«Մեր ճիգերը փշրանքներ են միայն
մեր կեանքի վերականգնումի փորձերուն մէջ»:
Յ. ՕՇԱԿԱՆ
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ – ԽՏԸՇԵԱՆ
Վարդանանքը հաւատքի տօնակատարութեան ազգային օր է:
Տասնհինգ դարէ ի վեր կը նշենք եւ ամէն տարի անշեղօրէն կ՛արտայայտենք մեր հիացմունքն ու ակնածանքը այն խորունկ հաւատքին համար, զոր Վարդան եւ վարդանանք ցուցաբերած են 451 թուականին:
Այս առթիւ մենք մեզի հարց կու տանք թէ ինչի՞ կը ծառայեն այս նշումները, եթէ ոչ ներհայեցողութեան առիթի, չափելու մե՛ր հաւատքի զօրութիւնը` ո՛չ միայն քրիստոնէական արժէքներու իւրացումին, այլ նաեւ բազմաթիւ ճակատներու վրայ ծառացող մարտահրաւէրներուն, որոնք կը սպառնան մեր կեանքի բազմաթիւ ոլորտներուն, եւ որոնք կը չափեն մեր հաւատքին անխորտակելիութիւնն ու կամքին դիմադրականութիւնը:
Հաւա՛տքն ալ, կա՛մքն ալ, Վարդան Մամիկոնեանին երկու հզօր ստորոգելիներն էին, որոնք կը բխէին անոր անսակարկելի հայրենասիրութենէն: Վարդան հայ ազգային եւ մարդկային կերպարին, ամրակուռ հաւատքին անկրկնելի տիպարն է, ո՛չ գերմարդկային էակ մը, ո՛չ ալ անհասանելի կուռք մը: Հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնած մաքուր ու անապակ հայրենասէր սպարապետը, որուն համար հայրենիքն ու քրիստոնէութիւնը գերագոյն ու նուիրական արժէքներ էին, եւ որոնց համար զոհաբերեց իր կեանքը: Այդ զոհաբերումն է ու արի կեցուածքը` «Ո՛չ» կարենալ ըսելու թշնամիին, որ դարերու ընթացքին զինք վերածեցին առասպելական վիթխարի կերպարին, եւ որ կը շարունակէ մեր նորաբողբոջ մանուկներու առաջին թոթովանքին հետ հայրենասիրական տրոփիւններով դարբնել վաղուան մեր հերոսները, եւ կը սկսի` «Հա՛յ եմ ես, հա՛յ եմ ես, քաջ Վարդանի թո՛ռն եմ ես»-ով:
Ահա՛ մարդկային այս կերպարին ձգտելու վերահաստատումն է, որ ամէն տարի անշեղօրէն կը նշենք դաստիարկելու հասնող սերունդները` ըլլալու Վարդանին նման ամուր ու կառչած մեր հաւատքին, արժէքներուն եւ ազգային նպատակներուն:
Ի՞նչ կը պատգամէ Վարդանանց տօնակատարութիւնը այսօր եւս` «երբ այլեւս պարսիկն ու փիղերը պատմութիւն դարձած են» եւ Վարդան` «Վարդագոյն արեամբ քո պսակեցիր Զեկեղեցի», իր արեամբ օծեց հայ եկեղեցին ու անցաւ պատմութեան:
Ի՞նչն է խորհուրդը Վարդանանքի յիշատակութեան ուրեմն, եւ ինչո՞ւ պարտութիւն մը 1500 տարի ետք կը շարունակէ մեզ ներշնչել տակաւին:
Թշնամի՛ն, սիրելիներ:
Թուրքը տակաւին իրականութիւն է մեր կեանքին մէջ: Աւելի քան ութ դար ետք տարբեր ճակատներու վրայ եւ այսօր` ազերին որպէս զինակից ունենալով, կը շարունակէ մեզ մաշեցնել, հիւծել, պարպել, սպառնալ մեր հայրենիքին, մեր պետութեան, մեր մշակոյթին, մեր լեզուին ու մեր գոյութեան:
Եւ ահա Վարդանանքի խորհուրդէն կը բխին անժամանցելիօրէն մեր ազգային նպատակներուն կառչելու յանձնառութիւնն ու անսասան պահելու` ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքը եւ հայ եկեղեցին, այլ նաեւ`
ա.- Գերեվարուարած Արարատը տուն բերելու յանձնառութիւնը, աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր Արարատը կը մնայ բանտուած, հետեւաբար, կառչած մնալ մեր ճիտին պարտքին` Արարատը տուն բերելու:
բ.- Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մէկուկէս միլիոն հայերու կոտորածին արեան գինը պահանջելու յանձնառութիւնը եւ հետապնդելու, որ թուրքը Ցեղասպանութեան պատասխանտուութիւնը ընդունի եւ հատուցէ բոլոր վնասները, զորս պատճառած է:
