Յօդուածներ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը.  Համախմբուիլ` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Փրկութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր Ժողովին. Երեւան, 26 փետրուար 2025

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ: Դարձեալ հաւաքուած էք, իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցներու ու միաւորներու ներկայացուցիչներ, համապարփակ կերպով վերաքննութեան ու վերարժեւորումի ենթարկելու կուսակցութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը իր այլազան երեսներով, եւ ապա ճշդելու յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան ընդհանուր ուղեգիծը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերջին 134 տարիներուն, իր ծննդոցէն մինչեւ ներկայ...

Փաշինեանը Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Իր Յանցագործութիւնը

Նոր Սահմանադրութեան Դէմ Քուէարկելը Փաշինեանէն Ձերբազատելու Լաւագոյն Միջոց Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ թելադրած է պատրաստել նոր սահմանադրութիւն, որ հանրաքուէի միջոցով պէտք է վաւերացուի Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ: Կը յուսամ, որ Հայաստանի մէջ ընտրողներուն մեծամասնութիւնը պիտի մերժէ նոր սահմանադրութիւնը` այդպիսով ալ ստիպելով զայն` հրաժարական տալու: Ասիկա ոսկի առիթ է անկէ ձերբազատելու: Վերջին եօթը տարիներուն զայն պաշտօնէ հեռացնելու նախկին բոլոր ջանքերը ձախողեցան, որովհետեւ` 1) Ընդդիմադիր խմբաւորումներուն...

Հետաքրքրական. Վարդան Մամիկոնեանի Յիշատակը` Ամէնուրեք

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարի Դիմաց

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ «Մեր ճիգերը փշրանքներ են միայն մեր կեանքի վերականգնումի փորձերուն մէջ» Յ. Օշական Ցեղասպանութիւնէն աւելի քան եօթանասուն տարի ետք,  մեր հայրերն ու մայրերը ամէն օր Վարդանանց պատերազմ մղեցին եւ ողջ պահեցին` լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն  ու պայքարեցան հասցնելու համար այսօր` ձեզի,  հաւատալով, որ օր մը Հայաստանի անկախացումով  վերջ պիտի գտնէին ինքնութեան, լեզուի ու հայ մնալու պայքարները: Ի վերջոյ, հայրենիք վերադառնալով,...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Սումկայիթի Ջարդերուն Յիշատակին Նուիրուած Խաչքարին «Խոր Թախիծը» (28 Փետրուար 1988)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ինքնախաբէութեամբ մենք «մեզ հանգստացնող ժողովուրդ ենք»: ՎՈՎԱ ՎԱՐԴԱՆ «Ողջ մնալու արուեստ» կազմակերպութեան հիմնադիր  (Life Armenia, 25-1-2025) Արցախեան ազատամարտի բոլոր պատերազմներուն մասնակից, հետախոյզ, վաստակաւոր զինուորականին վերոնշեալ տողը վստահ որ շատերու ուշադրութիւնը գրաւած է: Անոր ցարդ տարած ռազմահայրենասիրական աշխատանքն ու ներդրումը անգնահատելի են` յատկապէս ուսումնադաստիարակչական, զինուորական թէ ողջ մնալու արուեստին տիրապետելու առումով: Արդ, ազգային գիտակցութիւնն ու պարտաւորութիւնը մեզի կը յուշեն,...

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Եւ «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»-ն

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Եւ «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»-ն

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայ եկեղեցւոյ շարժական տօներու ծիրին մէջ այսօր, ինչպէս ամէն տարի, կը նշենք Աւարայրի ճակատամարտին հերոսապատումը, հայոց բանակի սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր զինակից զօրականներուն նահատակութիւնը հայոց հայրենիքի եւ հաւատքի ազատութեան համար, եւ` լիցքաւորուած դարերու խորքէն եկող պատգամով, կը վերակենդանացնենք ազգովին վերստին հզօրանալու մեր վճռականութիւնը: Վարդանանց ճակատամարտն ու սխրանքը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ սոսկական դէպք մը Հայոց պատմութեան իրադարձութիւններու...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Վարդանանցով Արմատաւորուած Հայու Մարտնչող Ու Չյանձնուող Նկարագիրը Վերականգնելու Անհրաժեշտութիւնը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ... Մեր փոքրիկներուն պէտք է սորվեցնել, թէ դուք հայրենիք ունիք, յափշտակուած հայրենիք. անոնց ամէն բան պէտք է սորվեցնել. գիտութիւն, լեզու, նկարչութիւն, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէնէն վեր մէկ բան սորվեցնել` հայութիւն... ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ   1574-րդ տարին է, որ կը նշենք Վարդանանց ճակատամարտը: Ինչո՞ւ այսքան կարեւորութիւն տալ պատմական դէպքի մը, որ ժամանակի, աշխարհագրական, քաղաքական եւ ռազմավարական առումով ոչ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Աւարայրը` Զրա՞հ, Թէ՞ Խանդավառող Հեքիաթ (Վարդանանց – 451 Թ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Խորագիրը ոչ մէկ միտում կը պարփակէ,  նսեմացնելու Հայոց պատմութեան մէջ իր եզակի տեղը ունեցող դիպաշարի մը, որ թէեւ դարերու հնութիւն ունի, բայց եւ այնպէս ամրօրէն կառչած է ազգային մեր պարունակին, արժանապատուութեան, գիտակցութեան եւ հաւատամքին: Զարմանալիօրէն, հայոց հաւաքական մտածողութիւնն ու յիշողութիւնը կրցած է պաշտպանել եւ նոյնիսկ արդարացնել ինքզինք, երբ հարցը առնչուած է Վարդան Մամիկոնեանին, անոր մղած հերոսամարտին եւ թէկուզ...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Վասակեան «Իրապաշտութի՞ւն» Թէ՞ Վարդանեան «Գաղափարապաշտութիւն» (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամէն տարի աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը տօնէ Վարդանանց տօնը, որ մեր ազգային տխրամած էջերը լուսազարդող հոյակապ դէպք մըն է: Աւարայրի ճակատամարտով սկսող Վարդանանց պատերազմը տեղի ունեցաւ 451 թուականին, Տղմուտ գետի ափերուն, Շաւարշանայ դաշտին վրայ, ուր նահատակուեցան 1036 հայրենանուէր մարտիկներ` գլխաւորութեամբ հայոց ազգային հերոս Վարդան Մամիկոնեանի: Վարդանանց պատերազմը մեր ազգային կեանքին մէջ ճգնաժամի մը հետեւանք էր, երբ...

Հետաքրքրական. Վարդան Մամիկոնեանի Յիշատակը` Ամէնուրեք

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարին Դիմաց

«Մեր ճիգերը փշրանքներ են միայն մեր կեանքի վերականգնումի փորձերուն մէջ»: Յ. ՕՇԱԿԱՆ   ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ - ԽՏԸՇԵԱՆ Վարդանանքը հաւատքի տօնակատարութեան ազգային օր է: Տասնհինգ դարէ ի վեր կը նշենք եւ ամէն տարի անշեղօրէն կ՛արտայայտենք  մեր հիացմունքն ու ակնածանքը այն խորունկ հաւատքին համար, զոր Վարդան եւ վարդանանք ցուցաբերած են 451 թուականին: Այս առթիւ մենք մեզի հարց կու տանք  թէ ինչի՞ կը...

37 Տարի Առաջ.   Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

37 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

Ա. Մ. Արցախեան շարժումը կանխելու առաջադրանքով Ազրպէյճան որոշեց արիւնալի գործողութիւններով ու ջարդերով ահաբեկել հայութիւնը: Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան առաջին զոհը եղաւ Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութիւնը: Պաքուէն հիւսիս, Կասպից ծովու ափին գտնուող քաղաքը 224 հազար բնակչութիւն ունէր, որուն 18 հազարը հայեր էին: Սումկայիթի մէջ կիրքերը բորբոքելու համար հակահայ տրամադրութիւններ հրահրուեցան եւ ստայօդ լուրերը տարածուեցան, որ իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճացիներու զանգուածային սպանութիւններ...

