Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեանի Սիրտը Դեռ Կը Տրոփէ Արարատի Գագաթին (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ)

Մայիս 31, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին համար: Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է` ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու:

Զօր. Մովսէս Սիլիկեան
(Մայիսեան յաղթանակներու ընդհանուր հրամանատար)

Եւ ինչո՞ւ սիրտը. չէ որ մարդու հոգին է, որ յետմահու կ՛ապրի ու կը սաւառնի, անսահման ու անեզր երկրագունդի ամբողջ տարածքին: Միթէ Արամ բացառութի՞ւն կը նկատուի: Աւելի՛ն. ան հոգի չունեցող ա՞նձ մըն էր, թէ՞ մենք կը խօսինք տարբեր մոլորակէ ծնունդ առած էակի մը մասին:

Ո՛չ, Արամ Մանուկեան Հայաստանի սրբատաշ լեռներու ծնունդն է: Ան աշխարհ եկած է Ղափանի Զէյվա գիւղը: Անոր միտքն ու հոգին սնունդ առած են մշակոյթի մայրաքաղաք Շուշիի մէջ: Իբրեւ հայրենապաշտ եւ ըմբոստ երիտասարդ, կանուխէն անդամագրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն, եղած է գաղափարի զինուոր ու եզակի յեղափոխական, բայց մանաւանդ` անկրկնելի կամքի տէր հայորդի:

Փաստօրէն, Արամ Մանուկեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին (1879-1919), որ եղած է կարճ եւ սակայն այնքան բովանդակալից, ցոյց տուած է մտային, հոգեկան, մարտական, ռազմագիտական, բարոյական ու բարձր կորովի այնպիսի ունակութիւն, որուն նմանը հայ ժողովուրդը ունեցած է մէկ անգամ «700  տարուան ընթացքին», ըստ  հմուտ պատմաբան Ռաֆայէլ Իշխանեանի:

Արդ, երբ առանց վարանումի կ՛անդրադառնանք Արամի կերպարին եւ անոր զուլալ էութեան, այլապէս կ՛ուզենք շեշտադրել, որ անոր սրբազան սիրտը տակաւին կը շարունակէ տրոփել, շնչել ու շնչաւորել, այդ ալ հայոց աստուածներու բնակավայր լերան` Արարատի գագաթին, նաեւ կ՛ուզենք վերահաստատել մեր հաւատքը անոր հրաշափառ կենսագրութեան հանդէպ: Աւելի՛ն. վերյիշեցնել, թէ Արամի մեծութիւնը կարելի չէ խտացնել արձանի մը պարփակեալ տարածքին մէջ:

Ի դէպ, Արամի արձանի կանգնեցման վայրին մասին առկայ են բազմաբնոյթ առարկութիւններ, անտեղի մեկնաբանութիւններ, նոյնիսկ` յերիւրանք:

Ա՛լ ինչ խօսք սովորական ու նորաբոյս մահկանացուներու քմայքոտ, սին եւ անտեղի մտմտուքներուն մասին, որոնք ի յայտ եկան վերջերս, երբ որոշուեցաւ սրբազան այս տղուն արձանը տեղադրել Երեւանի հրապարակին վրայ:

Արամի նկատմամբ պաշտամունք ցոյց տուողներն անգամ կրնան հարցադրել, եւ իրաւացիօրէն, թէ ի՞նչն է, որ զինք կը զատորոշէ այլ մեծութիւններէ, քաջազուններէ եւ հայրենիքի նուիրեալներէ: Արդեօք միայն Արամի՞ վերապահուած սրբատեղիի մը (արձանի կանգնեցում) մասին է խօսքը, թէ՞ տուեալ արտայայտութիւնը կը վերաբերի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը զոհեցին Արարատին համար, հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Արդարացուած եւ ոչ արդարացուած վերոնշեալ հարցադրումները ունին մէկ պատասխան. այո՛, Արամի կողքին ու անոր համահաւասար, հայ ժողովուրդի յայտնի ու անյայտ անձնազոհներու արձանները պէտք է ողողեն  հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հող, գիւղ ու քաղաք, կեդրոն ու հրապարակ, որպէսզի անոնց քարեղէն ու ոգեղէն ներկայութիւնը զգաստութեան եւ սթափութեան հրաւիրէ մեզ` բոլորս, ի հայրենիք ու սփիւռս աշխարհի, որպէսզի նորահաս սերունդներ անոնցմով դաստիարակուին, հպարտանան, հասակ առնեն եւ ստեղծագործ մտքի ու շունչի պահապանները ըլլան:

Յայտնապէս, ինչպէ՞ս հասկնալ ու ըմբռնել դաշնակցական Արամի այնքան ուժեղ նկարագրային բարեմասնութիւնները, անոր` ժողովուրդ մը ամբողջ հոգեզինելու կարողականութիւնը, ազգի բազմաշերտ հոսանքներուն նկատմամբ անոր ցոյց տուած սէրն ու յարգանքը, մանաւանդ` անոնց վստահութիւնը վաստկելու ներքին ուժը, որով ան կը տարբերէր նոյնքան քաջ ու անձնազոհ զինակիցներէ:

Տակաւին 22-ամեայ (1901) Արամ, Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով կը ստանձնէ քաղաքին մէջ աշխատող հայորդիներու դաստիարակութիւնը` զանոնք մղելով դէպի սուրբ աշխատանք` ազատագրական պայքարի յորձանուտ: Երկու տարի ետք (1903), Արամ կը յայտնուի Կարսի մէջ, դէպի Երկիր անցնելու մտադրութեամբ, սակայն այստեղ դարձեալ կը վաստկի տեղւոյն դաշնակցական բարձրագոյն մարմինին ամբողջական վստահութիւնը` Կարսի մէջ մնալու եւ գաղափարական սնունդ ու մարտական ոգի ջամբելու հայ երիտասարդութեան: Իր ստանձնած այս պատասխանատուութեան մէջ ո՛չ միայն կը յաջողի, այլեւ` հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն` Կարսի հնոցի անգերազանցելի աւանդը կը ձգէ յետնորդ սերունդներու:

1904-ին Արամ կը յաջողի մուտք գործել Վան: Ազատագրական պայքարի  օրրան Վասպուրական աշխարհին մէջ, ան կը ստեղծէ իր հոգեկան-բարոյական եւ քաղաքական-յեղափոխական ծառայասիրութեան կայսրութիւնը: Իրօք, կայսրութիւն մը, որ կը վայելէ տեղւոյն ժողովուրդին սէրը, յարգանքը, նեցուկն ու վստահութիւնը: Վանի մէջ Արամի կուսակցական աշխատանքները նուազ հանգստաւէտ չեն ըլլար, որովհետեւ անոր կը սպասէին կազմակերպչական, մարտական եւ յեղափոխական դժուարին այնպիսի գործեր, որոնց յաջողութեան պսակադրումը կախեալ էր Արամի անկոտրում կամքէն:

Աննկուն եւ հաւատամքի տէր Արամ Մանուկեան քաջաբար ստանձնեց իրեն վստահուած աշխատանքները եւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ իր լրումին հասցնելու զանոնք: Ան մինչեւ 1916 թուական, իր կողքին ունենալով դաշնակցական թէ այլ կուսակցութեանց ընտիր գործիչներ եւ ֆետայիներու փաղանգներ, կրցաւ ձեռնհասութեամբ կազմակերպել Վանի ինքնապաշտպանութիւնը (1915), արժանանալ Վանի կառավարիչի կոչումին եւ շնորհիւ իր ռազմավարի կարողականութեան, ռուսական զօրքերու նահանջի ազդանշանին ի լուր, կրցաւ աւելի քան երկու հարիւր հազար հայութիւն առաջնորդել դէպի Արարատեան դաշտ:

Մեզի համար անփոխարինելի եւ այլոց համար այսպէս ըսած «սովորական» ֆետայի Արամ 1918-ի արհաւիրքի ամիսներուն արդէն հռչակուած էր «դիկտատոր»: Անոր տրուած էր ամբողջական լիազօրութիւն, որպէսզի կարենայ առաջնորդել ազգ ու բանակ եւ հայրենիքը փրկել ստոյգ կորուստէ:

Հայոց ազգային խորհուրդի եւ սեփական ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը վայելող Արամի համար ուրիշ ելք չկար, քան համախմբել ազգային ներուժը, կազմակերպել ազգը եւ նետուիլ պատերազմի դաշտ:

Սակայն ազնուահոգի, մեծ մարդասէր ու դաշնակցական Արամ Մանուկեանի համար կար մէկ ու միակ մտահոգութիւն, ինչպէս ըսած են իր կենսագիրները. «Ես մի բանից եմ վախենում,- ըսած է Արամ,- վախենում եմ` մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովուրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»:

Ահաւասիկ դաշնակցական հսկայի մը ամենախոնարհ հաւատամքը, ուժը:

Կը թուի, թէ ազգապաշտ Արամի համար նոյնքան էական եղած է ժողովուրդին ցուցաբերած վստահութիւնը, որքան` հայրենիքի կորուստը, որովհետեւ զիրար ամբողջացնող եւ անվիճարկելի արժէքներ եղած են անոր համար: Այդուհանդերձ շատերու համար նման կեցուածք ու համոզում ցարդ կը մնան անըմբռնելի, նոյնիսկ առկայ պատմական անվիճելի վաւերաթուղթերու եւ արխիւային հարստութիւններու լոյսին տակ:

Զարմանալին այն է, որ 100-ամեակի այս օրերուն, տակաւին գոյութիւն ունին անհատներ թէ որոշակի միջավայրեր, որոնք ինչ-ինչ դրդապատճառներով ու  ապազգային զգայնութեամբ կը մօտենան այն հարցին, թէ «չի կարելի Արամի արձանը տեղադրել Երեւանի հրապարակին վրայ»:

Իսկ պատճա՞ռը նման մերժումի. անոնք մերթ կը գրեն ու մերթ կ՛ըսեն, թէ Արամ Մանուկեան մինակը չէր, որ կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Աւելի՛ն. անոր նստատեղին Երեւանը եղած է, իսկ պատերազմի ճակատներուն վրայ կը կռուէին բազում հերոսներ, հրամանատարներ ու զինուորականներ:

Արդ, ծիծաղելին այն է, որ այդ հրաշափառ օրերուն եւ ճգնաժամին, կարծես ազգ մը ամբողջ կուրօրէն հմայուած էր Արամով եւ չէր տեսած կամ չունէր այսօրուան տկլոր մտայնութեանց տէր մարդոց այսպէս ըսած «սառն դատողութիւն»-ը:

Մինչդեռ, հազիւ 40-ամեայ Արամ իր կեանքի կէսէն աւելին անցուցած էր պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ո՛չ միայն զէնն ի ձեռին, այլեւ` ժողովուրդի ցաւն ու տառապանքը սրտին, յեղափոխութեան ամէնէն ծանր աշխատանքը իր ուսերուն, նետուած էր անհաւասար պայքարի դաշտ, պաշտպանելու հող ու ընտանիք, ազգային փառք ու արժանապատուութիւն:

Միւս կողմէ, ո՞ր տխեղծ միտքն ու հոգին կրնայ արժեզրկել Դանիէլ Բէկ Փիրումեաններու, Թովմաս Նազարբէկեաններու, Մովսէս Սիլիկեաններու, կամաւորական գունդի հրամանատարներու, առիւծասիրտ զինուորներու եւ ֆետայիներու նուիրումն ու անձնազոհութիւնը: Ո՞վ կը համարձակի ըսել, թէ մայիսեան յաղթանակները կերտուեցան շնորհիւ անձի մը լոկ, որ կարծես ունէր գերմարդկային ուժ ու կարողութիւն:

Պարզ ու անսեթեւեթ վերոյիշեալ տրամաբանութենէն թելադրուած տեղին ու արդար է հարցադրել, թէ ինչո՞ւ մարդիկ տակաւին կը շարունակեն նսեմացնել Արամի մեծութիւնն ու կատարած սրբազան գործը, «Երեւանը չյանձնելու» անոր հրաշափառ կոչը, որոշումը, կամքը, ներուժը, կորովը, ազգը սթափեցնելու գիտակցութիւնը,  բարոյալքուած ժողովուրդ մը իր վիճակէն ազատելու համարձակութիւնը:

Դարաւոր թշնամիին` թուրքին դէմ աննահանջ մարտնչելու եւ անմնացորդ նուիրուելու Արամի կոչը բարեբախտաբար լսելի դարձաւ, եւ ազգ ու բանակ ձեռք-ձեռքի տուած,  անտրտունջ եւ ինքնավստահ  հաւատացին Արամ Մանուկեանի վսեմ կեցուածքին ու կերտեցին Սարդարապատ, Բաշ Ապարան ու Ղարաքիլիսէ:

Ու այդ օրէն, հայութիւնը իր արարատասէրի սրտին ու հայրենապաշտի հոգիին մէջ ամրագրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրին` Արամ Մանուկեանի պայծառ անունը: Հայոց պատմութիւնը պատուով արձանագրած է, թէ հրաշք իր զաւկին թաղման օրը ազգ մը ամբողջ կ՛արտասուէր. «Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին»:

Այո՛, վստահած էին անոր, որ ունէր դաշնակցականի գաղափարական կերտուածք, մարդկային ազնուագոյն նկարագիր ու յեղափոխականի բարձրաթռիչ հոգի ու կամք: Վստահած էին անոր, որ սիրել ու յարգել, նուիրուիլ ու մեռնիլ գիտէր յանուն գաղափարի, ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան:

Իրօք, ի զուր չէ ըսուած ու տակաւին կ՛ըսուի, ու պիտի շարունակենք ազգովին բարձրաձայն գոչել` շիրիմիդ լոյս Արամ Մանուկեան:

Երկար մոռացութենէ ետք ու շատ սպասուած` հայավայել ու պետական մակարդակի որոշումին ընդառաջ, մեր կարգին կ՛ըսենք, առանց Արամի ու անոր նմաններու ազատատենչ ու մարտունակ ոգիի ներկայութեան, ո՛չ ազգեր կրնան գոյատեւել, ո՛չ ալ հայրենիք ու պետականութիւն կը կերտուին, փաստը` Արցախի ազատագրումն ու Հայաստանի վերանկախացումն էր:

Արդ, հայոց քաջազուններու սրտերը չեն դադրիր տրոփելէ, յետմահու անգամ, որովհետեւ անոնք արժանավայել բնակիչներն են հայոց աշխարհին, արձանով թէ առանց արձանի, հրապարակին վրայ թէ անշուք գերեզմանի մէջ:

Դաշնակցական Արամի մեծութիւնը կ՛ըմբռնեն բոլոր անոնք, որոնք սուլթան մը ունին իրենց հոգիին մէջ: Վերջ:

 

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

28 մայիս 2018

 

Նախորդը

Ուխտի Ճանապարհներ Ռէտթէոս Պէրպէրեանի Գերեզմանը

Յաջորդը

Մայիս 68-էն Յիսուն Տարի Ետք` (Հայկական) Յեղափոխութիւնը 21-րդ Դարուն

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In