Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վասակեան «Իրապաշտութի՞ւն» Թէ՞ Վարդանեան «Գաղափարապաշտութիւն» (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Փետրուար 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ամէն տարի աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը տօնէ Վարդանանց տօնը, որ մեր ազգային տխրամած էջերը լուսազարդող հոյակապ դէպք մըն է: Աւարայրի ճակատամարտով սկսող Վարդանանց պատերազմը տեղի ունեցաւ 451 թուականին, Տղմուտ գետի ափերուն, Շաւարշանայ դաշտին վրայ, ուր նահատակուեցան 1036 հայրենանուէր մարտիկներ` գլխաւորութեամբ հայոց ազգային հերոս Վարդան Մամիկոնեանի:

Վարդանանց պատերազմը մեր ազգային կեանքին մէջ ճգնաժամի մը հետեւանք էր, երբ հայ ազգը ծանրակշիռ երկընտրանքի մը առջեւ իր «Ո՛չ»-ը կ’ըսէր պարսից պետութեան: Պարսից արքայ Յազկերտ Բ. հրովարտակով մը կը պահանջէր իր գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող Հայաստանի հայերէն, որ իրենց քրիստոնէական կրօնը ուրանալով` պարսից զրադաշտական կրօնը ընդունէին:

Յազկերտ Բ.ի այս հրովարտակն էր, որ Պարսկահայաստանի հայութիւնը երկընտրանքի մը առջեւ կը դնէր: 301 թուականէն ի վեր` մէկուկէս դար, պետական կրօն դարձած քրիստոնէութիւնը շաղուած ըլլալով հայ ազգութեան հետ, Սասանեան բռնակալին պահանջքը լուրջ ճգնաժամ մը ստեղծած էր հինգերորդ դարու կիսուն ապրող հայութեան համար: Հրաժարիլ քրիստոնէական կրօնէն, կը նշանակէր ֆիզիքական ապահովութիւն: Իսկ հաւատարիմ մնալ քրիստոնէութեան, կը նշանակէր հալածանք, տառապանք եւ անտարակոյս ստոյգ մահ… Ընտրութիւնը այլեւս յստակ էր` կա՛մ առանց Քրիստոսի ապրիլ, կամ ալ Քրիստոսով մեռնիլ:

Անշուշտ ոմանց համար իրենց կեանքը, իրենց շնչաւոր գոյութիւնը շատ աւելի կարեւոր էր, քան որեւէ նկատառում, աւելի կարեւոր` քան Քրիստոս, եկեղեցի, հայրենիք, խղճի ազատութիւն: Ուրիշներու համար, սակայն, իրենց արժանիքներու նուիրապետութեան մէջ կային կեանքէն աւելի կարեւոր բաներ, որոնց համար ի հարկին կ’արժէր մեռնիլ:

Վարդան եւ Վասակ այդ օրերուն հայութեան համար երկու գլխաւոր ղեկավարներ էին, որոնք երկու հակոտնեայ աշխարհահայեացքներ, մտածելակերպեր եւ կեանքի փիլիսոփայութիւններ կը ներկայացնէին: Վարդանի եւ Վասակի զուգորդութեան մէջ խտացած կը գտնենք հինգերորդ դարու երկընտրանքին յայտնաբերումը: Առաջին տեսակէտը ա՛յն, որ ֆիզիքական գոյութեան եւ ապահովութեան համար կ’արժէ ամէ՛ն զիջում ընել: Երկրորդը ա՛յն, որ պէտք է մերժել զիջումի ամէն գաղափար, երբ որեւէ սպառնալիք գոյութիւն ունի մեր կրօնական եւ ազգային ինքնութեան, մեր նուիրական եւ անմեռ արժէքներուն դէմ:

Ահաւասիկ երկու տարբեր աշխարհահայեացքներ` Վասակեան «իրապաշտութիւն» եւ Վարդանեան «գաղափարապաշտութիւն»…:

Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ քաղաքական ու ռազմական պայմանները, ուժերու եւ շահերու դասաւորումը, իրապաշտութիւնն ու տրամաբանութիւնը կը թելադրէին, որ հայ ժողովուրդը հետեւէր Վասակ Սիւնիի քաղաքականութեան: Վասակ կը խորհէր, թէ մերժել Յազկերտ Բ.ի հրովարտակը եւ ծառանալ Սասանեան կայսրութեան դէմ` պարզապէս անհարկի արկածախնդրութիւն էր:

Միւս կողմէ, Վարդան, Վարդանանք եւ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը հաւատային, թէ իբրեւ ժողովուրդ կրնային պայմաններու պարտադրանքով որոշ բաներ զիջիլ, սակայն երբ հարցը կը վերաբերէր կրօնական, մարդկային ու ազգային հիմնական ազատութեանց բռնաբարումին, աւելի նախընտրելի էր ֆիզիքական մահը, քան հոգեկան ստրկութիւնը:

Ահաւասիկ հատուած մը այն նամակէն, զոր հայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութիւնը ղրկեց պարսից իշխանութեան, եւ որ կու գար հաստատել Վարդանանց սերունդի գաղափարապաշտութիւնը.

«Այս հաւատքէն ո՛չ ոք կրնայ խախտել մեզ. ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր, ո՛չ հուր, ո՛չ ջուր եւ ո՛չ ալ որեւէ ուրիշ դառն հարուածներ: Մեր բոլոր ստացուածքն ու կալուածները քու ձեռքդ են ու մեր մարմիններն ալ քու առջեւդ: Քու կամքիդ համաձայն ըրէ ինչ որ կ’ուզես: Եթէ մեր հաւատքին մէջ թողուս մեզ, հոս երկրի վրայ ուրիշ տիրոջ հետ չենք փոխեր քեզ, ո՛չ ալ երկինքի մէջ ուրիշ աստուած մը կը փոխանակենք Յիսուս Քրիստոսի հետ, որմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ: Իսկ եթէ այս վկայութենէն յետոյ, ուրիշ բան պահանջես, ահա հոս ենք` մեր ամբողջ մարմինը ձեր ձեռքը տուած: Շուտով ըրէ ինչ որ կը կամիս: Քեզմէ տանջանք, մեզմէ յանձնառութիւն, քու սուրդ, մեր պարանոցը: Մենք աւելի լաւ չենք քան մեր նախորդները, որոնք այս հաւատքին վրայ դրին իրենց ինչքը, ստացուածքն ու մարմինները:»

Վստահաբար, Վարդան եւ Վարդանանք իրազեկ էին այն իրողութեան, որ պարսից Սասանեան տէրութեան դէմ ֆիզիքական, ռազմական յաղթանակ տանիլ անհնար էր: Բայց հայ ժողովուրդի ծառացումը պէտք չէր լոկ ռազմական յաղթանակի մը ապահովութեամբ պայմանաւորել. էականը այն յանձնառութիւնն էր, որով հայ ժողովուրդը կռուի դաշտ իջնէր երբ կրօնական եւ ազգային իր գոյութեան դէմ վտանգ ու սպառնալիք կար: Այլեւս փոյթ չէր, թէ այդ գոյամարտին արդիւնքը կրնար ռազմական, ֆիզիքական պարտութիւն ըլլար: Այդ պատճառով, գաղափարապաշտ Վարդանանց սերունդը իր կեանքի վարքագիծ դարձուց հետեւեալը. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Վարդանանք ի խորոց սրտի յայտարարեցին.

«Թող մահը հաւասարի արդարներու մահուան, եւ մեր արեան հեղումը մարտիրոսներու արեան: Թող Աստուած հաճութեամբ ընդունի այս կամաւոր պատարագը եւ թող չմատնէ իր եկեղեցին հեթանոսներուն ձեռքը»:

Այսպէս, Վարդան եւ Վարդանանք Աւարայրի անհաւասար ճակատամարտին մէջ ինկան իբրեւ նահատակ եւ դարձան մարմնացած խորհրդանիշը Վարդանանց հաւատամարտին եւ անոր ձգտումներուն:

Վարդանանց ճակատամարտը պարտութեամբ վերջացաւ, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անհնար էր որ փոքր Հայաստանի տկար բանակը յաղթանակ տանէր գերհզօր Պարսից Կայսրութեան վրայ: Թէեւ մեռան Վարդանանք Աւարայրի դաշտին վրայ, բայց կենդանի մնաց անոնց ոգին իր հերոսական խիզախումով: Այդ մեծ սխրանքի ոգին մնաց արծարծուած, որովհետեւ Հայաստանի ամէն անկիւնը դարձաւ ռազմադաշտ:

Վարդան Մամիկոնեանով խորհրդանշուող ծառացումը պսակուեցաւ Վահան Մամիկոնեանով պատմականացած Նուարսակի դաշնագիրով, որով հայութիւնը ձեռք բերաւ իր կրօնական ազատութիւնը եւ հայ մարզպանութիւնը վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ 484 թուականին:

Տարակոյս չկայ, որ եթէ Վարդանեան գաղափարապաշտութիւնը չըլլար, հայութիւնը պիտի կորսնցնէր իր քրիստոնէական կրօնը, եւ ժամանակի ընթացքին հայ ազգը պիտի կորսնցնէր իր մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը, եւ ի վերջոյ իր ազգային ինքնութիւնը:

Աւարայրի ճակատամարտէն շուրջ 16 դարեր ետք` այսօր ալ ազգովին ենթակայ ենք արտաքին ու ներքին ոսոխներու, որոնք նուազ անագորոյն չեն, քան յազկերտները, դենշապուհներն ու մոգպետները: Ասոնց կարգին կարելի է դասել անկրօնութիւնը, մեր ընտանեկան սրբութեանց հանդէպ անբծախնդրութիւնը, հայ լեզուի եւ տոհմիկ աւանդութեանց այլասերումը, նիւթապաշտութիւնն ու հեշտասիրութիւնը, Հայ դատի հանդէպ մեր անտարբերութիւնը եւ այլ թշնամիներ: Եթէ Վարդանանց նուիրումով չպայքարինք ասոնց դէմ, կրնանք կորսնցնել մեր հաւատքն ու ինքնութիւնը, կրնանք կորսնցնել մեր «հոգին»: Վերջին հաշուով, Յիսուսի խօսքով «Ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի, բայց իր անձը, (իմա, իր հոգին) կորսնցնէ»:

Վա՛յ է մեզի եթէ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներ – Աստուած, կրօն, եկեղեցի, խղճի ազատութիւն, ազգային ինքնութիւն եւ արժանապատուութիւն – գերադաս եւ գերակշիռ չհամարենք, քան նիւթական, տեսանելի եւ շօշափելի իրականութիւններ:

Եթէ Վարդանանց ոգին դաւանանք եւ ապրում չդառնայ մեր էութեան մէջ, Վարդանանց տօնակատարութիւնը կը դառնայ միայն ձեւապաշտական արարողութիւն: Ուրեմն, թող Վարդանանց գաղափարապաշտութիւնը ներշնչման աղբիւր եւ կեանքի վարքագիծ ըլլայ մեզի հիմա եւ միշտ:

 

Նախորդը

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարին Դիմաց

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Աւարայրը` Զրա՞հ, Թէ՞ Խանդավառող Հեքիաթ (Վարդանանց – 451 Թ.)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?