Մեր Պատկառանքը Եւ Երախտագիտութիւնը Ձեզի, Սիրելի՛ Ուսուցիչներ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ «Լաւ է աչքով կոյրը, քան` մտքով կոյրը»: 5-րդ դարու պատմիչ Եղիշէի այս արտայայտութիւնը կարծես ուղենիշ է հայ ժողովուրդին համար: Հայ ժողովուրդը ի սկզբանէ սիրած է դպրութիւնը եւ ունեցած է բազմաթիւ երախտաւորներ, որոնք իրենց ողջ կեանքը նուիրած են մեր ժողովուրդի կրթութեան, յառաջընթացին: Մեսրոպ Մաշտոց` մեր առաջին ուսուցիչը, ստեղծելով հայոց այբուբենը, լուսաւորեց ու փառաւորեց հայ ժողովուրդի հետագայ ուղին: Ան ուսանողներուն...




















