Հայ եկեղեցին պատմութեան ընթացքին միշտ հայրենիքի պաշտպանութեան առաջին շարքերուն վրայ գտնուած է:
Հայրենիքը Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ է եւ անոր պաշտպանութիւնը սուրբ գործ է:
Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունող առաջին ազգը եղաւ: Հայաստան քրիստոնէացաւ: Քրիստոնէական հաւատքէն ծնունդ առաւ հայ դպրութիւնն ու մշակոյթը եւ քրիստոնէութիւնը հայացաւ: Հայ եկեղեցին դարձաւ մեր ազգային ինքնութեան միջնաբերդը: Ան սերտօրէն միահիւսուած է հայ կեանքին հետ եւ կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ընթացքը` դարերու ընդմէջէն:
Յանուն հայրենիքի եւ հաւատքի մղուած պայքարին հայ եկեղեցին մասնակցեցաւ Դ. դարու սկիզբէն: Սպարապետ Վաչէ Մամիկոնեան եւ իր զինակիցները երբ հերոսաբար նահատակուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ, Վրթանէս հայրապետ յատուկ տօն սահմանեց անոնց համար, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը զոհեցին ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին համար:
Հաւատք եւ ազգութիւն միաձուլուած եղած են մեր ժողովուրդին համար: Այդ միաձուլումը լաւ գիտակցած են նաեւ օտարները եւ մեր թշնամիները: Այդ պատճառով ալ անոնք հայէն չեն պահանջած ուրանալ ազգութիւնը: Անոնց պահանջը եղած է ուրանալ հաւատքը եւ եկեղեցին, ինչ որ ինքնին կը նշանակէ կտրուիլ ազգութենէն:
Հայ ժողովուրդը, տարբեր պետութիւններու սահմաններով իրարմէ բաժնուած, տարբեր երկիրներու մէջ կեդրոնացած եւ զանազան պայմաններու մէջ ապրելով, իբրեւ ազգութիւն անքակտելիօրէն իրարու կապուած է շնորհիւ հայ եկեղեցիին:
***
Հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգին, հայրենիքի, ազգի ու հաւատքի համար նահատակութեան գաղափարը լաւագոյնս դրսեւորուեցան Վարդանանց պատերազմի ընթացքին:
Պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքայ, հայ ժողովուրդը իր ինքնուրոյն դիմագիծէն զրկելու եւ Սասանեան հսկայածաւալ կայսրութեան մէջ ձուլելու նպատակով, հայոց մեծամեծներէն պահանջեց ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ զրադաշտական դառնալ:
Հայոց մեծամեծները միահամուռ եւ միաբերան պատասխանեցին. «Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել. ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ ջուրը եւ ոչ ալ որեւէ այլ դառն հարուած: Մենք ոչինչով աւելի լաւ ենք մեր նախնիներէն, որոնք իրենց այս հաւատքին համար զոհեցին իրենց ամբողջ ստացուածքներն ու մարմինները»:
Հայոց մեծամեծներուն Յազկերտի ուղղուած «Քու կողմէդ տանջանք, իսկ մեր կողմէ յանձնառութիւն. քու սուրդ եւ մեր պարանոցները» արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոնց անսասան հաւատքը, թէ` քրիստոնէութիւնը մեր մաշկին գոյնն է, մեր ազգային ինքնութիւնը:
Հայոց մեծամեծները նաեւ կը հաստատէին. «Մեր հաւատքին ուխտը ո՛չ թէ մարդու հետ է, որ երեխայի նման խաբուինք, այլ Աստուծոյ հետ է` անլուծելի կերպով, որ անհնար է քանդել, ո՛չ հիմա եւ ո՛չ յետոյ, եւ ո՛չ յաւիտեան»:
Հայեր այս հաւատքով ու վճռականութեամբ տոգորուած, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, սպարապետ Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ 451-ին, Աւարայրի դաշտին մէջ, Տղմուտ գետի ափին կանգնեցան պարսից հսկայ բանակին դէմ: Անոնք քաջաբար կռուեցան իրենցմէ բազմապատիկ ուժեղ թշնամիին դէմ, ըսելով. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Անոնք կռուեցան անմահութեան համար եւ ընդունեցին իմացեալ մահը` յանուն իրենց անձի եւ ազգի անմահութեան: