Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը
Երեքշաբթի, 29 մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը` յարգանքի տուրք մատուցելով անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն եւ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն նուիրումը` Հայաստանին: Հայաստանի օրհներգով բացուած հանդիսութեան աշակերտներու կողմէ խօսք առաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Աւօ Ապագլեանը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարուան մայիս 28-ը կը կրէ տարբեր բնոյթ, որովհետեւ 2018-ը 100-ամեակն է...




