գ.- Չթողուլ, որ Թուրքիոյ ուրացումի բարբաջանքները ծառայեն գինովցնելու միջազգային արդարադատութեան իրաւարարները` քարիւղի, առեւտրական, տնտեսական եւ քաղաքական նիւթական շահերով, եւ անոնք անտարբերութեամբ վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, լռեն եւ գործածեն թուրք պետութեան պատճառաբանութիւնները որպէս համաձայնութեան եզրերու խօսոյթ, իսկ թուրքը քաջալերուած շարունակէ ուրացումն ու պատմական եղծումները:
դ.- Չյուսահատելու եւ չընկրկելու յանձնառութիւնը: Ամբողջ ժողովուրդ մը կոտորելու եւ անհայրենիք դարձնելու ոճիրը կը մնայ մարդկութեան վզին նետուած պարտքի շղթայ մը: Մեր հայրենի աւաններն ու շէները` բնակեցուած թուրք ցեղերով, Տարօնը, Մուշն ու Սասունը, Կարսն ու Արտահանը, Նախիջեւանն ու Արցախը` օտարուած մեզմէ, կը մնան բռնագրաւուած թշնամիին կողմէ, եւ մեր իրաւունքն է պայքարիլ զանոնք կրկին հայութեան վերադարձնելու համար ոչ թէ գիծ քաշել անցեալին ու կորսուած հայրենիքին վրայ:
ե.- Արցախին վերատիրանալու յանձնառութիւնը, որովհետեւ Արցախի պարտութեամբ կը վտանգուի ամբողջ Հայաստանի պետականութեան ինքնիշխանութիւնը: Արդարեւ, սահմանային մեր հողերուն շարունակուող բռնագրաւումները կը սպառնան ոչ միայն Զանգեզուրին ու Մեղրիին, այլ նաեւ մնացած բուռ մը հայրենիքին:
Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Վարդանանց պատերազմը ու վարդանանք կը շարունակեն հասնող սերունդները ոգեւորել ու ներշնչել` պայքարի ոգին կենդանի պահելու, անմար պահելու հայու անպարտելի ոգին, յաղթանակներու հաւատացող ոգին, մեր գոյութեան յաւերժականութիւնը երաշխաւորող ոգին: Թէկուզ եւ հարիւր, երկու հարիւր, հինգ հարիւր տարի ետք, պիտի հասնի՛նք Արարատի սրբազան կատարին, որովհետեւ մեր հազարամեակներու պատմութիւնը կը վկայէ մեր ժողովուրդի յաւերժականութիւնը:
Վարդանանքի խորհուրդը մեր լենելութեան ուժին հաւատալու պատգամն է, մեր հաւատքի ամրակուռ եւ կրանիթեայ խարիսխը, որ այսօր աւելի քան երբեք պիտի ներշնչէ` չյուսահատելու եւ պարտուածի հոգեբանութեամբ ծունկի չգալու, թշնամիին առջեւ չզիջելու հպարտութիւնը ու արժանապատուութիւնը ունենալու, գիտակցութեան հրաւէրն է Վարդանանքը:
Այսօր եւս մենք կը գտնուինք միեւնոյն կացութեան մէջ, ուր Վարդան եւ Վարդանանք գտնուեցան 1500 տարի տարի առաջ` դէմ դնել թշնամիին ու անհաւասար պատերազմի մէջ ներքաշուի՞լ, թէ՞ ենթարկուիլ անոր, եւ քիչ-քիչ կորսնցնել մշակոյթ, ինքնութիւն, հող ու հայրենիք, սակայն արիւն չթափել եւ հանգիստ ու որկրաժետ ապրիլ: Աւարայրը անհաւասար կռիւի խորհրդանիշն է, թեկուզ եւ այդպէս, բայց պայքարելու եւ յաղթանակելու խորհուրդն է նաեւ, որ կը խթանէ մեզ ըլլալ` անվհատ, հաստատակամ ու յարատեւող:
Այն գիտակցութեամբ, որ թշնամին չունի մեր բարձր մշակոյթը, իբրեւ ազգութիւն չունի մշակոյթ, կարդացէք իրենց պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ պետութիւն ստեղծեցին հայուն կամ յոյնին ժառանգութեան վրայ:
Ժողովուրդ մը, որ միայն կը կոտորէ, կը քանդէ, կ՛աւերէ ու կ՛ոչնչացնէ, չի կրնար մեզի իշխել ու ստրկացնել: Հետեւաբար, մենք` իբրեւ ստեղծագործ եւ շինարար ժողովուրդ, իբրեւ մշակոյթ կերտող ժողովուրդ, աւելի բարձր ենք քան թշնամին: Թշնամին պարտութեան մատնելու ամէն առանձնաշնորհում ունինք, կը բաւէ, որ հանենք մեր մէջէն պարտուածի եւ տկարի հոգեբանութիւնը, հաւատանք մեր ուժին, ստեղծագործելու ու արարելու աստուածատուր տաղանդին ու բնազդին եւ՛ ազգային միասնականութեան շուրջ ամրացած, ինքնավստահ, յաղթելու հաւատքով ներշնչուած` դառնանք հաւաքական ուժ:
Մենք ունինք պատմական փաստեր հաւատալու այս ըսուածին.
