ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկական բանակը 1920 յուլիսին նպատակադրած էր գրաւել Նախիջեւանը: Այսպիսով Զանգեզուրի թիկունքը ապահովուած կ՛ըլլար եւ զօրաւոր դիրքերէ կարելի էր բանակցիլ Արցախի կարգավիճակին հարցով:
Նախիջեւան
Հայկական զօրքերը մտած էին Շարուր եւ Շահթախթ եւ կը պատրաստուէին շարժելու դէպի Նախիջեւան, երբ անոնց ընդառաջ եկաւ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը: Հայկական կողմը շարք մը պահանջներ ներկայացուց:
Այնուհետեւ Նախիջեւանի թաթարներէն ներկայացուցիչներ Երեւան մեկնեցան` կառավարութեան հետ բանակցելու համար:
Օհանջանեանի կառավարութիւնը խիստ պայմաններ ներկայացուց. զինաթափ ըլլալ, կառավարութեան յանձնել 15 հազար հրացան, քանի մը միլիոն փամփուշտ, երկու հարիւր հազար փութ հացահատիկ, քանի մը հարիւր եզներ եւ ձիեր եւ այլն:
Խիստ պայմաններ ներկայացնելով` կառավարութիւնը կը մտածէր որ թաթարները պիտի մերժեն եւ հայկական բանակը հիմք պիտի ունենայ մինչեւ Օրտուպատ մաքրելու շրջանը:
Սակայն թաթարներուն նպատակը ժամանակ շահիլն էր, քանի որ բանակցութիւններու շրջանին հայկական զօրքերը դադրեցուցած էին յառաջխաղացքը:
Այդ ընթացքին, 28 յուլիս 1920-ին Կարմիր բանակը մտաւ Նախիջեւան:
«Հայաստանի Կոչնակ» թերթը կը գրէր. «Հայ զօրագլուխը եւ հայ կառավարութիւնը նոր միայն հասկացան, որ պատգամաւորութեան գալը մի պատրուակ է եղել ռազմական գործողութիւնները կանգնեցնելու համար, մինչեւ որ Զանգեզուրից հասնէին ադրբեջանական զօրքերը եւ պաշտօնապէս գրաւէին Նախիջեւանը»:
Նախիջեւանը յայտարարուեցաւ խորհրդային եւ յեղկոմ ստեղծուեցաւ, որուն ղեկավարը դարձաւ Իպրահիմ Շահթախթինսկին, իսկ զինուորական կոմիսարը` մուսաւաթական Ազրպէյճանի բանակի նախկին հրամանատար Սալիմով:
* * *
Արցախի առանց դիմադրութեան խորհրդայնացումը ճակատագրական եղաւ եւ ծանր ազդեց հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
Հետաքրքրական է անյայտ գրողի մը օրագիրին մէջ ըսուած ծանր խօսքերը` արցախցիներու հասցէին. «Մելիքների այդ դաւաճան ծննդավայրը իր կաշին փրկելու համար ապերախտօրէն բաց արաւ Ղարաբաղի պողպատէ դռները ռուս մի քանի հարիւրանոց զօրամասի առաջ եւ այժմ, միացած նրանց, արշաւ է սկսել իրեն սնուցող մօր` Հայաստանի վրայ: Երջանիկ է ռուս ժողովուրդը հայի պէս կոյր սիրող եւ կոյր հետեւող ունենալու համար: Ցաւալին այն չէ, որ Ղարաբաղը առանց մի գնդակ արձակելու կամովին իր վիզը մեկնում է սովետական լծի տակ, այլ այն, որ նա խաղալիք դարձած շարժւում է Զանգեզուրի վրայ` նրան եւս փաթաթելու իր չարաբաստիկ լուծը»:
Վարչապետ Համօ Օհանջանեան Արցախի, Զանգեզուրի եւ Դարալագեազի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Արցախը առանց կռուելու բոլշեւիկներուն եւ թաթարներուն յանձնելու իրողութիւնը բացատրեց ըսելով. «Շրջապատուած լինելով մահմեդական անբարեացակամ ու թշնամի տարրերով, հայ ժողովուրդը մի կոյր հաւատ է ունեցել, թէ այդ հեղձուցիչ մթնոլորտից ռուսն է, որ պէտք է ազատի իրեն: Ղարաբաղի հայութիւնը, որ երկու-երեք տարի քաջաբար դիմադրեց թշնամու յարձակումներին` արգիլելով թուրք-ադրբեջանական հորդաների ներխուժումը, այսօր դեռ չի ծառացել ռուս-թուրքական հրոսակախմբերի բռնութեան դէմ, չնայած որ կոմունիզմի դիմակի տակ իր տունն են մտել թշնամիները»:
* * *
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Յառաջ» թերթը 3 սեպտեմբեր 1920-ի թիւով ռուսերէնէ թարգմանուած «Կարեւոր փաստաթուղթ» հրապարակման մէջ ներկայացուց Ղարաբաղի նահանգային յեղկոմի 18 յուլիս 1920-ին Շուշիէն յղուած խիստ գաղտնի նամակը Գորիսի գաւառային յեղկոմին, ուր կ՛ըսուէր.
«Ընկերներ, ձեր յաջողութիւնները այնչափ կ՛ուրախացնեն մեզ: Մենք չենք կասկածիր, որ Պաքուէն բաց ձգուած հարիւր միլիոն ռուբլին ի զուր պէտք է անցնի: Թող Ալլահը օգնէ դրամի զօրութիւնը, որ աւելի մեծ գործեր կը կատարէ, քան ամենալաւ զօրքը: Ան, որ գիտէ հայերուն հոգեբանութիւնը, միշտ ալ տէր կը դառնայ անոնց: Չկայ հայ մը, մէկ անձ անգամ, որ դրամով չծախէ ամէն ինչ: Այդ ազգը դրամէն մեծ սրբութիւն չի ճանչնար եւ չունի աշխարհի մէջ, եւ այդ ձեւով պէտք է բացատրել հայ լրտեսներու, գործակալներու հսկայական թիւը: Ոչ մէկ երկրի մէջ կարելի չէ դրամով ընել այն, ինչ հայերու մէջ: … Շատ սխալ է ձեր քաղաքականութիւնը` զօրքով գրաւել Ղարաբաղ-Զանգեզուրը: … Կառավարութիւնը որոշած է Ղարաբաղ-Զանգեզուրը Ազրպէյճանի միացնելու գործին համար 200 միլիոն ռուբլի տրամադրել: … Աշխատեցէք, ժամանակը կարճ է: Ընկերական բարեւներով` Ասատ Կարաեւ:
Ղարաբաղի նահանգային կոմիտէի անդամներէն վեցը թաթար էին, երեքը` հայ:
«Յառաջ» նաեւ կը գրէր. «Ղարաբաղ-Զանգեզուրը իրեն մօտեցող կարմիր բանակի կաս կարմիր գոյնից կուրացած ոչ միայն մոռացաւ, որ ինքը Հայաստանի անբաժան մասն է եւ նրան հաւատաարիմ մնալու սրբազան երդում է տուել, նա ոչ միայն իր ազատութեան անբիծ դրօշակը ցեխը շպրտեց թուրք-ադրբեջանական լիալուսնի ոտքերի տակ դնելով եւ հպատակութիւն նրան յայտնելով, նա ոչ միայն իր դիակներով չպաշտպանեց ճանապարհը դէպի Հայաստան խոյացող մարդ բորենիներից, այլ հակառակը, ինքը եւս մասամբ բորենացաւ, միացաւ բորենիների վոհմակին»:
* * *
Արցախի հայութեան դէմ սանձարձակ բռնութիւններն ու յափշտակութիւնները ծայր առած էին: Բռնութիւններ սկսան նաեւ Զանգեզուրի գրաւուած շրջաններուն մէջ: Դրօ կը գրէ, որ Զանգեզուրի մէջ կարմիրներու չորսշաբաթօրեայ գործուէնութիւնը համոզեց, որ ատիկա եղած է «համատարած մղձաւանջային թալանի եւ խաղաղ աշխատաւոր գիւղացիութեան նկատմամբ ուժի գործադրում»:
Համայնավարներ սկսան հալածել հայ հոգեւորականները, փակել եկեղեցիները եւ զանոնք ախոռներու վերածել: Ազրպէյճանի համար հայ եկեղեցին կը նկատուէր հակաազրպէյճանական շարժումը կազմակերպող ու ոգեշնչող ուժ: Փակուեցան եւ պղծուեցան նաեւ Գորիսի շրջանի եկեղեցիները:
* * *
Շուշիէն, Ղարաբաղի յեղկոմէն 21 յուլիս 1920 թուակիր խիստ գաղտնի նամակ մը ուղարկուեցաւ Գորիսի յեղկոմին, ուր կ՛ըսուէր.
«Ընկերներ, եկող ընկերները կը պատմեն, որ մինչեւ այժմ դեռ զինաթափուած չէ Զանգեզուրի գիւղերուն 90 տոկոսը. ատիկա ցաւալի է: Բայց առաւել ցաւալին այն է, որ մինչեւ այսօր գլխատուած չէ Զանգեզուրի հայութիւնը: Անոր մտաւորականութիւնը եւ ռազմական պարագլուխները մինչեւ այժմ կը գտնուին գիւղերուն մէջ: Վաղը ապստամբութեան պարագային անոնք կը դառնան ղեկավարներ եւ մեր ուժերը դուրս կը քշեն Զանգեզուրէն: Կրկին ու կրկին կը կրկնեմ` ժամանակը չի սպասեր: Գործեցէք գիշեր եւ ցերեկ: Ջանացէք, որպէսզի բոլոր նշանաւոր ու պետական հայերը կալանաւորուած ըլլան: Մեծ բան չեն աքսորն ու կողոպուտը: Օրերը կ՛անցնին, դրութիւնը կը փոխուի եւ անոնք կրկին կը վերադառնան իրենց երկիրը: Զգեցէք մարդասիրութիւնը, ատով անհնար է պետութիւն ստեղծել, երկիրներ նուաճել, ապրիլ խաղաղութեան մէջ: Այստեղի ընկերները շատ գոհ չեն Գորիսի հայկական յեղկոմէն, աշխատեցէք վերընտրել յեղկոմը եւ այդ ընթացքին ընդգրկել միայն իսլամները եւ մեզի յայտնի ռուսեր: Այս օրերուն Գորիս կու գայ Արմենակ Ղարագէօզեան: Ան կ՛ուշանայ դրամ ստանալու պատճառով: Մինչեւ որ 22 միլիոն ռուբլի չստանայ, ճամբայ չ՛ելլեր: Հարստանալու լաւ ժամանակ է, ինչո՞ւ չօգտուի: Թող բարի վայելէ ինչ որ մեր կառավարութիւնը կու տայ իրեն: Ան ալ խոստացած է եօթը օրուան ընթացքին Զանգեզուրը միացնել Ազրպէյճանին: Չենք կասկածիր, որ շուտով կ՛ուրախացնեն Կապանը միացնելու լուրով: Եթէ դուք ուժ չունիք, ապա դրամ կայ: Ինչո՞ւ կ՛ուշացնէք այդ ապստամբած շրջանի միացումը, արդարանալով ինչ որ Աժդա (Նժդեհ) փաշայի գոյութեամբ: Օգտագործեցէք օրհնուած միջոցները: Այդ ո՞ր հայուն երեք միլիոն ռուբլի տաք, որ ձեզի չբերէ այդ մարդուն գլուխը: Եթէ դուք դրամի պէտք ունենաք, հեռագրեցէք` կ՛ուղարկենք: Ողջոյններով` Ասատ Կարաեւ»:
* * *
Դրօ 1 օգոստոս 1920-ին Վայոց Ձորէն յարձակման անցաւ Բազարչայի ուղղութեամբ:
Բազարչայ (Ներկայիս` Գորայք) կը գտնուի Սիսիանէն հիւսիս-արեւմուտք, Որոտան գետի աջ ափի սարահարթին վրայ: Գիւղին բնակիչները Արցախի Բալլուջա (ներկայիս` Այգեստան) գիւղէն տեղափոխուած ռուս մոլոկաններ էին:
Բազարչայի մէջ կեդրոնացած էին Կարմիր բանակի ստորաբաժանումեր, որոնք կը պատրաստուէին շարժելու դէպի Օրտուպատ:
Անգեղակոթ
Բոլշեւիկները Դրոյի սրընթաց գրոհին առջեւ տեղի տուին եւ նահանջնեցին դէպի Անգեղակոթ: Հայ զինուորնեը գրաւեցին ամբողջ զինամթերքը եւ մօտաւորապէս երկու հարիւր քիլոկրամ ոսկի:
Անգեղակոթի մէջ բոլշեւիկներուն օգնութեան հասան Գորիսի մէջ տեղակայուած Կարմիր բանակի 32-րդ բաժանմունքի հեծեալ եւ հետեւակային գունդերը:
Նոյն օրը Գորիսի մէջ տեղակայուած տասնմէկերորդ Կարմիր բանակի 28-րդ եւ 32-րդ բաժանմունքներու կոմիսարները հեռագրեցին Դրոյի` պահանջելով անյապաղ թուրքերուն փոխանցել Բազարչայի մէջ գրաւուած ամբողջ գոյքը, ինչպէս նաեւ 48 ժամէն հեռանալ Զանգեզուրի տարածքէն:
* * *
Դրօ շուտով տեղեկութիւն ստացաւ, որ Շինուհայր գիւղին մէջ հայ բոլշեւիկները ձերբակալած են Հայաստանի խոհրդարանի երեսփոխաններ Վահան Խորէնին եւ Արշակ Շիրինեանը:
Վահան Խորէնի
Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) Սիւնիքի Բռնակոթ գիւղէն էր, Տէր Խորէն քահանայ Տէր Գէորգեանի որդին: Աւարտած էր Լայփցիկի համալսարանի պատմափիլիսոփայական բաժանմունքը: Թիֆլիսի մէջ դասաւանդած էր Գայանեան եւ Ներսիսեան դպրոցներուն մէջ եւ խմբագրած «Աշխատաւոր» թերթը: Երեւան տեղափոխուելով խմբագրած էր «Հայաստանի աշխատաւոր» թերթը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործօն անդամ էր եւ 1919-ին երեսփոխան ընտրուած էր:
Արշակ Շիրինեան
Արշակ Շիրինեան Սիւնիքի Շինուհայր գիւղէն էր: Լայփցիկի համալսարանէն շրջանաւարտ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ, գործած էր Պաքուի եւ Ախալցխայի մէջ: 1919-ին երեսփոխան ընտրուած էր: Կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած էր Զանգեզուրի գոյամարտի կազմակերպման մէջ:
Վահան Խորէնի եւ Արշակ Շիրինեան կառավարութեան յանձնարարութեամբ ուղեւորուած էին Զանգեզուր` հնարաւոր քաղաքացիական կռիւները կանխելու համար:
Դրօ փութաց օգնութեան եւ օգոստոս 2-ին Սիսիանէն անցնելով` մօտեցաւ Գորիսի:
Օգոստոս 2-ի գիշերը բոլշեւիկները ստուար ուժերով շրջապատեցին Գորիսի բանտը: Հասկնալով, որ զիրենք սպաննելու պիտի տանին, Արշակ Շիրինեան սկսաւ գոռալ, որ «Հանրապետութեան զօրքերը մօտեցած են եւ ձեզմէ մէկ-մէկ հաշիւ պիտի պահանջեն»: Բանտապահները զայն դաժանօրէն ծեծեցին եւ բակ հանելով գնդակահարեցին: Քառորդ ժամ ետք դահիճները բացին Վահան Խորէնիի խուցին դուռը: Վահան ձայն տուաւ` «Դուք իրաւունք չունիք գիշերը մտնել մեր խուցը»: Ռուս զինուոր մը հրացանը ճակտին ուղղելով` կրակեց եւ Վահան անմռունչ ինկաւ: