Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Ոգին Պիտի Շարունակէ Հպարտութեամբ Լեցնել Իւրաքանչիւր Հայրենասէր Հայու Սիրտը

Փետրուար 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Վարդանանց հերոսամարտը առյաւէտ պիտի մնայ Հայոց պատմութեան ազգապանծ էջերէն մէկը: Հայ ժողովուրդը միշտ ալ հպարտութեամբ ոգեկոչած է Վարդանանց յիշատակը: Աւարայրի հերոսամարտը դարեր շարունակ ոգեշնչած է սերունդներ:

Աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդը այս օրերուն կ՛ոգեկոչէ Սահակ հայրապետի, Ղեւոնդեանց քահանայից, Սուրբ Վարդան զօրավարի եւ հազար երեսունվեց նահատակներուն յիշատակը: Վարդանանքը ազգային-քաղաքական առաքինութեան ուղիներ պատգամած է հայ ժողովուրդին:

Հայ ժողովուրդը միշտ արժեւորած է իր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ եւ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ արժէքները եւ պիտի պահպանէ ժառանգած աւանդութիւնները, յատկապէս ա՛յս օրերուն, երբ «իրական Հայաստան»-ի տեսաբաններ յայտնուած են քիչ մը ամէն տեղ: Ա՛յս օրերուն, երբ Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովէն կը խնդրէ բացատրել «պատմական յիշողութեան վերականգնում» եզրին իմաստը… Ա՛յս օրերուն, երբ ազգակործան պատուհասը կը հեգնէ հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները: Անձ մը, որ Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին ընթացքին խօսք առնելով (սեպտեմբեր 2024)` «կայսերական հայրենասիրութիւն» նուաստացուցիչ գնահատականը կու տայ յանուն հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան մեր ժողովուրդին մղած դարաւոր գոյապայքարին:

Աւանդութիւններու ոտնահարումը հասած է մակարդակի մը, ուր ոմանք հայրենիքի մէջ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն Վարդանանց խորհուրդը: Ոմանք մինչեւ իսկ կը մերժեն Վարդանի եւ անոր հետ 1036 զինակիցներուն նահատակութեան փաստը: Ուրիշներու համար հարց է` Վարդան Մամիկոնեան կամա՞յ, թէ՞ ակամայ ինկած է մարտի դաշտին մէջ…

Այդպիսիներուն կ՛ըսենք` հայրենասիրութիւնը, հայրենիքի, հոգեւոր արժէքներու,ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարը կարմիր թելի նման անցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ընդմէջէն, հազարամեակներով` Հայկ նահապետէն մինչեւ մեր ժամանակները:

Վարդանանց ոգին մեծ լուսարձակի նման լուսաւորած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ուղին` 5-րդ դարէն մինչեւ մեր այսօրը եւ վաղը:

Վարդանանքը մեր ժողովուրդի մեծագոյն պայքարն էր` ոտքի կենալու իբրեւ ազգային անհատականութիւն, գրիչով եւ սուրով, լեզուով, եկեղեցիով եւ մշակոյթով:

Քաջարի եւ հայրենասէր մարտիկներու Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց պայծառ կերպարները սերունդներ խանդավառած են` պայքարելու յանուն հայրենիքի ազատութեան, յանուն մեր նախնեաց հաւատի, յանուն մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն: Այդ ոգիով մեր ժողովուրդը իջաւ Աւարայր, այն ազնիւ զգացումով, որ անփառունակ կեանքէն շա՛տ աւելի փառաւոր էր հերոսական մահը: Լաւ էր մահանալ սուրը ձեռքին` պատերազմի դաշտերուն մէջ, քան` սողալ անարգ թշնամիի ոտքերուն տակ:

Աւարայրի մէջ արիւն թափող հայ ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնար, թէ ինչո՛ւ կը կռուէր: Բռնակալութիւնը կը հարուածէր բոլորին` ե՛ւ ժողովուրդին, ե՛ւ եկեղեցիին, ռամիկին եւ նախարարին: Համայն ժողովուրդը ներշնչուած էր բարձր հայրենասիրութեամբ: Անոր մէջ կցորդուած էին հայրենիքի սէրը եւ հաւատքի նուիրուածութիւնը:

Աւարայրը մարտահրաւէր էր պարսից բռնակալութեան դէմ` յանուն ազատութեան, յանուն հայրենիքի գաղափարի, յանուն հաւատքի: Աւարայրի մէջ կռուող գլխաւոր ուժը հոգեպէս քաջարի հայ ժողովուրդն էր: Ռամիկ ժողովուրդը սեփական ձեռքերուն մէջ վերցուցած էր հայրենիքին ճակատագիրը:

Վարդանի եւ 1036 քաջերու մահով պատմութեան վարագոյրը իջաւ Աւարայրի վրայ… Հետագայ դարերուն մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին վրայ եկան ու անցան բազմաթիւ արհաւիրքներ: Բազմաթիւ ժողովուրդներ հեռացան պատմութեան բեմէն, սակայն ապրելու, յարատեւելու յամառ կամքով լեցուած ազատասէր հայ ժողովուրդը պահեց իր գոյութիւնը:

Իւրաքանչիւր անգամ, երբ օտար բռնակալներ փորձած են ձեռք բարձրացնել հայ ժողովուրդի ազատութեան դէմ, Վարդանանց կերպարը խանդավառած է հայ սերունդները` դարձեալ մարտի դուրս գալու եւ վճռելու հայրենիքի ճակատագիրը: Վարդանանքը հայրենասիրութեան, խիզախութեան խորհրդանշան հանդիսացան:

Վարդանանց պատերազմը չաւարտեցաւ Աւարայրի մէջ: Աւարայրի հերոսամարտը նկարագրող Եղիշէն չի խօսիր պարտութեան մասին: Ըստ Եղիշէի, երեկոյեան, մթննալէ ետք կողմերը կը վերադառնան իրենց դիրքերը: Հայոց բանակը չէր պարտուած: Հայկական բանակը կատարած էր իր քաջ սպարապետին հրահանգը` թշնամին արիւնաքամ դարձած էր:

Աւարայրի հերոսամարտը շարունակուեցաւ մինչեւ հինգերորդ դարու աւարտը` Վահան Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ, եւ յաղթանակով պսակուեցաւ:

Աւարայրը ամրապնդեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական ոգին, եւ այդ ամրապինդ ոգիին պահպանումն ու փոխանցումը մե՛ր ձեռքն է այսօր` իբրեւ հաւաքականութիւն:

Վերջապէս, ի՞նչ է Վարդանանց հերոսամարտը եւ անկէ անբաժան Վահանեաց պատերազմներուն խորհուրդը, եթէ հայ ժողովուրդը այսօր պիտի չապրի իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն` իր իւրայատուկ դէմքով: Ձուլուի եւ անհետանայ, ինչպէս վտակը` գետին մէջ:

Վարդանանց հերոսամարտը նաեւ խորանն է մեր հայրենական եւ ազգային իրականութեան մէջ գործող անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն, որոնք անձնական ու ժամանակաւոր փառասիրութիւններէն շլացած` նոր արկածախնդրութիւններու կը մղեն ժողովուրդն ու հայրենիքը: Անոնք անկասկած պիտի կրեն Վասակի անունը, բիւր անգամ աւելի անիծուած, քան` Բարձրեալին միակ որդին մատնող Յուդան:

Պատմութիւնը ուղեցոյց է լաւապէս ուսումնասիրելու մեր նախնիներուն քայլերը, դասեր քաղելու` անձնական եւ հաւաքական կեանքի համար: Պիտի պահպանենք մեր ազգային աւանդութիւնները: Պիտի շարունակենք հողային պահանջատիրութեան մեր պայքարը: Պիտի յիշենք Վարդանանց նահատակները, մեր բոլոր հերոսները: Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արժէքներուն, հաւատքին եւ հողին: Պիտի զօրացնենք մեր նորանկախ պետութիւնը, հայրենիքի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պատրաստ ազգային բանակը:

Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը:

Փա՜ռք Վարդաններու ծնունդ տուող հայ ժողովուրդին:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

Յաջորդը

37 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?