ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ինքնախաբէութեամբ մենք «մեզ հանգստացնող ժողովուրդ ենք»:
ՎՈՎԱ ՎԱՐԴԱՆ
«Ողջ մնալու արուեստ» կազմակերպութեան հիմնադիր
(Life Armenia, 25-1-2025)
Արցախեան ազատամարտի բոլոր պատերազմներուն մասնակից, հետախոյզ, վաստակաւոր զինուորականին վերոնշեալ տողը վստահ որ շատերու ուշադրութիւնը գրաւած է: Անոր ցարդ տարած ռազմահայրենասիրական աշխատանքն ու ներդրումը անգնահատելի են` յատկապէս ուսումնադաստիարակչական, զինուորական թէ ողջ մնալու արուեստին տիրապետելու առումով:
Արդ, ազգային գիտակցութիւնն ու պարտաւորութիւնը մեզի կը յուշեն, որ ազգը իր պետական կառոյցներով եւ հասարակութեամբ արժանին պէտք է մատուցէ նման ազգանուէր եւ յոյժ կարեւոր աշխատանքներու, որովհետեւ հայկական բանակին հզօրացումով, պետականութեան ամրակայմամբ եւ հայ ժողովուրդի տոկունութեամբ միայն պիտի կարենանք շրջանցել թշնամիներու բազմակողմանի սադրանքներն ու տիւ եւ գիշեր արձակուող անոնց սպառնալիքները:
Իրօք, սպառնալիքներ, որոնց կիզակէտին է հայոց բնաջնջումն ու պետութեան քայքայումը: Ապացոյցը, Արցախի պետութեան կորուստն էր, իսկ սպանդի, ջարդի եւ զարհուրելի պատկերներու գոյութիւնը` մենք ազգովին ապրեցանք 1988-1990-ին, երբ թուրք-ազերի հորդաներ իրենց բարբարոսութիւնը ցոյց տուին` սկսելով Սումկայիթէն ու հասնելով Պաքու, Կիրովապատ, Գանձակ ու Մարաղուի հայահոծ շրջաններ:
Փաստօրէն, Արցախի ազատագրական պայքարի բռնկումով`հայութեան դիմաց կը բացուէր նորովի ժամանակաշրջան, երբ ազգային ապրումներով եւ հաւատքով զինուած արցախահայութիւնը կը դիմէր զէնքի, պաշտպանելու իր հողը, ջուրը, լեռն ու ազգային արժանապատուութիւնը, հաւաքական յիշողութիւնն ու հազարամեայ մշակոյթը:
Իսկ բարբարոս ազերիին պատասխանը չէր ուշանար` ջարդ, տեղահանութիւն, ռմբակոծում, ահ ու սարսափի տարածում եւ հայոց ինչքերու բռնագրաւում:
Ազերի պետական համակարգն ու բանակը իր թիկունքին ունենալով թրքական պետութեան սպառազինութիւնը` կը դիմէր սպանդի ու թալանի` հայութիւնը իր մայր հողէն դուրս քշելու մտադրութեամբ:
Ճիշդ է, որ հայութիւնը շնորհիւ նուիրեալ ազատամարտիկներու փաղանգին եւ վաստակաւոր սպաներու անմասն մասնակցութեան կրցաւ պարտութեան մատնել եւ ծունկի բերել թուրք-ազերին եւ ազատագրել Արցախը: Միւս կողմէ սակայն, տարբեր քաղաքներու թէ գիւղերու մէջ, հայրենիքի հողէն հեռու, հայութիւնը կ՛ենթարկուէր ահաւոր սպանդի եւ բռնաբարումի:
Գազանացած ու հայատեաց ազերին կը յարձակէր հայ ընտանիքներու վրայ, կը սպաննէր, կը հրկիզէր ու կը դիմէր զարհուրելի միջոցներու: Կարծես հայութիւնը նորէն ճակատագրուած էր տեսնելու Եղեռն, արիւնահեղութիւն եւ տեղահանութիւն:
Ազրպէյճանի տարածքին տարբեր քաղաքներու թէ գիւղերու մէջ տասնեակ տարիներ առաջ հաստատուած հայութիւնը անակնկալի եկած մարդակեր ազերիին կատարած ջարդերէն, կը դիմէր անհատական ինքնապաշտպանութեան, սակայն` դէմ յանդիման գտնելով պետական մակարդակի կազմակերպուած սպանդի, ստիպուած կը փախչէր, պարզապէս փրկելու ողջ մնացորդը:
Փաստօրէն, Ազրպէյճանէն կը հեռանան աւելի քան երկուհարիւրհազար հայեր, որոնք Խորհրդային Միութեան տարիներուն հաստատուած էին եւ կառուցած իրենց սեփական բնակարաններն ու գործատեղիները:
Ժամանակակից պատմագրութիւնը փաստագրած է վերոնշեալ շրջաններու մէջ պատահած սպանդը, ահաւոր պատկերներն ու բարբարոսութիւնը:
Եւ այդ սրտաճմլիկ օրերէն սկսեալ հայութիւնը` ի Հայաստան թէ սփիւռքի բազում երկիրներու մէջ, կանգնեցուց խաչքարեր, յիշելու անմեղ հայերու սպանդն ու իբրեւ ապացոյց`զգաստութեան հրաւիրելու մարդկութիւնը, որ, ի տես հայութեան ապրած նորովի Եղեռնին, լո՜ւռ եւ պատեհապաշտի հանդերձանքով կը հետեւէր պատահածին:
Յայտնապէս արձանագրել է պէտք, որ յիշատակի այս խաչքարերը կը միտէին նաեւ մոռացութենէ փրկել սարսափելի ոճիրները, որոնք պատահեցան արցախեան պատերազմի ատեն, եւ որոնց ականատես եղաւ ողջ մարդկութիւնը:
Պատեհ է յիշել Մարաղուի սպանդը, երբ ազերի բորենին ողջ-ողջ սրախողխող ըրաւ մանուկներ, կիներ ու ծերունիներ, պարզապէս որովհետեւ հայեր էին եւ խաղաղօրէն կ՛ապրէին իրենց օճախներուն մէջ:
Այսօր, ինչպէս մօտիկ անցեալին, հայրենի իշխանաւորներ պահ մը զոհ դառնալով, այսպէս ըսած, թուրքի խաղաղասէրի, հաշտութեան թէ եղբայրութեան որոգայթին, պարտադրաբար մոռացութեան կու տան մեր օրերուն հայոց դէմ կատարուած սպանդն անգամ, պարզապէս տուրք տալով քաղաքական խաղի մը, որ պատճառ կրնայ ըլլալ ազգային ողբերգութեան:
Հայկական պետականութիւնը պարտաւոր է զգօն ըլլալու` զինք շրջապատող համայնակուլ քաղաքական խօլ մրցակցութենէն` անվտանգ պահելու հայութիւնն ու ազգային շահերը, ըմբռնումները:
Միջազգային ուժերու վայրագ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութեան ցոյց տուած պետական մակարդակի խեղճութիւնն ու միամտութիւնը պատճառ դարձան արեամբ ազատագրուած Արցախի կորուստին կամ յանձնումին:
Հակառակ հայկական բանակի մարտնչումներուն եւ անասելի զոհողութեան, մենք կորսնցուցինք հայրենի հողը, դարաւոր օճախը եւ մշակոյթը:
Արդ,
Այսօր պարտաւոր ենք գէթ ազգովին պահպանել կանգնեցուած խաչքարերը, կորուստէ փրկելու անոնց ոգեղէն ներկայութիւնը, հնչեղութիւնն ու պատգամը: