Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտարբերութիւնը Եւ Մենք

February 26, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Անտարբերութիւնը մեր օրերու ամէնէն ընդհանրացած ընկերային երեւոյթներէն մէկն է, որ յատկապէս կը նկատուի երիտասարդական շրջանակներու մէջ: Այսօր բազմաթիւ երիտասարդներ ցոյց կու տան անտարբերութիւն` հասարակական, քաղաքական, մշակութային եւ նոյնիսկ անձնական կեանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ: Անտարբերութիւնը ոչ միայն կը խոչընդոտէ հասարակութեան զարգացումը, այլ նաեւ ժխտական ձեւով կ՛ազդէ երիտասարդութեան սեփական ինքնութեան ձեւաւորման վրայ:

Երիտասարդական շրջանակներու մէջ անտարբերութիւնը ունի շարք մը գործօններ: Առաջինը արհեստագիտութեան գերիշխանութիւնն է, որ ստեղծած է երազային աշխարհ` նուազեցնելով իրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Ընկերային ցանցերու վրայ ժամեր անցընելով` բազմաթիւ երիտասարդներ կը կորսնցնեն հասարակական կեանքին մասնակցելու փափաքը: Օրինակ, նոյնիսկ եթէ կարեւոր հարցերէ կամ հանրային խնդիրներէ տեղեակ են, շատեր կը սահմանափակուին մակերեսային մեկնաբանութիւններ գրելով, ինչ որ չի նպաստեր իրական փոփոխութեան:

Երկրորդ կարեւոր գործօնը կրթական համակարգի թերութիւններն են: Դպրոցներու մէջ ուշադրութիւնը ընդհանրապէս կեդրոնացուած է կրթական յաջողութիւններուն վրայ` անտեսելով աշակերտներուն արժէքը եւ ճիգը: Այս մէկը կը ստիպէ երիտասարդին` կորսնցնելու իր հետաքրքրութիւնը կեանքի խնդիրներուն հանդէպ, եւ զայն կը վերածէ անհոգ ու անտարբեր անձի մը: Կրթական համակարգը չի սորվեցներ` ինչպէ՛ս լուծել իրական կեանքի խնդիրներ կամ ինչպէ՛ս ներգրաւուիլ ընկերային կեանքին մէջ` իբրեւ աշխուժ մասնակից:

Երրորդ պատճառը ընտանիքներու մէջ արժէքներու պակասն է: Ներկայիս ընտանիքներու մէջ երբեմն կը պակսի արժէքներու փոխանցումը, եւ երեխաները կը մեծնան առանց յստակ սկզբունքներու եւ նպատակներու: Բազմաթիւ ծնողներ իրենց բազմազբաղութեան պատճառով պէտք եղած չափով ժամանակ չեն տրամադրեր իրենց երեխաներուն, կը մոռնան անոնց ջամբելու կարեւոր գաղափարներ` կապուած պատասխանատուութեան եւ համերաշխութեան հետ:

Այս բոլորէն զատ` ընկերային անարդարութիւնը եւս մաս կը կազմէ այս անտարբերութեան վրայ, եւ երիտասարդութիւնը կը հիասթափեցնէ ընկերային կեանքէն: Երիտասարդները յաճախ հանդիպելով փտածութեան, խտրականութեան կամ անարդարութեան` կը դադրին հաւատալէ, որ իրենք կրնան բան մը փոխել: Անզօրութեան այս զգացումը եւս կ՛առաջնորդէ անտարբերութեան:

Անտարբերութիւնը կրնայ շատ խոր ազդեցութիւն ունենալ թէ՛ անհատին եւ թէ՛ հասարակութեան վրայ: Անտարբեր  երիտասարդութիւնը կը դառնայ անհոգ` հրաժարելով իր իրաւունքները պաշտպանելու համար պայքարելէ:

Ասիկա վտանգաւոր է յատկապէս քաղաքական գետնի վրայ, երբ երիտասարդները չեն մասնակցիր ընտրութիւններու կամ չեն արտայայտեր իրենց կարծիքը: Հետեւաբար կարեւոր որոշումներ կ՛ընդունուին առանց անոնց մասնակցութեան:

Բացի ասկէ անտարբեր երիտասարդին հոգեկանը կ՛ըլլայ պարապ: Երիտասարդները չունենալով յստակ ձգտումներ` կը դառնան դիւրահաւատ եւ կ՛ենթարկուին արտաքին ազդեցութիւններու: Անոնք կը յայտնուին սխալ ուղիներու վրայ, կը վարժուին վնասակար սովորութիւններու եւ կ՛ունենան հակաընկերային վարքագիծ:

Ի վերջոյ, անտարբերութիւնը երիտասարդութեան մէջ լուրջ խնդիր է, որ կը պահանջէ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հասարակական մօտեցում: Երիտասարդներուն մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնելով դէպի իրական կեանքը` կրնանք ստեղծել աւելի աշխուժ եւ պատասխանատու երիտասարդութիւն, որ պատրաստ  կ՛ըլլայ դիմագրաւելու աշխարհի մարտահրաւէրները:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Դէպի Նորանոր Պայքարներ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.