Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարի Դիմաց

Մարտ 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

«Մեր ճիգերը փշրանքներ են միայն
մեր կեանքի վերականգնումի փորձերուն մէջ»

Յ. Օշական

Ցեղասպանութիւնէն աւելի քան եօթանասուն տարի ետք,  մեր հայրերն ու մայրերը ամէն օր Վարդանանց պատերազմ մղեցին եւ ողջ պահեցին` լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն  ու պայքարեցան հասցնելու համար այսօր` ձեզի,  հաւատալով, որ օր մը Հայաստանի անկախացումով  վերջ պիտի գտնէին ինքնութեան, լեզուի ու հայ մնալու պայքարները: Ի վերջոյ, հայրենիք վերադառնալով, վերջ պիտի գտնէին նաեւ  հայապահպանման ճակատամարտերը,    հայ ըլլալը պիտի դառնար մեր կեանքի բնական ոճը` ապրելով արժանավայել, հայօրէն, հայու պէս` մեր հողերուն վրայ: Ունենալով հայ դպրոցը որպէս  ինքնութեան զինանոց, Հայոց պետութիւնը իբրեւ հայ ժողովուրդի անսասան  պաշտպան ամրոցը եւ հայերէնը անխորտակելիօրէն բարբառող մեր բոլորի շուրթերուն:

Այդպէս չեղաւ, ափսո՜ս: Հազա՛ր ափսոս:

Ունեցա՛նք ազատ եւ անկախ Հայաստանը   եւ փութացի՛նք հայրենիք, սակայն Հայաստանի անկախացումով եւ աշխարհաքաղաքական միջավայրի նոր մարտավարութիւններով  մեզի կը պարտադրուէին, նոր  իրականութիւններ, եւ ունեցանք ներքին ճակատի վրայ բացուած նոր Աւարայրներ, եւ Վարդանանքը կը շարունակուի հայրենիքի մէջ եւս` հայոց լեզուի աղաւաղումին դէմ , Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը  ճապաղեցնլու եւ մեր յիշողութիւնը խաթարելու փորձերուն դէմ, բաժան-բաժան եղած ժողովուրդը միաւորելու,  մեկուսացուած սփիւռք վերամիացնելու հայրենիքին,  եւ տասնամեակներ ետք հազարաւոր մարտիկներու արիւնով անկախացած Արցախը ամօթալի ու խայտառակ պարտութեամբ թշնամիէն ետ բերելու, անոր  վերատիրանալու պայքարը:   Հայաթափուած Արցախի մէջ այսօր կ՛անհետանայ մեր դարաւոր  մշակութային ժառանգութիւնը: Չէր բաւեր ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին փռուած հազարաւոր մեր վանքերն ու եկեղեցիները կործանեցան կամ վերածուեցան մզկիթներու ու ախոռներու, այսօր Արցախն է, որ կ՛արժանանայ  նոյն ճակատագրին: Ահա թէ ո՛ւր տեղի  կ՛ունենան մեր ժամանակներու նոր Աւարայրները:

Այսօր ունինք մեր պետութիւնը` պարտուած,  բաժանուած ու յուսալքուած, կողմնորոշումը  կորսնցուցած ժողովուրդ:  Ինչպէ՞ս  հոս հասանք եւ ինչո՞ւ հասանք, ի՞նչն էր այս բոլորին պատճառը, ինչո՞ւ  չենք կրնար մէկ բռունցք դառնալ ու ցցուիլ թշնամիին դէմ:   Պարզապէս որովհետեւ մեզի կ՛իշխէ` ԵՍ-ը,   եւ աւելի ահաւորը`  մեր ուժերուն չհաւատալու, մենք մեզի չվստահելու,  պարտուողի հոգեբանութիւնը, որ մեզ իսկական պարտութեան  կ՛առաջնորդէ :   Յանձնապաստան, դիւրին ու հանգիստ կեանքը մեզ դարձուցած է անտարբեր, վախկոտ, անձնասէր եւ կրաւորական մեր կեանքի իրադարձութիւններուն հանդէպ` անհոգ ու անտարբեր:

Մեզի կը պակսին Վարդանանքի ոգին,  մենք մեր ուժին  հաւատալու  եւ յաղթանակելու ինքնավստահութիւնը` աւելցնելով թշնամիին հոգեբանութեանը անծանօթ ըլլալու մեր տգիտութիւնը:

Մեզի կը պակսի քաջ սպարապետը` նոր  օրերու,  նոր Վարդան Մամիկոնեանը, որ պիտի համախմբէ բովանդակ հայութիւնը մէկ բանակի մէջ, պիտի ներշնչէ հաւատքը` հայրենիքին, լեզուին ու մեր ուժին հաւատալու  ինքնավստահութիւնը, սպարապետ մը, որ ինչպէս 1500 տարի առաջ իր բանակին գլխուն անցած, կը խրախուսէր իր զինուորները`յայտարարելով, որ  քրիստոնէութիւնը մեզի համար հանդերձանք չէ,  որ հանենք եւ փոխենք, այլ մեր մորթին գոյնն է, եւ ոչ ոք կրնայ զայն փոխել,  թշնամիին երեսին նետելով, որ քրիստոնէութիւնը մեր ազգային նկարագիրն է, ու կարելի չէ զայն մեր մէջէն հանել, եւ թշնամին ստիպուեցաւ ընդունիլ ու ստորագրել Նուարսակի դաշնագիրը երեսուն տարի ետք միայն` շնորհիւ Վարդանի եղօրորդոյն` Վահան Մամիկոնեանին, շարունակած  միեւնոյն քաղաքական վարքագիծին, որ Վարդան դրած էր` պահելով հայ քրիստոնեայ մնալու որոշումը,  եւ պարսիկը ստորագրեց առաջին պայմանագիրներէն, որ փոքրամասնութիւններուն կրօնի ազատութեան իրաւունքը կը շնորհէր 1500  տարի առաջ:

Այսօր մեզի պէտք են  նոր սպարապետներ, նոր վարդաններ, որոնք արիութիւնն ու հպարտութիւնը պիտի ունենան թշնամիին երեսին շպրտելու, թէ Արցախն ու Հայաստանը ծախու չեն:

Այսօր եւս մեր նոր սպարապետը պիտի կանգնի հայոց բանակին գխուն եւ հրամայէ` «Արցախը հազարամեակներու մեր հողն ու քարն է, մեր ինքնութիւնն ու հպարտութիւնն է   իր վանքերով ու եկեղեցիներով: Վարդանանց  ճակատամարտէն  տակաւին  չորս դար առաջ, Ա. դարուն արդէն կառուցուած Դադիվանքով,   Դ. դարու` Գանձասարով,  Ամարասով, եւ  տակաւին, Հատրուդի, Քարվաճառի, Բերդաձորի, Մոխրենիսի, Մարտակերտի, Այգեստանի,  Քարինտակի, Շուշիի (Ղազանչեչոցի), Մատաղիսի, Աստղաշէնի, հազարաւոր վանքերով ու եկեղեցիներով, մարդ ու մշակոյթ կերտած,  համալսարան հիմնած, հազարամեակներու Արցախը`  ազերիական տարա՞ծք: Իսկ եթէ ազերիին  են այս հողերը, ի՞նչ գործ ունին հոն հայկակսն վանքերն ու խաչքարերը: Ահա ա՛յս հարցումէն սարսափած` կը կոտորէ, կ՛աւերէ  մեր  դարաւոր հարստութիւնը,  մեր հետքերը,  որպէսզի տիրէ հողին, ինչպէս ըրաւ Նախիջեւանին ու   այսօր  կը հասնի Սիւնիքին:

Որո՞ւն ոսկին որո՞ւ կու տանք:

Ահա թէ ինչպէ՛ս հետզհետէ կ՛անհետանայ  մեր  դարաւոր ժառանգութիւնը: Ո՞վ այսօր կը խօսի Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ գոյութիւն ունեցող աւելի քան  2800  եկեղեցիներուն ու 450 վանքերուն մասին,  որուն երկու հազարը արդէն գոյութիւն չունին:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Վարդանանքը անժամանցելի է: Եւ մեր արհաւիրքի ու մահու կենաց բոլոր պահերուն կը յայտնուի` որպէս ոգի, զգաստացնելու, չվհատելու, չյուսահատելու եւ պայքարելու, թէկուզ եւ` անհաւասար միջոցներով: Մեզ ընկճող ազերին ու թուրքը չունին մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը, մեր հայրենասիրութիւնը եւ ռազմի դաշտը լքող դասալիքներ են: Հայը հերոս է ու մարտունակ, ամէն մէկ հայու հոգիին մէջ  Վարդան մը կայ, որ կը զարթնի` վերածուելով  ոգիի,  բռունցքի, առիւծի, որովհետեւ մենք ենք հարազատ տէրերը այդ հողերուն, եւ  մեր պորտալարը եօթը հազար տարուան ժառանգականութեամբ կապուած է այս հողին ու քարին:

Հետեւաբար  մի՛ ունենաք միամտութիւնը, թէ կրնանք գոյատեւել իբրեւ հայեր օտար ափերու վրայ: Ամենահզօր գաղութներն անգամ կորած ու գացած են ժամանակի ընթացքին:  Նայեցէք Լիբանանի հայ համայնքին` ի՜նչ էր երէկ եւ ի՞նչ է այսօր, ո՞ւր են մեր բեմերը թնդացնող երաժիշտնեը, մեր սրահները ողողող թատրոնի հսկաները,  մեր բեմերուն փառք ու պատիւ բերող  պատկառելի բանաստեղծներն ու  մտաւորականները, գրագէտները:  Մեր հպարտութիւնը եղող արուեստագէները:

Լիբանանը կերտող սերունդին արմատները կու գային հայրենի հողերէն, հոնկէ արմատախիլ եղած էին: Բայց այսօր  մեր սերունդը, որ կտրուած է հողէն, ինչի՞ վրայ պիտի կերտէ իր ինքնութիւնը, եթէ ոչ` լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի: Իսկ առանց հողի` պատմութիւն եւ  մշակոյթ չի՛ կերտուիր, եւ առանց մշակոյթի` թափառաշրջիկ գնչուներու ենք, անհայրենիք անհատներ, հայ ծագումով օտար քաղաքացիներ, անարմատ ու ամէն հովուն ու փոթորիկին հետ կոտորուող ու անհետացող:

Հողն է, որ մեզի կու տայ արմատներ եւ ուժ, մշակոյթ ու պատմութիւն եւ այս բոլորը գումարած` արժանապատուութիւն ու հպարտութիւն:

Եւ հետեւաբար`

Հող ունենալու համար եւ Հայոց պատմութիւն կերտելու համար աշխատանք ունինք տանելիք, եւ աշխատելու համար հաւատք է պէտք, որմէ կը ծնին` կամքը, գիտութիւնը եւ յարատեւութիւնը:

***

Տասնամեակներ առաջ, երբ շատ փոքր էի, եւ` այդ տարիներուն անուանակոչութիւններու աւանդութիւնը ընդհանրացած, ուրախութեան, ճաշկերոյթի, հիւրասիրութեան եւ նուէրներ ստանալու օր  էր,  հարցուցի մայրիկս, թէ ե՞րբ էր իմ անուան տօնը,  ակնկալելով, որ նուէրներ կրնայի ստանալ:   Մայրիկս շատ արագ պատասխանեց, թէ Վարդանանքին էր: «Բայց անունս Վարդան չէ», պատասխանեցի,

«Հա եաւրում, Վարդանանքին օրը ամբողջ հայ ժողուրդը կռուեցաւ եւ նահատակուեցաւ, ատոր համար ալ անոնք, որոնք անուն չունին,  Վարդանանքին օրը կը տօնեն»: Թերահաւատութեամբ, բայց ընդունեցի, եւ սակայն երբեք անուանս օրը նուէր մը չստացայ:

Տասնամեակներ ետք, երբ կը կարդայի Վարդանանքի մասին, հանդիպեցայ գրութեան մը, ուր կ՛ըսուէր, թէ հինգերորդ դարուն Հայ եկեղեցին որոշում տուած ու է սրբացուցած է Վարդանանքի պատերազմին նահատակուած բոլոր զինուորներն ու հայուհիները, որովհետեւ անոնք բոլորը քրիստոնեայ մնալու համար նահատակուեցան եւ կը կոչուէին`  Արիստակէս,Ղեւոնդ, Պարթեւ, Արշակ, Վաղարշակ, Մեսրոպ, Թադէոս, Ներսէս, Համազասպ, Մուշեղ, Վահան, Շուշանիկ, Վարդենի, Վարդանուշ, Վարդուհի, Սահականուշ, Սանդուխտ եւ այլն: Ուրեմն մայրիկս ճիշդ էր  եւ ինծի պարզացուած կը փոխանցէր Վարդանանքի սրբադասման խորհուրդը:

15  դար ետք Հայ եկեղեցին երկրորդ անգամ ըլլալով նման հաւաքական սրբադասման որոշում կու տար  2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն հայորդիներու հարիւրամեակին, ցեղասպանուած մեր ժողովուրդը,   հաւաքական կերպով սրբադասելու:

Հետեւաբար այսօր բոլորիս անուակոչութեան օրն է, եւ բոլորս Վարդաններ ենք,  բոլորիս տօնը շնորհաւոր:

Թող Վարդանի ոգին ու հաւատքը մեզ պահեն ամուր եւ մեր անուններու փառքով երդնունք շարունակել  պայքարը` հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման, Արցախը ետ բերելու, Արարատը ազատագրելու, Կարսը, Վանն ու Մուշը կրկին շէնցնելու մեր յանձնառութիւններուն  եւ  մեր ժողովուրդի լուսաւոր ապագային տեսիլքով յառաջանալու  անխախտելի  ու անխզելի ուխտով:

20 փետրուար  2025

(Շար. 2 եւ վերջ)

—–

(Շար. 1)

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Սումկայիթի Ջարդերուն Յիշատակին Նուիրուած Խաչքարին «Խոր Թախիծը» (28 Փետրուար 1988)

Յաջորդը

Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Ժամերգութիւն Եւ Նախատօնակ

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?