Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմի՞ Էլ Լռենք

February 26, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան ընթացքին շարք մը պատմական եւ ազգային հարցեր արժանացած են քննադատութեան եւ անտեսման փորձի, կասկածներ ստեղծուած են անոնց շուրջ, սակայն այս ուղիին վրայ ամէնէն զգայունը Հայոց ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դնելու իր ազգակործան քայլն էր:

Փաշինեան վարչապետի իր պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք հիմը դրաւ իր ազգակործան քաղաքականութեան` բոլոր ազգային արժէքները սահմանափակելով պետական մակարդակի: Ան հրաժարելով Արցախէն` զայն համարեց իր ստանձնած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս: Աւելի ուշ անդրադարձաւ Հայաստանի անկախ եւ ինքիշխան հանրապետութեան հիմքը հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, որպէսզի հոնկէ ջնջուին այն բոլոր կէտերը, որոնք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնան իբրեւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր:

Փաշինեան նոյնիսկ յանդգնեցաւ հրաժարիլ հայ ազգի բարձրագոյն արժէքէն` սրբազան Արարատէն, որ դարեր շարունակ հանդիսացած է հայ ազգի պայքարի ոգիի ներշնչման աղբիւրը: Նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի փոփոխութեան մասին` հանելով անոր սրտին գտնուող Արարատը:

Փաշինեանի ազգակործան, հակահայ քաղաքականութիւնը կատարելագործուեցաւ, երբ վերջինս հարցականի տակ դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Քանի մը շաբաթ առաջ, Ցեղասպանութեան անդրադառնալու ընթացքին ան յայտնեց, որ պէտք է ճշդումներ կատարուին զոհերու թիւին, եւ ակնարկեց, որ տեղին չէ օգտագործել ցեղասպանութիւն եզրը: Անոր վարած քաղաքականութիւնը Ցեղասպանութեան հարցը կը համարէ Հայաստանի կառավարութեան պարտաւորութիւններէն դուրս` հրաժարելով բոլոր հողային պահանջներէն:

Զարմանալին այն է, որ Լեմքինի հիմնարկը, որուն նպատակը համաշխարհային մակարդակի վրայ ցեղասպանութիւնները կանխելն է, քննադատեց Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ` եղածը համարելով պատմութեան ամէնէն վայրագ եւ անմարդկային ցեղասպանութիւններէն մէկը: Երբ մեր ազգի «առաջնորդը» կը հերքէ մեր ազգին դէմ կատարուած ամէնէն գարշելի ոճիրը` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, որուն իրողութեան վառ ապացոյցը հայկական լայնածաւալ սփիւռքն է` տարածուած աշխարհի չորս կողմերը, օտար եւ այլազգ կազմակերպութիւններ ու անհատներ կը դատապարտեն անոր կեցուածքը:

Ուրեմն, հիմի՞ էլ լռենք, հա՛յ ժողովուրդ, երբ մեր երկիրի վարչապետը, որ պէտք է հանդիսանայ պաշտպանը մեր ազգային արժէքներուն, երկրի սահմանադրութեան, եւ պետականութեան, կը ժխտէ մեր ազգին դէմ իրագործուած ամէնէն ողբալի արարքը` 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, հրաժարելով պահանջատիրութենէն եւ իրաւունքներէն: Յստակ է, որ այս արարքներով Փաշինեան մտադիր է ազգայինը զատել պետականէն, եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն մէջ սպաննելու ազգային ոգին, այդպիսով փշրելով երկար տարիներ իրարու թիկունք կանգնած սփիւռք, Արցախ եւ Հայաստան սուրբ երրորդութիւնը:

 

 

Նախորդը

Կոչ Զարթօնքի Եւ Պայքարի

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.