանուխ երթալ գերեզմանատուն:
Ձիւներուն մէջէն գացինք Թոխմախի գերեզմանատուն: Պահակը ըսաւ մեզ` «Եթէ դաշնակ Արամի գերեզմանը կը փնտռէք, գացէք հոն, ուր եռագոյն դրօշակ կայ»:
Եւ այսպէս, խաչքար մը հայկական արծիւով` կողքին` եռագոյն դրօշակ:Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմը: Շիրիմ մը, որ կորսուած էր ( եւ է) հարիւրաւոր գերեզմաններուն մէջ, նոյնիսկ առանց ճամբայ ունենալու:
Գիտէի, որ երկու անգամ Արամի աճիւնները տեղափոխուած էին, բայց չէի պատկերացներ որ այս աստիճանի լքուած կրնար ըլլալ մեր հանրապետութեան հիմնադիրին շիրիմը, մանաւանդ որ խորհրդային իշխանութիւնները տապալած էին եւ հայաստանի կառավարութեան շէնքին վրայ եռագոյնը կը ծածանէր` որպէս ազատ Հայաստանի պետական դրօշ:
Ճիշդ այդ օրերուն էր, որ Երեւանի կեդրոնական հրապարակի իր գեղեցիկ պատուանդանէն վար առնուեցաւ Լենինի (երկրին եւ ժողովուրդին համար օտար) հսկայ արձանը: Բնականաբար ժողովուրդին մէջ սկսած էին շրջիլ կարծիքներ, թէ որո՛ւ արձանը պէտք է դրուի Լենինի արձանին տեղ: Այդ հարցումը տուն վերադարձիս ինծի ուղղեց նաեւ Յակոբ Տէր Պետրոսեանը: Հաւանաբար գիտէր պատասխանս, բայց կ՛ուզէր զիս քննութենէ անցընել:
– Այդ տեղին արժանի է միայն մէկ մարդ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը,- ըսի:
Լուռ մնաց. չէր զարմացած (այդ ատեն սկսած էր կարդալ Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եւ մեծ հիացումով կ՛արտայայտուէր Ռուբէնի մասին), բայց բան մը կը չարչարէր միտքը: Հարցուց.
– Հապա՞ Անդրանիկ զօրավարին արձանը ո՞ւր պիտի զետեղենք:
Երբ ըսի, որ կարելի էր Նոր Արէշի շրջանին մէջ յարմար տեղ մը գտնել, սաստիկ զայրացաւ: Անարգանք նկատեց այդ մօտեցումը զօրավարին հանդէպ: Ինք մեծ պաշտամունք ունէր Անդրանիկի հանդէպ եւ չէր կրնար ընդունիլ, որ անոր արձանը մայրաքաղաքի ամէնէն ցայտուն տեղը չդրուի:
Անցան հաշուըւած օրերը, եւ վերադարձայ Լիբանան` խառն տպաւորութիւններով: Սրտիս մէջ, սակայն, մեծ ցաւ մնաց Արամի շիրիմի լքուած ըլլալու իրողութիւնը (ընդհանրապէս, Մայիս 28-ի առիթով միայն դաշնակցականներ կ՛այցելէին հանրապետութեան հիմնադիրին շիրիմը իրենց յարգանքի տուրքը տալու):
Գրեցի այս մասին. «Ո՞վ արժանի է Հանրապետութեան հրապարակին»: Անցան տարիներ:
Զօրավար Անդրանիկի, Դրոյի,Սեպուհի,Սօսէ Մայրիկի եւ այլ ազգային հերոսներու աճիւնները սփիւռքի տարբեր երկիրներէն հայրենիք տեղափոխուեցան` արժանանալով մեր ժողովուրդի յարգանքին, սակայն հանրապետութեան հիմնադիրին աճիւնները Հայաստանի մէջ ըլլալով հանդերձ…
Կար նաեւ Արամ Մանուկեանի լքուած տունը` Հանրապետութեան հրապարակին մօտ, որ որեւէ ատեն փուլ գալու վտանգին տակ էր (եւ է): Այս մասին ալ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ հայ մամուլին մէջ, եւ ամէնուն երազը այն եղաւ, որ այդ բնակարանը վերածուի թանգարանի, բայց…
Քանի մը տարի առաջ, երբ Համազգայինի պատգամաւորներով այցի գացինք Արամի շիրիմին, չկար նաեւ եռագոյն դրօշակ:
Դարձեալ գրեցի` մատնանշելով հանրապետութեանց հիմնադիրներուն հանդէպ մեր եւ թուրքերուն (ամօթ կը զգամ այս բաղդատականին համար) գնահատանքի տարբերութիւնները` յուսալով, որ բան մը կը փոխուի:
Հայաստան-սփիւռք համահայկական ժողովին դարձեալ այս հարցը ներկայացուեցաւ քանի մը ժողովականներէ:
Եւ ի՞նչ. այսօր պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան (շինծու եւ անտեղի են Ա. Եւ Բ. Հանրապետութիւններ անուանումները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ հատ է եւ ծնունդ առած է 1918 մայիսի 28-ին, եւ Հայաստանը ունի անկախութեան մէկ օր, որ մայիս 28-ն է եւ վե՛րջ) 100-ամեակը` Արամի շիրիմը ձգելով իր լքուած վիճակին: Յո՞ երթաս, հա՛յ ժողովուրդ:
Ուրախ լուր որպէս ընկալեցինք Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին առիթով Երեւանի քաղաքապետութեան ծրագիրը ,որ մայրաքաղաքին մէջ պիտի կանգնեցնէ հանրապետութեան հիմնադիրին արձանը, որ դէպի հրապարակ պիտի նայի, բայց` ոչ հրապարակին վրայ…
Անկախ անկէ, թէ այդ արձանի նախագիծը որքա՛ն տպաւորիչ է, եւ առանց մտնելու գեղագիտական վերլուծումներու մթնոլորտին մէջ` ինծի համար դարձեալ կը ծագի նոյն խնդիրը:
Ո՞վ արժանի է հանրապետութեան հրապարակին վրայ կանգնելու Արամ Մանուկեանէն զատ: Կը փնտռեմ մէկը, որ համոզէ զիս, թէ կայ այլ ընտրանք:
«Այդ հրապարակին վրայ անձի մը արձանը դնելը ճիշդ չէ»,«Հոն կարելի է դնել Մեսրոպ Մաշտոցի, Սասունցի Դաւիթի, Արտաշէս Աշխարհակալի, Տիգրան Մեծի կամ զօր. Վարդան Մամիկոնեանի արձաններ», «Կարելի է այլ խորհրդանշական կոթող մը դնել հրապարակին վրայ»… եւ այլն: Այս եւ նման կարծիքներ կան Հայաստանի հանրապետութեան հրապարակի մասին:
կը զարմանամ: Դուք չէ՞ք զարմանար:Այդ հրապարակը ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ է եւ հոն ինչո՞ւ հանրապետութեան ստեղծումին հետ կապ չունեցող որեւէ արձան դնելու համամիտ են շատեր `բացի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԷՆ:
Ժողովո՛ւրդ,հայրենակիցնե՛ր, հեռու եւ մօտիկ ապրող հայորդիներ, ամօթ է մեզի, վայել չէ մեզի այս մօտեցումը:
Նեղսիրտ ըլլալը լաւ բան չէ: Ի՞նչ ընենք հիմա, եթէ Արամ Մանուկեանը դաշնակցական էր եւ, այո, Դաշնակցութիւնը գլխաւորաբար կանգնած էր հանրապետութեան եւ հայոց պետականութեան ստեղծման ակունքներուն: Այս պատիւը միայն Դաշնակցութեան չէ, այլ` ամբողջ հայ ժողովուրդին, որուն համար ծառայութեան երդումով ծնած ու գործած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Հիմա դարձեալ հարց կու տամ` ինչո՞ւ ոչ հանրապետութեան հրապարակին վրայ:
Մուսա Լեռ – Այնճար
18 մայիս, 2018