Ա.- 885-ին թուականին, ասկէ աւելի քան 1100 տարի առաջ, շնորհիւ Աշոտ Բագրատունի թագաւորի դիւանագիտական, քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ ազգային շահերով առաջնորդուող սպարապետին, չորսուկէս դար ետք, յարութիւն տուած է «կործանած հայ թագաւորութեան»[1], որ «բարձրացուցանէր զազգս Թորգոմեան», «սկիզբ դնելով Բագրատունիներու 160-ամեայ հարստութեան» եւ «Հայաստանի զարգացումին ու բարգաւաճման»[2]:
Երկրորդը. 28 Մայիս 1918 -ին, Հայոց ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք միայն, տակաւին մեր կոտորուած ժողովուրդին արիւնը չլերդացած, հիւծած, սոված ու քանդուած, նոր օրերու Վարդանները իրենց մէ՛ջ ուժ գտան ոտքի կանգնելու եւ թշնամին մեր հողերէն դուրս նետելու, ազատագրելով Հայաստանն ու վեց դարերու ստրկութենէն ետք կերտեցին ազատ ու անկախ Հայաստանը: Եթէ չըլլար Մայիս 28-ը կերտողներու հանրապետութիւնը, այսօր չէինք ունենար ա՛յս հանրապետութիւնը:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայ պետական այրերը պիտի ընէին այսօ՛ր եւս, հայոց բանակին ու պետականութեան շուրջ հաւաքելով ողջ հայութիւնը սփիւռքէն Հայաստան, համախմբելով հաւաքական ուժին ու հայրենիքի գաղափարին շուրջ եւ տէր կանգնէին. Արցախին:
Հետեւաբար, Վարդանանք պատերազմը կը շարունակուի այսօր եւս: Կը շարունակուի Սփիւռքի մէջ `
– Հայ դպրոցը եւ հայ աշակերտը հայ պահելու ահեղ ճակատամարտը` Լիբանանէն Ֆրանսա, Արժանթին, Աւստրալիա եւ Ամերիկա:
– Հայոց մեսրոպատառ լեզուն պահելու ճակատամարտը հանապազօրեայ պայքարով կը դառնայ դժուար յաղթահարելի: Մեսրոպատառ կ՛ըսեմ դիտումնաւոր, այսօր, կա՞յ մէկը, որ բջիջային հեռաձայն չունի, սակայն, քանի՞ն յարգելի մեր հայրենակիցներէն, իր հեռախօսին վրայ մեսրոպեան, հայկական տառերը ունի, հայերէնով հաղորդակցելու իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ: Բոլորը կ՛օգտագործեն լատին տառերը եւ այլանդակ հայերէնով ամէն օր կ՛աղաւաղեն մայրենի լեզուն, մինչդեռ նայեցէք արաբ, չինացի կամ ֆրանսացի ժողովուրդներուն, 90 տոկոսը այս զանգուածներուն իրենց մայրենիով` արաբերէնով, ֆրանսերէնով, չինարէնով իրարու հետ կը հաղորդակցին, իրենց ըսելիքները իրենց լեզուներով կը գրեն նոյն այդ բջիջայինին վրայ: Թուրքը, իր թրքութիւնը ամրակայելու համար, այսօր սկսած է վերադառնալ իր օսմանեան տառերուն: Իսկ մենք` մեր մեսրոպեան ոսկեղինիկը լատինատառ այլանդակ լեզուի մը կը վերածենք: Այսօրուընէ անցուցէք հայերէն տառերը ձեր բջիջայիներուն վրայ եւ գրեցէք հայերէն, թեկուզ դժուար եւ ուղղագրական սխալներով լեցուն, բայց վարժութիւնը հայերէն գրելու եւ լեզուն պահելու կը սկսի այստեղէն:
Տակաւին հայ մշակոյթը չխաթարելու, հայ ինքնութիւնը պահելու ճակատամարտերը, ամէն մէկը մէկ Աւարայր մըն է, որ կը սպասէ` հայ ստեղծագործ տաղանդին, հայ երիտասարդին, մտքի քանքարին, հնարամտութեան, իմաստութեամբ պայքարելու եւ զինաթափ ընելու թշնամին: Որովհետեւ, միայն զէնքով չէ, որ պիտի յաղթենք, այլ դիւանգիտութեամբ, խելքով, հնարամտութեամբ, գիտութեամբ: Բոլորս ականատես եղանք վերջին իսրայէլեան ահաբեկումներուն եւ վկայեցիք, թէ ինչպէ՛ս 4000 երիտասարդներ միեւնոյն ժամուն ամէն մէկը իրարմէ հեռու վայրի մը մէջ իրենց բջիջայիններու պայթումներով զինաթափ եղան: Հնարամտութիւնն ու խելքն է, որ մեզի յաղթանակներու պիտի առաջնորդէ: Եւ մենք ունինք խե՛լքն ալ գիտնականներո՛ւ ստուար բանակն ալ:
20 փետրուար 2025
(Շար. 1)
[1] ՀԱՍԿ, հայագիտական տարեգիրք, Լեւոն Շառոյեան «Աշոտ Բագրատունի եւ իր ժամանակը», 2024, էջ 494:
[2] Նոյն էջ` 509: