ձեւախեղում ազգի ու հայրենիքի գաղափարներուն
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այս անգամ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձով դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի նիստերուն ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններէն, սփիւռքի քանի մը գաղութներու մէջ հայրենակիցներու ընտրովի խումբի մը հետ հանդիպման ընթացքին կատարուած մտորումներէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան հարկ համարած է չորեքշաբթի, 19 փետրուարին ամփոփելու ազգի, հայրենիքի եւ պետութեան մասին իր համոզումները եւ եզրակացութեամբ հանդէս գալու: Տասնչորս կէտերու մէջ ամփոփուած մտորումներուն մէջ...




















