ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» Մասնաճիւղ
Փետրուար ամիսը համայն հայութեան ազգային արժեհամակարգի վերականգնման, քաղաքական կամքի վերահաստատման եւ լիցքաւորման կարեւորագոյն փուլերէն մէկը կը հանդիսանայ` առնչուելով Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի գործունէութեան:
Համայնավար վարչակարգի հաստատումէն ետք հալածանքներ, ձերբակալութիւններ ու սպանութիւններ տեղի ունեցան: Հալածանքներու եւ մահաբոյր մթնոլորտի պայմաններուն տակ ժողովրդային ապաստամբութիւն սկսաւ: Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած սասունցիները: Կռիւները փետրուար 16-ին սաստկացան եւ տարածուեցան տարբեր շրջաններ: Ապստամբներ իրենց հակակշռին տակ անցած շրջաններէն պոլշեւիկները հեռացուցին եւ նախկին խմբապետներու գլխաւորութեամբ` ձեռք առին իշխանութիւնը: Փետրուար 18-ին Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ, ապստամբները մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ` նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:
«Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ վերացած էր: Մինչեւ կառավարութեան կազմուիլը` ամբողջ իշխանութիւնը կը գտնուի Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ձեռքին» ( Սիմոն Վրացեան):
Ապստամբութեան շնորհիւ` բանտերէն ազատեցան պետական գործիչներ, հոգեւորականներ, սպաներ եւ մտաւորականներ, ինչպէս` Յովհաննէս Քաջազնունի, Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան:
Ապստամբներ, նկատի առնելով ուժերու անհաւասարութիւնը, եւ նորանոր զոհերէ խուսափելու համար, Գառնիի վրայով նահանջեցին դէպի Զանգեզուր:
Փետրուարեան ապստամբութիւնը աւարտեցաւ պարտութեամբ: Ուժերու անհաւասարութիւնը, ապստամբներու մօտ կանոնաւոր զoրքի բացակայութիւնը, կռուող ուժերու տկարացումը միայն պոլշեւիկներուն օգուտին էին: Պարտութեան պատճառ էր նաեւ հայ ժողովուրդի լայն խաւերու մեջ արմատացած ռուսասիրութիւնը:
Անքննելի է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ հայ մտաւորականութեան եւ զինուորութեան փրկութեան փաստը: Բանտերուն մէջ յայտնուած բազմաթիւ հայ մտաւորականներ եւ զինուորականներ դատապարտուած էին: Ցաւօք, պոլշեւիկեան բանտերուն մէջ եղան գնդակահարութեան բազմաթիւ դէպքեր: Միայն Փետրուարեան ապստամբութիւնը կանխեց համազգային այդ արհաւիրքը:
1921 թ. Փետրուարեան ապստամբութիւնը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ պոլշեւիկեան բռնաճնշումները մեղմելու առումով: Ապստամբութեան հետեւանք կամ արդիւնք կը համարուի նաեւ այն, որ ժողովուրդին մէջ վերափոխուեցաւ անվերապահ ռուսական կողմնորոշման տեսլականը: Փետրուարեան ապստամբութիւնը Հայաստանի անկախութեան գաղափարի իւրայատուկ դէպք հանդիսացաւ: Փետրուարեան ապստամբութեամբ հայ ժողովուրդը կրկին փաստեց ազատ եւ անկախ ապրելու լիիրաւ պահանջը եւ արդար սեփականութիւնը: Ապստամբութեամբ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ երբեք պիտի չհաշտուի ստրկութեան մէջ մնալու միտքին հետ եւ հարկ եղած պարագային պատրաստ է մէկ մարդու նման պայքարելու յանուն հայրենիքի անկախութեան: Այսօր մեր պայքարը կանգ չէ առած ու պիտի չառնէ: Ուրեմն համազգային մեր պայքարը շարունակենք մղել միասնական ոգիով եւ յաղթանակի տեսլականով: Պիտի չենթարկուինք օտարամոլութեան ու ձուլումի, ստրկութեան ու այլասերումի` տէր կանգնելով Հայ դատին: Ապստամբութեան ճիգերը անաւարտ կը նկատուին, այնքան ատեն որ լիարժէքօրէն չեն իրագործուած այդ ապստամբութեան նպատակները, եւ մենք տակաւին կը գտնուինք օտար ուժերու ազդեցութեան տակ: Մէկ խօսքով, 1921-ին հայ ժողովուրդը զէնքը ձեռքին ոտքի ելաւ` պաշտպանելու իր հայրենիքը, պատիւը, ընտանիքը եւ ազատ ապրելու վճռականութիւնը, ազատագրելով բանտի ճաղերուն ետին նետուած եւ կացինահարուելու սպառնալիքին տակ գտնուող հայ գրողը, բանաստեղծը, զինուորականը եւ մտաւորականը, սակայն 104 տարիներ ետք արդեօք տակաւին չունի՞նք այդպիսի ղեկավարներ բանտերուն մէջ: