Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի 140-Ամեակին Նուիրուած Առժամեայ Ցուցադրութեան
Փետրուար 16-ին Գրականութեան եւ արուեստի Եղիշէ Չարենցի անուան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ 20-րդ դարու սփիւռքահայ անուանի երգահան, խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակին նուիրուած առժամեայ ցուցադրութեան, որ ընդգրկեց խմբավարին կեանքին ու գործունէութեան առնչուող ցուցանմուշներ:
Ցուցադրութեան ներկայացուեցան Կանաչեանին ջութակը, զոր հայրը նուիրած էր իրեն եւ մինչեւ կեանքին վերջը մնացած էր հետը, նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ, նոյնիսկ իր վաստակին համար ստացած պարգեւը` Լիբանանի «Մայրիներ» Ա. կարգի շքանշանը եւ այլն:
Նշենք, որ բացման արարողութեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` «Կանաչեան» արուեստի դպրոցի աշակերտներուն մասնակցութեամբ:
Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակի Նախաձեռնութեամբ Լոյս Տեսաւ «Հայոց Եկեղեցւոյ Դերը Պետականութեան Բացակայութեան Պայմաններում» Գիրքը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ վերջերս լոյս տեսաւ «Հայոց եկեղեցւոյ դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններում» գիրքը, որ համանուն գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն է, եւ որուն մէջ ընդգրկուած նիւթերը կը վերարժեւորեն Հայոց եկեղեցւոյ պատմական դերը ազգային գոյաբանութեան եւ ինքնութեան պահպանման, կրթական, մշակութային զարգացման, ազգային ազատագրական պայքարի նախապատրաստման եւ առաջնորդութեան գործին մէջ:
Յայտնենք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան ու պատմութեան բաժանմունքներուն հետ համագործակցութեամբ, փետրուար 19-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կայացաւ «Հայոց եկեղեցւոյ դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններում» ժողովածուին շնորհահանդէսը, որուն օրը պատահական չէր ընտրուած. այն գիրք նուիրելու օրուան համընթաց էր, որ նաեւ մեծ լոռեցիին` Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է: Մարդ, որ ոչ միայն մեծ գրող էր, այլեւ` ազգի ցաւով ու ճակատագրով ապրող եւ պայքարող մտաւորական:
Շնորհահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզաննա Առաքելեանի ողջոյնի խօսքով: Ան անդրադարձաւ գիրքին մէջ զետեղուած նիւթերուն կարեւորութեան` մատնանշելով, որ յատկապէս մեր օրերուն շատ կարեւոր են` անցած ճանապարհին վերարժեւորումը, անցեալի դասերէն ճիշդ եզրայանգումները եւ այդ ճանապարհին Հայոց եկեղեցւոյ դերակատարութեան ճիշդ գնահատումը:
Ներկաներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկան` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեանը, Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր, Արման Եղիազարեանը, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար, ազգագրագէտ Մխիթար Գաբրիէլեանը, դասախօս Մելանիա Բալայեանը, Արմէն Կարապետեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին Ռուզաննա Առաքելեան ներկայացուց նաեւ Համազգայինի կողմէ հրատարակուած վերջին գիրքերը եւ օրուան կապակցութեամբ զանոնք նուիրեց ուսանողներուն:
«Հրաժեշտի Աչքեր» Եւ «Վերջին Կարմիր Շրթները» Գիրքերուն Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ
Փերտրուար 16-ին «Դուին» հիւրանոցի դահլիճին մէջ կազմակերպուած գիրքի եւ արուեստի փառատօնին տեղի ունեցաւ արցախցի երկու կին գրողներ` Հերմինէ Աւագեանի «Հրաժեշտի աչքեր» եւ Ծովինար Բարխուդարեանի «Վերջին կարմիր շրթներկը. արցախեան օրագիր» գիրքերուն շնորհահանդէսները:
Նշենք, որ գիրքերուն գլխաւոր հովանաւորը «Ամրոց» ազգային զարգացման հիմնադրամն է:
«Newmag»-ի եւ «Թովմասեան» հիմնադրամին կողմէ յայտարարուած արցախեան հեղինակներու գրական մրցոյթին մրցանակակիր Հերմինէ Աւագեանի հեղինակած «Հրաժեշտի աչքեր» ժողովածուն կը պատմէ արցախեան պատերազմի, լքուած հայրենիքի եւ անոր հետ կրկին հանդիպման անվերջ սպասման մասին: Գիրքին հերոսները մարդիկ են, որոնք անցած են պատերազմներու մէջէն, տեսած են տեղահանութիւնն ու մահը:
Պատերազմ, հայրենազրկում ու ասոնցմէ ետք մնացած` կորուստի ցաւ, խեղուած ճակատագրեր, կորսուած մանկութիւններ, խլուած երազներ: Հայրենազրկուած մարդիկ իրարու հետ կը հաղորդակցին լռութեան լեզուով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին աչքերուն մէջ կ՛երեւան տուն վերադառնալու թախծոտ կարօտն ու անասելի փափաքը: Անոնց իսկ լռութեան մասին կը պատմէ Հերմինէ Աւագեան:
Լրագրող Ծովինար Բարխուդարեանի գիրքին մէջ տեղ գտած են անոր` իբրեւ ականատեսի վկայութիւնները Արցախի հայաթափման վերաբերեալ: Անիկա ո՛չ միայն պատմական փաստաթուղթ է, այլեւ յիշեցում` մարդկային ոգիի անկոտրում ուժի մասին: «Վերջին կարմիր շրթներկը» գիրքին մէջ հեղինակը ներկայացուցած է իր եւ 12 արցախցի կիներու պատմութիւնները:
Գիրքը կ՛ամբողջացնէ Արցախի ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնը` ներկայացնելով արցախցիներուն ամուր կամքն ու գաղթի մղձաւանջային ճանապարհը` այդ ամէնը վերապրած կիներու փաստական վկայութիւններուն միջոցով:
Գիրքերուն շնորհահանդէսը եզրափակուեցաւ «Արցախի ձայներ» խումբին կատարումներով:
Բռնագրաւուած Արցախի Մէջ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցին Կորսնցուցած Է Հայկական Դիմագիծը, Իսկ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցին` Հիմնովին Ոչնչացուած
Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան Յովիկ Աւանեսով կ՛ահազանգէ.
«Ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Արցախի մէջ պատմական ճարտարապետական յուշարձաններու ամբողջական բնակավայրերու եւ բնակելի թաղամասերու ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման ազրպէյճանական պետական քաղաքականութեան զուգահեռ` կ՛իրականացուի նաեւ համամարդկային արժէք ներկայացնող պատմական կառոյցներու «վերականգնման» աշխատանքներ, որուն իբրեւ հետեւանք` հայկական պատմական ճարտարապետական յուշարձանները կա՛մ կը կորսնցնեն իրեց հայկական դիմագիծը, կա՛մ հիմնովին կ՛ոչնչացուին: Կեղծ վերկանգնման աշխատանքներու իբրեւ հետեւանք` Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին կորսնցուցած է իր հայկական դիմագիծը, Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին հիմնովին ոչնչացուեցաւ: Այս ցանկը պարբերաբար կը թարմացուի. նշուածին վառ օրինակը Ասկերանի ամրոցն է (յայտնի է նաեւ Մայրաբերդ անունով), որ 2023 թուականի թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական դաշինքին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծած հերթական լայնածաւալ պատերազմին, Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն եւ արցախահայութեան պատմական կենսատարածքէն բռնի տեղահանութենէն ետք յայտնուած է Ազրպէյճանի ֆաշական հանրապետութեան հսկողութեան տակ:
Ըստ պատմական աղբիւրներու, Ասկերանի ամրոցը կառուցուած է 18-րդ դարու երկրորդ կէսին, շինարարութիւնը իրականացուած է 1750-ական թուականներուն (ձախակողմեան հատուած) եւ 1788-1789 թուականներուն (աջակողմեան հատուած):
2025 թուականի փետրուար 18-ին Ազրպէյճանի նախագահին պաշտօնական կայքին եւ փետրուար 19-ի` Baku TV-ի հրապարակումներէն երեւաց, որ Ասկերանի ամրոցի տարածքին կատարուած են «նախագծային աշխատանքներ»: Այդ «նախագիծը» բաղկացած է 4 ուղղութիւններէ` «մշակութային եւ բնական ժառանգութիւն», «ենթակառուցուածքներ եւ ծառայութիւններ», «մարքեթինկ եւ քարոզչութիւն»: «նախագիծի» շրջանակններուն մէջ իրականացուած են` պահպանող, ամրաշինական աշխատանքներ, հնագիտական պեղումներ եւ բաց երկնքի տակ պատմական պուրակի ստեղծում»: Բերդի տարածքին իրկանացուած են տարբեր նպատակներով օգտագործման համար «ենթակառուցուածքներու» շինարարական աշխատանքներ: Այս կեղծ վերականգնողական աշխատանքներուն պատճառով ո՛չ միայն Ասկերանի ամրոցը կորսնցուցած է իր պատմական ճարտարապետական դիմագիծը, այլ նաեւ յարակից բնակելի թաղամասերը ամենայն հաւանականութեամբ ամբողջութեամբ կամ մասնակի քանդուած են: Այս բոլորը համակարգուած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի կողմէ եւ հիմնականօրէն ֆինանսաւորուած` Հէյտար Ալիեւի անուան ֆոնտին կողմէ:
Հաղորդենք, որ Ասկերանի ամրոցի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքները սկսած են 2016 թուականին եւ շարունակուած` մինչեւ 2023 թուականը:
Այս բոլորը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Արցախի մէջ գտնուող համամարդկային արժէք ներկայացնող պատմական մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի հիմնովին ոչնչացման եւ իւրացման վտանգին տակ:
Յիշեցնենք , որ թշնամին միջազգային բոլոր հարթակներուն մէջ մնայուն զբաղած է ու կը զբաղի պատմութիւնը նենգափոխելով, հայ ժողովուրդին` իր բնօրրանին մէջ տեղաբնիկ ըլլալու եւ հնագոյն քաղաքակրթութիւն ունենալու փաստը ժխտելով: Պատերազմէն առաջ ալ` 2020 թուականին, Ազրպէյճանի ֆաշիստական հանրապետութեան առաջնորդը Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած ժողովի ժամանակ անգամ մը եւս յայտարարեց, որ հայերը Արցախի մէջ չունին ժառանգութիւն: Ահաւասիկ, այսօր, պետական մակարդակով լծուած է հայկական քաղաքակրթութիւնը ջնջելու գործին, իսկ միջազգային հանրութիւնը լուռ է»:
Հադրութի Շրջանի Թաղուտ Գիւղը Գրեթէ Ամբողջութեամբ Քանդուած Է
Ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Արցախի մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւնները շարունակաբար կ՛իրականացնեն ցեղային զտումներու եւ մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն, որուն անբաժանելի մասն է հայկական բնակավայրերու համակարգուած ոչնչացումը: Այս յանցաւոր գործընթացը աննախադէպ ծաւալներու հասած է` վերածուելով Արցախի բնակավայրերու լայնածաւալ վերացման ծրագրի:
Փետրուար 18-ին Արարատ Պետրոսեան իր թելեկրամեան ալիքին մէջ հրապարակեց ապացուցողական լուսանկար մը, որ կը վկայէ Հադրութի շրջանի Թաղուտ-թաղօտ գիւղի գրեթէ ամբողջական աւերման մասին: Այս կը փաստէ, որ Ազրպէյճանը չի սահմանափակուիր միայն մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով, այլեւ նպատակային կերպով կը վերացնէ հայերուն պատմական բնակավայրերը` փորձելով վերացնել հայկական հետքը Արցախի մէջ:
Յիշեցնենք, որ այս քաղաքականութեան զոհ դարձած են նաեւ` Շուշիի շրջանի հերոսական Քարինտակը, Հադրութի շրջանի Մոխրենես, Մարիամաձոր, Ծամձոր գիւղերը, ինչպէս նաեւ` Ստեփանակերտի եւ Արցախի այլ բնակավայրերու բազմաթիւ բնակելի թաղամասեր: Այս ոչ թէ պարզապէս ռազմավարական հաշուարկ է, այլ` պետական մակարդակով իրականացուող ցեղասպանական քաղաքականութիւն, որուն նպատակը ոչ միայն ֆիզիքապէս ոչնչացնելն է հայերը, այլեւ` ջնջել անոնց կենսատարածական եւ պատմական մշակութային ներկայութիւնը Արցախի մէջ:
Այս յանցաւոր գործողութիւններուն անյապաղ պէտք է արձագանգէ միջազգային հանրութիւնը` դատապարտելով Ազրպէյճանը եւ ձեռնարկելով յստակ քայլեր` այս խտրական եւ ապօրինի, միջազգային իրաւունքի բոլոր օրէնքները ոտնահարող քաղաքականութիւնը կասեցնելու ուղղութեամբ: Հակառակ պարագային, լռութիւնը միայն կը խրախուսէ այս նոր ցեղասպանական մեքանիզմին կիրարկումը` վտանգի տակ դնելով ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:
Այսուհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Մէջ Մատչելի Են Ֆրանսերէնով Ձայնային Ուղեցոյցներ (Audioguides)
Ֆրանսայի Օվերնեը-Ռոն Ալփի շրջանի ղեկավարութեան հետ գործակցութեան ծիրէն ներս եւ անոր նիւթական աջակցութեամբ ֆրանսերէնի թարգմանուած եւ ձայնագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ձայնային ուղեցոյցներուն (audioguides) համար պատրաստուած գրութիւնները:
Այսուհետեւ Թանգարանի ֆրանսախօս այցելուները ձայնային ուղեցոյցներու միջոցով առիթը պիտի ունենան ինքնուրոյն ծանօթանալու թանգարանային ցուցադրութեան: Նկատի առնելով, որ անոնց թիւը շատ մեծ է, ֆրանսերէն ձայնային ուղեցոյցներու գործարկումը խիստ անհրաժեշտ էր եւ կարեւոր:
Նշենք, որ Օվերնեը-Ռոն Ալփի շրջանի ղեկավարութեան հետ գործակցութիւնը սկսած է 2020 թուականին, որուն ծիրէն ներս լոյս տեսած էր «Խոշտանգուած Հայաստան. Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» գիրքին ֆրանսերէն հրատարակութիւնը:
Այս անգամ, դարձեալ շրջանի նիւթական աջակցութեամբ, հրատարակուած է ֆրանսահայ պատմաբան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռեմոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Օվերնեը-Ռոն Ալփի շրջանի ղեկավարութեան աջակցութեան եւ գործակցութեան համար:
«Եւրոտեսիլ 2025» Երգի Մրցոյթին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Պարգը` «Survivor» Երգով
«Եւրոտեսիլ 2025» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Պարգը` «Survivor» երգով. այս մասին յայտնի դարձաւ «Դէպի եւրոտեսիլ» նախագիծի ծիրին մէջ կազմակերպուած համերգային ծրագրէն ետք:
Յաղթողը ընտրուեցաւ` Հանրային պատկերասփիւռի, միջազգային դատական կազմի եւ հեռուստադիտողներու քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, վաստակելով 214 միաւոր:
Պարգէն բացի, նախագիծին մասնակցած էին` Աթենա Մանուկեանը, Անահիտ Ադամեանը, Անահիտ Գասոյեանը, Արսէն Գրիգորեանը եւ Կամիլ նախագիծը, Գէորգ Յարութիւնեանը, Մելս Դանիէլեանը, Միլենա Միրիճանեանը, Սիմոնը, Սեւագիրը, Ֆլորա Բիչախչեանը, ALTSIGHT-ը:
Հաղորդենք, որ «Եւրոտեսիլ 2025» երաժշտական մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ մայիսին, Զուիցերիոյ Պազել քաղաքին մէջ: Զուիցերիան «Եւրոտեսիլ»-ը հիւրընկակելու իրաւունքը ստացաւ, երբ 2024 թուականի մրցոյթին զուիցերիացի Նեմոն գրաւեց առաջին դիրքը:
Տեղեկացնենք, որ «Եւրոտեսիլ 2025»-ի կիսաեզրափակիչներն ու եզրափակիչը պիտի կայանան մայիս 13-ին, 15-ին եւ 17-ին «St. Jacobshalle»-ի արենային մէջ: