Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոչ Զարթօնքի Եւ Պայքարի

Փետրուար 26, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Փետրուար 1988-ին, երբ տակաւին գարնան նշոյլն անգամ չէր երեւցած, ծնունդ առաւ արցախեան շարժումը` գլխաւոր նպատակ ունենալով սրբագրել 1923-ին Համայնավար կուսակցութեան որդեգրած ստալինեան կամայական մէկ որոշումը եւ Արցախի սուրբ հողաշերտը վերամիացնել մայր հայրենիքին:

Այսպէս, 12 փետրուար 1988-ը հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ մնաց իբրեւ անմոռանալի թուական: 20 փետրուարին Երեւանի այժմու Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան շուրջ մէկ միլիոն հայորդիներ, որոնք Հայաստանի մայրաքաղաքին երկնակամարը փակեցին «Արցախը մերն է» կարգախօսով:

Արցախեան պահանջատիրութիւնը զարթօնքի նոր էջ մը բացաւ հայոց աշխարհին վրայ եւ միանշանակ վերահաստատեց հայութեան ազատ, անկաշկանդ եւ անկախ ապրելու ձգտումը: Արցախեան պահանջատիրութիւնը վերջ տուաւ ստրկութեան եւ օտարին լուծին տակ ապրելու իրողութեան: Այս երթին միացան` բազմաթիւ հայորդիներ, ուսանողներ, մշակներ, բանուորներ եւ ազատամարտիկներ, որոնց միասնական բռունցքին շնորհիւ` հայ ժողովուրդը կարողացաւ հասնիլ մինչեւ 2 սեպտեմբեր 1991` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիր, ապա 9 մայիս 1994` զինադադարի համաձայնագիր, որուն շնորհիւ Արցախը ամբողջովին եղաւ հայկական:

Արցախեան պահանջատիրութիւնը լոկ ըմբոստութեան շարժում մը չէր, այլեւ յոյսի, զարթօնքի եւ նպատակասլաց սուրբ առաքելութիւն մըն էր` հասնելու համար երազի մը, արդար իրաւունքի մը, որ տարիներու ընթացքին խլուած էր հայ ժողովուրդէն: Այս երթը տուաւ տասնեակ քաջարի հայորդիներ` ըլլան անոնք Հայաստանէն կամ սփիւռքէն, որոնցմէ ոմանք նահատակուեցան` առանց տեսնելու ազատ եւ անկախ Արցախը, սակայն անոնք պայքարեցան այն յոյսով, որ եթէ ոչ իրենք, ապա իրենց, ապա իրենց յաջորդները պիտի տեսնեն եւ ապրին ազատ եւ հայկական շունչով լեցուած Արցախին մէջ: Այս յոյսով եւ այս հաւատքով Արցախը եղաւ հայկական:

Դժբախտաբար 1994-ի կնքուած զինադադարի համաձայնութենէն ետք, Արցախը ամբողջ ժամանակուան ընթացքին չապրեցաւ խաղաղ երկնքի տակ: Ազրպէյճան դարձեալ փորձեց ներթափանցել արցախեան կարգ մը շրջաններ, որոնցմէ յատկանշական թուականներն են ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմը եւ սեպտեմբեր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը: Համաձայնութիւնը խախտելով հանդերձ, Ազրպէյճան շարունակեց իր ոճրագործ ուղին եւ ի գին ամէն ինչի` շարունակեց իր ատելութեան պայքարը հայերուն դէմ:

2023 թուականին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման իբրեւ հետեւանք, Արցախը կորսնցուց իր կամաւոր նահատակներու արեամբ կերտուած անկախութիւնը: Անկախութեան 32 տարիներ ետք Արցախը հայաթափուեցաւ: 120.000 հայեր տեղահանուեցան իրենց սեփական հողէն, տունէն եւ արմատէն, մանուկներ զրկուեցան վայելելու իրենց խաղաղ եւ անհոգ մանկութիւնը, յուսահատութիւնը տիրեց երիտասարդութեան մէջ, Արցախը մնաց մինակ, եւ միջազգային հանրութիւնը լուռ դիտեց 21-րդ դարու բարգաւաճ եւ զարգացած աշխարհին մէջ առաջին ցեղասպանութիւնը:

Պահ մը կեդրոնանանք Հայաստանի ներկայ իրավիճակին վրայ եւ հարց տանք, թէ այսօրուան տիրող իշխանութիւնը ի՞նչ կը կատարէ Արցախի նկատմամբ: Երէկուան «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» բացագանչողը ինչպէ՞ս այսօր կը նենգափոխէ եւ հակաքարոզչութիւն կը կատարէ` յայտնելով եւ ընդունելով այն իրողութիւնը, որ Արցախը այլեւս Հայաստան չէ: Ինչո՞ւ այսօր Հայաստանը լուռ է եւ աշխատանք չի տանիր հայ գերիները ազրպէյճանական բանտերէն դուրս հանելու:

Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը կ’իրականացնէ թշնամիին բոլոր պարտադրանքները եւ երազանքը` սահմանազատում, խաղաղութեան կեղծ օրակարգ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման պահանջ, Հայաստանի նկատմամբ սպառնալիքներ, Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայրենակիցներ, թշնամութեան եւ ատելութեան սերմանում եւ այլն: Այս բոլորով հանդերձ, այսօրուան ժողովուրդը փոխան ցոյցեր կատարելու եւ յաւելեալ ըմբոստութեամբ կառավարութեան դէմ պայքար մղելու փոխարէն` լուռ է: Դժբախտաբար այսօրուան կացութիւնը կը փաստէ այն իրողութիւնը, որ երթեւեկի գինի բարձրացման հարցը աւելի կարեւոր է, քան` Արցախի հարցը:

Արցախը կը նկատուի Հայաստանի ողնաշարը: Արցախի բռնագրաւումը կը վտանգէ Հայաստանի ապագան: Եթէ չկայ ազատ եւ անկախ Արցախ, ապա չկան Հայաստանի խաղաղ սահմաններ: Եթէ չկայ համախմբում, ապա կայ` ո՛չ Արցախ, ո՛չ Հայաստան եւ ո՛չ ալ պայծառ ապագայ:

Հակառակ այս բոլորին` այսօր սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, օտար հողերու վրայ իր մորթին վրայ լաւապէս կը զգայ հայրենիքի կորուստի դաժան եւ ծանր ցաւը: Հայրենիքի կարօտով մեծցած սփիւռքահայերը լաւապէս կը գիտակցին նահատակներու արեամբ կերտուած սուրբ հողի արժէքին: Այսօրուան սփիւռքահայը իր ապրած երկրին մէջ, դժուարութեան զուգահեռ, առաջնահերթ կը նկատէ Արցախի հիմնահարցը եւ յատկապէս Հայ դատի հետապնդման աշխատանքը եւ օրէ օր, ի գին ամէն ինչի, կ’աշխատի Արցախի եւ Հայաստանի համար:

Այսօր կը գտնուինք զանազան մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Փետրուար ամսուն յաւերժ պիտի ղօղանջէ պայքարի կոչը, «Հայեր, միացէ՛ք, Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէ՛ք» երգի այս տողերը ընդմիշտ պիտի հնչեն մեր ականջներուն մէջ: Այսօր մենք թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ ֆիզիքապէս, եւ թէ՛ մտովին պատրաստ պիտի ըլլանք միասնական բռունցքով պայքար մղելու բազում ճակատներու վրայ: Պիտի պայքարինք այն հաւատարիմ ուղիով եւ սլացքով, որ հայը դարձեալ պիտի վերատիրանայ Շուշիին, Վանին եւ Արարատին: Պիտի դառնանք մեր ազգին իրաւունքը պաշտպանող պողպատեայ վահանը: Այս բիրտ աշխարհին մէջ պիտի հանդիպինք զանազան քամիներու եւ մրրիկներու, որոնք պիտի փորձեն ջլատել եւ յուսահատեցնել մեզ: Հակառակ այս բոլորին` մենք պիտի շարունակենք մեր աննահանջ երթը, պիտի փշրենք մեր երթը խոչընդոտող հայատեաց մօտեցումները եւ միասնաբար յառաջ երթանք անսասան, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Պահն է՛ խօսքը վերածելու գործի,
Պահն է՛ ըմբոստութեան շարժումի,
Պահն է՛ աննահանջ պայքարի:

 

 

Նախորդը

Դէպի Նորանոր Պայքարներ

Յաջորդը

Հիմի՞ Էլ Լռենք

RelatedPosts

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յուլիս 1, 2025
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր

Յուլիս 1, 2025
Երազային Անկախութիւն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Երազային Անկախութիւն

Յուլիս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?