Աններելի Եւ Նոյնքան Դատապարտելի Են Գործող Վարչապետին Անպատասխանատու Յայտարարութիւնները

Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Ոգին Պիտի Շարունակէ Հպարտութեամբ Լեցնել Իւրաքանչիւր Հայրենասէր Հայու Սիրտը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Վարդանանց հերոսամարտը առյաւէտ պիտի մնայ Հայոց պատմութեան ազգապանծ էջերէն մէկը: Հայ ժողովուրդը միշտ ալ հպարտութեամբ ոգեկոչած է Վարդանանց յիշատակը: Աւարայրի հերոսամարտը դարեր շարունակ ոգեշնչած է սերունդներ: Աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդը այս օրերուն կ՛ոգեկոչէ Սահակ հայրապետի, Ղեւոնդեանց քահանայից, Սուրբ Վարդան զօրավարի եւ հազար երեսունվեց նահատակներուն յիշատակը: Վարդանանքը ազգային-քաղաքական առաքինութեան ուղիներ պատգամած է հայ ժողովուրդին: Հայ ժողովուրդը միշտ արժեւորած է...

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին պատմութեան ընթացքին միշտ հայրենիքի պաշտպանութեան առաջին շարքերուն վրայ գտնուած է: Հայրենիքը Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ է եւ անոր պաշտպանութիւնը սուրբ գործ է: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունող առաջին ազգը եղաւ: Հայաստան քրիստոնէացաւ: Քրիստոնէական հաւատքէն ծնունդ առաւ հայ դպրութիւնն ու մշակոյթը եւ քրիստոնէութիւնը հայացաւ: Հայ եկեղեցին դարձաւ մեր ազգային ինքնութեան միջնաբերդը: Ան սերտօրէն միահիւսուած է հայ կեանքին...

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւորուեցան երկիրը յանձնել պոլշեւիկներուն` հիմնականօրէն պարտուած դուրս գալով քեմալական Թուրքիոյ դէմ մղուած պատերազմէն, ինչպէս նաեւ` հայ համայնավարներու ապազգային եւ հակապետական տրամադրութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Այսպիսով վերջ գտաւ առաջին անկախութիւնը: Բնականաբար համայնավար վարչակարգի վարքագիծը արագօրէն յստակացաւ, ան երկիրը վերածեց մնայուն հալածանքի, ձերբակալութիւններու եւ քաղաքական կամ ոչ քաղաքական սպանութիւններու վայր: 13-18 փետրուար 1921-ին հանգրուանային կերպով եւ...

Հիմի՞ Էլ Լռենք

Հիմի՞ Էլ Լռենք

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան ընթացքին շարք մը պատմական եւ ազգային հարցեր արժանացած են քննադատութեան եւ անտեսման փորձի, կասկածներ ստեղծուած են անոնց շուրջ, սակայն այս ուղիին վրայ ամէնէն զգայունը Հայոց ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դնելու իր ազգակործան քայլն էր: Փաշինեան վարչապետի իր պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք հիմը դրաւ իր ազգակործան քաղաքականութեան` բոլոր ազգային արժէքները սահմանափակելով պետական...

Կոչ Զարթօնքի Եւ Պայքարի

Կոչ Զարթօնքի Եւ Պայքարի

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Փետրուար 1988-ին, երբ տակաւին գարնան նշոյլն անգամ չէր երեւցած, ծնունդ առաւ արցախեան շարժումը` գլխաւոր նպատակ ունենալով սրբագրել 1923-ին Համայնավար կուսակցութեան որդեգրած ստալինեան կամայական մէկ որոշումը եւ Արցախի սուրբ հողաշերտը վերամիացնել մայր հայրենիքին: Այսպէս, 12 փետրուար 1988-ը հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ մնաց իբրեւ անմոռանալի թուական: 20 փետրուարին Երեւանի այժմու Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան շուրջ...

Դէպի Նորանոր Պայքարներ

Դէպի Նորանոր Պայքարներ

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» Մասնաճիւղ Փետրուար ամիսը համայն հայութեան ազգային արժեհամակարգի վերականգնման, քաղաքական կամքի վերահաստատման եւ լիցքաւորման կարեւորագոյն փուլերէն մէկը կը հանդիսանայ` առնչուելով Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի գործունէութեան: Համայնավար վարչակարգի հաստատումէն ետք հալածանքներ, ձերբակալութիւններ ու սպանութիւններ տեղի ունեցան: Հալածանքներու եւ մահաբոյր մթնոլորտի պայմաններուն տակ ժողովրդային ապաստամբութիւն սկսաւ:  Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն...

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Անտարբերութիւնը Եւ Մենք

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Անտարբերութիւնը մեր օրերու ամէնէն ընդհանրացած ընկերային երեւոյթներէն մէկն է, որ յատկապէս կը նկատուի երիտասարդական շրջանակներու մէջ: Այսօր բազմաթիւ երիտասարդներ ցոյց կու տան անտարբերութիւն` հասարակական, քաղաքական, մշակութային եւ նոյնիսկ անձնական կեանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ: Անտարբերութիւնը ոչ միայն կը խոչընդոտէ հասարակութեան զարգացումը, այլ նաեւ ժխտական ձեւով կ՛ազդէ երիտասարդութեան սեփական ինքնութեան ձեւաւորման վրայ: Երիտասարդական շրջանակներու մէջ անտարբերութիւնը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի 140-Ամեակին Նուիրուած Առժամեայ Ցուցադրութեան Փետրուար 16-ին Գրականութեան եւ արուեստի Եղիշէ Չարենցի անուան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ 20-րդ դարու սփիւռքահայ անուանի երգահան, խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակին նուիրուած առժամեայ ցուցադրութեան, որ ընդգրկեց խմբավարին կեանքին ու գործունէութեան առնչուող ցուցանմուշներ: Ցուցադրութեան ներկայացուեցան Կանաչեանին ջութակը, զոր հայրը նուիրած էր իրեն եւ մինչեւ կեանքին վերջը...

Նախիջեւանի Խորհրդայնացումը.  Արցախի Խորհրդայնացման Ճակատագրական Հետեւանքները  Բոլշեւիկներու Բռնութիւնները Զանգեզուրի Մէջ

Նախիջեւանի Խորհրդայնացումը. Արցախի Խորհրդայնացման Ճակատագրական Հետեւանքները Բոլշեւիկներու Բռնութիւնները Զանգեզուրի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկական բանակը 1920 յուլիսին նպատակադրած էր գրաւել Նախիջեւանը: Այսպիսով Զանգեզուրի թիկունքը ապահովուած կ՛ըլլար եւ զօրաւոր դիրքերէ կարելի էր բանակցիլ Արցախի կարգավիճակին հարցով: Նախիջեւան Հայկական զօրքերը մտած էին Շարուր եւ Շահթախթ եւ կը պատրաստուէին շարժելու դէպի Նախիջեւան, երբ անոնց ընդառաջ եկաւ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը: Հայկական կողմը շարք մը պահանջներ ներկայացուց: Այնուհետեւ Նախիջեւանի թաթարներէն ներկայացուցիչներ Երեւան մեկնեցան` կառավարութեան հետ բանակցելու համար:...

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ. Կազմակերպական Կառոյցի Արդիականացում Ի Խնդիր 21-րդ Դարուն Համահայկական Զօրաշարժի Վերաշխուժացման

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ. Կազմակերպական Կառոյցի Արդիականացում Ի Խնդիր 21-րդ Դարուն Համահայկական Զօրաշարժի Վերաշխուժացման

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի (ԸԺ) (1988) Դէպի Երկիր որոշումը ծնունդ տուաւ կուսակցութեան գործունէութեան նոր պատմական հանգրուանի մը, որուն յաջորդական ժամանակաշրջաններու գնահատականները տուած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺի յաջորդած տասը ԸԺները -վերջինը՝ 34-րդ (2022): Այս շաբաթ ընթացք առնող 35-րդ ԸԺը նոյնը պիտի ընէ անցնող եռամեակին վերաբերեալ: Այդ գնահատականներէն անկախ, կուսակցութեան 34-ամեայ գործունէութեան տարբեր ժամանակահատուածները իրենց ամենայետին մանրամասնութիւններով սպասելիօրէն տեղի...

Page 124 of 1110 1 … 123 124 125 … 1,110

Արխիւներ