Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանցով Արմատաւորուած Հայու Մարտնչող Ու Չյանձնուող Նկարագիրը Վերականգնելու Անհրաժեշտութիւնը

Փետրուար 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

… Մեր փոքրիկներուն պէտք է սորվեցնել, թէ դուք հայրենիք ունիք, յափշտակուած հայրենիք. անոնց ամէն բան պէտք է սորվեցնել. գիտութիւն, լեզու, նկարչութիւն, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէնէն վեր մէկ բան սորվեցնել` հայութիւն…

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

 

1574-րդ տարին է, որ կը նշենք Վարդանանց ճակատամարտը: Ինչո՞ւ այսքան կարեւորութիւն տալ պատմական դէպքի մը, որ ժամանակի, աշխարհագրական, քաղաքական եւ ռազմավարական առումով ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Մեր պատմութիւնը լի է ճակատամարտներով, բայց ինչո՞ւ Վարդանանցը տարբեր է ու տակաւին կը յիշատակուի, եւ այսօր որքա՞ն էական է նշեալ ճակատամարտին յիշատակումը:

Վարդանանցին յիշատակումը ունի գաղափարական-դաստիարակչական խորք, որ ե՛ւ ազգային է, ե՛ւ հոգեւոր: Վարդանանցով 1574 անգամն է, որ ազգովին կը վերահաստատենք հայու տեսակը, մարտական շունչը եւ արմատներուն ու արժէքներուն կառչուածութիւնը:

Այսօր, երբ աւելի քան երբեք վտանգուած է Վարդանանցի ոգին, այսօր, երբ հայու տեսակը փոխելու ճիգեր կը կատարուին, այսօր, երբ թշնամիներուն կամակատարը ըլլալու հետեւողական փորձերու մէջ ենք, եւ այսօր, երբ տիրական են յանձնուողական հոգեվիճակները, ապա այսօր առաւել եւս կարիք կայ յիշեցնելու Վարդանանցով արմատաւորուած հայու մարտնչող ու չյանձնուող նկարագիրը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Աւարայրի դաշտը չկայ, Մամիկոնեան տոհմը կազմաքանդուած է, բայց կար մէկ բան, որ 1574 տարի սերունդէ-սերունդ փոխանցուած է, եւ որ այսօր վտանգուած է, այդ ալ մեր ազգային եկեղեցական պատկանելիութիւնն է, հայու կերպարն է` իր աւանդութիւններով, նկարագիրով, մշակոյթով, լեզուով, դատով եւ հաւաքական տեսլականով:

Ներկայիս Արցախի ֆիզիքական կորուստէն առաւել եւս վտանգաւոր կացութեան մէջ կ՛ապրինք: Այսօրուան ճիգը հայրենիքի գաղափարը սպաննելն է: Այսօրուան գրաւուած հողը վաղը կարելի է ազատագրել, բայց այսօր փճացած ու այլանդակուած հայու տեսակը, որ չունի հայրենիքի գաղափար, չունի համահայկական զգացողութիւն, չունի դատի ըմբռնողութիւն, ապա վաղը չի կրնար ջահը բարձր պահել ու գործը շարունակել: Հո՛ս է մեր խնդիրը, որովհետեւ ներկայիս Հայաստանի իշխանութիւններու հակահայ քաղաքականութեան առանցքը «ապադաստիարակել» ու ապազգայնացնել է նոր սերունդը, որպէսզի վաղը նոյնիսկ չմտածէ, թէ Արցախը հայկական էր, Մուշը Արեւմտեան Հայաստանի մէկ օղակն էր, Թուրքիան մեր թշնամին է, հողային պահանջք ունինք…

Եւ այս պայմաններուն մէջ Վարդանանց խորհուրդը սերունդներուն փոխանցելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ երբ վարդանները ներկայ էին, ապա վասակները դուրս մնացած էին, ընկերութեան մաս չէին կազմեր:

Ուրեմն Վարդանանցը յիշատակելը մեր հայու իւրայատուկ տեսակի յիշատակումն է: Վարդանանցը նշելը յուշ է վերադառնալու մեր արմատներուն: Վերջապէս, Վարդանանց տօնելը կը նշանակէ սերունդներուն մէջ փորագրուած պահել մանկապարտէզէն սորված պարզ, բայց միեւնոյն ատեն այս խորիմաստ տողերը.

– Հա՛յ եմ ես, հա՛յ եմ ես,
Սարսափեցէք իմ ձեռքէս,
Հայաստանը ազատող,
Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես:

Այո՛, մեր զաւակները, թոռներն ու ծոռերը պէտք է վաղն ալ հաւատարիմ մնան Վարդանանց կտակին, որպէսզի ազգին լուսաշող արշալոյսը վերստին տեսնելու առիթն ու կարելիութիւնը ունենանք…

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Աւարայրը` Զրա՞հ, Թէ՞ Խանդավառող Հեքիաթ (Վարդանանց – 451 Թ.)

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Եւ «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»-ն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?