Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

37 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

Փետրուար 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Մ.

Արցախեան շարժումը կանխելու առաջադրանքով Ազրպէյճան որոշեց արիւնալի գործողութիւններով ու ջարդերով ահաբեկել հայութիւնը:

Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան առաջին զոհը եղաւ Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութիւնը:

Պաքուէն հիւսիս, Կասպից ծովու ափին գտնուող քաղաքը 224 հազար բնակչութիւն ունէր, որուն 18 հազարը հայեր էին:

Սումկայիթի մէջ կիրքերը բորբոքելու համար հակահայ տրամադրութիւններ հրահրուեցան եւ ստայօդ լուրերը տարածուեցան, որ իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճացիներու զանգուածային սպանութիւններ կ՛ըլլան եւ անոնց ունեցուածքը կը թալանուի: Այնուհետեւ հայերը ոչնչացնելու եւ վտարելու կոչեր հնչեցին:

Իշխանութիւնները հայերու բնակարաններու ցուցակներ պատրաստեցին, տասէն տասնհինգ հոգինոց խումբեր կազմեցին եւ անոնց դերերը բաշխեցին, մետաղաձողեր եւ այլ գործիքներ պատրաստեցին ոճիրը իրականացնելու համար եւ թմրեցուցիչներ ու ոգելից ըմպելիներ բաժնեցին: Միւս կողմէ, հայերու հեռաձայնային կապը խզուեցաւ եւ պայմանական ու ազդանշանային համակարգեր գործի դրուեցան հայերու տեղերը բացայայտելու համար:

Ազրպէյճանցի ջարդարարներու խումբերը 27-էն 29 փետրուար 1988-ին, նախապէս պատրաստուած քարտէսներով, հետեւողականօրէն քաղաքը «մաքրեցին» հայերէն:

Երեք օր շարունակ զարհուրելի սպանդը շարունակուեցաւ: Ինկան հազարէ աւելի զոհեր: Շատեր խոշտանգումներէ ու կտտանքներէ ետք ողջ-ողջ այրուեցան: Հարիւրաւոր կիներ ու աղջիկներ եւ մեծաթիւ անչափահասներ բռնաբարուեցան: Հայերու բնակարանները թալանուեցան ու աւերուեցան, անոնց արհեստանոցները, խանութները, հաստատութիւնները եւ ինքնաշարժները հրկիզուեցան:

Փետրուար 28-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ, սակայն անոնք ջարդարարներուն նկատմամբ զէնք գործածելու իրաւունք չունէին: Միայն փետրուար 29-ի երեկոյեան բանակի ստորաբաժանումները վճռական գործողութիւններու դիմեցին եւ ջարդերը դադրեցան:

Ջարդերէն ետք Սումկայիթի 18 հազար հայերը տեղահան եղան եւ հեռացան երկրէն:

Խորհրդային Միութեան դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածին առիթով: Դատավարութիւններուն մասնատումը առանձին դրուագներու եւ ոչ ամբողջական քննութեան կազմակերպումը բացառեց  յանցագործութեան իրական կազմակերպիչներու յայտնաբերումը:

 

 

Նախորդը

Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Ոգին Պիտի Շարունակէ Հպարտութեամբ Լեցնել Իւրաքանչիւր Հայրենասէր Հայու Սիրտը

Յաջորդը

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարին Դիմաց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?